ՉՀԱՍՈՒԹԵԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔԸ

Բացի բնական զգացմունքէ եւ բարոյական օրէնքներէ, կայ կարեւոր պատճառ մը ամուսնութեան մէջ, որ անհրաժե՛շտ է հաստատուի եւ նկատի առնուի չհասութեան սկզբունքը։

Գիտական կենսաբանական հետազօտութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ կը հաստատեն, որ մերձաւոր ազգականներու ամուսնութենէն ծնած զաւակները սովորաբար սակաւակեաց կ՚ըլլան, թոյլ եւ տկար թէ՛ ֆիզիքական կազմով եւ թէ մտաւոր-բարոյական ուժերով։ Ուստի եւ վնասակար է մարդկային կանոնաւոր աճման համար մերձաւոր ազգականներու ամուսնութիւնը իրարու հետ։ Այս ընդհանուր կանոնը կը ստուգուի պատմական օրինակներով, ուր մի քանի երեւելի ընտանիքներ բոլորովին ջնջուած են յատկապէս մերձաւոր ազգականներու իրարու հետ ամուսնութեան պատճառով։

Կայ նաեւ հիմնական երկրորդ պատճառ։

Ամուսնութեան միջնորդութեամբ ընտանիքները կապուած են իրարու սիրոյ եւ բարեկամութեան կապերով, որմէ յետոյ հասարակական կեանքի մէջ կը տիրէ խաղաղութիւն՝ որ կը նպաստէ քաղաքակրթութեան։ Քիչ չեն պատմութեան մէջ օրինակներ, թէ ինչպէս երկու պետութիւն երկարատեւ թշնամական յարաբերութիւններէ յետոյ կը բարեկամանան իրենց թագաւորներու կամ արքայազուններու ամուսնութեան միջնորդութեամբ։ Ինչպէս ներկայ դարուս, նաեւ հին դարերուն ալ ամուսնութիւնը մեծ կարեւորութիւն ունի երբ իւրաքանչիւր ընտանիք ներկայացնելով առանձին ցեղ մը՝ միշտ լռելեայն ժխտական զգացումներ կ՚ունենայ դէպի միւս ցեղերը։ Թէեւ սխալ վարմունք մըն է ասիկա, բայց իրողութիւն մըն է։ Ամուսնութիւններ մասամբ առիթ կ՚ըլլան, որ այս զատողութիւնը ջնջուի։

Բայց ազգականներ առանց ամուսնութեան միջնորդութեան եւ բնականօրէն կապուած են իրարու հետ ընտանեկան-բարոյական սերտ կապերով, թէեւ ազգականներու միջեւ ալ երբեմն այլ եւ այլ պատճառներով մինչեւ իսկ «թշնամական» յարաբերութիւններ կրնան ըլլալ։ Ասիկա մարդկային տկարութիւններու յայտնի մէկ արտայայտութիւնն է, որ մինչեւ այսօր, դժբախտաբար կը տեւէ։

Եւ ահա՛, այսպիսի բազմատեսակ հանգամանքներ պատճառ եղած են, որ որպէս հին, նոյնպէս նոր դարերու մէջ ազգերու թէ՛ քաղաքական, թէ՛ կրօնական օրէնսդրութիւններուն մէջ կը տեսնուին միշտ կանոններ եւ օրէնքներ, որոնք կ՚արգիլեն ամուսնութիւնը միեւնոյն ընտանիքի անդամներուն մէջ։

Բայց չհասութեան այս ընդհանուր սկզբունքը զանազան շրջաններու եւ զանազան ազգերու եւ մշակոյթներու մէջ զանազան կերպով գործադրուած է…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երեքշաբթի, Մայիս 7, 2024