ԿԱՐՃԱՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՆՇԱՆԸ

Կարճատեսութիւնը՝ հականի՛շն է շրջահայեացութեան։ Արդարեւ, մարդկային կեանքին մէջ կան բազմաթիւ օրինակներ կարճատեսութեան, որ մարդս կը սահմանափակեն խորհելու, այտայայտուելու եւ գործելու որոշ նեղ շրջանակի մը մէջ, եւ մերժելու ամէն ճշմարտութիւն, որ իրենց ըմբռնումի շրջանակէն դո՜ւրս կը գտնուի։

Կարճատեսութիւնը, արդարեւ, կուրութենէ լաւ է համեմատաբար, քանի որ գոնէ որոշ սահման մը ունի խորհելու, անշուշտ եթէ կարճատեսութիւնը չէ կուրացուցած իր աչքը, եւ տակաւին կրնայ մասամբ տեսնել։ Կարճատես մարդիկ կարճամիտ կ՚ըլլան նաեւ, մանաւանդ եթէ ազատիլ, փրկուիլ չուզեն իրենց կարճատեսութենէն եւ կամ չանդրադառնան իրենց կարճատեսութեան։ Նաեւ անոնք կանխակալ են եւ նախապաշարուած, քանի որ իրենց տեսողութիւնը կը հասնի միայն հոն՝ ուր կրնան տեսնել։ Մինչդեռ իրենց չտեսածը շատ աւելի տարածուած է, քան իրենց տեսած փոքր եւ սահմանաւոր մէկ մասը իրողութեան։ Այդպիսիներուն համար ճշմարտութիւնը՝ միա՛յն իրենց տեսածն է, եւ ո՛չ ուրիշ որեւէ բան։

Զոր օրինակ, կարճատես մարդիկ միշտ գո՛հ են իրենք իրենցմով, մինչեւ իսկ հպարտանալո՜ւ աստիճան։

Թէ ի՞նչ է կարճատեսութեան նշանը։

Ինչպէս ըսինք, նախ կանխակալութիւն եւ նախապաշարում, եւ անոնց հետեւանքով՝ ամէն ինչ մերժել, ուրանալ, առանց քննելու, առանց ուսումնասիրելու հակառակ արտայայտուիլ, ընդդիմանալ, ամէն բանի առարկել եւ մանաւանդ ճշմարտութիւնը չընդունիլ՝ պարզապէս այն պատճառով, թէ իր ըմբռնումի, հասկնալու սահմանէն եւ իր սահմանափակ գիտութեան շրջանակէն դո՛ւրս է։

Դիտեցէ՛ք ձեր շուրջը, սիրելի՜ ազնիւ բարեկամներ, ուշադրութեամբ դիտեցէք եւ պիտի տեսնէք կարճատես մարդիկ, որ ամէն ինչի կ՚առարկեն, ամէն բանի հակառակ կ՚արտայայտուին։ Անոնց համար միակ ճշմարտութիւնը՝ միայն իրենց տեսածը, իրենց գիտցածը, իրենց հասկցածն է։ Ասոնք երբեք շրջահայեցողութիւն չունին, նեղ շրջանակի մէջ կ՚ապրին իրենց կեանքը, իրենց ամբողջ կեանքը այդ նեղ շրջանակն է եւ այդ շրջանակէն դուրս չեն ընդունիր որեւէ ճշմարտութիւն։ Եւ այս իմաստով, անոնք հետզհետէ կը յետադիմեն, փոխանակ յառաջդիմելու՝ տեւական դէպի ետ կ՚երթան։

Կարճատեսներ, թէ՛ մտապէս եւ թէ՛ հոգեպէս միշտ խաւարի մէջ կը մնան, միշտ մութը կը նախընտրեն փոխանակ լոյսին, լուսաւորութեան։

Խնդրական է թէեւ՝ կարճատեսներ «կարճատես»ներ են, որովհետեւ յետադէ՞մ են, թէ ո՛չ յետադէմ են, քանի որ կարճատե՛ս են։ Ասիկա իրականին՝ կը նմանի հաւու եւ հաւկիթի, կամ իշու եւ իր շուքին նշանաւոր պատմութեան, որ կարելի չէ եղած լուծել եւ պատասխանել թէ՛ անցեալի մէջ եւ թէ՛ ներկայիս։ Արդարեւ, հարցի մը անլուծելի ըլլալը արգելք մը չէ անոր մասին խորհրդածելու, վիճելու եւ մինչեւ իսկ ենթակայական արդիւնքի մը հասնելու։ Մտային մարզանքը միշտ օգտակար է, գոնէ աշխոյժ կը պահէ մարդուս միտքը, եւ արթուն՝ հոգին։ Արդէն եթէ մարդուս միտքը աշխոյժ է եւ հոգին արթուն, այդ պարագային կարճատեսութեան վտանգը փարատած է, եւ մտքին խաւարը եւ հոգիին մութը ցրուած, չքացա՛ծ։ Ուրեմն, կարճատեսութեան դարմանը պէտք է փնտռել լոյսին եւ լուսաւորութեան մէջ՝ պայծառ եւ աշխոյժ մտքի մը եւ մաքուր, լուսաւոր հոգիի մը մէջ միանգամայն։

