ՊԷՊՕ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ ԿԵԱՆՔԸ՝ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԳԻԾԵՐՈՒ ՄԷՋ
Պէպօ Սիմոնեանին անդրադառնալուս հիմնական դրդապատճառը՝ անոր կնոջ՝ յարգելի տիկին Ազատուհի Սիմոնեանի հետ ծանօթութիւնս է, որ տեղի ունեցաւ վերջերս՝ յատուկ առիթով մը: Արդարեւ հրաշալի անձնաւորութիւն մը, գրագէտ ու մտաւորական հայուհի, որուն հետ բացառիկ առիթը ունեցայ ուղեւորութիւն մը կատարելու իր սիրելի ամուսնոյն աշխարհը եւ խօսելու անոր գրական, ազգային, կրթական ու հասարակական երկարամեայ գործունէութեան մասին:
Ինծի համար հարց կը մնայ, թէ ինչո՞ւ հայ գրողները ընդհանրապէս իրենց մահէն ետք կ՚արժանանան պէտք եղած ուշադրութեան, ինչո՞ւ ոչ իրենց կենդանութեան օրօք: Ինչո՞ւ մեր գրականագիտութիւնը միշտ կը թերանայ իր պարտականութեան մէջ՝ չեմ կրնար հասկնալ: Այո՛, նոյն երեւոյթը առկայ է նաեւ համաշխարհային գրականութեան մէջ: Բայց պէտք է ըսել, որ ան աւելի շատ պատահականութեան արդիւնք է հոն, մինչդեռ հայ, նա՛մանաւանդ սփիւռքահայ գրողին համար՝ ճակատագի՛ր:
Ի դէպ, ուշադրութեան արժանացնել չի նշանակեր անպայման պատուանդանի վրայ դնել գրողը, երբե՛ք, այլ պարզապէս անոր գնահատականը տալ, այլ խօսքով՝ «արժեգին» նշանակել անոր: Այսինքն՝ եթէ իսկապէս տաղանդաւոր է ան, ապա ի սրտէ ծափահարել ու գնահատել, իսկ եթէ ոչ, զինք քարկոծել ու դատափետել: Մէկ խօսքով՝ իւրաքանչիւրին տեղն ու արժէքը որոշել-սահմանել գրականութեան պատմութեան մէջ:
Չեմ ըսեր, թէ Պէպօ Սիմոնեան երբեք չարժանացաւ ուշադրութեան: Ի հարկէ արժանացաւ: Սակայն, անտարակոյս, ան աւելիին արժանի էր, որովհետեւ անուրանալի է անոր դերը սփիւռքահայ, իմա՝ լիբանանահայ գրականութեան վերջին յիսնամեակին մէջ, ինչ որ բնականաբար քննութեան լայն առարկայ է:
Պարզ է, որ, ինչպէս արդէն յօդուածիս վերնագիրէն կը պարզուի, նպատակս անոր անցած ուղին արժեւորել չէ, այլ ընդամէնը պարզ վերյիշեցում մը կատարել, որպէսզի մեր յիշողութիւնը թարմանայ, եւ կարեւորն ու արժէքաւորը ամուր դրոշմուին մեր բոլորիս մտքերուն մէջ:
Բանաստեղծ, արձակագիր, գրականագէտ, կրթական մշակ եւ հասարակական գործիչ Պէպօ Սիմոնեան (բուն անունով՝ Պետրոս Գալայճեան) ծնած է 1937-ին Ալեքսանտրէթ: Հայրը՝ Տիգրան Գալայճեանը, եղած է երկաթագործ: Ան բազմապիսի դժուարութիւններով պահած է ընտանիքը: Իսկ մայրը՝ Ովսաննա Վարդանեանը, չորքմարզպանցի Լեւոն աղայի դուստրն էր: Տան մէջ կ՚ապրէր նաեւ իր մեծմայրը՝ Խոսրովուհին, որ ծանրօրէն վիրաւորուած էր Իսկենտէրունի անգլիական ռմբակոծումներուն՝ միաժամանակ կորսնցնելով ամուսինը՝ Պետրոսը, եւ երկու աղջիկները՝ Լուսինն ու Սարինը: 1939-ին ան իր միակ զաւկին՝ Տիգրանին հետ կը փոխադրուի Պէյրութ:
Պէպօ իր ընտանիքին հետ կը բնակի Հաճըն թաղամասի ընդարձակ տան մը մէջ: Հոն կ՚ապրէին նաեւ մօրենական մեծմայրն ու մեծհայրը, մօրեղբայրներն ու մօրաքոյրը: Պէպոյի հայրը այնուհետեւ տուն կը վարձէ Չարչապուք թաղամասին մէջ:
