ԵԹԷ ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԽԶՈՒԻ…
Ներկայ դարուս մէջ, գիտութեան եւ քաղաքակրթութեան ընծայած առիթներէն օգտուիլ անշուշտ որ բանական է եւ մարդկային մտքին բնական մէկ արտայայտութիւնն է։ Ան որ կը խուսափի նորութիւններէ, արդիական գործիքներու գործածութեան օտար եւ հեռու կը մնայ, ամենէն պարզ խօսքով, «յետամնաց», «անյառաջադէմ» եւ մինչեւ իսկ «յետադէմ» կ՚անուանուի։ Այո՛, իրաւացիօրէն պէտք է ընդունիլ, թէ մարդ համակերպելու է եւ ճկունութիւն ցոյց տալու է նորութիւններու, դարուն պայմաններուն եւ գիտութեան եւ քաղաքակրթութեան շնորհած առիթներուն։ Այս մասին ըսելիք որեւէ խօսք չկա՛յ։ Բոլորովին իրաւացի են անոնք՝ որ ա՛յդպէս կը մտածեն։ Մարդ յառաջդիմելու համար պէտք է օգտագործէ գիտութեան եւ քաղաքակրթութեան ընծայած առիթները…։
Այսօր կան շատեր՝ որ իրենց գրութիւնները վարժուած են համակարգիչի վրայ գրելու։ Շատ մեծ եւ խրախուսիչ դիւրութիւն մըն է այդ մէկը։ Բայց կան նաեւ ոմանք, թերեւս մեր օրերուն այլեւս «բացառութիւն» կազմող փոքրամասնութիւն մը, որ կը յամառին տակաւին այդ ձեւ գրութեան եւ կը նախընտրեն գրել աւանդական կերպով՝ թուղթ եւ գրի՛չով։
Անշուշտ մեր նպատակը այս երկու ձեւերուն վրայ անիմաստ բաղդատութիւն մը, համեմատութիւն մը ընել չէ՛ երբեք։ Պարզապէս, կը փափաքինք առարկայական մօտեցումով ներկայացնել՝ այդ երկու այլընտրութեան հաւանական վնասները եւ օգուտները։
Սա, անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, թէ որեւէ իրի կամ իրողութեան օգուտը կամ վնասը, խօսքէ աւելի գործով կարելի է հասկնալ, ինչպէս ամէն մարզի մէջ։
Զոր օրինակ, սա պահուս ելեկտրականութիւնը ընդհանուր կերպով խզուած է որեւէ պատճառով մը, եւ սա պահուս դարձեալ, հաւանաբար, անոնք որ համակարգիչի վրայ կը գրեն, դադրեցուցած են իրենց գործունէութիւնը եւ կը սպասեն, որ ելեկտրականութիւնը դարձեալ «կեանքի կոչէ» իրենց համակարգիչները եւ այդպէս կարենան շարունակել իրենց գրութիւնը…։
Անշուշտ այս մասին կարելի է առարկել, ըսելով թէ կա՛ն ելեկտրականութիւն արտադրող մեքենաներ, որոնք գոնէ ժամանակի մը համար կ՚օգնեն, որպէսզի աշխատութենէ դադրած մեքենան շարունակէ իր «կեանք»ը, եւ կան ելեկտրականութեամբ լեցուած կազմածներ, բարդեր, որոնք միջոցի մը համար գոնէ, աշխատութեան շարունակութիւնը կ՚ապահովեն։ Բայց ի վերջոյ անոնք ալ ժամանակի մը համար կրնան կատարել իրենց դերը եւ վերջապէս կը կարօտին ելեկտրական հոսանքի։
Այս գրիչը, ատեն ատեն փորձած է գրել համակարգիչի վրայ, բայց եւ թերեւս կառչելով իր սովորական ձեւին, չէ կրցած տեւականացնել գրութեան այդ ձեւը։ Եւ եթէ ասիկա «յետամնացութիւն» անուանուի, այո՛, այս գրիչը կատարեալ «յետամնա՛ց» մըն է։ Բայց պէտք է ընդունիլ նաեւ սա իրողութիւնը, թէ՝ մէկու մը համար ամենէն կարճ եւ ամենէն դիւրին ճամբան՝ իր գիտցած եւ վարժուած ճամբան է։ Եւ դարձեալ, տարի՜ներու վարժութենէն ազատիլ եւ նոր դրութեան մը համակերպիլ մարդուս համար շատ դժուար է, եթէ ոչ՝ անկարելի՛։
Պարզ է տեսարանը։
