ԷՆՐԻՔՕ ՔԱՐՈՒՍՈՅԻ ԿԵԱՆՔԷՆ

Ահաւասիկ, հետաքրքրական միջադէպ մը՝ երաժշտական աշխարհի մեծագոյն թենորին՝ Էնրիքօ Քարուսոյի կեանքէն, ուր կը յայտնուի հանճարին սղագին արժէքը։

Երգապնակներ պատրաստող երկու ճարտարագէտներ ապշահար եղած են իրենց առջեւ կանգնող մարդուն յանդգնութենէն։

Ֆրէտէրիք եւ Ուիլեըմ Կայզպէրկներ Եւրոպա ղրկուած էին, հոն գտնուող առաջնակարգ երգիչներու երգերուն երգապնակները պատրաստելու համար։ Անոնք յաջողած էին օփերայի բարձրագոյն աստղերուն երգերը երգապնակի վրայ առնելու, իւրաքանչիւրին համար վճարելով միայն 3 տոլար։ Իրապէս «յաջողութի՛ւն» էր ասիկա։

Սակայն, այժմ իրենց առջեւ կանգնած էր «թենոր» երգիչ մը՝ վերջին ծայր ինքնավստահ, որուն յանդուգն պահանջկոտութիւնը սահմռկեցուցած, ապշահար դարձուցած էր զիրենք։

Այդ յանդուգն երգիչը ըսեր էր անոնց.

«Եթէ 500 տոլար վճարէք, յօժար պիտի ըլլամ տասը երգ երգելու ձեզի, որպէսզի զանոնք երգապնակի վրայ արձանագրէք»։

«Արտառո՜ց պահանջ է ատիկա», բացագանչեր էին Կայզպէրկները, եւ աւելցուցեր էին. «եթէ 500 տոլար ծախսենք, Նիւ Եորքի «Մէթրօփօլիթըն Օփերայ»ի բոլոր երգիչներու երգապնակները կրնանք պատրաստել, տասնապատիկ քանակութեամբ»։

«Սակայն ես տասնապատիկ աւելի լա՛ւ եմ քան Մէթրօփօլիթըն Օփերայի բոլոր երգիչները…», պատասխաներ էր այս «թենոր»ը, եւ պնդեր էր.

«Ա՛յդ է իմ վերջնական գինս»։

«Սակայն դուն տակաւին ուշագրաւ համբաւ մը շահած չես. եւ որպէս երգիչ դեռ շատեր լսած չեն քու անունդ», ըսելով պաղատեր էին Կայզպէրկ եղբայրները։

«Այո՛, ճիշդ է որ լսած չեն շատեր իմ անունս, սակայն պիտի լսե՛ն», ըսեր էր երգիչը եւ պնդեր էր, թէ իր առաջարկած գինը անփոփոխելի՛ է։

Պահ մը սահմռկած մնալէ վերջ, Կայզպէրկ եղբայրները ընդծովեայ հեռագիր մը ղրկեր էին «Վիքթոր Թոքինկ Մէշին» ընկերութեան Լոնտոնի գրասենեակը, եւ տեղեկացուցեր էին երգիչին պահանջը եւ պատասխան ստացեր էին.

«Այդ գինը արտակարգօրէն սո՛ւղ է, կ՚արգիլենք ձեզ անոր երգերուն երգապնակները պատրաստելէ»։

Այնուհետեւ Կայզպէրկ եղբայրներ շուարեր էին, թէ ի՛նչ ընելու էին. լսած էին «թենոր»ին երգելը. անառարկելիօրէն անոր ձայնը զմայլելի՜ էր. իրաւ է թէ ան դեռ շատ ծանօթ չէր որպէս երգիչ, սակայն եթէ ուրիշներ ալ լսէին անոր ձայնը, եւ զմայլէին՝ դիւթուէին անով, որքան իրենք դիւթուած էին, կրնար ըլլալ որ պահանջուած գումարը վճարելով, լաւ շահարկում մը ըրած պիտի ըլլային։

Սակայն Լոնտոնի գրասենեակին պատասխանը որո՛շ էր, եւ կտրուկ. «Ո՛չ. բացարձակապէս ո՛չ»։

