ԱՐԵՒԻՆ ԵՒ ՀՈԳԻԻՆ ԼՈՅՍԸ

Մարդուն մէջ միշտ ծարաւ մը, անյագ եւ աննախընթաց տենչանք մը կայ լոյսի։ Այս պատճառով մարդ արեւ արեգակ կ՚ուզէ որ ըլլայ ամէնուրեք, միշտ արեւը կը փնտռէ եւ «սիրահարուած» է արեւին, անոր ճառագայթներուն, անոր լո՛յսին։ Մարդ կը դիմէ հո՛ն՝ ուր արեւին լոյսը անխափան կը փայլի, կը ճառագայթէ։

Բայց մարդ երբ կը փնտռէ արեւին լոյսը, արեւին լոյսին ծայրայեղ սիրովը եւ հետապնդումովը՝ մոռցած է «հոգիին լոյսը», որուն անհրաժեշտութեանը իր կեանքին ամբողջականութեան համար գէթ հաւասարապէս անհրաժե՛շտ է եթէ ոչ աւելի։ Մարդ որքան որ կը փնտռէ լոյսը իր արտաքինին համար, նո՛յնքան պէտք է փնտռէ «Լոյս»ը իր ներքինին համար…։

Այսօրուան ընկերութեան, բարոյական անկումը մեծ մասամբ վերագրելի է անհաւասարութեան «արեւին լոյս»ին եւ «հոգիին լոյս»ին միջեւ, այսինքն՝ «արտաքին մարդ»ուն եւ «ներքին մարդ»ուն աններդաշնակութեան, անհաւասարակշռութեան։ Այսօր հոգեւոր ե՛ւ իմացական լոյսը պակսած է մարդկային կեանքին մէջ ընդհանրապէս եւ այդ «պակաս»ը աւելի լուրջ սպառնալիք է մեր անհատական եւ հաւաքական-ընկերային կեանքին համար քան արեւին լոյսին պակասը երբեք պիտի ըլլար։ Մարդ մինչ իր մարմինը լոյսի մէջ պահել կ՚ուզէ, հոգին եւ միտքը պէտք չէ՛ թողու մթութեան մէջ, քանի որ աւելի՛ խաւար է հոգիի եւ միտքի մթութիւնը քան մարմնի-արտաքին մթութիւնը։

Հոգիի եւ միտքի մթութիւնը նմանատիպ է կուրութեան՝ որ ամբողջ կեանքը խաւար աշխարհի մը կը դատապարտէ։

Արդարեւ պատմական պայմաններու մէջ, ուր ան կը գտնուի, մարդը կը զգայ բազմաթիւ դժուարութիւններ հասնելու ճշմարտութեան եւ ճանչնալու Աստուած միայն իր իմացականութեան լոյսով։ Թէպէտ մարդկային իմացականութիւնը կարող է ճշմարտապէս իր ուժերով եւ բնական լոյսով հասնիլ ճշմարիտ եւ ստոյգ ճանաչումին անձնաւոր Աստուծոյ՝ որ կը պահպանէ եւ կը կառավարէ աշխարհը իր Նախախնամութեամբ, ինչպէս նաեւ կարող է նոյնին հասնիլ բնական օրէնքով մը, որ Արարչին կողմէ ներադրուած է մեր հոգիներուն մէջ, կան սակայն բազմաթիւ արգելքներ, որոնք այս իմացականութեան լոյսը կը խափանեն եւ թոյլ չեն տար, որ իր այս բնական կարողութիւնը արդիւնաւորապէս եւ արգասաւոր կերպով կիրարկէ, որովհետեւ Աստուծոյ եւ մարդոց հայող ճշմարտութիւններ բացարձակապէս կը գերազանցեն շօշափելի իրերուն աշխարհը եւ երբ անոնք պէտք է գործնականի անցնին եւ լուսաւորեն կեանքը, մարդէն կը պահանջեն որ յանձնէ ինքզինք եւ հրաժարի իր անձէն։ Մարդկային միտքը նման ճշմարտութիւններ ձեռք ձգելու ատեն կը բախի դժուարութիւններու, որոնք կու գան զգայարանքներէն եւ երեւակայութենէն, ինչպէս նաեւ սկզբնական մեղքէն ծնած յոռի ցանկութիւններէն, կիրքէն։ Եւ կը պատահի որ նման հարցերու շուրջ, որոնց ճշմարիտ ըլլալը չեն ցանկար, մարդիկ իրենց անձին, իրենք զիրենք դիւրաւ կը համոզեն անոնց սխալականութեան եւ կամ առնուազն անստուգութեան մասին, ինչպէս կ՚անդրադառնայ Պիոս ԺԲ. իր «Թուղթ Ընդհանրական»ին մէջ։