Ան նախակրթական ուսումը կը ստանայ Ազգային Սահակ-Մեսրոպեան վարժարանին մէջ, իսկ երկրորդական ուսումը՝ Նշան Փալանճեան ճեմարանի եւ Անթիլիասի դպրեվանքին մէջ: Կ՚աւարտէ Սէն Ժոզէֆ համալսարանի արեւելագիտական բաժանմունքի հայագիտական ճիւղը: Միաժամանակ կը հետեւի Centre d’Etudes Supérieurs-ի ֆրանսերէն լեզուի ու գրականութեան դասընթացքներուն:
Ունեցած է կրթական երկարմաեայ գործունէութիւն: Պաշտօնավարած է Սահակեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ 1957-էն 1963, Նոր բարձրագոյն վարժարանին մէջ՝ 1963-էն 1965, Սահակեան բարձրագոյն վարժարանին եւ Ռուբինեան վարժարանին մէջ՝ 1965-էն 1966: Ան տասը տարի (1966-1976) ստանձնած է վերջինիս տնօրէնութիւնը: Իսկ այնուհետեւ քսան տարի վարած է Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան գոլէճի տնօրէնի պաշտօնը: Ի դէպ, 1976-ին եւ 1994-ին մաս կազմած է Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին: 1995-էն 2001 եղած է ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան միջնակարգ վարժարանի լեզուի եւ գրականութեան այցելու ուսուցիչ, իսկ հայագիտական նիւթերու համակարգող՝ 1996-էն 1997, նոյն պաշտօնով՝ ՀԲԸՄ-ի երեք վարժարաններուն մէջ՝ 1992-էն 1994: Բացի այդ՝ ան արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ գրականութիւն դասաւանդած է ՀԲԸՄ-ի Հիւսիսեան հայագիտական ամպիոնէն ներս:
1965-ին ամուսնացած է տիկին Ազատուհի Սիմոնեանի հետ: Երկուքը թէեւ յաճախած են Նոր Հաճնոյ Սահակ-Մեսրոպեան վարժարանը, սակայն ծանօթացած են աւելի ուշ՝ Նոր մշակութային միութեան գրական շաբաթական հանդիպումներուն: Անոնք տարիներով գործակցած են իրարու հետ: Բախտաւորուած են երկու մանչ զաւակներով՝ Տիգրանով եւ Ռազմիկով: Ցաւօք սրտի, մի քանի ամիս առաջ մահացաւ Տիգրանը՝ մեծ վիշտ պատճառելով իր մօրը:
***
Պէպօ Սիմոնեան աշխատակցած է բազմաթիւ թերթերու եւ հանդէսներու՝ «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»ին, «Հիւսիսեան հայագիտական հանդէս»ին, «Հասկ հայագիտական տարեգիրք»ին, «Բագին»ին, «Արարատ»ին, «Արարատ գրական»ին, «Նայիրի»ին, «Շիրակ»ին, «Կամար»ին, «Զարթօնք»ին եւ այլն:
Հրատարակած է հետեւեալ բանաստեղծական գործերը՝ «Նախերգանք» (1968), «Կանաչներու առասպելը» (1977), «Մարդեղութիւն» (1981), «Ծառին ճիչը» (1991), «Միջերկրականի լոյսերուն դիմաց» (2004), «Գմբէթ արեգ» (2015), արձակ՝ «Ծուէն-ծուէն երիզներ» (1981), «Մայրիներու արմատները» (1986), «Ակնթարթներ մարդու եւ կեանքի առօրեայէն» (2012), գրականագիտական՝ «Խորհրդածութիւններ Հայաստանի գրողներու Ե. համագումարի սեմին» (1966), «Էջեր եւ նիւթեր գրականութեան» (Ա. եւ Բ. հատոր, յաջորդաբար՝ 2007 եւ 2009): Ունի նաեւ երկու գիրք՝ «Մարդկային իրաւանց հարցեր» (1994), որ ընկերային հարցեր կը շօշափէ, ինչպէս նաեւ «Հայակերտում եւ մանկավարժութիւն» հատորը, որ իր կրթական ու մանկավարժական յօդուածներուն ընտրանին է:
