ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈՂ ԱՄՕԹ ՄԸ

Մեր հանրութեան մէջ (մանաւանդ անցեալին) կտակը ունեցած է իր յատուկ տեղն ու նշանակութիւնը եւ մարդիկ ի գին ամէ՛ն զոհողութեան փորձած են կեանքի կոչել իրենց սիրելիներուն կողմէ որպէս կտակ փոխանցուած «պատուէր»ները: Սակայն բոլորը բախտաւոր չե՛ն եղած. շատերու կտակը մնացած է անաւարտ եւ մինչեւ օրս կը շարունակէ այդպէս մնալ (գուցէ մինչեւ յաւիտենապէս մոռացութեան տրուին):

Այդ անկատար կտակներէն մէկուն տէրն է հայազգի գրող մը, որ դժբախտաբար հայ ազգը կտակի կողքին իր անուան եւս այնքան ալ ուշադրութիւն չէ դարձուցած. անձ՝ որուն մասին նոր սերունդը ընդհանրապէս բան չի գիտեր: Թէեւ անոր գործունէութիւնը հիներու կողմէ մեծապէս արժեւորուած, սակայն ներկայիս մոռացութեան տրուած անուն մըն է. ՄԻՆԱՍ ՉԵՐԱԶ:

Նորութիւն մը չէ, որ պատմութիւնը եւ պատմութեան կողքին մարդկութիւնը արդա՛ր չէ եւ հետեւաբար Մինաս Չերազի մոռացութեան տրուիլը կը տեսնենք որպէս պտուղ անարդարութեան, որովհետեւ Չերազ շա՛տ աւելիով արժանի է յիշուիլ՝ քան այլ «մեծ»եր, որոնք այնքան ինքնազոհ գործունէութիւն մը չեն ունեցած՝ ինչքան Չերազ:

Այսօր պատմութեան մէջ Չերազ կը յիշուի որպէս գրող, խմբագիր ու թարգմանիչ, սակայն իրականութեան մէջ ան ամբողջութեամբ նուիրուած էր այլ առաքելութեան. իր ամենէն սիրած պաշտօններէ մէկն էր ուսուցչութիւնը, հայ գրականութիւնը, սակայն կամաւորաբար հեռու մնալով ինքզինք նուիրած էր հայ ազգին. 1927 թուականին գրած «Ազգային խնդիրներ» աշխատութեան մէջ որ որպէս պատասխան գրուած է Արշակ Ալպօյաճեանի, Չերազ կ՚ըսէ. «Ճշմարիտ է թէ արտասահմանի մէջ չզբաղեցայ կրթական գործով, որուն անխնայ ծառայած էի տաճկաստանի մէջ եւ գրեթէ 20 տարի հեռու մնացի հայ մամուլէն. սակայն պատճառը սա է որ ուզեցի ամբողջ ժամանակս ու կարողութիւնս յատկացունել հայկական դատին, որ ազգային ազատագրութեան խնդիրն ըլլալով, աւագ կարեւորութիւն ունէր»:

Չերազ իր հետաքրքրութիւններն ու «հաճոյք»ները մէկդի դրած նուիրուած էր հայկական ու ազգային հարցերու լուծման. յաճախ որպէս հայ ազգի շահերը պատպանող կը յիշատակենք Խրիմեան Հայրիկը, սակայն Մինաս Չերազ ի՛նք եւս Խրիմեան Հայրիկի հետ կը մասնակցէր Պերլինի վեհաժողովին՝ որպէս թարգմանիչ ու քարտուղար Ամենայն Հայոց Հայրիկին. Չերազի կատարածը մեր ազգային իրականութեան մէջ առաջին քաղաքական փորձ մըն էր. պէտք է անպայման յիշատակել, որ Մինաս Չերազ կուսակցութեան մը անդամ չէր. գրեթէ՛ ամէն կուսակցութիւն կ՚ուզէր Չերազը իր մէջ ներգրաւել, սակայն ան կուսակցական խնդիրներէն վեր մնալով կ՚ուզէր իր ամբողջ ժամանակը տրամադրել հայկական խնդիրին:

Հայ գրող Եղիա Տէմիրճիպաշեան 1924 թուականին Չերազին գրած իր նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Շնորհիւ հոգւոյդ անհամեմատ զօրութեան, աչքերդ, յաւէտ նպատակին սեւեռած, յոգնութիւն բնաւ չեն մատներ. դոյզն ինչ դէմքդ։ Աչացդ արտայայտութիւնն է «պիտի յաղթե՛մ», ի պատասխան անողոք ճակատագրի ձայնին` «դեռ պիտի կռուի՛ս, մի՛շտ պիտի կռուիս». «պիտի յաղթե՛մ»ի ոգին էր որ կը մղէր Չերազը պայքարելու, որովհետեւ ան կողմնակից էր արդարութեան:

