ՏՈՒԷ՛Ք ՈՐ ԸՆԵՆՔ

Մեր հայկական բոլոր կազմակերպութիւնները, կուսակցութիւնները, հաստատութիւնները եւ մինչեւ իսկ եկեղեցին նոյն յանկերգը ունին. «տուէ՛ք որ ընենք»: Տասնամեակներէ ի վեր անոնք մեր մէջ կը փորձեն սերմանել այն համոզումը, որ «կրնան», «գիտեն», «կ՚ուզեն», սակայն նիւթական միջոցները կը պակսին եւ այս դարամեայ սուտով կը փորձեն սքօղել իրենց անկարողութիւնն ու գուցէ նաեւ անտարբերութիւնը:

Մեր ազգին մէջ յաջողած են ստեղծել այն տպաւորութիւնը, որ մեր ներկայ ղեկավարները, կուսակցական եւ եկեղեցական պետերը, կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու պատասխանատուները պատրաստ են ամէ՛ն բան ընել մեր ազգը փրկելու եւ մեր ճակատագիրին ուղին փոխելու՝ սակայն նիւթական միջոցներու պակասի հետեւանքով այդ երազն ու փափաքը կը մնայ անիրագործելի:

Այս համահայկական ստախօսութեան դիմաց ըսենք, որ ամէ՛ն ժամանակէ աւելի այսօ՛ր է, որ մեր կուսակցութիւնները, եկեղեցին, պետութիւնը, կազմակերպութիւններն ու հաստատութիւնները ունին նիւթական բաւարար ու բաւարարէն քիչ մըն ալ աւելի «հարստութիւն» մը:

Յետցեղասպանութեան շրջանին օտար ափերու վրայ դպրոցներ, եկեղեցիներ, ակումբներ, օրաթերթեր ու մշակութային կեդրոններ ստեղծելու համար մեծ գումարներու կարիքը յառաջացաւ. սփիւռքի մէջ բազմաթիւ եկեղեցիներ ու դպրոցներ կանգնեցան այս կամ այն բարերարին շնորհիւ. գիրքեր, թերթեր ու մա՛նաւանդ դասագիրքեր հրատարակուեցաւ դարձեալ բարերարներու շնորհիւ ու այդ բոլորը նիւթաբեր աղբիւր դառնալու փոխարէն մատուցուած ծառայութիւն մը դարձաւ մեր ազգին համար, որոնց շնորհիւ բազմաթիւ սերունդներ հասակ առին:

Սակայն տարիներու ընթացքին հաստատութիւններն ու կազմակերպութիւնները, կուսակցութիւններն ու եկեղեցին յաջողեցան որոշ հարստութիւն մը ձեռք ձգել ու որպէս գաղթական հաստատուած իրենց երկիրներուն մէջ եղան գումարի եւ կառոյցներու տէրեր: Սակայն սիրեցին մնալ նախկին հոգեբանութեամբ՝ հիմնուելով ազգայիններու եւ բարերարներու յոյսին:

Օրինակի համար, մեր դպրոցներուն մէջ մինչեւ օրս գործածուող դասագիրքերը ունին աւելի քան երկու տասնամեակի կեանք. անոնք չեն կրցած քայլ պահել ներկայ արհեստագիտութեան հետ եւ կը շարունակեն «հին»ին օրինակով առաջնորդուիլ. դասագիրք մը պատրաստելո՞ւ համար եւս նիւթական միջոցները կը պակսին:

Այսօր մեր ժողովուրդը ո՛չ կուսակցութիւններու, ո՛չ եկեղեցւոյ եւ ո՛չ ալ իր ղեկավարներուն հանդէպ վստահութիւն ունի, որովհետեւ իր սեփական աչքերով կը տեսնէ անոնց հարստանալը եւ անդին ժողովուրդին նոյն թշուառութեան մէջ տապլտկիլը. կորստեան դատապարտուած է ա՛յն ազգը, որուն ղեկավարներն ու մեծաւորները, անոնց հաստատութիւններն ու կառոյցները օրէ օր կը հարստանան, սակայն ժողովուրդը կը շարունակէ մնալ թշուառ վիճակի մէջ:

Վերջին մի քանի տարիներու ընթացքին սկսանք ականատես ըլլալ նուիրատուութիւններու. թէ՛ եկեղեցին եւ թէ՛ կուսակցութիւնները նիւթական օժանդակութիւններ կատարեցին Լիբանանի դժուարին վիճակի մէջ գտնուող մեր հայորդիներուն եւ այդ բոլորը կատարեցին մե՜ծ մեծ յայտարարութիւններով. եթէ Հնչակեան կուսակցութիւնը եւ կամ Դաշնակցութիւնը «բարերարութիւն» մը կատարեց, երկու հիմնական պատճառի համար պէտք է որ կատարէ.-