Եւ ուրեմն, կարճատեսութիւնը դարմանելի ախտ մըն է, բաւ է որ դարմանը ուղիղ եւ շիտակ կերպով գործադրուի, դեղերը չափաւոր գործածուի։ Արդէն ամէն վնաս անչափաւորութեան արդիւնք չէ՞, սիրելի՜ բարեկամներ…։

Չէ՞ որ ժողովրդական յայտնի իմաստութեան արտայայտիչ խօսքն է, թէ՝ չափաւորութիւնը կէս աստուած է։ Ուրեմն պէտք է նախ անդրադառնալ սխալին՝ այն ի՛նչ որ ներհակ է ճշմարտութեան, այն ինչ որ հակառակ է բանականութեան եւ անհամապատասխան՝ բնութեան կանոններուն։ Եւ քանի որ մարդ ինքնաբաւ չէ, ապա ուրեմն պէտք ունի իր շուրջիններուն՝ իր նմաններուն, լրացնելու համար իր թերութիւնները եւ զօրանալու՝ իր տկարութիւններուն մէջ։

Ահաւասիկ, հո՛ս է կարճատեսներու սխալը, թէ իրենք զիրենք կատարեալ կը կարծեն, եւ ինքնաբաւ, եւ այդ իսկ պատճառով ո՛չ կը լսեն ուրիշին խօսքերը եւ ոչ ալ կը զիջանին օգնութիւն ուզել անկէ։ Եւ անոնք կը կարծեն, թէ ամբողջ աշխարհը իրենց տեսած շրջանակն է միայն, ճիշդ այն գորտին, որ գտնուած հորին յատակէն վեր կը նայի եւ կը տեսնէ լոյսը միայն հորին բացուածքէն, եւ կը կարծէ որ ամբողջ աշխարհը միայն իր տեսած լոյսն է։ Ահաւասի՛կ կարճատեսութեան համառօտ բացատրութիւնը։

Կարճատեսներ որքան լեցուած են հպարտութեամբ, գոհ իրենց կեանքէն, անձէն, ամէն արարքէն եւ գործերէն, բայց նո՛յնքան դժգոհ եւ երբեմն ստորագնահատող՝ ուրիշներու անձը, ընթացքը եւ գործունէութիւնը։ Եւ սակայն ասիկա փոխադարձելով պէտք է նկատի առնուի, այն ժամանակ, իրողութեան շրջուած ձեւով տեսքը, թէ՛ իր իսկ անձին եւ թէ՛ իր հաւաքական, ընկերային եւ համայնքային զարգացումը եւ օգուտը կրկնապատիկ համեմատութեամբ պիտի աճեցնէ։

Արդարեւ, կատարելութիւն նշմարել եւ կամ ինքզինք ինքնաբաւ կարծել՝ կարճատեսութի՛ւն է, չըսելու համար պարզամտութիւն կամ կուրութիւն, որ ահաւոր պատասխանատուութիւն կը հրաւիրէ ենթակային վրայ։ Կարճատես մէկը երբ ինքզինք փորձէ բաղդատել իրապէս արժէք ներկայացնող մէկու մը հետ, ամենամեծ սխալը կը գործէ, եւ կը տուժէ իր միամտութեան, անխոհեմութեան պատճառով։ Կարճատեսներու իրենք զիրենք պանծացնելու եւ հպարտանալու սովորութիւնը արդիւնքն է իրենց ունայնամտութեան, որով գոհացնել կը միտին իրենց «Ես»ը։ Անոնք տեւական մարմաջը ունին գովեստներէ իրենց վրայ տեսնելու փառքի ու պատիւի կաթիլներ թափուած, հարց չէ, թէ անոնք ըլլան արժանիներու տրուած յարգ ու պատիւին աւելցուկները կամ փշրանքները։ Բա՛ւ է որ կարենան գոհացնել իրենց անարժան եւ անյագ «Ես»ը։

Եւ բարեբախտաբար կան ողջամիտ, չափաւոր մարդիկ, որոնք կը հակակշռեն կարճատեսներու կիրքը, կը չափաւորեն եւ կը ներդաշնակեն անոնց ժխտական արարքները՝ դրական եւ շինիչ գործերով։ Բարեբախտաբար կա՛յ աշխարհի վրայ շրջահայեաց, լուսամիտ ու ազատախոհ իրապէ՛ս արժանաւոր անձեր, որ կը փրկեն կացութիւնը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 30, 2017, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յունիս 7, 2017