ԱՇԽԱՐՀԻ ԼՈՅՍՆ Ի ՀԱՅՍ

Տօն Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնը, յատուկ տօնակատարութիւն մըն է հաւատքով իր հիմքերուն փարած հաւատացելոց մօտ։ Որպէս քրիստոնեայ, մենք կը նշենք համաքրիստոնէական տօներ, որոնց տօնակատարութիւնը վերապահուած են ընդհանուր քրիստոնեայ աշխարհին։ Սակայն, այս շաբթուան խորհուրդը, միայն ու միայն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակներուն նուիրուած օր մըն է։ Հայ Եկեղեցւոյ օրացոյցին մէջ տեղ գտած այս յիշատակութիւնը, բացի մեր ժողովուրդէն, ոչ մէկ հաւաքականութիւն կը տօնէ, որովհետեւ օրուայ խորհուրդը հայ ժողովուրդի ինքնութեան հետ առընչուած է։ Ուստի, մենք լաւ պէտք է իմանանք հայադրոշմ ներկայութիւնը Սուրբ Էջմիածնով, վասնզի պիտի ճառագայթէ լոյս մը Սուրբ Տաճարէ, որ պիտի պարարտացնէ մեր քրիստոնէական արմատները։

Արարատեան շաբթուան աւարտին, մենք կը տօնենք Տօն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սուրբ Էջմիածնի յիշատակութիւնը։ Արդեօք ի՞նչ կը նշանակեն օրուայ խորհուրդը ներկայացնող բառերը։ Սուրբ Էջմիածնի հսկայ մայր տաճարին կաթողիկէ գմբէթը կը բարձրանայ սանդարամետական մեհեանին վրայ, որուն գագաթին կը կանգնի Քրիստոսի Ս. Խաչի նշանը։ Պարզապէս շէնքի ճարտարապետութի՞ւն, թէ ոչ՝ շէնքի համընթաց հաւատքի կառուցում։

Մեր մանկութենէն ի վեր զանազան առիթներով լսած ենք Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի անունը, որ 1700 տարիներ առաջ դարձած է հայոց առաջնորդը։ Անուրանալի իրողութիւն է, թէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Աստուածային լոյսով լուսաւորեց մեզ՝ հայերս։ Լոյս մը, որ կը տարբերէր արեւու ճառագայթէն, դարձաւ «աշխարհի լոյսն ի Հայս»։ Այս այն լոյսն էր, եթէ ոչ Քրիստոսի Խօսքերու իմանալի շողը։ Նախքան քրիստոնէացումը, հեթանոս հայոց վրայ ամէն առաւօտ կը ծագէր արեւը եւ կռապաշտներու մեհեաններուն մէջէն կրակը կը ջերմացնէր չաստուածասէր ժողովուրդը։ Լոյսը կը տեսնէին եւ ջերմութիւնը կը վայելէին անոնք։ Սակայն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ սորվեցուց, որ առողջ գոյատեւման համար կարիքն ունինք օրհնութիւն եւ կեանք բուրող անտեսանելի, սակայն միեւնոյն ժամանակ զգալի ու իմանալի Քրիստոսացիր լոյսին։ Հեթանոսաց վայելած լոյսը կը խօսէր մարմնականին, իսկ իմանալի լոյսը՝ հոգեւորին։ Իսկ Աւետարանը եւս մեր ուշադրութեան կը յանձնէ հետեւեալը. «Հոգին է կեանք տուողը, մարմինը ոչ մէկ օգուտ ունի։ Այն խօսքերը որոնք ես ձեզի կը խօսիմ, հոգի ու կեանք են» (Յով. 6։ 64)։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի քարոզխօսութեամբ ու պատգամներով, 1700 տարիներ առաջ, ահա այս կեանք տուող հոգին վերածնաւ հայոց մէջ։ Այլ խօսքով, օրուայ ժողովուրդը՝ սկսեալ պալատականներէն, գտաւ Քրիստոսը՝ Ճշմարիտ Աստուածը, որ էր ապրող Աստուծմէ՝ Աստուած, անշիջանելի լոյսէ՝ լոյս։

