ԱՍՏՈՒԱԾ՝ ՍԷՐ ԵՒ ԴԺՈԽՔ - Դ. -

Երբ կը խօսուի Ատսուծոյ Բարութեան վրայ եւ բնականաբար կը հարցուի, թէ Աստուած որ բարի է, եւ ամենակարող, ապա ուրեմն ի՞նչու կ՚արտօնէ, որ գոյանայ չարը եւ արգելք չի հանդիսանար անոր չարագործութեան։ Հարցը եթէ մակերեսային դիտուի, իրապէս դժուար հասկնալի է, թէ «Բարի»ն ի՞նչպէս կ՚արտօնէ չարին չարագործելուն, քանի որ Ան ամենակարող է միանգամայն ե՛ւ ամենակալ։

Սակայն հարցը պէտք է տեսնել իր խորութեանը մէջ եւ աւելի լայն տեսանկիւնը գտնել՝ հարցը տարբեր երեսակներով կարենալ ուսումնասիրելու համար։

Եւ ահաւասիկ, «Սյունյաց Կանթեղ» ամսաթերթի 88-րդ թիւին մէջ կը կարդանք հետեւեալը այս հարցին շուրջ՝ դիտուած տարբեր տեսանկիւնէ մը։

«Եթէ Աստուած սէր է, ողորմած եւ բարի է, ապա ինչո՞ւ է ստեղծած դժոխքը։

«Ճիշդ չէ՛ խօսիլ Աստուծոյ սիրոյ մասին եւ անտեսել Անոր սրբութիւնը։ Ճիշդ չէ՛ շեշտը դնել Աստուծոյ բարի եւ ողորմած ըլլալուն վրայ եւ մոռնալ Անոր արդար դատաւոր ըլլալը։

«Աստուած սէր է այո՛, բայց միաժամանակ սրբութիւն է. բացարձակ սրբութի՛ւն։ Իւրաքանչիւր գործուած մեղք, Իր սրբութեան դէ՛մ գործուած մեղք կը համարուի։

«Շատ կարեւորութեամբ պէտք է նկատի առնել հետեւեալը։ Աստուած՝ իբրեւ -սէր-, կը սիրէ մեղաւորը, բայց իբրեւ սրբութիւն՝ կ՚ատէ մեղքը։ Աստուած իբրեւ -ողորմած-կ՚ողորմի իր ողորմութեան ապաւինողներուն, բայց իբրեւ արդար դատաւոր, Ան անողո՛րմ պիտի ըլլայ բոլոր անոնց նկատմամբ, որոնք իր ողորմութեանը ապաւինած, ամէն տեսակ մեղք կը գործեն եւ անզեղջ եւ անապաշխար կը մնան։

«Գրող մը ըսած է.- Աստուծոյ սէրը աւելի՛ շատ մարդ կործանած է, քան Անոր արդարութիւնը։ Հեղինակը ուզած է նշել, որ շատերը՝ ապաւինած Աստուծոյ սիրոյն, ամէն տեսակ զազիր մեղք կը գործեն Անոր սուրբ աչքին դիմաց եւ յաւիտենապէս կը կորսուին, իսկ ուրիշներ, որոնք կը վախնան Աստուծոյ արդարութենէն՝ դարձի կու գան եւ կը յանձնուին Աստուծոյ։

«Երբ կ՚ըսենք.- Աստուած սէր է, չենք ըսեր, որպէսզի մենք մեզ քաջալերենք մեղք գործելու, այլ որպէսզի մեղք գործելէ յետոյ, երբ ապաշխարիլ ուզենք՝ ներում ստանալու յոյսը ունենանք։ Այլ խօսքով, Աստուծոյ սէ՛ր ըլլալը մեզ ո՛չ թէ մեղքի մղէ, այլ մեղքէն հեռանալո՛ւ ստիպէ։

«Աստուծոյ՝ սէ՛ր ըլլալը քաջութիւն պէտք չէ՛ ներշնչէ մեզի՝ հրաժարուելու մեղքէն եւ ո՛չ թէ փարելու մեղքի կեանքին։ Այն, որ Աստուծոյ սիրոյն վստահելով, յօժարակամ մեղք կը գործէ եւ Աստուծոյ սիրտը կը վիրաւորէ, Ան կը վշտացնէ՝ այդ անձին ներում չկա՛յ, քանի որ ան Յիսուսի վէրքին վրայ վէ՛րք, եւ ցաւին վրայ ցա՛ւ կ՚աւելցնէ։