Կրթական եւ գրական գործունէութեան կողքին ունեցած է նաեւ հասարակական գործունէութիւն՝ տասնամեակ մը վարելով Նոր սերունդ մշակութային միութեան ատենապետութիւնը եւ մաս կազմելով Սոցիալ-դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան վարիչ մարմինին եւ կեդրոնական վարչութեան:
Արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու եւ շքանշաններու՝
1) 1995-ին՝ նահատակ բանաստեղծ եւ արձակագիր Ռուբէն Սեւակի անուան «Վերածնունդ» մրցանակին՝ անոր նուիրուած իր աշխատասիրութիւններուն եւ Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան գոլէճին մէջ հիմնած Ռուբէն Սեւակի անուան մատենադարանին համար,
2) 2002-ին՝ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան կողմէ,
3) 2004-ին՝ Գէորգ Մելիտինեցի մրցանակին՝ «Միջերկրականի լոյսերուն դիմաց» գիրքին համար,
4) 2005-ին՝ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանաշանին,
5) 2008-ին՝ Հայաստանի Գրողներու միութեան մետալին՝ գրական պատկառելի վաստակին համար,
6) 2009-ին՝ Լիբանանի Հանրապետութեան կրթութեան նախարարութեան գնահատագիրին եւ նախագահ Միշէլ Սլէյմենի շքանշանին՝ կրթական 44-ամեայ գործունէութեան համար,
7) 2012-ին՝ Վահան Թէքէեան մշակութային միութեան «Հայկաշէն Ուզունեան» մրցանակին՝ «Ակնթարթներ մարդու եւ կեանքի առօրեայէն» հատորին համար,
8) 2013-ին՝ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի «Մովսէս Խորենացի» մետալին:
***
Ան եղած է կանանց իրաւունքներու պաշտպանը՝ միշտ քաջալեր հանդիսանալով կնոջը՝ անոր մտաւորական աշխատանքներուն մէջ: Ինչպէս տիկին Ազատուհին կ՚ըսէ, ան երբեք չէր խառնուեր տան ներքին գործերուն՝ շարունակ զբաղած ըլլալով իր գրական, կրթական եւ այլ աշխատանքներով։
Ինչպէս իւրաքանչիւր հայր, ան եւս պաշտամունքի հասնող սէր ունեցած է իր զաւակներուն հանդէպ: Անոնք յաճախած ըլլալով International College օտար վարժարանը՝ ի՛նք ստանձնած է անոնց հայեցի կրթութիւնը եւ սորվեցուցած հայերէն, այնքան մը, որ անոնք ժամանակի ընթացքին սկսած են նոյնիսկ յօդուածներ ստորագրել «Արարատ - մարզական»ի մէջ՝ իրենց նախասիրած մարզական ճիւղին մասին, ինչ որ մեծ ուրախութիւն կը պատճառէր Պէպօ Սիմոնեանին: Արձակուրդի օրերուն ան իր ժամանակը ամբողջովին կը յատկացնէր իր զաւակներուն՝ զբօսանքի պահեր ունենալով անոնց հետ: Կը խաղային նարտի, փինկ-փոնկ, թենիս, ֆութպոլ եւ այլն: Ան միշտ քաղցրաբարոյ եղած է անոնց նկատմամբ: Երբեք չէ պատժած զանոնք՝ discipline-ը ձգելով իր կնոջ ուսերուն վրայ: Ան ճիշդ ընկերոջ մը պէս կը վարուէր անոնց հետ: Անոնց երիտասարդական վաղ տարիներէն սկսեալ երկխօսութեան մէջ էր իր տղոց հետ՝ կենցաղային, քաղաքական, ազգային, ընկերային, մշակութային, հայաստանեան եւ լիբանանեան նիւթերու շուրջ: Այդ իսկ պատճառով երկուքը՝ Տիգրանն ու Ռազմիկը, լաւապէս կազմաւորուեցան եւ հետագային իրենց նկատառելի նպաստը բերին լիբանանահայ գաղութային կեանքին մէջ:
Պէպօ Սիմոնեան եղած է հանդարտաբարոյ եւ բարեհամբոյր բնաւորութեան տէր անձնաւորութիւն մը, անյագ ընթերցող մը իր բոլոր ազատ ժամերուն, մանաւանդ գիշերները: Որպէս գրող՝ իր գրչընկերներուն հանդէպ նախանձ չունէր: Գիտէր գեղեցիկն ու արժէքաւորը գնահատել: Տիկ. Ազատուհին այս մէկը հաստատող դէպք մը պատմեց. «Լիբանանահայ իրականութեան մէջ յիշատակելի կը մնան Արշօ Թիւթիւնճեանի կազմակերպած գրական սալոնները իր Թալաթ Ժամպլաթի ընդարձակ բնակարանին մէջ: Նախապատերազմեան շրջանի կիրակի կէսօրուան ժամադրուած էին գրողներ՝ Վահէ Վահեան, Գէորգ Աճեմեան, Լեւոն Վարդան, Սարգիս Կիրակոսեան, Ժիրայր Դանիէլեան, Նազարէթ Պէրպէրեան, Պէպօ Սիմոնեան եւ ուրիշներ: Ցերեկոյթ-ճաշկերոյթը նուիրուած էր Անդրանիկ Ծառուկեանի գրական-հրապարակագրական վաստակին, եւ Պէպօ Սիմոնեանին վստահուած էր ներկայացնել հեղինակը: Ան, ըստ իր նկարագիրին, ծանրախոհ, հաւասարակշռուած, արդարամիտ եւ բծախնդիր վերլուծումով ամփոփեց իր զեկոյցը: Յանկարծ Անդրանիկ Ծառուկեան անհագստացաւ, եւ զինք ներքին սենեակ մը առաջնորդեցին: Ամէն ոք մտահոգ էր Ծառուկեանի վիճակով: Ժամանակ մը ետք Արշօն եկաւ եւ յայտարարեց, որ մտահոգիչ բան չկայ, ու բացատրեց, թէ ի՛նչը պատճառ դարձած էր այդ անհանգստութեան: Ծառուկեան չափազանց ազդուած է, որ գրող մը կրնայ ուրիշ գրողի մը մասին այսպիսի բարձր արժեւորում կատարել: Գոնէ իր կեանքին մէջ նման բան պատահած չէ, եւ ինք շատ յուզուած է այս երեւոյթէն»:
Ուրեմն ոչ միայն որպէս գրագէտ, այլ նաեւ որպէս մարդ անհատ Պէպօ Սիմոնեան արժանի է ամէն սիրոյ ու յարգանքի: Ան բազմաթիւ բարեմասնութիւններ կը պարփակէր իր մէջ՝ բարի ու վարակիչ օրինակ հանդիսանալով ուրիշներուն եւս:
***
Պէպօ Սիմոնեանի արխիւը, ուր կան բազմաթիւ ձեռագիրեր ու մանաւանդ նամակներ, կը պահուին իր տան մէջ: Իր նամականիին մէկ մասը փոխադրուած է Հայաստանի Եղիշէ Չարենցի անուան Գրականութեան եւ Արուեստի թանգարանը՝ քեռորդիին՝ տքթ. Եղիկ Ճէրէճեանի միջոցով:
Ինչպէս իր հարուստ նամականին, նոյնպէս ալ ամբողջ գրական գործունէութիւնը կը կարօտի լուրջ ուսումնասիրութեան: Որովհետեւ ի վերջոյ պատկառելի վաստակ կայ այստեղ, զոր կարելի չէ աչքաթող ընել:
Կ՚արժէ այս յօդուածը եզրափակել Եուրի Խաչատուրեանի խօսքով, որ ինքնին ուղղուած է Պէպօ Սիմոնեանին. «Գրականութեան մէջ, եւ արուեստի մէջ առհասարակ, միշտ էլ եղել են, ու կան, ստեղծագործողներ, որոնց մուտքը չի եղել շռնդալից եւ ստեղծագործական կեանքն էլ եղել է անաղմուկ: Նոյնքան անաղմուկ էլ նրանք դարսում են տարին տարու վրայ, գիրքը գրքի վրայ, եւ մի օր անդրադառնում ենք, որ մարդը անառարկելի վաստակ ունի եւ ծանրակշիռ գրական ժառանգութիւն: Զարմանում ես, կարող ես զարմանք արտայայտել, բայց ճիշդը, ի հարկէ, հիանալն է» («Անանուն ծառի ձայնը. Պէպօ Սիմոնեան», «Կամար», 2013, թիւ 19)։
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