Ահաւասիկ, այս պատճառով, մարդ կարիքը ունի «լուսաւորուել»ու Աստուծոյ յայտնութեամբ, լուսաւորուելու ո՛չ միայն այն իրերուն եւ իրողութիւններուն մասին՝ որոնք կը գերազանցեն իր իմացականութիւնը, այլ նաեւ լուսաւորելու բարոյական ճշմարտութիւնները։ Ուստի, հաւատալու շարժառիթը այն չէ, որ յայտնեալ ճշմարտութիւնները մեր բնական բանականութեան լոյսին տակ մեզի ճշմարիտ եւ իմանալի երեւին։ Աստուած կ՚ուզէ որ Սուրբ Հոգիին պարգեւած «ներքին օգնութիւն»ներուն զուգակցին Իր Յայտնութեան «արտաքին փաստ»երը։ Հաւատքը «աներկբայ» է, աւելի աներկբայ քան մարդկային ամէն ճանաչում, որովհետեւ ան կը հիմնուի Անսուտ Աստուծոյ Խօսքին վրայ։

Անշուշտ, յայտնեալ ճշմարտութիւնները կրնան մարդկային բանականութեան եւ փորձառութեան մո՛ւթ երեւիլ, բայց «աստուածային լոյսին տուած աներկբայութիւնը աւելի՛ մեծ է քան բնական բանականութեան տուած լոյսը», ինչպէս կ՚ըսէ Յովհաննէս Հենրիկոս։ Արդարեւ, «ամպ»ը եւ «լոյս»ը, այս երկու խորհրդանիշները անբաժան են Սուրբ Հոգիին յայտնութիւններէն։ Գործնականին մէջ, բարիին եւ չարին պայքարը՝ լոյսին եւ խաւարին պայքարն է. պայքարը՝ ամէն ինչ սեփականացնել եւ տիրապետել ուզող մարդկային «Ես»ին դէմ արթո՛ւն մնալն է, սրտին ժուժկալութիւնն է։ Պայքարը միշտ լոյսին մէջ մնալու պայքա՛րն է…։

Փեսան գիշերով կու գայ. իսկ լոյսը, որ պէտք է անշէջ մնայ, լո՛յսն է հաւատքին։ Քրիստոսի խորհուրդը վճռական լո՛յսն է արարչագործութեան խորհուրդին։ Քրիստոս մեր Կեանքն է՝ մեր Լոյսը եւ մեր Յոյսը՝ որ կը լուսաւորէ ամէն ճամբայ, եւ կ՚առաջնորդէ մեզ Ճշմարտութեա՛ն՝ աստուածճանաչութեան, յաւիտենական կեանքի երանութեան։

Եւ ուրեմն չկա՛յ աւելի մութ քան հոգիի եւ մտքի խաւարը։ Ֆիզիքական-մարմնական մութը կարելի է լուսաւորել դիւրութեամբ, բայց հոգիի եւ միտքի խաւարը լուսաւորել դժուար է, եւ երբեմն անկարելի՜։ Հոգիի եւ միտքի խաւարը ընդհանրապէս կը յայտնուի որպէս «նախապաշարում» մարդոց մէջ։ Արդարեւ, աշխարհ կը փոխուի, բայց նախապաշարումներ երբեք չեն փոխուիր, չեն լուսաւորուիր։ Ամենէն մութ, ամենէն խաւար վիճակն է մարդուն՝ նախապաշարումներու գերի դարձած բանականութեան։ Մարդ ազատութեան կոչուած է, բայց նախապաշարումը կը կաշկանդէ իր ազատութիւնը, եւ զայն կ՚առաջնորդէ մութ եւ խաւար աշխարհ մը՝ որ երբեք արժանի չէ՛ ան…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 15, 2019, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յունիս 7, 2019