«Հիմա խօսինք ուղղակի՛ առարկութեան մասին, թէ՝ եթէ Աստուած սէ՛ր է, ինչո՞ւ ստեղծեց դժոխքը։ Յստակ պէտք ըլլայ մեզի համար, որ Աստուածաշունչի մէջ որեւէ տեղ չէ գրուած, թէ Աստուած ստեղծած է դժոխքը։ Դժոխքի համար բնա՛ւ գործածուած չէ՛ -ստեղծել- բառը, այլ՝ -պատրաստել- բառը։ Յիսուս կը վկայէ, որ յաւիտենական կրակը.- Սատանային եւ անոր հրեշտակներուն համար պատրաստուած է. (ՄԱՏԹ. ԻԵ 41), իսկ արքայութիւնը՝ մարդու համար. (ՄԱՏԹ. ԻԵ 34)։

«Երկրորդ պարագան, որ պէտք է նկատի առնել, եւ որ շատ կարեւոր է, այն է, թէ Աստուծոյ սկզբնական ծրագիրը -բարի՛-ն էր եւ միա՛յն բարին. ահա թէ ինչո՛ւ, արքայութեան մասին խօսելու ժամանակ Յիսուս զայն կը ներկայացնէ -աշխարհի սկիզբէն պատրաստուած- (ՄԱՏԹ. ԻԵ 34), այլ պարզապէս.- պատրաստուած։ Երբ յաւիտենական կրակի մասին կը խօսի Յիսուս, չի գործածեր -սկիզբէն- բառը, սա արդէն ցոյց կու տայ, որ դժոխքը եւ անոր կրակը Աստուծոյ սկզբնական ծրագրի մաս երբեք չեն կազմած։

«Դժոխքի գոյութիւնը չի հակասեր Աստուծոյ սիրոյն, ընդհակառա՛կը, առաւել եւս կը հաստատէ զայն։ Եթէ իսկապէս Աստուած սէր է, եւ եթէ իր Որդիին թագաւորութիւնը սիրոյ թագաւորութիւն պիտի ըլլայ, կարելի չէ իր Որդիին թագաւորութեանը մէջ ընդունիլ այնպիսի մարդիկ, որոնք բնաւ չեն սիրած իր Որդին։

«Աստուած արդար, արդարասէր եւ արդարացնող է։

«Աստուծոյ արդարութիւնը կը պահանջէ այն՝ որ դժոխք նետուին բոլոր անոնք, որոնք չեկան դէպի իր Որդին անով արդարանալու համար։ Քրիստոսով չարդարացած անձը՝ չի կրնար մուտք գործել արդարութեան տունը՝ Երկինքի արքայութիւնը։ Եթէ Աստուած արդար է եւ արդարութիւնը սիրող, արդա՞ր պիտի ըլլար, որ Աստուած իր թագաւորութեան մէջ առնէր ստախօս, հայհոյիչ, բամբասող եւ զրպարտող մարդիկ։

«Արդա՞ր պիտի ըլլար, որ հաւատացեալը եւ անհաւատը նոյն վարձատրութիւնը ստանային։ Արդա՞ր պիտի ըլլար, որ ուրիշներու համար զոհուողը եւ ուրիշները զոհողը նո՛յն եւ մէ՛կ արքայութեան ժառանգորդները դառնային։ Ո՛չ։ Ահա ճիշդ ասոր համար է, որ դատաստանի եւ դժոխքի գոյութիւնը շատ անհրաժեշտ են։ Եթէ աշխարհի մէջ անարդարութիւն եւ անարդարներ կան, արդար դատաստան պէտք չէ՞ ըլլայ ժամանակներու աւարտին։

«Իսկ եթէ դատաստան կայ, կը նշանակէ, որ Դատաւոր ալ կայ, եւ Դատաւորը Աստուած Ի՛նքն է։ Դատաւոր, որ արդարութիւն պիտի ընէ ամբողջ աշխարհի մէջ. (ԾՆՆԴ. ԺԸ 26)։

«Զարեհ Արքեպս. Ազնաւուրեան կ՚ըսէ.

