ԱՆՁԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ՝ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱՁԱՅՆ - Բ -

Ստո­րեւ կը շա­րու­նա­կենք ու­սում­նա­սի­րել եւ ներ­կա­յաց­նել Ե­կե­ղեց­ւոյ ան­դամ «անձ»ե­րու ի­րա­ւունք­նե­րը եւ պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը՝ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ընդ­հա­նուր օ­րէնք եւ կա­նոն­նե­րուն հա­մա­ձայն։

ԴՊԻՐ­ՆԵՐ

«Դպիր»նե­րը ե­կե­ղե­ցա­կան աս­տի­ճան­նե­րու խո­նար­հա­գոյն դա­սա­կար­գը կը կազ­մեն։ Չորս աս­տի­ճան­նե­րը, ընդ­հան­րա­պէս միա­սին կը տրուին եւ այս աս­տի­ճան­նե­րը ստա­նա­լէ ետք՝ ա­նոնք «դպիր» կը կո­չուին՝ ո­րոնք ու­նին հե­տե­ւեալ ի­րա­ւունք­նե­րը։

Դպիր­նե­րը ու­նին ի­րա­ւունք.

1.- Ե­կե­ղե­ցա­կան շա­պիկ հագ­նե­լու,

2.- Մոմ բռնե­լու,

3.- Զան­գակ հնչեց­նե­լու,

4.- Ե­կե­ղեց­ւոյ դու­ռը բա­նա­լու,

5.- Ե­կե­ղե­ցին աւ­լե­լու,

6.- Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ փո­խեր եւ ճա­շու գիր­քեր կար­դա­լու, շա­րա­կան­ներ ու տա­ղեր եր­գե­լու,

7.- Դի­ւա­հար­ներ եր­դուընց­նե­լու եւ դե­ւե­րը հա­նե­լով հի­ւանդ­նե­րը բժշկե­լու,

8.- Ե­կե­ղեց­ւոյ կան­թեղ­ներն ու մո­մե­րը վա­ռե­լու եւ մա­րե­լու, ա­նոնց խնամք տա­նե­լու։

ՈՒ­ՐԱ­ՐԱ­ԿԻՐ­ՆԵՐ

«Ու­րա­րա­կիր» կը կո­չուին այն դպիր­նե­րը՝ ո­րոնք ե­պիս­կո­պո­սի մաս­նա­ւոր ար­տօ­նու­թեամբ կրնան ու­րար կրել պաշ­տա­մուն­քի ժա­մա­նակ։

Ու­րա­րա­կիր դպիր­նե­րուն ի­րա­ւունք տրուած է կի­սա­սար­կա­ւա­գին եւ սար­կա­ւա­գին վե­րա­բե­րող շատ մը պաշ­տօն­ներ կա­տա­րե­լու, ինչ­պէս.

1.- Խնկար­կել,

2.- Քշոց կրել,

3.- Ճա­շու Ա­ւե­տա­րան կար­դալ,

4.- Սպաս­նե­րը մա­տու­ցա­նել,

5.- Պա­րապ սկի­հը վերց­նել,

6.- Պա­տա­րա­գի­չը զգես­տա­ւո­րել։

ԿԻ­ՍԱ­ՍԱՐ­ԿԱ­ՒԱԳ­ՆԵՐ

Ըստ Ե­կե­ղեց­ա­կան տուեալ կա­նոն­նե­րու, ինչ­պէս կ՚ը­սէ Նո­րայր Ար­քե­պիս­կո­պոս Պո­ղա­րեան իր «Կա­նո­նա­գի­տու­թիւն» գիր­քին մէջ, հրա­տա­րա­կուած 1992 թուա­կա­նին, ներ­կա­յիս կի­սա­սար­կա­ւա­գու­թիւ­նը մեր մէջ դադ­րած է մնա­յուն աս­տի­ճան մը ըլ­լա­լէ եւ վե­րա­ծուած է լոկ «փո­խանց­ման քայլ»ի մը։ Հին ա­տեն կի­սա­սար­կա­ւա­գու­թիւ­նը մնա­յուն եւ կա­րե­ւոր աս­տի­ճան մըն էր։

Եւ դար­ձեալ ըստ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ կա­նոն­նե­րու՝ «կի­սա­սար­կա­ւագ»ը չէր կրնար ա­մուս­նա­նալ։

ՍԱՐ­ԿԱ­ՒԱԳ­ՆԵՐ

«Սար­կա­ւա­գու­թիւն»ը ա­ռա­ջի՛նն է ե­կե­ղե­ցա­կան մեծ, կա­րե­ւոր եւ հիմ­նա­կան աս­տի­ճան­նե­րուն։