Սա պահուս, այս գրիչը կը շարունակէ գրել, հակառակ որ ելեկտրականութիւնը խզուած է տակաւին։ Եւ կը խորհի, թէ ի՞նչ կ՚ընեն անոնք՝ որ համակարգիչի վրայ կը գրէին սա պահուս, եւ եթէ նոյնիսկ ելեկտրականութեամբ լեցուած բարդով կը շարունակեն իրենց գրութիւնը, եթէ տեւէ ելեկտրականութեան խզումը, պիտի կարենա՞ն շարունակել իրենց գրութիւնը եւ կամ որեւէ գործունէութիւն համակարգիչի վրայ։
Հապա ի՞նչ ըսել անոնց՝ որոնք հեռատեսիլին առջեւ, գերի եղած այդ մեքենային, գրեթէ իրենց բոլոր օրը կ՚անցնեն, որոնց ամբողջ աշխարհը եւ կեանքը հեռատեսի՛լն է. ամլացած, անշարժ, յուսալքուած կը սպասեն, որ ելետրականութեան հոսանքը «վերակենդանացնէ» իրենց հեռատեսիլը, եւ շարունակեն գերիանալ եւ երկրպագել անոր՝ իրենց «կեանք տուող»ին։
Ո՜վ ելեկտրականութիւն, դուն որքան զօրաւոր ես, ո՜րքան տիրական, որ ընթացք կու տաս իր բանականութեամբ հպարտացող մարդ արարածին։
Եւ ո՜րքան հետաքրքրական է, որ ելեկտրականութիւնը մա՛րդն է գտած եւ յետոյ նոյն մարդը՝ իր գիւտին գերին է դարձած։ Ո՜վ գիտէ, թերեւս մարդուն, իր բանականութիւնը, իր կարողութիւնները անհաշիւ, անվերապահ, անչափ գործածելու մէկ հատուցումն է ասիկա։ Մարդ իր գիւտին անձնատուր է եղած եւ եթէ կարելի է ըսել, «սանձը յանձնած է իր գիւտին»՝ որ կ՚որոշէ իր կեանքին ընթացքը։
Եւ այս խորհրդածութիւններով, այս գրիչը կը շարունակէ գրել։ Կը խորհի, թէ երբ համակարգիչով գրել փորձէր, թերեւս դադրեցուցած պիտի ըլլար իր գրութիւնը։ Բայց ան առաւ իր թուղթը եւ գրիչը, մօտեցուց իր գրասեղանը պատուհանին՝ ուրկէ կը լուսաւորուէր ամբողջ սենեակը բնական լոյսով, առանց խուճապի մատնուելու շարունակեց իր գրութիւնը։ Եւ ահաւասիկ, առանց կախում ունենալու մարդկութեան ամենամեծ գիւտէն՝ ելեկտրականութենէն, կը շարժէ իր սեւ գրիչը՝ սպիտակ թուղթին վրայ…։
Ծանօթ առածը կ՚ըսէ, թէ «չկա՛յ չարիք, որ չծնի բարիք»։ Եւ եթէ ելեկտրականութեան խզումը անպատեհ իրողութիւն մըն է, ահաւասիկ ունեցաւ նաեւ բարեպատեհ արդիւնք մը՝ առիթ ընծայեց, որ բաղդատուի, համեմատուի «հին»ը եւ «նոր»ը՝ «բնական»ը եւ «արուեստական»ը։ Այլապէս անդրադառնալ չափաւորութեան կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեան։ Յիշեցուց մեզի, չյանձնուիլ եւ չվստահիլ բոլորովին բանի մը, որ ի վերջոյ մարդուն արտադրութիւնն է, եւ գիտնալ որ ամէն բանի աղբիւրը բնութիւնն է, եւ այն որ արդէն գոյութիւն չունի բնութեան մէջ, մարդ չի՛ կրնար ստեղծել…։
«Չկա՛յ չարիք, որ չծնի բարիք». հեռատեսիլին գերի երկրպագուներ ալ, կը մաղթենք, որ ելեկտրականութեան խզումի այս անպատեհ իրողութենէն օգտուին, անիկա վերածեն բարեպատեհ առիթի մը, եւ օգտագործեն այդ, առանց հեռատեսիլի գերութեան երջանիկ պահը, եւ իրենց ուշադրութիւնը դարձնեն իրենց ներաշխարհին, ազատած հեռատեսիլի գերութենէն, խորհին աւելի նպաստաւոր եւ օգտակար իրականութիւններու վրայ, եւ տանին իրենց աթոռը դէպի պատուհան եւ կարդան Սուրբ Գիրք՝ բնական լոյսէն օգտուելով, լուսաւորուին Բնական եւ Գերագոյն, մշտավառ անշէջ Լո՛յսով…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 2, 2018, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024