«Դատաստանը ոմանց համար անհամատեղելի կը թուի Աստուծոյ գերազանց բարութեան եւ արդարութեան, սիրոյ եւ քաղցրութեան հետ։ Բայց նման պատկերացումը արդար չէ՛։ Չկա՛յ արդարութեան հասկացողութիւն, որ մերժէ որեւէ արարքի արժանի հատուցումը։ Ինչո՞ւ չենք կրնար ընդունիլ որեւէ անարդարութիւն, ըլլայ մեր դէմ գործուած, ըլլայ մարդոց կամ աշխարհի։ Մեր մէջ դրուած աստուածային զգայարանն է, որ կը մերժէ չարը, անօրէնը, անիրաւը, վայրագը, անպատկառը, անբարոյականը, անընդունելին։ Աստուած, որ կատարեալ բարին, արդարութիւնը եւ իրաւունքն է, չի կրնար ընդունիլ, ի՛նչ որ անիրաւ է եւ անարդար։ Աստուած, մեղաւորին առիթ կու տայ իր չար ճամբէն դառնալու, բայց կը յիշեցնէ, որ կա՛յ նաեւ դատաստանը, երբ աստուածային ազդարարութիւնները եւ հայրական սիրոյ կոչերը չլսող անհնազանդ մարդիկ պիտի կանգնին Աստուծոյ ատեանին դիմաց՝ հաշիւ տալու իրենց ընթացքին եւ գործերուն համար։ Եւ Աստուած Ինքը չէ՛, որ պիտի դատապարտէ զիրենք՝ այլ՝ իրենց սեփական խիղճը եւ իրենց սեփական գործերը պիտի ըլլան զիրենք դատապարտողը, որով ի յայտ պիտի գայ Աստուծոյ կատարեալ արդարութիւնը»։

«Ուստի զգո՛յշ ըլլանք եւ մեր ձայները չբարձրացնենք Աստուծոյ դէմ։

«Մենք չէ՛, որ պիտի որոշենք, թէ Աստուած միշտ սէ՛ր է, թէ ոչ։ Մենք չէ՛, որ պիտի ճշդենք, թէ դժոխքը պէ՞տք էր ըլլար, թէ ո՛չ։ Դժոխքի դէմ խօսողները հաւատացեալ մարդիկ չեն, այլ՝ անհաւատ մարդիկ։ Դժոխային կեանք ապրողները իրե՛նք են, որ դժոխքին դէմ կ՚արտայայտուին։

«Հաւատացեալ մարդը խորապէս կը գիտակցի, թէ դժոխքի գոյութիւնը ո՛չ միայն իրական է, այլեւ՝ օրինական, եւ ո՛չ միայն օրինական, այլեւ՝ անհրաժե՛շտ։

«Ինչպէս ո՛չ ոք կը մեղադրէ այն դրութիւնը, որ չարագործները պատժելու նպատակով միջոցառումներ կ՚առնէ եւ կը պատրաստէ, այնպէս ալ մենք, իրաւունք չունինք մեղադրելու զԱստուած՝ դժոխքի գոյութեան համար։ Եւ ինչպէս երբ պետական իշխանութիւնը կը բռնէ ոճրագործ մարդը եւ բանտ կը նետէ, մենք ո՛չ միայն զայն անարդար չենք նկատեր, այլեւ իրաւունք կու տանք անոր, այնպէս ալ, երբ Աստուած թոյլ տայ, որ ոճրագործ՝ Յիսուսասպան մարդիկ դժոխք նետուին, կը նշանակէ, որ Ան իրաւունք ունի այդ ընելու»։

Վերջապէս՝ եթէ չարը չըլլար, Բարութիւնը, եւ եթէ չարութիւն չըլլար՝ Արդարութիւնը ի՞նչպէս պիտի յայտնուէր եւ գործնականի վերածուէր, կ՚արժէ՜ խորհիլ այդ մասին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 20, 2018, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Յունիս 7, 2018