Ա.- Կատարեց, որովհետեւ պարտաւո՛ր է կատարել, որովհետեւ ի՞նչ է կուսակցութիւններուն գործունէութեան հիմնական նպատակը, եթէ ոչ սեփական ժողովուրդի բարօրութեան նուիրուիլ:

Բ.- Այս բոլորը կատարեցին ո՛չ թէ իրենց սեփական, այլ նոյնինքն մե՛ր, ժողովուրդին հարստութեամբ, որովհետեւ թէ՛ եկեղեցին, թէ՛ կուսակցութիւնները եւ թէ՛ կազմակերպութիւնները ո՛չ թէ անոնց վրայ գտնուող ղեկավարներուն, այլ նոյնինքն ժողովուրդինն է:

Աչքէ մը կ՚անցընեմ մեր ներկայ իրավիճակը. ո՛չ մէկ դպրոց հայագէտի, ուսուցիչի եւ կամ նուիրեալ մանկավարժի պակասին մասին չի՛ բողոքեր, սակայն բոլորն ալ միաբերան կը բողոքեն նիւթական անբաւարարութեան մասին. ո՛չ ոք եկեղեցւոյ մէջ երիտասարդութեան բացակայութեան, մեր ժողովուրդի հաւատքէն հեռանալուն մասին չի՛ բողոքեր, սակայն բոլորն ալ պատրաստ են միաբերան գումար խնդրել՝ այս կամ այն «գործ»ը կատարելու համար: Կուսակցութիւններ երբեք չեն բողոքեր, որ նոր սերունդը կամաց կամաց կը հեռանայ կուսակցական կեանքէն, իսկ նոր հետեւողները կը հետեւին կուսակցութեան, կուսակցական կը դառնան՝ առանց գիտնալու իրենց պատկանած կուսակցութեան գաղափարաբանութեան, նպատակներուն եւ ըմբռնումներուն, սակայն յետ չեն մնար ձեռնարկներ կազմակերպելէ՝ նիւթական ակնկալութիւններով:

Այնպէս ինչպէս աշխարհի մէջ, նմանապէս մեր ազգային կեանքին մէջ ամէն բան դրամի շուրջ կը դառնայ եւ մոռնալով ամենէն կարեւորները մեր կեդրոնացումը կ՚ըլլայ նիւթականը. հաւատացէ՛ք, որ մեր հաստատութիւններուն մէջ աշխարհի բոլոր գումարներն ալ դիզենք սակայն չունենաք առողջ ու գիտակից նոր սերունդ, այդ բոլորը ոչնչութիւն կ՚արժեն պարզապէս:

Մեր հաստատութիւնները պէտք է գիտնան, որ իրենց դրամը չէ նպատակը, այլ դրամը պարզապէս միջոց մըն է ամրացնելու համար ա՛յն նպատակները՝ որոնք պէտք է առաջնահերթ ըլլան մեզի համար, սակայն այսօր ամենէն յետին տեղերը կը գտնուին:

Մաղթեմ որ վերջ գտնէ «տուէ՛ք որ ընենք» դարաւոր յանկերգը, որպէսզի մենք ալ մուրացկաններուն տրուած պատասխաններուն նման «Աստուած տայ» ըսելով նոյն անտարբերութեամբ չվարակուինք:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -213-

Եկեղեցական եղած ժամանակ շարք մը առաջարկութիւններ ունեցանք մեր պատասխանատու մեծաւորներուն եւ այդ առաջարկներուն դիմաց մի՛շտ նոյն պատասխանը ստացանք.- «Բարերար գտէ՛ք եւ ըրէք» եւ ստիպուած այս կամ այն ծրագիրը կատարելու համար սկսանք մուրացկաններու նման զանգել այս կամ այն ազգայինին, ներկայացնել ծրագիրը եւ անոնցմէ աջակցութիւն խնդրել. մէկ գիրք մը հրատարակելու համար սկսանք աւելի քան 30-40 հեռախօսազանգ ունենալ, որպէսզի վերջապէս գտնենք անձ մը՝ որ ո՛չ թէ մեր, այլ իր հօր կամ մօր յիշատակին համար յանձն առնէ այդ գիրքի հրատարակութեան ծախսերը հոգալ:

Նման նիւթական սահմանափակումներու մէջ քանի՞ ծրագիր կրնար մարդ իրագործել:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Ուրբաթ, Ապրիլ 7, 2023