ԼԱԼՈՒ ՓԱՓԱՔ
Մեր կեանքի մէջ ամէ՛ն բան սկսած է փոխուիլ՝ կարծրատիպները նոյնիսկ:
Վերջերս բարեկամ մը, որ յայտնապէս կեանքի մէջ տխրելու լուրջ պատճառներ չունի, հետեւեալ ցանկութիւնը յայտնեց. «լալու փափաք ունիմ. պէտք է մէկ հատ լամ՝ որ հանգիստանամ»: Այս ցանկութիւնը պատճառ եղաւ, որ մտածեմ, թէ ինչպէս փոխուած է նաեւ լալու հանդէպ մեր մտածողութիւնը. անցեալին երբ լալը աւելի ամօթ կը պատճառէր մարդուն, այսօր կը դառնայ բնական պահանջք, շատ անգամ նոյնիսկ առանց պատճառի:
Վստահաբար բոլորս ալ անցեալին լսած ենք այն խօսքը, որ կ՚ըսէ «տղամարդը չի լար». գուցէ տեսած էք նաեւ, թէ մեր հայրերն ու մեծերը ինչպէս իրենց թէ՛ տխրութեան եւ թէ ուրախութեան արցունքները կը պահէին մեզմէ, այն տրամաբանութեամբ որ լալը տկարութեան, թուլացման եւ անզօրութեան նշան է: Սակայն ներկայիս այդ բոլորը կը սկսին բնական տեսք ստանալ, ու ամօթի փոխարէն այդ բոլորը կը վերածուին մարդկային պէտքի:
Արդի հոգեբանութիւնը լալը կը դիտէ որպէս բնական արտայայտութիւն, որոնք ի յայտ կու գան շատ մը յոյզերու, ուրախութեան, տխրութեան եւ հիասթափութեան պահերուն: Եթէ անցեալին աշխատանք կը տարուէր, որ մարդ չի լայ, այսօր հակառակ է պատկերը. մինչեւ իսկ արդի ուսումնասիրութիւններ կը փորձեն բացատրել արցունքին ու լալուն դրական երեսները, այդ մէկը նկատելով ինքնամփոփման միջոց՝ կարգաւորելու սեփական զգացումները, հանգստացնելու անձը եւ նուազեցնելու հոգն ու անհանգստութիւնը: Հոգեբաններ կը հաւատան, որ շատ անգամ երբ ցաւդ չես կրնար բերանացի արտայայտել, արցունքները լաւագոյն միջոցն են անոնց թարգմանը դառնալու եւ մարդոց կողմէ աջակցութիւն ստանալու, որովհետեւ դժուար է անտարբեր մնալ անձի մը դիմաց որ կ՚արտասուէ:
Աշխարհի վրայ դժուար է գտնել մարդ, որ իր կեանքի ընթացքին ուրախութեամբ եւ կամ նեղութեան պահերուն արցունքներ թափած չըլլայ. այդ մէկը մեր մարդկային հասարակաց գիծերէն մէկն է. Վրացեան իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Արցունքն ու ծիծաղը, որպէս Սիամի քոյրեր, անբաժան են իրարից մեր կեանքի ուղիների վրայ», հետեւաբար այնպէս ինչպէս ժպիտն ու ծիծաղը, արցունք ու լացը եւս անբաժան մէկ մասնիկն են մեր կեանքին:
Ցաւ ի սիրտ, անցեալին եղած է այն մտածումը (որ մինչեւ օրս կը շարունակուի շատ անգամ), թէ տկարներն են, որ կու լան, մինչ հզօրները բոլոր ցաւերն ու տառապանքները լռութեամբ կը տանին ու այս արտառոց մտածումներով փորձած են մարդուն եւ լացին միջեւ սահման մը գծել:
Լալն ու արտասուիլը այնքա՜ն բնական ու մարդկային բաներ են, որ մինչեւ իսկ մարդացեալ Աստուածը Աստուածաշունչի բառերով լացա՛ւ (Յովհաննէս 11.35):
Մարդկային արցունքը երկու տեսակ է եւ անձէ անձ կը տարբերի. ոմանց մօտ արցունքը կը հոսի դէպի ներս՝ դէպի հոգի եւ ամէն տեսակ դժուարութիւն ու ցաւ կ՚ամփոփուի այդտեղ, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն անձի դէմքին վրայ ժպիտը անպակաս ընելով, մինչ ուրիշներու մօտ ամբողջութեամբ հակառակ փոքր նեղութեան մը դիմաց արցունքը կը հոսի դէպի դուրս: Շատ բնականօրէն մեր մտապատկերին մէջ առաջինը պիտի ներկայանայ որպէս զօրաւոր մարդ, իսկ երկրորդը՝ տկար ու զգայուն, ինչ որ սխալ մտածողութիւն է, ենթակայ նախապաշարումներու եւ համոզումներու: Այնպէս ինչպէս ուրախութեան արտայայտութիւնը անձէ անձ կը տարբերի, նոյնն է պարագան լացին եւ այդ մէկը իր մէջ տկար կամ հզօր ըլլալու ոչ մէկ չափանիշ կը ներառէ:
Գրող եւ արձակագիր Բագրատ Այվազեանց անարցունք տառապանքին մասին կը գրէ. «երբ մենք ցաւ ու կսկիծ կը զգանք, ախ ու վախ կը քաշենք կ՚արտասուենք եւ կը թեթեւցնենք մեր ցաւերը: Իսկ հոգեկան տանջանքին ցաւն ու կսկիծը այդպէս չէ, ան արցունք չունի, որ գոռայ, աղաղակէ, այլ ան լուռ, անձայն կը կրծէ մեր սիրտը, կը շամփրէ սրտին ամենաքնքոյշ տեղերը, կը ցամքեցնէ արցունքները աչքերուն մէջ եւ գեհենի պէս կը վառի հոգւոյն մէջ...». չլացողը հզօր, իսկ լացողը տկար կը կոչենք, սակայն կը պարզուի, թէ լացողը կը յաջողի իր հոգին թեթեւցնել, մինչ միւս «հզօր»ը հեղինակի բառերով «գեհենի պէս կը վառի հոգւոյն մէջ». հետեւաբար այստեղ ո՞վ է հզօրը եւ ո՞վ տկար. հզօր չէ՞ ան, որ գիտէ թեթեւցնել իր հոգւոյն ցաւերն ու յոյզերը եւ չմնալ անոնց բեռին տակ:
Անցեալի յիշատակներու թարգմանիչն է արցունքը, որ մարդու հոգին կը լուայ եւ մեր արցունքները տարբեր չե՛ն ջրհեղեղէն. անոնց մի՛շտ ալ կը յաջորդեն խաղաղութեան ծիածանը:
Մեր թուականէն 11 տարիներ առաջ՝ 2011 թուականին ամերիկացի բեմադրիչ Պրատլէյ Ժաքսոն (Bradley Jackson) հրապարակեց կարճ ժապաւէն մը՝ «մարդը որ երբեք չի լար» խորագրով. յուզիչ պատմութիւն մըն է, պայքար՝ արտասուելու եւ չարտասուելու միջեւ. կ՚արժէ դիտել:
Վերջապէս, երանի՜ այն մարդուն՝ որ լալ գիտէ իր կեանքին մէջ, որովհետեւ լացի ժամանակ է միայն, որ կը զգաս անկեղծութիւնը քու եւ անձիդ միջեւ, քու եւ շրջապատիդ միջեւ. բարբարոսներն են գուցէ, որ լալ չեն գիտեր, մինչդեռ մարդկային սիրտը հակում ունի լալու: Լալը կը հանգստացնէ, սակայն բան չի փոխեր ու ամէն անգամ երբ լալու փափաքը ունենամ, կը յիշեմ Իսահակեանի խօսքերը.-
Քար կը սեղմեմ սրտիս հիմա,
Կ՚ելնեմ սարերը լալու,-
Ա՜խ կ՚ուզես լա՛ց, կ՚ուզես խնդա՛,
Անցածն էլ յետ չի գալու...
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ԱՐՍԷՆ ԱՅՏԸՆԵԱՆ
(1825-1902)
Մեր թուականէն 197 տարիներ առաջ՝ 7 յունուար 1825-ին, Պոլսոյ Բերա թաղամասին մէջ ծնած է հայագէտ, բանասէր ու լեզուաբան Արսէն Այտընեան:
Այտընեան իր ուսումը ստացած է Վիեննայի Մխիթարեաններու վանքէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք ընդունած է հոգեւորականի կոչումը: Փոքր տարիքէն մեծ սէր ունեցած է լեզուներու հանդէպ եւ տիրապետած է հայերէն, լատիներէն, իտալերէն, ֆրանսերէն, թրքերէն, արաբերէն, անգլերէն եւ գերմաներէն լեզուներուն, որոնց վրայ յետոյ աւելցած է նաեւ պարսկերէնն ու յունարէնը: Լաւապէս տիրապետած է նաեւ գրաբար լեզուին եւ իր այս լեզուի գիտութեան շնորհիւ տակաւին քսան տարեկան հասակին հայերէնի թարգմանած է շատ մը գործեր: Այտընեան փոքր տարիքէն սկսած է հանդէս գալ Մխիթարեաններու մամուլին եւ այլ մամուլներու մէջ: Անոր առաջին բանասիրական հետազօտութիւնը՝ Ագաթանգեղոսի կրկնագիր օրինակին մասին առաջին անգամ հրատարակուած է «Եւրոպա» պարբերականին մէջ: Այտընեան յայտնի դարձած է իր «Քննական քերականութիւն» աշխատութեամբ, որուն մասին անդրադարձած է գերմանացի լեզուաբան ու հայագէտ Հայնրիխ Պետերման, ֆրանսացի լեզուաբան եւ հայագէտ Անթուան Մէյէ իր «Դասական հայերէնի համեմատական քերականութեան ուրուագիծ» աշխատութիւնը նուիրած է Այտընեանին, իսկ վրացի հայագէտ Նիկողայոս Մառ Այտընեանը կոչած է նոր հայերէնի քերականութեան հայր: Այտընեան 1887 թուականին դարձած է Վիեննայի Մխիթարեաններու հրատարակած «Հանդէս Ամսօրեայ» հայագիտական հանդէսին, ուր տպագրած է լեզուական եւ գիտական յօդուածներ, միաժամանակ վարելով Մխիթարեան միաբանութեան վանահօր պաշտօնը:
Այտընեան մեծ աշխատանք տարած է հայերէն տպագրութեան գծով եւ ստեղծած է տառատեսակներ, որոնք ծանօթ են «Վիեննական» անունով: Գրականութեան եւ տպագրութեան կողքին Արսէն Այտընեան զբաղած է նաեւ մանկավարժութեամբ եւ որպէս ուսուցիչ պաշտօնավարած է Վիեննայի, Պոլսոյ եւ Զմիւռնիայի վարժարաններուն մէջ:
Լեզուաբանը մահացած է 21 յուլիս 1902-ին, Վիեննայի մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024