Ի տարբերութիւն ներկայ ղեկավարներուն, Չերազ լաւապէս կը գիտակցէր, որ ազգ մը փրկելու լաւագոյն ձեւը ո՛չ թէ պատերազմը, այլ առողջ դիւանագիտական յարաբերութիւններ ունենալն է, այդ իսկ պատճառով քաղաքէ քաղաք շրջելով կը փորձէր դիւանագիտական կապեր հաստատել՝ յաջող աւարտ մը տալու համար հայկական խնդիրին: Շաւարշ Միսաքեան իր խմբագրականներէն մէկուն մէջ յիշելով Չերազը կը գրէ. «Ահա կեանք մը, որ մաշեր է աւելի քան կէս դար, հաւատքի մը համար». այդ հաւատքը պարզապէս հայ ազգի փրկութիւնն ու անկախութիւնն էր:

Չերազ իր կեանքը նուիրեց հայ ազգին, սակայն հայ ազգը զլացաւ կատարել անոր վերջին փափաքն ու կտակը. մեր թուականէն 98 տարիներ առաջ՝ 1926 թուականին Փարիզի մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ անոր հանրային գործունէութեան 60 ամեայ յոբելեանը։ Այդ հանդիսութեան ընթացքին որպէս նուիրատուութիւն հաւաքուեցաւ աւելի քան 200 հազար ֆրանք գումար մը. Չերազ այդ գումարը իր սեփական պէտքերուն գործածելու փոխարէն նուիրեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ), այն պայմանով, որ իր մահէն ետք այդ գումարներով հայրենիքի մէջ կառուցեն վարժարան մը եւ զայն կոչեն «Չերազեան»:

Մինաս ՉԵրազ կը մահանայ Փարիզի մէջ՝ իր առաքելութեան ճամբուն վրայ: Մինաս Չերազի մահէն ետք իր նուիրատուութեամբ Հայաստանի Նուպարաշէն շրջանին մէջ կը կառուցուի դպրոց մը եւ հիւանդանոց մը. 1936 թուականին Մինաս Չերազի աճիւնները Մեծ Վարդապետին՝ Կոմիտասի աճիւններուն հետ միասին տեղափոխուած է Հայաստան եւ սկզբնական շրջանին թաղուած Շիրվանզադէի անուան դպրոցի բակին մէջ... եւ ահաւասի՛կ դժբախտութիւնը:

Հակառակ այն ճշմարտութեան, որ Մինաս Չերազ անկուսակցական էր, այդ օրերուն գործող կուսակցական պաշտօնեայ մը ըսած է «այս դաշնակի գերեզմանը ի՞նչ գործ ունի այստեղ» եւ հրամայած է Չերազի աճիւնները դուրս բերել դպրոցի բակէն. ո՞ւր կը փոխադրեն Չերազի աճիւնը՝ մարդ չի գիտեր: Անոր հարազատները երկար ժամանակ ջանք չեն խնայեր գտնելու համար մեծ հայրենասէրի գերեզմանը, սակայն չեն յաջողիր:

Այսօր Հայաստանի մէջ ո՛չ Չերազեան դպրոց եւ ո՛չ ալ Չերազի գերեզմանը գոյութիւն ունի:

Գուցէ այս է վարձատրութիւնը անձի մը՝ որ իր կեանքը ամբողջութեամբ կը նուիրէ իր ազգի շահերուն ու բարօրութեան. գուցէ սեփական շահերը հետապնդելով շա՛տ աւելի արժէք կրնար ունենալ Չերազ. ամօթը մե՛զ:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Մարդ կրնա՞յ հոգեդարձ ապրիլ:

Պատասխան. Հաւանականութիւնը քիչ է, որ մէկը շատ կարճ ժամանակուան մը համար «մեռնի» եւ կամ հոգեդարձ ապրի եւ դարձեալ վերադառնայ կեանք: Մահը սովորաբար սահմանումն է կենսական գործառութիւններու, ներառեալ ուղեղի գործունէութեան դադարին: Թէեւ կան դէպքեր, երբ մարդոց սիրտը կը դադրի բաբախելէ եւ կամ դադրած է շնչելէ, սակայն դարձեալ վերադարձած են կեանք (այս մէկը առաւելաբար կ՚ըլլայ բժշկական միջամտութեամբ), սակայն այդ մէկը կարելի չէ «մահ» կոչել: Հոգեդարձ արտայայտութիւնը բժշկական կամ գիտական արտայայտութիւն մը չէ. փոխաբերական եւ կամ ենթադրական իմաստ մը ունի:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Փետրուար 7, 2024