ԽՈՀԵՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Յաճախ կ՚անդրադառնանք խոհեմութեան անհրաժեշտութեան մարդկային անհատական եւ հաւաքական կեանքին մէջ։ Արդարեւ, խոհեմութիւնը բարոյական առաքինութիւն մըն է, որ մարդուս երջանկութեան պայմաններէն մին եւ կարեւորագոյնն է։ Խոհեմութիւնը կեանքը դիւրատար կ՚ընէ եւ կ՚օգնէ մարդուն իր ամէն անել կացութիւններուն մէջ։
Խոհեմութիւնը այն առաքինութիւնն է, որ գործնական բանականութիւնը կը տրամադրէ տեսնելու բոլոր պարագաներու մէջ մեր «ճշմարիտ բարի»ն եւ ընտրելու արդար միջոցները զայն գործելու։ «Խորագէտը կը հսկէ իր քայլերուն», կ՚ըսէ Առակախօսը. (ԱՌ. ԺԴ 15)։ Իսկ Պետրոս Առաքեալ կը յորդորէ. «Եղէ՛ք զգաստ եւ ժուժկալ աղօթքին համար». (Ա ՊԵՏ. Դ 7)։
Խոհեմութեան մասին Սուրբ Թովմաս Ագուինացի կ՚ըսէ թէ. «Խոհեմութիւնը ուղիղ կանոնն է գործին»։ Ուրեմն, այս կը նշանակէ, որ ուղիղ եւ կատարեալ գործ մը կատարելու համար մարդ պէտք է խոհեմութեամբ գործէ։ Ուստի, Արիստոտէլն ալ խոհեմութիւնը պայման կ՚ընդունի ուղիղ գործի մը համար։
Խոհեմութիւնը, ըստ էութեան կարելի չէ՛ երբեք շփոթել ո՛չ երկչոտութեան եւ կամ վախի հետ եւ ո՛չ ալ անորոշութեան, երկդիմութեան կամ ծածկամտութեան հետ։ «Ռահվիրայ առաքինութիւններուն» կոչուած է խոհեմութիւնը, քանի որ ան կ՚առաջնորդէ միւս առաքինութիւնները՝ անոնց կանոն եւ չափ մատնանշելով։ Արդարեւ, խոհեմութիւնն է որ կ՚առաջնորդէ անմիջաբար խղճմտանքի դատողութիւնը։ Ուստի, խոհեմ մարդը իր ընթացքը կ՚որոշէ, եւ չափ եւ կշիռով կը շարժի եւ կը գործէ դատողութեան համեմատ։ Ան կրնայ հակակշռել իր կիրքերը, զգացումները, կը խուսափի ամէն չափազանցութենէ։ Շնորհիւ խոհեմութեան առաքինութեան, մարդ գրեթէ անսխալ կը գործադրէ բարոյական սկզբունքները առանձնայատուկ պարագաներուն մէջ եւ կը յաղթահարէ տարակոյսներուն, վարանումներուն՝ կատարելիք բարիին եւ զգուշանալիք չարին մասին։
Խոհեմութիւնը, մարդը կ՚առաջնորդէ արդարութիւն գործելու, քանի որ ան ճշմարիտ բարիքին կը հասնի առանց արտաքին ազդեցութիւններէ տպաւորուելու։
Առ այս՝ մարդը կը ջանայ մեկնաբանել փորձառութեան տուեալները եւ ժամանակի նշանները շնորհիւ խոհեմութեան առաքինութեան, շնորհիւ խոհական մարդոց խրատներուն եւ Սուրբ Հոգիին եւ Անոր պարգեւներուն օգնութեան։
Հասարակաց բարիքով, հասկնալու է ընկերային պայմաններուն ամբողջութիւնը՝ որոնք թոյլ կու տան թէ՛ խումբերուն, այսինքն հաւաքականութեան, թէ՛ անոնց անդամներուն իւրաքանչիւրին, հասնիլ իրենց կատարելութեան աւելի ամբողջական եւ աւելի հեշտ կերպով։ Հասարակաց բարիքը կը շահագրգռէ բոլորին կեանքը։ Իւաքանչիւր անհատ պատասխանատու է հասարակաց բարիքին հաստատման եւ տեւականացման։ Ան կը պահանջէ իւրաքանչիւր անհատի խոհեմութիւնը եւ դեռ աւելի խոհեմութիւնը անո՛նց՝ որոնք կը վարեն «իշխանութեան պաշտօն»ը։
