ՆԱՄԱԿ ԽԻՂՃԻՆ
Ո՞ւր ես... ի՞նչ կ՚ընես...
Հարցումիս կոտտացող արձագանգը կը յուզէ զիս բացակայութեանդ դիմաց, որուն այնքա՜ն կարօտը ունիմ այսօր: Կարօտդ ունի նաեւ հոգիս, որ բացակայ գութիդ մենութեամբը կը տառապի: Ու այս բոլորին դիմաց այսօր սիրտ ու հոգի միացած հաշուեյարդար կը պահանջեն. կը սարսափիմ յայտնելու անոնց բօթը, որուն միակ յուղարկաւորը կը թուիմ ըլլալ:
Մեկնումէդ ետք մէկ առ մէկ խոյս տուին բոլո՛րը. ողորմութիւնն ու սէրը մարդկութեան ապիկարութիւնը տեսնելով վիրաւոր թռչունի մը նման յանձնուեցան ճակատագիրին, իսկ յոյսը իր երբեմնի փառքէն մերկացած սլանալու վերջին անյաջող փորձերը կ՚ընէ:
Ի՞նչ հրապոյր ունի մարդը առանց քեզի. անոր անուրջները բարձունքին մէջ նոյնի՛սկ կը ջախջախուին ու սպասումէն յոգնած անժամութեանը մէջ կ՚անհետանան:
Վշտահար սիրտերը այսօր քաղցրութիւնդ կը յիշեն. կը յիշեն այն քաղցր օրերը, երբ մխիթարութիւնը կը հետեւէր վիշտերուն, կը հեռացնէր հոգիները կրծող անողոք ցաւերը, պահուան մը համար նոյնիսկ կը վանէր չար նախազգացումները:
Ինչպէ՞ս կրցար քնանալ երէկ. ինչպէ՞ս կրցար քնանալ, երբ երէկ աշխարհի մէկ անկիւնը, երիտասարդ մը յուսահատ ու սրտաբեկ ինքզինք վար ձգեց ա՛յն բարձունքէն, որուն վրայ քաղցր երազներ հիւսած էր օր մը. վար ձգեց փշրելու համար այն գանկը, որուն մէջ վայրագ ձեռքերը աւեր գործեցին: Ինչպէ՞ս կրցար քնանալ, երբ երէկ աշխարհի մէկ անկիւնը հարազատ հայր մը մահուան գովքը հիւսել սկսաւ, ընտանիքին ու կեանքին հանդէպ իր ճիտին պարտքը լիովին կատարել չկարենալուն համար:
Ինչպէ՞ս կրցար քնանալ երէկ, երբ աշխարհի մէկ անկիւնը անձ մը իր անկարեւոր հաճոյքին համար մսխեց մեծամեծ գումարներ, իսկ մայր մը իր զաւակին դեղերը առնելու համար գումար չկրցաւ ապահովել: Ինչպէ՞ս կրցար քնանալ, երբ երէկ իր զաւակները հազար ու մէկ դժուարութեամբ մեծցուցած մայր մը անփոյթօրէն ծերանոց դրուեցաւ նոյնինքն իր մեծցուցած զաւակներուն կողմէ: Ինչպէ՞ս կրցար քնանալ այդ բոլոր հեծկլտուքներուն տակ, որոնք հոգիիս լռութեանը մէջ կ՚արձագանգեն այսօր:
Հազարաւորներ մեկնումդ սգալով իրենց անարդարութեամբ լեցուած փողոցներուն մէջ իրենց գոյութիւնը քաշկռտել կը փորձեն:
Մեկնումէդ ետք տարբեր է ամէն բան. օրէնք դարձած է հիմա աւելիով հարուածել այն ինկածին, որ ապարդիւն ոտքի ելլելու համար օգնութեան ձեռք մը գտնել կը փորձէ իր շուրջ. մեկնումէդ ետք մարդկութիւնը անտարբեր կը մնայ անօթի այն մանուկին դիմաց, որ կ՚ուզէ ուտել ո՛չ թէ հաճոյքի, այլ իր գոյութեան ընթացքը ապահովելու համար: Մեկնումէդ ետք աղքատին հանդէպ սէրն ալ մեռաւ. սկսան մարդիկ հանգստութեամբ աղքատէն գողնալ այն փոքր մէկ մասնիկն ալ, որոնք իրենց պիտի չհարստացնէր, սակայն աղքատին գոյութիւնը գուցէ ապահովէր:
Մեկնումէդ ետք այսօր աշխարհը կը վատաբանէ քեզ, որովհետեւ անոր անարդար բնաւորութիւնն է վատաբանել ճիշդն ու ճշմարիտը. այսօր կը սորվեցնեն մարդոց, թէ տկա՛ր է ան, որ ունի եւ կամ կ՚ուզէ քեզ ունենալ: Կը սորվեցնեն, թէ յաղթելու համար պէտք է սպաննել խիղճը, պէտք է խեղդել անոր ձայնը ու նման լոզունգներով մարդը կ՚առաջնորդեն սայթաքումի: Մեկնումէդ ետք ամօթի վերածեցին գոյութիւնդ. հարստահարութիւնը բնական, իսկ ողորմութիւնը արտասովոր սկսաւ թուիլ մարդոց, որոնց վախճանը ինչքա՜ն մութ է:
Կը յիշե՞ս բարի ու չար հրեշտակը, որ մարդոց արարքները կը կարգաւորէին։ Մեկնումէդ ետք այդ բարի հրեշտակն ալ առյաւէտ լռեց ու բեմը յանձնեց չարին, որ անդադար մարդոց ականջին մէջ կը փսփսայ ու գովքը կը կատարէ չարութեան:
Ներկայութեան կարիքը ունի այսօր ողջերուն գերեզմանոցը՝ աշխարհը, որ գոյութեանդ մասին մոռցած կը փորձէ չարին յորդորներով իր կեանքը առաջնորդել: Պէտք է վերադառնաս, ու հետդ վերադարձնես նաեւ սիրտն ու ուղեղը: Նոր սերունդը այսօր ծանօթ չէ գութ ու խիղճ կոչուած ճշմարտութեանց հետ. քեզ վերցուցին նաեւ կրօնքին մէջէն:
Տեսնելով կատարուող «ողորմութիւնները» յանկարծ ողորմածութիւն չկարծես. Մեկնելէդ ետք «ողորմութիւն» վերնագիրին տակ սկսաւ գործել ցուցադրութիւնը, փառքի որոնումը, որոնք խիղճի կեղծ փաստաթուղթին տակ հրապարակի վրայ յարգ ու պատիւ գտնել կը փորձեն:
Լռութեանդ դիմաց այսօր լուռ է մարդկութիւնը եւս, սակայն արցունքներն ու թշուառութիւնները մեծագոյն աղաղակն են ուղղուած քեզի: Եկո՛ւր եւ եթէ կրնաս հետդ բե՛ր աւելիով լուսաւոր եւ մաքուր խիղճ մը, լեցուած պատիւի եւ մարդկային զգացումներով:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ԳԷՈՐԳ ՉՄՇԿԵԱՆ
(1837-1915)
Մեր թուականէն 185 տարիներ առաջ՝ 7 մարտ 1837-ին Թիֆլիզի մէջ ծնած է դերասան, բեմադրիչ եւ թատերական գործիչ Գէորգ Չմշկեան:
Չմշկեան նախնական կրթութիւնը ստացած է Թիֆլիզի Ներսիսեան դպրոցէն ներս եւ ապա ընդունուած է Ռուսական երկրաչափական ուսումնարան:
Չմշկեանի թատերական գործունէութիւնը սկիզբ առած է 1863 թուականին. 1864 թուականին ստեղծած է հայկական առաջին անկախ դերասանական ընկերութիւնը. եղած է «Մշակ» թերթի եւ Թիֆլիզի թատերական ընկերութեան հիմնադիրներէն մին եւ որոշ ժամանակ վարած է վերջինին քարտուղարի պաշտօնը. 1908 թուականին Չմշկեան դարձած է Հայոց Տրամաթիքական ընկերութեան պատուաւոր անդամ: Չմշկեան 1864-1890 թուականներուն յաջողած է իր մօտ խմբել ժամանակուան լաւագոյն դերասանները, որոնցմէ են դերասան, բանաստեղծ եւ աշխարհի մեծագոյն ողբերգակ դերասան Պետրոս Ադամեանն ու հայ բեմի տաղանդաւոր դէմքերէն Սիրանոյշը: Բեմադրիչը իր կազմած խումբով ներկայացումներ ունեցած է Երեւանի, Կիւմրիի, Պաքուի, Շուշիի եւ Վրաստանի տարբեր քաղաքներէն ներս:
Բեմական գործունէութեան կողքին Չմշկեան զբաղած է նաեւ օտար թատրերգութիւններու թարգմանութեամբ։ Թարգմանած, բեմադրած եւ հանրութեան ներկայացուցած է աւելի քան քսան օտար թատերական գործեր, որոնցմէ են Շէյքսփիրի «Թիմոն Աթենացին», «Վենետիկի վաճառականը», «Օթելլօ»ն, Վիքթոր Հիւկոյի եւ այլ մեծերու գործեր:
Չմշկեան ունեցած է աշակերտներ, որոնց սորվեցուած է դերասանական ասպարէզը. անոնցմէ շատեր դարձած են ապագայի յայտնի դերասաններ: Չմշկեան առաւելաբար յայտնի դարձած է Սունդուկեանի թատրերգութեան ներկայացումներով. ան եղած է Սունդուկեանի գործերը ներկայացնող առաջին թատերական գործիչը:
Չմշկեան մահացած է 10 յունուար 1915 թուականին, Ռուսական Կայսրութեան սահմաններէն ներս:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024