Սար­կա­ւա­գը, բա­ցի Ե. հա­տուա­ծին մէջ յի­շուած պաշ­տօն­նե­րէն, ի­րա­ւունք ու­նի նաեւ վե­րա­բե­րում ը­նե­լու։ Վա­նա­կան սար­կա­ւագ­նե­րը ի­րենց ձեռ­նադ­րու­թե­նէն ա­ռաջ կը կա­տա­րեն կու­սակ­րօն ապ­րե­լու ուխտ։

Ըստ Ե­կե­ղե­ցա­կան Կա­նոն­նե­րու (Ժ. Սսոյ. Կան. Գ), սար­կա­ւա­գը քսան տա­րե­կա­նէն պա­կաս պէտք չէ՛ ըլ­լայ։

Ար­դա­րեւ, Ե­կե­ղեց­ւոյ վար­դա­պե­տու­թեան հա­մա­ձայն, ձեռ­նադ­րու­թեան հետ միա­սին ձեռ­նադ­րուող ան­ձը կը ստա­նայ «ա­ռան­ձին հո­գե­կան շնորհք»ներ այդ աս­տի­ճա­նի հա­մա­պա­տաս­խան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լու հա­մար։

Սար­կա­ւա­գի պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը՝ պա­տա­րա­գի ժա­մա­նանկ ըն­դու­նիլ ժո­ղո­վուր­դին նուէր­նե­րը, ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ քա­րոզ­կար­դաց ըլ­լալ, Ա­ւե­տա­րան կար­դալ, Ս. Սե­ղա­նի վրայ գտնուած սրբա­զան ի­րե­րու եւ ա­նօթ­նե­րու պահ­պա­նու­մը, հսկել ե­կե­ղեց­ւոյ կար­գա­պա­հու­թեան, լռու­թեան, վե­րա­բե­րում ը­նել եւ եր­բեմն բռնել սկի­հը կամ թաշ­կի­նա­կը։ Ե­կե­ղե­ցա­կան ընդ­հա­նուր օ­րէն­քով, սար­կա­ւագ­նե­րը ի­րա­ւունք չու­նին ո՛չ մկրտու­թիւն կա­տա­րե­լու եւ ո՛չ քա­րո­զե­լու, բայց հին ժա­մա­նակ­նե­րուն բա­ցա­ռու­թիւն­ներ մի՛շտ կ՚ըլ­լա­յին, զոր օ­րի­նակ՝ Ոս­կե­բե­րա­նը, Եփ­րեմ Ա­սո­րին սար­կա­ւագ ժա­մա­նակ քա­րո­զած էին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։

ՍԱՐ­ԿԱ­ՒԱ­ԳՈՒ­ՀԻ­ՆԵՐ

Սար­կա­ւա­գու­հի­ներ կրնան կա­տա­րել սար­կա­ւագ­նե­րուն յա­տուկ բո­լոր պաշ­տօն­նե­րը։ Ա­սոնք՝ որ պար­տա­ւոր են «կու­սակ­րօ­նու­թեան ուխտ» կա­տա­րել եւ ապ­րիլ կու­սա­նոց­նե­րու մէջ։

ՔԱ­ՀԱ­ՆԱ­ՆԵՐ

Բա՛րձր է քա­հա­նա­յին սրբա­զան պաշ­տօ­նը։

Քա­հա­նան հո­գե­ւոր հո­վիւ է հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն եւ պա­տաս­խա­նա­տո՛ւ Աս­տու­ծոյ առ­ջեւ ա­նոնց հո­գի­նե­րուն ա­ռող­ջու­թեան եւ փրկու­թեան հա­մար։

Ըստ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ կա­նոն­նե­րու՝ քա­հա­նա­յա­ցուն պէտք է.

1.- Ե­րե­սուն տա­րե­կան ըլ­լայ։ Իսկ Սսոյ ժո­ղո­վի կա­նոն­նե­րուն (Գ.) քսան եւ հինգ տա­րե­կա­նէն պա­կաս չըլ­լայ։

2.- Ա­մուս­նա­ցած ըլ­լայ նախ­քան սար­կա­ւագ ձեռ­նադ­րուի­լը։

3.- Ու­նե­նայ ո­րոշ չա­փով ու­սում, մաս­նա­ւո­րա­բար Ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­բե­րեալ նիւ­թե­րու շուրջ (ԾԽ. Կա­նոն 59 ա)։

­Քա­հա­նան ի­րե­ւունք ու­նի կա­տա­րե­լու հե­տե­ւեալ ծէ­սե­րը եւ խոր­հուրդ­նե­րը.