Հայ Եկեղեցւոյ հիմքերը ունին 2000 տարուայ արմատներ, երկու լուսաւորիչ առաքեալներէն աւանդուած։ Հայեր աւելի առաջ ծանօթացած էին Քրիստոսի, նախքան պաշտօնապէս ճանաչման օրը։ Սակայն ժամանակ մը երբ հեթանոս Հռովմը կը տիրապետէր նաեւ հայոց կամքին, քրիստոնէութիւնը արմատացաւ, փոքր ծիլեր արձակեց, իսկ պաշտօնապէս չյայտարարուեցաւ ժողովուրդի իշխաններուն կողմէ։ Ահա, այս մթնոլորտէն տարիներ յետոյ, ժամանակը կը հասնի եւ Գրիգոր անուանեալ սուրբ հայրապետը կը վերագտնէ իր ժողովուրդը, հանդերձ իր թագաւորով։ Արքունիքի սահմաններուն մէջ, այլեւս նորադարձ քրիստոնեայ հայեր, սկսեալ Տրդատ թագաւորէն կը սկսին վայելել Քրիստոսի ջերմութիւնն ու օրհնութիւնը։ Իսկ պատմական այս իրողութեան մէջ, Սուրբ Էջմիածինը ինչպիսի՞ նշանակութիւն մը ունի։ 

Սուրբ Էջմիածին, բառացի իմաստով կը նշանակէ՝ Միածնի Էջքը։ Ժողովուրդը Լուսաւորչի քարոզխօսութեամբ ընդունեց քրիստոնէութիւնը եւ սիրեց Աւետարանը։ Սուրբերը հալածող, հեթանոսապետ Տրդատ թագաւորէն ծնունդ առաւ Սուրբ Տրդատը։ Հազարներով անձինք մկրտուեցան Արածանի գետին մօտ, բայց Սուրբ Էջմիածինը ի՞նչ նշանակութիւն ունի այս բոլորին մէջ։ Պէտք չէ մոռնալ, թէ հաւատքը ապրող զօրութիւն մըն է եւ կրնանք փոխանցել ապրելով, մեր զգացումներով, մեր խօսքերով ու գործերով։ Սակայն, պէտք չէ մոռնալ թէ, հաւատքը պահպանելու համար, հաւատքը ապագայ սերունդին ճշմարտապէս ցոյց տալու համար, կարիքն ունինք նաեւ նիւթական, տեսանելի խորհրդանիշներու։ Նիւթականը ցուցադրելով, կրնանք ներկայացնել մեր հաւատքը այլոց, որոնք նոյն ձեւով շփման մէջ չեն եղած Աստուծոյ հետ։ Աստուած հայ ժողովուրդին, այս առանձնաշնորհումը ընծայեց՝ Սուրբ Էջմիածնի ճամբով։ Քրիստոնէութիւնը ընդունած հայ ժողովուրդը ի հոգեւորս առաւել եւս զօրացնելու եւ հաւատքը ամրապնդելու համար, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի տեսիլքին ճամբով ի ձեռին ունենալով ոսկեայ ուռը ըսաւ. Այստեղ պիտի շինեմ իմ եկեղեցիս ու հայ ժողովուրդը այս հիմքերուն վրայ պիտի վերահաստատէ իր սուրբ հաւատքը։ Տաճարի հետ միատեղ պիտի բարձրանայ հաւատքի որակը եւ պիտի հասնի մինչեւ Ս. Խաչը, «Եկայք շինեսցուք սուրբ զխորանն լուսոյ, քանզի ի սմա ծագեաց մեզ լոյս ի Հայաստան աշխարհի»։ Սուրբ Էջմիածնի տաճարը տարբեր պիտի ըլլլայ աշխարհի բոլոր եկեղեցիներէն, որովհետեւ պիտի կոչուի «Միածին Որդիով»։

Ո՜վ պատուական հաւատացեալ, Սուրբ Էջմիածինը ցոյց պէտք է տանք մեր զաւակներուն, ցոյց պէտք է տանք համայն աշխարհին՝ ըսելով. Հայ հաւատացեալը քրիստոնեայ է ու Սուրբ Էջմիածնի տաճարին հիմքերը նոյնիսկ կը վկայեն այս պատմական իրողութեան։

