ԲԱՐԻՆ, ՃՇՄԱՐԻՏԸ ԵՒ ԳԵՂԵՑԻԿԸ

Կեանքի մէջ կան «երրորդութիւն»ներ, որոնք կեանքին մակարդակը կը բարձրացնեն եւ մարդս կ՚առաջնորդեն կատարելութեան, որուն կոչուած է իր արարչութենէն իսկ։

Այս «երրորդութիւն»ներէն մին է՝ աշխատութիւն, գիտութիւն եւ կարգապահութիւն։ Արդարեւ, մարդ եթէ կ՚ուզէ կատարելութեան հասնիլ, պարտաւոր է նախ աշխատելու, բայց միայն աշխատութիւնը բաւարար չէ, անոր համընթաց անհրաժեշտ է գիտութիւնը եւ այս երկուքը զիրար կ՚ամբողջացնեն երբ կարգապահութիւնը չպակսի։ Կարգապահութիւնը անհրաժեշտ է, քանի որ առանց կարգապահութեան ո՛չ աշխատութիւնը եւ ո՛չ ալ գիտութիւնը արժէք կը ներկայացնեն եւ կը նմանին օդին մէջ աննպատակ, ցիրուցան շրջող փոշիի հատիկներու։ Կարգապահութիւնը կեանքի անհրաժեշտ պայմաններէն մին է եւ կարեւորագոյնը՝ իր գոյութիւնը պահպանելու եւ տեւականացնելու համար։ Հոն ո՛ւր կարգապահութիւնը կը պակսի, հոն կեանքի ընթացքը կը դժուարանայ եւ անորոշ, աննպատակ վիճակ մը կը ստանայ։

Կարգը ամէն մարզի մէջ կարեւոր դեր է խաղացած ամբողջ պատմութեան ընթացքին։

«Կարգ» բառը, հռոմէական հին դարերուն, ցոյց կու տար քաղաքացիական իմաստով կազմաւոր մարմինները, մանաւանդ «կառավարողներու մարմին»ը։

«Կարգ ընդունիլ» կը նշանակէ՝ «կարգի մը մէջ ներընկալուիլ»։ Այս իմաստով «կարգ» մերձիմաստ է «կանոն»ի, ինչպէս կը գործածուի ընդհանրապէս «կարգ կանոն» ասացուածքը։ Ինչպէս ընկերային ամէն մարմնի մէջ, Եկեղեցւոյ մէջ եւս կան կազմաւորութիւններ, կանոնի հպատակ մարմիններ, զորս Աւանդութիւնը, հիմնուած Սուրբ Գիրքի վրայ, հին ժամանակներէն սկսեալ կը հաստատէ որոշ կարգ եւ կանոն՝ որուն կը հպատակին ամէն աստիճանի անդամներ՝ հոգեւորական կամ աշխարհական։

Այս իմաստով կարգը արարք մը կատարելու պայմանները կ՚որոշէ, չափ եւ սահման կը դնէ իրաւասութիւններու եւ պարտաւորութիւններու մէջ։

Ահաւասիկ, իրաւասութիւնները գործածելու, իրաւունքները վայելելու, պարտք եւ պարտաւորութիւնները կատարելու չափ եւ սահմանը, կերպը եւ ձեւը որոշող եւ կշիռ դնող գործօն միջոցն է կարգ եւ կանոնը, որ կը դիւրացնէ ամէն գործ՝ մէկ խօսքով՝ կեա՛նքը։ Կարգին պահպանումը, այսինքն «կարգապահութիւն»ը այս պատճառով կարեւոր է։

Գալով աշխատանքին։ Աստուծոյ եւ մարդուն ընտանութեան նշանը այն է, որ Աստ-ւած զինք պարտէզին մէջ կը բնակեցնէ, ուր պիտի ապրի «հողը մշակելու եւ զայն պահպանելու համար» (ԾՆՆԴ.  Բ 15)։ Աշխատութիւնը երբեք «պատիժ» մը չէ՛, այլ մարդուն Աստուծոյ հետ գործակցութի՛ւնն է՝ տեսանելի արարչութիւնը կատարելագործելու եւ ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագիրը իրականացնելու համար։ Եւ անշուշտ, աշխատանքը պէտք է կատարուի որոշ կանոնի մը համաձայն՝ կարգապահութեան հաւատարիմ մնալով։

Սկզբնական արդարութեան եւ ներդաշնակութեան այս ամբողջ համակարգը, որ նախատեսուած էր մարդուն համար Աստուծոյ ծրագրով՝ կորսուեցաւ մեր նախահայրերուն անհնազանդութեան պատճառով, որ է կարգապահութիւնը ո՛չինչ համարել։ Հոն ուր կարգապահութիւնը կը պակսի, հոն իր արժէքը կը կորսնցնէ ամէն աշխատանք եւ հոն կը տիրէ անորոշութիւն…։

