ԱՐԱՐԻՉ ԵՒ ՆԱԽԱԽՆԱՄ

Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին աշխարհի միակ եւ անբաժանելի սկիզբն են, նոյնիսկ եթէ արարչագործութիւնը յատկապէս Հօր Աստուծոյ վերագրուած է։

Արդարեւ, աշխարհ ստեղծուեցաւ Աստուծոյ փառքին համար։

Աստուած ուզեց այսպէս մարդուն յայտնել եւ հաղորդել Իր բարութիւնը, Իր ճշմարտութիւնը եւ Իր գեղեցկութիւնը։ Արարչագործութեան վախճանական նպատակը այն է, որ Աստուած Քրիստոսով ըլլայ. «ամէն ինչ ամէնուն մէջ». (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԵ 28), եւ ասիկա Իր փառքին եւ մեր երջանկութեան համար։ Ուստի, «Աստուծոյ փառքը՝ կենդանի մա՛րդն է, իսկ մարդուն կեանքը՝ Աստուծոյ տեսութիւնն է», կ՚ըսէ Սուրբ Երանոս։

Աստուած տիեզերքը Իր «ազատ կամք»ով՝ իմաստութեամբ եւ սիրով ստեղծեց։ Աշխարհը անհրաժեշտութեան մը, «կոյր ճակատագիր»ի մը, կամ դիպուածի մը, պատահականութեան մը արդիւնքը չէ՛։ Աստուած աշխարհը «ոչինչէն». (Բ ՄԱԿ. Է 28), կարգապահ եւ բարի ստեղծեց։

Աստուած աշխարհէն անհունօրէն վերանցական՝ գերազանց, գերագոյն կը մնայ։ Աստուած Իր արարչութիւնը Իր լինելութեան մէջ կը պահպանէ եւ անոր նեցուկ կը կանգնի, Իր գործելու կարողութիւնը անո՛ր փոխանցելով եւ Իր Որդիին եւ Ս. Հոգիին միջոցով՝ զայն իր վախճանին հասցնելով։

Աստուած նաեւ Նախախնամ է։ Աստուածային Նախախնամութիւնը ամբողջութիւնն է այն կարգաւորութիւններուն՝ որոնց շնորհիւ Աստուած իր արարածները կ՚առաջնորդէ դէպի վերջնագոյն կատարելութիւնը, որուն համար զանոնք կանչած է։ Աստուած թէեւ Ի՛նքն է Իր ծրագրին գերագոյն հեղինակաւոր տէրը, սակայն անոր գործադրութեան համար նաեւ Իր արարածներուն օժանդակութիւնը կ՚օգտագործէ։ Անոնց միանգամայն կը հաղորդէ արժանապատուութիւնը ինքնակամ գործելու եւ իրարու փոխադարձ պատճառ ըլլալու։

Աստուած մարդուն «ազատութիւն»ը յարգելով հանդերձ՝ թէ՛ կ՚օգնէ անոր, թէ՛ ալ կը խնդրէ անկէ, որ Իր գործակի՛ցն ըլլայ իր գործերով, իր աղօթքներով եւ նաեւ իր տառապանքներով, ցաւերով, մարդուն մէջ արծարծելով «ուզելն ու գործելը ի սպաս Իր բարեխնամ ծրագիրներուն». (ՓԻԼ. Բ 13)։

Աստուած ո՛չ մէկ ձեւով, ո՛չ ուղղակիօրէն, ո՛չ ալ անուղղակիօրէն «չար»ին պատճառն է։ Ան չարին խորհուրդը կը լուսաբանէ Իր Որդիին Յիսուսի միջոցով՝ որ խաչուեցաւ, մեռաւ եւ յարեաւ, որպէսզի յաղթէ «բարոյական մեծ չարիք»ին, այսինքն մարդոց գործած մեղքին, արմատ՝ միւս բոլո՛ր չարիքներուն։ Ահաւասիկ, ա՛յս է քրիստոնեայ հաւատքին յստակ պատասխանը այն հարցումին, որ ընդհանրապէս, միամտօրէն կը հարցուի, թէ՝ Աստուած ամենակարող զօրութիւն եւ Նախախնամութիւն է, հապա այսինքն քահանային առջեւ իր մեղքերը յայտնէ, չորրորդ՝ պէտք է «հատուցում» ընէ, այսինքն՝ ապաշխարանքի կարգ մը գործեր կատարէ, որոնք խոտովանահայրը մեղքին հասցուցած բարոյական-հոգեկան վնասին համեմատ՝ ապաշխարած եւ խոստովանած մեղքին վրայ կը սահմանէ։

Կարեւոր հարց մըն է՝ ապաշխարանքին եւ խոստովանութեան անկեղծ ըլլալը։ Նաեւ՝ խոստովանողը պէտք է անկեղծօրէն զղջայ եւ մտադրէ չկրկնել գործած մեղքը, անշուշտ կարելի չափով, քանի որ մարդ այս մասին տկար է եւ միշտ հակամէտ է եւ տրամադիր մեղք գործելու՝ որուն մասին արդէն աւելի վերը խօսեցանք։ Ո՛չ ոք կրնայ յաւակնիլ եւ հպարտանալ, թէ բոլորովին անմեղ է։

Պէտք է խոստովանիլ բոլոր մեղքերը՝ ծանր կամ ներելի մեղքերը։ Խոստովանանքը ծանր մեղքերուն ներումին սովորական միակ միջոցն է։ Ամէն չափահաս հաւատաեալ պարտաւոր է իր ծանր մեղքերը տարին գէթ մէկ անգամ խոստովանիլ, եւ ամէն անգամ՝ Սուրբ Հաղորդութիւնը ընդունելէ առաջ։

Ապաշխարութեան համար Մեծ պահքի շրջանը պատեհ առիթ մըն է, թէեւ, այս շրջանին, բացի բացառիկ պարագաներու Սուրբ Հաղորդութիւն ընդունիլ կարելի չէ, բայց հաւատացեալներ առնուազն հինգ տաղաւար տօնին պէ՛տք է Սուրբ Հաղորդութիւն ընդունին։ Արդարեւ, ամէն Սուրբ Պատարագին հաղորդուիլ, պատրաստ ըլլալու պայմանով, աստուածահաճոյ հոգեւոր պարտականութիւն մըն է։ Յիսուս. «Առէ՛ք կերէք… Խմեցէ՛ք այս բաժակէն…» հրաւէրը կարելի՞ է մերժել, պայքարիլ, ընդդիմանալ եւ յաղթական ելլել այդ արդար մաքառումէն, կռիւէն։ Մեր նպատակակէտը ըլլալ ու է մի՛շտ փնտռել եւ հասնիլ բարիին, հոգ չէ, թէ չարիքը պատած ըլլայ մեր շուրջ։ Արդարեւ, կարեւորը՝ կանգո՛ւն մնալն է անկումներու ատեն, քանի որ մեր Արարիչը չէ՛ թողած մեզ։ Ան Նախախնամն է նաեւ Իր արարածներուն։ «Չար»ը Ադամէն՝ մարդուն փոխանցուած, ժառանգուած ծինային յաջորդականութիւն մըն է. չարը՝ բարիին վատասերումը, այլասերած վիճակն է։ Էականը Բարի՛ն է եւ միշտ յաղթականը Բարի՛ն պիտի ըլլայ…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 5 2023, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Մարտ 7, 2023