1.- Մկրտու­թիւն,

2.- Դրոշմ,

3.- Ա­պաշ­խա­րու­թիւն,

4.- Հա­ղոր­դու­թիւն,

5.- Պսակ,

6.- Հի­ւան­դաց Կարգ։

Իսկ Քա­հա­նա­յին պար­տա­կա­նու­թիւն­ներն են.

1.- Այ­ցե­լել իր ծու­խե­րուն կա­նո­նա­ւոր կեր­պով, տա­րին շուրջ վեց ան­գամ։ Սուրբ Ծնուն­դին եւ Սուրբ Զատ­կին օրհ­նել բո­լոր ժո­ղո­վուր­դին տու­նե­րը։

2.- Հո­գե­ւոր եւ բա­րո­յա­կան կեան­քի սկզբունք­ներ հա­ղոր­դել եւ տա­րա­ծել։

3.- Ըլ­լալ «տի­պար հա­ւա­տա­ցեալ» իբր տի­պա՛ր եւ օ­րի­նակ իր ժո­ղո­վուր­դին։

Քա­հա­նան պէ՛տք է.

1.- Իր ե­պիս­կո­պո­սէն ձեռ­նադ­րու­թիւն ըն­դու­նի՝ հա­ւա­նու­թեամբ իր ժո­ղո­վուր­դին։

2.- Ե­րեք օր հրա­ժա­րի իր կնոջ մեր­ձե­նա­լէն՝ Սուրբ Պա­տա­րագ մա­տու­ցա­նե­լէ ա­ռաջ. (Թադ. Ժգ)։

3.- Հայ­րա­պե­տա­կան մաս­նա­ւոր ար­տօ­նու­թիւն ստա­նայ երկ­րորդ ա­մուս­նու­թիւն մը կնքե­լու հա­մար (Կոն­դակ Գէորգ Ե. Կա­թո­ղի­կո­սի)։

4.- Ու­նե­նայ շուրջ 250 ծուխ, ըն­տա­նիք։

Քա­հա­նան պէտք չէ.

1.- Իր ե­կե­ղե­ցին եւ ժո­ղո­վուր­դը լքէ եւ եր­թայ ու­րիշ քա­ղաք. (Նիկ. 15)։

2.- Ստանձ­նէ ո­րե­ւէ աշ­խար­հիկ գոր­ծա­կա­լու­թիւն։

3.- Ու­րիշ քա­հա­նա­յի մը կող­մէ բա­նադ­րուած եւ կամ վտա­րուած յան­ցա­ւոր մը իր ե­կե­ղե­ցին ըն­դու­նի. (Շնորհ. 36) եւ (Բրս. 270)։

4.- Գա­հա­սի­րու­թեամբ եւ փա­ռա­մո­լու­թեամբ իր ըն­կեր­նե­րուն հա­կա­ռա­կի։ Ար­դա­րեւ, Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ «նա­խա­թոռ» է այն՝ զոր Աս­տու­ծոյ շնորհ­քը ընտ­րեց նախ՝ իբ­րեւ քա­հա­նայ (Բ. Դուին Ժ.)։

5.- Իր պաշ­տօ­նա­կից­նե­րը, լծա­կից­նե­րը զրկէ ա­նոնց ծու­խը կամ հա­սոյ­թը յափշ­տա­կե­լով։

6.- Եր­դում ը­նէ։

7.- Ա­պաշ­խա­րան­քի մը խոս­տո­վա­նու­թիւ­նը յայտ­նէ. (Բ. Դուին 19)։­

Ա­ԲԵ­ՂԱ­ՆԵՐ

Կու­սա­կան քա­հա­նա­նե­րը կը կո­չուին «Ա­բե­ղայ». ա­նոնք կ՚ապ­րին վան­քե­րու մէջ (Առք. Լգ) եւ կը կրեն վե­ղար։

Ա­բե­ղա­նե­րու, այ­սինքն կու­սա­կան քա­հա­նա­նե­րու վե­րա­պա­հուած է ե­կե­ղե­ցա­կան բարձ­րա­գոյն աս­տի­ճան­նե­րը։

- Յա­ջոր­դով պի­տի շա­րու­նա­կուի՝ «Վար­դա­պետ», «Քո­րե­պիս­կո­պոս», «Ե­պիս­կո­պոս», «Ար­քե­պիս­կո­պոս», «Պատ­րիարք» եւ «Կա­թո­ղի­կոս» նիւ­թե­րով…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետ­րուար 2, 2017, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Փետրուար 7, 2017