Տէր Աստուած, Հին կտակարանին մէջ իր փառքով լեցուց Սողոմոնեան Տաճարը (Բ. Մնց. 7.1) եւ Իսրայէլի ժողովուրդին յայտնեց, թէ ինք կը բնակի այդտեղ իր կատարեալ էութեամբ։ Ս. Հոգիով լեցուած բոլոր ժողովուրդը կ՚երթար տաճար, պաշտամունք կը կատարէր եւ Աստուծոյ հանդիպելու առիթը կ՚ունենար։ Իսկ Սուրբ Էջմիածնի տօնին խորհուրդին ընդմէջէն կը տեսնենք, թէ Աստուած նման մերձեցումով, հայոց խօսեցաւ Էջմիածնի սրբութեամբ եւ փափաքն ունեցաւ որ նորադարձ քրիստոնեայ արքունական տունն ու բնակիչները, Սուրբ Էջմիածնով խօսիլ շարունակեն նաեւ իրենց յաջորդ սերունդներուն։ Երբ Սուրբ Էջմիածնի տաճարը հիմնուեցաւ, ջախջախուեցաւ հեթանոս մեհեանի գլուխը, եւ Ս. Հոգիով լեցուած մարմինը բարձրացաւ Քրիստոսի։ Դարեր շարունակ, այդ սրբութիւնը միշտ ներշնչեց հայերը եւ այսօր ժամանակը հասած է մեր սերունդին։ Դիտե՛նք Սուրբ Էջմիածինը, շնչենք Սուրբ Էջմիածինը, աղօթենք Սուրբ Էջմիածինով ու Տիրոջ ողորմութեան արժանացածներս դիմենք Միածնի զօրութեանն ու օգնականութեան, նոյնիսկ ամենադժուարին պահերուն։ Մենք եթէ չունենայինք Սուրբ Էջմիածինը, կատարելապէս պիտի չթափանցէինք Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի խոր հաւատքի զօրութեան պտուղներուն։ Եթէ չունենայինք Սուրբ Էջմիածինը, պիտի չունենայինք Հայ Եկեղեցւոյ սիրտը հանդիսացող Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը։ Եթէ չունենայինք Սուրբ Էջմիածինը, թէկուզ պիտի չունենայինք աշխարհի տարածքին հայ եկեղեցիները, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ մէջ այսօր մեր աղօթած աղօթավայրերը։ Որովհետեւ, մեծ հաւանակութեամբ Լուսաւորչեան հաւատքը, որ ապրեցաւ նաեւ մեր պապերուն առօրեային մէջ, դժուար պիտի ըլլար փոխանցել երկար դարեր սերունդէ սերունդ։

Հետեւաբար, աղօթենք որ եկեղեցւոյ պարզ յիշատակութենէ մը աւելին դառնայ Սուրբ Էջմիածնի տօնը։ Մենք իւրաքանչիւրս կարիքն ունինք եկեղեցիին ու եկեղեցւոյ մէջ բնակող Աստուծոյ Ս. Հոգիին։ Մանաւանդ պատմութեան այս դժուարին ժամանակահատուածին, առաւել եւս կարիքն ունինք Քրիստոսի իմաստութեան, առաջնորդութեան եւ յոյսին։ Սուրբ Էջմիածինը, կարող է ճառագայթել շրջանէ շրջան ու հասնիլ նոյնիսկ աշխարհի հեռաւոր երկիրներու մէջ բնակող հայորդիներու սրտերուն։ Այս խաւար աշխարհին մէջ եկէ՛ք անգամ մը եւս յիշենք լուսաւորուելու կարիքը ի Քրիստոս եւ որպէս փարոս ու ջերմացուցիչ օգտագործենք մեզի հասած Էջմիածնաշող աղօթախառն զօրութիւնը։

Այս առիթով աղօթք վերառաքենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ հաստատուն պահէ Սուրբ Էջմիածնի կաթողիկէ տաճարը, որմէ դարեր շարունակ յոյս ու լոյս ցոլանայ մեր ժողովուրդին։ Աստուած անսասան պահէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, որպէսզի ան ի սփիւռս տարածեալ հաւատաւոր զաւակներուն դառնայ մխիթարութեան աղբիւր։ Աստուած արեւշատութիւն եւ իմաստութիւն պարգեւէ նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետին, որպէսզի լուսաւորչահաստատ իր մականը, դառնայ եկեղեցւոյ սպասաւորներուս ներշնչարան։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յունիս 7, 2021