ԳՆԱՀԱՏԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ
Հաւաքական կեանքի մէջ ինծի զարմանք պատճառող երեւոյթ մը եղած է գնահատանքի սխալ եւ անտեղի գործածութիւնը։ Շատ հետաքրքրական է՝ գնահատանքը երբեմն կը զլացուի, երբեմն ալ կը մսխուի, ուրիշ խօսքով՝ գնահատանքի իրապէս արժանի անձեր կը զրկուին գնահատանքէ, միւս կողմէ անարժաններու կը շռայլուի գնահատանքը։ Ի՞նչ է պատճառը չեմ հասկցած, բայց համոզուած եմ անոր՝ որ իսկական արժէքը գնահատուելու պէտք չունի, արժէքը գնահատումով չի ստացուիր՝ գնահատանքը միայն արժէքի մը հրապարակումն է, ա՛յդքան։
Սխալ եւ անտեղի գնահատումներ, գնահատանքի մսխումներ, շռայլութիւններ, սակայն, անհատին եւ հաւաքականութեան անդարմանելի վնասներ կը հասցնեն. անարժան մարդոց անարժանութիւնը կ՚աւելցնեն. ինքնահաւան, մեծամիտ, եւ սակայն անգիտակից, առանց ինքզինք ճանչնալու՝ ուրիշները ճանչցած կարծող, այլամերժ, անօգուտ եւ անշահ մարդիկ կը ստեղծեն։ Հասարակ խօսքով. «ես ի՜նչ եմ եղեր», ըսող եւ ուրիշները ստորագնահատող պոռոտախօս, մեծախօս մարդոց ազատօրէն գործելու ասպարէզ կը պատրաստեն, եւ ընկերութեան մեծ վնաս կը հասցնեն։
Միւս կողմէ՝ իսկական արժանաւոր մարդիկ՝ որոնցմէ զլացուած է արդար գնահատանքը՝ կը կորսնցնեն ինքնավստահութիւնը, կը վշտանան եւ կը հեռանան, երբեմն ալ բոլորովին կը մեկուսանան եւ կը կղզիանան։ Եւ այս վիճակէն ամենէն շատ ընկերութիւնը կը վնասուի, քանի որ կը զրկուի արժանաւորի մը արժանիքէն։ Մինչդեռ ընկերութիւնը կրնար օգտուիլ անոր հմտութենէն։
Ամէն գիտակից եւ արժանաւոր մարդ օգտակար ըլլալ կ՚ուզէ իր շուրջիններուն, համայն մարդկութեան։ Բայց եթէ իր այս բարեմտութեանը առջեւ արգելք դրուի՞, այլապէս ինչպէ՞ս կրնայ իրականացնել իր փափաքները։ Օգտակարութիւնը մարդուն կոչո՛ւմն է…
Գնահատելը՝ Տէր Յիսուսէն կը սորվինք։
Յիսուս գնահատեց բժշկուած հեթանոս բորոտին փառաբանութիւնը եւ յուսախաբութիւն յայտնեց մնացեալ ինը բորոտներուն նկատմամբ, որոնք մոռցած էին իրենց շնորհակալութիւնը յայտնել ստացուած բժշկութեան համար։ Յիսուս կը գնահատէ իր անունով տրուած գաւաթ մը պաղ ջուրը եւ կը խոստանայ տուողը վարձատրել երկինքի մէջ։
Գնահատանքը արդար ըլլալու է՝ անոր տիպարը Յիսուս Քրիստո՛սն է, չանտեսենք այս Տիպարը։
Մենք զմեզ վարժեցնենք գնահատելու կեանքի ո՛չ միայն մեծ, կարեւոր եւ թանկագին բաները՝ այլ նաեւ փոքր բաները, անկարեւոր եւ անարժէք կարծուած բաները։
Ուստի գնահատենք ամէն արժէք, ամէն էութիւն, քանի որ ամէն ինչ որ գոյութիւն ունի՝ Աստուծոյ արարածն է. գնահատենք բնութիւնը, կապոյտ երկնակամարը, արեւը, լուսինը, աստղերը, գնահատենք նաեւ ամպոտ երկնակամարը, որոտումը եւ անձրեւը։ Գնահատենք անտառները, անոնց հսկայ ծառերը, գնահատենք նաեւ լեռներու եւ դաշտերու փոքրիկ եւ աննշան ծաղիկները՝ որոնք յաճախ մեր ոտքերուն տակ կը կոխկռտուին։ Պզտիկ թռչուններ կան, որոնք մեզ իրենց անուշ երգերով կը հիւրասիրուին եւ անմեղ թիթեռնիկներ կան, որոնք իրենց գոյնզգոյն թեւերով՝ Արարիչին փառքը կը պատմեն։ Ասոնք՝ բոլորը գնահատանքի արժանի են։ Եւ անոնց քով որքա՜ն աւելի գնահատանքի արժանի է մարդը՝ առանց խտրութեան, քանի որ ամէն մարդ Աստուծոյ արարածն է եւ «արժէք» մը կը ներկայացնէ։
Գնահատանքը արդար ըլլալու է, ինչպէս ըսինք, թէեւ արժանաւորը գնահատելու է, սակայն «անարժան»ն ալ որոշ չափով գնահատուելու է, այսինքն գնահատանքը արժանաւորութեան համաձայն եւ համեմատ ըլլալու է՝ գնահատանքը այսպէս պէտք է հասկցուի եւ գործադրուի։
Ուրեմն, սորվինք, վարժուինք գնահատել ցուցաբերուած սէրը, համակրանքը, յարգանքը, շնորհակալութիւնը, խնդակցութիւնը կամ ցաւակցութիւնը, վշտակցութիւնը, քաջալերենք, մինչեւ իսկ ժպիտ մը, փոքրիկ նուէր մը։ Բայց գնահատութիւնը «գործնական» պէտք է ըլլայ՝ ընդունելի ըլլալու համար։ Այս իմաստով, գնահատանքը անկեղծ ըլլալու է նաեւ։ Ձեւականութենէ հեռու գնահատանքը նպատակայարմար եւ չափաւոր գնահատութիւն մըն է։
Աշխատութիւնը, վարձքը, գործը գնահատել ընկերային կեանքի ապահով կերպով ընթանալուն համար անհրաժեշտ է։
Գնահատենք մեր մեծերը, երեւելիները, խելացիները, զօրաւորները, գնահատենք նաեւ մանուկները, աննշանները, անտեսուածները, միամիտները, պարզամիտները, տկարները եւ ախտաւորները. (ԵԲՐ. ԺԲ 12) եւ (Ա ԹԵՍ. Ե 14)։ Իրարու մէջ չփնտռենք յատուկ արժանիք՝ զիրար սիրելու, օգնելու եւ կարեկից ըլլալու համար։
Յիշենք, որ Աստուած մարդուն մէջ արժանիք չփնտռեց սիրելու համար։
Զգուշանա՛նք, սակայն, ամէն անիրաւ գնահատումներէ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 6, 2023, Իսթանպուլ