«Տասը կոյսերուն առակը» իր մէջ կը բովանդակէ խոհեմութեան դաս մը. (ՄԱՏԹ. ԻԵ 1-13)։ Արդարեւ, առակին մեկնութիւնը ինքն Յիսուս կու տայ երբ կ՚ըսէ. «Ուրեմն՝ արթո՛ւն մնացէք, որովհետեւ չէք գիտեր Մարդու Որդիին գալուն ո՛չ օրը եւ ո՛չ ալ ժամը». (ՄԱՏԹ. ԻԵ 13)։ «Արթուն մնալ»՝ կերպով մը խոհեմ ըլլալ կը նշանակէ, որովհետեւ արթուն մարդը կրնայ դատել եւ տեսնել իրողութիւնը եւ ըստ այնմ վարուիլ։ Պատրա՛ստ գտնուիլ, նախատեսել, գոնէ ենթադրել պատահելիք դէպքերը, պատրաստ ըլլալ անակնկալներու, ինչ որ հեռատես ըլլալ, շրջահայեաց ըլլալ կը նշանակէ, ինչ որ խոհեմութիւն կը պահանջէ։
«Շէնքը ժայռի վրայ հիմնել եւ ո՛չ թէ աւազի վրայ»։ Այս պատուէրն ալ դարձեալ Աւետարանի մէջ յիշուած Յիսուսի պատուէրներէն մին է, որ կը թելադրէ խոհեմութեամբ շարժիլ. գործելէ առաջ նախագիծ մը ունենալ եւ ըստ այնմ շարժիլ եւ յառաջանալ։
Մարդկային կեանքին մէջ ամէն շրջան եւ ամէն պարագայի խոհեմութիւնը կարեւոր եւ անհրաժեշտ պայման մը եղած է նպատակի հասնելու, յաջողութիւն ձեռք ձգելու համար։
Խոհեմութիւնը կ՚ենթադրէ մտածականը՝ որ յատկապէս «փնտռտուք» մը՝ որոնում մըն է։ Հոգին կը փնտռէ հասկնալ «ինչուն» եւ «ինչպէս»ը կեանքին, եւ ըստ այնմ կը ծրագրէ կեանքին ընթացքը։ Մարդ կ՚ուզէ հասկնալ «ինչուն» եւ «ինչպէս»ը, որպէսզի յարի եւ պատասխանէ, լուծումներ գտնէ պատահարներուն՝ որոնք յաճախ հարցերով կը ներկայանան։ Եւ այս ընելու համար կը պահանջուի յատուկ ուշադրութիւն մը, կեդրոնացում մը՝ զոր դժուար է բոլորովին յստակատես ըլլալ այս մասին, մարդ ո՛րքան ալ ուշադիր եւ կեդրոնացած ըլլայ, անպայման բան մը կը վրիպի, քանի որ մարդ կատարեալ չէ եւ ապագան ալ՝ մութ եւ անծանօթ միշտ։ Այս պատճառով, ուշադրութիւնը կեդրոնացած պահել դիւրին չէ։
Սովորաբար այս կէտին մէջ մարդուս կ՚օգնէ, կ՚օժանդակէ «կեանքի փորձառութիւն»ը։
Կ՚օժանդակէ նաեւ «գիրք» մը՝ Սուրբ Գիրքը, Աւետարանը յատկապէս եւ աւանդութիւնը, հոգեւոր կեանքի վկայութիւնները։
Խորհրդածել, դէպք մը ուսումնասիրել, դատել՝ չափել եւ կշռել, մարդը կ՚առաջնորդէ իւրացնելու զայն, մերձեցնելով զայն իր անձին. եւ ահաւասիկ այս պահուն կը սկսի խոհեմութիւնը, եւ «ուրիշ գիրք» մը կը բացուի մարդուն առջեւ. «կեանքին գիրքը»։ Եւ մարդ միտքերէն կ՚անցնի իրականութեան։ Մտային կարողութեան չափով, մարդ հոն կը գտնէ յուզումները՝ որ կ՚ալեկոծեն իր սիրտը եւ որ կարելի է զատորոշել։
Ճշմարտութիւնը պէտք է մէջտեղ բերել՝ Լոյսին գալու համար։ Ուստի խոհեմութիւնը, մարդուն նախընտրանքներու մէջ ճիշդը եւ ուղիղը՝ բարին եւ օգտակարը ընտրելու կ՚առաջնորդէ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 28, 2020, Իսթանպուլ