Եւ «գիտութիւն»ը։ Գիտութիւնը, իր ամենալայն իմաստով, Սուրբ Հոգիին եօթը պարգեւներէն մին է՝ իմաստութիւնը, հանճարը, խրատը, զօրութիւնը, աստուածպաշտութիւնը, Աստուծոյ երկիւղը եւ գիտութի՛ւնը։ Գիտական հիմնահետազօտութիւնը, ինչպէս նաեւ գործառնական հետազօտումը, յատկանշական արտայայտութիւն մը կը հանդիսանան մարդուն արարչագործութեան վրայ բանեցուցած տիրութեան։

Գիտութիւնը, այս իմաստով թանկագին ներդրումներ կը գործէ, երբ տրամադրուի մարդուն ծառայութեան եւ առաջ կը մղէ անոր ամբողջական բարգաւաճումը ի շահ բոլորին։ Գիտութիւնը սակայն առանձինն չի կրնար ցուցանիշ ծառայել մարդկային գոյութեան եւ յառաջդիմութեան իմաստին։ Գիտութիւնը նպատակադրուած է ի սպաս մարդուն՝ որմէ կը քաղէ իր ծագումը եւ աճումը. ան մարդկային անձին եւ անոր բարոյական արժէքներուն մէջ կը գտնէ իր նպատակին ուղեցոյցը եւ իր սահմանաւորութեան գիտացկութիւնը։ Այս պատճառով՝ գիտութիւնը իր մէջ կը պարունակէ կարգապահութիւնը իր ամենալայն իմաստով։

Եւ վերջապէս, մարդկային կեանքին մէջ ուրիշ կարեւոր «երրորդութիւն» մը՝ Բարիին, Ճշմարիտին եւ Գեղեցիկին լուսապսակ երրորդութիւնը, զոր հին յոյն իմաստասէրներէն որդեգրուած եւ աւանդուած է մինչեւ նոր շրջաններ։ Ասոնց վերացուցիչ եւ կենսապարգեւ ազդեցութիւններուն մասին ստեղծուած զօրաւոր համոզումը ընթացք է տուած մարդկութեան՝ ամէն շրջանի, ինչ որ պաշտամունք մը դարձուցած է իր մէջ։

Այս երեք անբաժան արժէքներու միաւորումը կ՚արտայայտուի լման արժէքով մը՝ Արդարութեամբ, քանի որ հոն՝ ո՛ւր կայ Բարին, Ճշմարիտը եւ Գեղեցիկը, հոն կայ Արդարութի՛ւնը։

Եւ այս «երրորդութիւն»ը պէտք չէ ընդունիլ եւ ընտրել միայն իբր տեսլական մը մարդկային կեանքին մէջ եւ գործի ընթացքին, այլ պէտք է ջանալ «ոսկի տառ»երով քանդակել զանոնք մեր մտքերուն եւ սրտերուն վրայ, եւ մանաւանդ, ամէն մէկս պարտաւոր եւ պատասխանատու ենք զանոնք փոխանցելու մատաղ միտքերու եւ սիրտերու՝ որ պիտի կազմեն մեր ապագան։

Արդարեւ, նոր սերունդներ հասցնել Ճշմարտութեան, Բարութեան եւ Գեղեցկութեան մշտնջենական եւ անայլայլելի սկզբունքներով մեր պարտքն է, ինչպէս մեզի աւանդեցին մեր նախնիները։

Մարդուս միտքը, սիրտը եւ կամքը, եւս «երրորդութիւն» մը կը կազմեն մարդուս մէջ։ Սուր իմացականութիւնը, արդարեւ, գիտական, իմաստասիրական, հոգեբանական եւ գրական ամենէն մութ եւ անհասկնալի բաւիղները կը լուսաւորէ մարդուս առջեւ։ Համայն մարդկութեան նկատմամբ խոր եւ փափուկ զգացումներ մարդս կ՚ազնուացնեն, մարդկային արժանաւորութեան եւ արժանապատուութեան յարգանքը կ՚աւելցնեն եւ կը հաստատեն, որոնք ընտանեկան եւ ընկերային յարկին սփոփարար եւ զուարթագեղ շողերն են։

Պողպատէ կամք մը, շիտակ եւ անփոփոխ նկարագիր մը միա՛յն կարելի կ՚ընէ յարատեւել եւ յաղթել նիւթական եւ բարոյական այն բազմադիմի դժուարութիւններուն, որ կեանք մը վարելու հոգը եւ պարտականութիւնը ստանձնած է մարդ իր ծննդեան առաջին պա՛հէն սկսեալ մինչեւ մա՛հ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 1, 2018, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Մայիս 7, 2018