Ֆրէտէրիք Կայզպէրկ իր եղբօր Ուիլեըմին ըսաւ. «Պատրաստենք անոր երգապնակները, եւ վճարենք անոր իր պահանջած գումարը այլ եւ այլ ծախսերու համար մեզի տրամադրուած գումարէն»։

«Սակայն, այդպէս ընելով», ազդարարեց իր եղբայրը. «վտանգ կայ որ մենք կորսընց-նենք մեր գործը, եւ պաշտօնանկ ըլլանք այս պատճառով»։

«Այդ վտանգը աչքերնիս առնենք, եւ գլուխ հանենք այս գործը», պնդեց Ֆրէտէրիք, եւ Ուիլեըմին համար ալ դժուար չեղաւ համոզուիլ եւ հաւանիլ եղբօրը առաջարկին։

Այսպէս, ուրեմն, անոնք՝ վճռականօրէն որոշման գալէ վերջ, վճարեցին այս «անծանօթ» երգիչին պահանջած 500 տոլարը եւ պատրաստեցին անոր 10 երգերուն երգապնակը։

Այս 10 երգերուն երգապնակը կարճ ժամանակի մը մէջ ծախուեցան որպէս «տաք կարկանդակներ», եւ «Վիքթոր Թոքինկ Մէշին» ընկերութեան բերին 75.000 տոլար շահ։

Այնուհետեւ նոյն երգիչին երգերէն պատրաստուած ուրիշ երգապնակներէն նոյն ընկերութեան ձեռք ձգած շահը հասաւ աւելի քան 15.000.000 տոլարի։

Եթէ Կայզպէրկ եղբայրները 500 տոլարի գումար մը՝ եւ թերեւս իրենց գործն ալ կորսնցնելու վտանգը աչք չառնէին, կրնայ ըլլալ որ, այսօր, տակաւին մարդիկ դիւթուած չըլլային զմայլելի ձայնովը եւ անգերազանցելի երգեցողութեամբը երաժշտական աշխարհին մեծագոյն թենորին, Էնրիքօ Քարուսոյի։

- Ernest Wiedner, 1952, Յ. Գ. Ճէտիտեանի թարգմանութեամբ։

***

Իրապէս հետաքրքրական դրուագ մը Քարուսոյի կեանքէն, որ կարեւորութիւնը կը տեսնենք ինքնավստահութեան, վճռականութեան՝ հաստատամիտ մարդու ընթացքին եւ հանճարի սղագին արժէքին։ Բայց պէտք է նշել, թէ «ինքնավստահութիւն» եւ «ինքնահաւանութիւն» բոլորովին տարբեր վիճակներ են եւ Քարուսոյի պարագային՝ ո՛չ թէ ինքնահաւանութիւն, այլ ինքնավստահութիւնն է խնդրոյ առարկայ եղածը։ Արդարեւ, որքան որ օգտակար է ինքնավստահութիւնը, ա՛յնքան վնասակար է ինքնահաւանութիւնը։ Ուստի Քարուսօ յաջողեցաւ, որովհետեւ ան «հանճար» մըն էր եւ կը վստահէր իր իսկ արուեստին, բայց ան ինքնահաւան մը չեղաւ երբեք։

Հոս պէտք է գնահատել նաեւ Ֆրէտէրիք եւ Ուիլեըմ Կայզպէրկ եղբայրները, որոնք վտանգը աչք առնելով՝ որոշում մը տուին եւ յաջողեցան իրենց գործին մէջ։

Ֆրանսացիները խօսք մը ունին, կ՚ըսեն որ «ո՛վ որ վտանգը աչքը կ՚առնէ, կը շահի», այլ խօսքով՝ վնասը աչք առնողը կը յաջողի։

Հաւանաբար Կայզպէրկ եղբայրներ ալ յաջողեցան, որովհետեւ աչք առին կորսնցնել իրենց գործը եւ պաշտօնանկ ըլլալ։ Քաջութեամբ մօտեցան հաւանական վտանգին եւ վնասներուն եւ յաջողեցա՛ն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապրիլ 30, 2020, Իսթանպուլ 

Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2020