ՏԻՐԱՆ ՉՐԱՔԵԱՆԻ ԱՊՈՒՇՈՒԹԻՒՆԸ

Հայ գրականութեան մէջ կան դէմքեր, որոնք մինչեւ օրս կը շարունակեն մնալ առեղծուած. անոնց կեանքը, նկարագիրն ու գրականութիւնը լուրջ ուսումնասիրութեան կը կարօտին, որովհետեւ անոնց էութիւնը ամբողջութեամբ տարբեր եղած է ուրիշներէ: Անկասկած, որ անոնցմէ մէկն է Տիրան Չրաքեանը (ծանօթ որպէս Ինտրա): Ինտրա, այլ գրողի մը՝ Եղիա Տէմիրճիպաշեանի հետ միասին հայ գրականութեան մէջ կը շարունակեն մնալ որպէս խենթեր. անոնց մասին է որ Օշական «Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան» աշխատութեան Ը. հատորին մէջ կը գրէ.- «Արեւմտահայ գրականութիւնը ունի մէկէ աւելի կսկծալի ճակատագրով գրողներ, հազիւ երկու խենթ։ Ասոնցմէ մէկը, Եղիան, իր տաղանդն ու իր համբաւը սպառեց գերեզման չիջած։ Միւսը, Տիրան Չրաքեան, իր տաղանդը խզտեց իր իսկ մատուըներով, բայց անզօր դուրս եկաւ իր համբաւը սպաննելու, քանի որ այդ համբաւը այսօր անվթար է իր մեծ գիծերուն մէջ»:

Ընդհանրապէս ամէ՛ն գրող ճանչցուելու, կարդացուելու եւ համբաւ մը շինելու մարդկային տկարութենէն կը տառապի, սակայն Տիրան Չրաքեան ամբողջութեամբ հեռու էր այդ բոլորէն. ընդհակառակը, ինքզինք որպէս գրող չէր նկատեր եւ իր կեանքը անիմաստ կը նկատէր, որովհետեւ իր իսկ բառերով իր սիրածին պէս չապրելու ցաւը ունէր:

Ան իր գործն ու կեանքի ընթացքը ապուշութիւն կը նկատէր եւ այդ հոգեկան վիճակը հասկնալու եւ վերլուծելու լաւագոյն ձեւը նոյնինքն Տիրան Չրաքեանի կողմէ գրուած նամակ մըն է, որ գրուած է 1897 թուականին. Տիրան Չրաքեան այդ նամակը գրած է արձակագիր եւ խմբագիր Միքայէլ Կիւրճեանին, որ իր կարգին յետցեղասպանութեան յանձնած է «Արեւ»ի խմբագրութեան:

Պէտք է նկատի ունենալ, որ Չրաքեան այս նամակը չէ՛ գրած հրատարակելու համար, այդ իսկ պատճառով անոր մէջ գրուածները գեղարուեստական կամ գրական ըլլալէ անդին պէտք է անկեղծ նկատենք, որովհետեւ գրողի մը իսկական ինքնութիւնը իր գրածներէն աւելի իր սեփական նամակներուն ճամբով է որ ի յայտ կու գայ, որովհետեւ գրելը եւս արուեստ մըն է եւ ամէն արուեստ կրնայ իր մէջ խաբուսիկ մաս մը ունենալ:

Վերցնենք նամակէն մասեր՝ վերլուծելու համար Չրաքեանի իր եւ իր կեանքին մասին ունեցած կարծիքը.-

«Եթէ նկատի առնեմ այս կեանքին ներկայացուցած նմանութիւնները ասոր անոր կեանքին հետ՝ իբր նոյն միջավայրին մէջ գործող կեանքերու հետ՝ պէտք է իմս հասարակ կոչել»: Չրաքեան իր կեանքը հասարակ կը կոչէ, սակայն մի քանի տող ետք փոխելով իր միտքը կ՚ըսէ. «պէտք է ուրիշ որակում մը գտնել, քան հասարակ բառը» եւ հասարակ բառի փոխարէն այս անգամ կ՚ընտրէ արթիսթիք բառը, սակայն այդ բառը եւս անյարմար գտնելով իր կեանքը որակելու կ՚ըսէ. «Ըմբռնուածին պէս արթիսթիք կեանք մը չվարելուս ցաւը կը բաւէ՞ որ այդ ցաւով լեցուն կեանքս արթիսթիք անուանեմ»: Եւ այս բոլոր իրարանցումէն ետք կ՚որոշէ իր կեանքը որակել ՏԽՈՒՐ, սակայն պահ մը տատամսելով տխուրն ալ անյարմար կը նկատէ, առաջ բերելով փիլիսոփայական այս դարձուածքը.- «Կեանք մը որ տխուր չէ միշտ՝ չի նշանակեր թէ յաճախ զուարթ է»:

Նամակին մէջ պարզ է, որ Չրաքեան իր մէջ ունի ցաւ մը. անուն շահիլը, որպէս գրող ճանչցուիլը եւ իր ժամանակակիցներուն կողմէ իր մասին եղած գովասանքները ոչ մէկ արժէք ու իմաստ ունին իրեն համար ու այդ ցաւը թաքցնելու եւ մոռնալու համար Չրաքեան այսպէս կը գրէ.- «Կը սիրեմ ապուշի պէս ապրիլ... կամքս, տրամադրութիւնս այսպէս ապրիլ կու տան ինծի: Վիշտի մը ստրկութեան տակ, մտախոհութեան մը անել բաւիղներուն յուսահատականութեան առջեւ կը ստիպուիմ ոչնչութիւններով զբաղուիլ ու ապուշութիւններ ընել» եւ այս մտածումներու լոյսին տակ «ապուշութիւնը երանաւէտ է» կը կոչէ եւ այդ ապուշութիւնը որպէս ցաւերու մոռացման միջոց կը տեսնէ:

Չրաքեան այդ ցաւին ինչութիւնը չի յայտներ, սակայն կը խոստովանի, թէ այդ ցաւերը մոռնալու համար ստամոքսային հաճոյքներու եւ գինովութեան կու տայ ինքզինք. այդ բոլորը կ՚ընէ՝ գիտնալով հանդերձ որ իր երազած ու ուզած կեանքը ամբողջութեամբ տարբեր էր այդ բոլորէն. կարծես պահ մը լրջանալով եւ գրական մթնոլորտի մը մէջ մտնալով կը գրէ. «այս գաղափարները սակայն վտա՞նգ մըն են արդեօք իմ «ստուերախոհ» իտէապաշտութեան: Աշխարհի իրերէն վեր՝ անսահմանութեան կապոյտին բազմերանգ զանազանութիւնները ներկայացնող մթնշաղներու մէջ ծփուն միտքս կամ ծփալու համար ստեղծուած միտքս, տկարացած՝ աշխարհի կաղերուն լոյսին կ՚իջնէ արդեօք յամրաբար...»։

Ու այս բոլոր մտածումներուն մէջ կորսուած, կ՚որոշէ հետեւեալ ձեւով որակել իր կեանքը.- «կեանքս արթիսթիք, հասարակ, տխուր ու ապուշ է միանգամայն»:

Ժամանակակիցները Տիրան Չրաքեանը ճանչցան որպէս հանճար՝ սակայն միաժամանակ որպէս խենթ:

Տիրան Չրաքեանի գրական գործունէութիւնը այնքան ճոխ ու հարուստ չէ, սակայն անոր մասին լուրջ ուսումնասիրութիւն մը հսկայ հատորներ կրնայ ստեղծել: Ցաւ ի սիրտ, այսօր Հայաստանի տարածքին անոր մասին գրեթէ գիտցողները քիչ են՝ մանաւանդ երիտասարդութեան մօտ. գուցէ պատճառը այն է, որ Չրաքեան հասկնալի չէ այնպէս, ինչպէս Պարոնեանն ու Օտեանը. Չրաքեանի գրական գործերը կարելի է գրական նոր ճիւղ մը նկատել՝ խոր ու փիլիսոփայական, խենթ ու տարօրինակ:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -284-

Պատանի եղած ժամանակ կարծեմ երկու գիրք կայ, որ ամբողջութեամբ չկրցայ ընթերցել՝ որովհետեւ այդ տարիքին այդ բոլորը հասկնալը քիչ մը դժուար էր. անոնցմէ առաջինը Յակոբ Օշականի «Մնացորդաց» գիրքն է, իսկ միւսը Տիրան Չրաքեանի «Ներաշխարհ»ը: Գիրք մը՝ որուն մէջ «վարագոյրերուն ծալքերը տարտամօրէն կը ծփան», «մեռած շնագայլին ականջներն իր ընկերներուն հաջիւնը կը լսեն ճարճատող ճիւղերուն վայրի հեծիւնին մէջ»: Աւելի քան ութ էջ նկարագրութիւն մը՝ միայն սենեակի իրերուն մասին, որոնք յանկարծ կը քարանան, յանկարծ յարութիւն կ՚առնեն:

Պատանի տարիքին կարդացուելիք գիրք մը չէր պարզապէս:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յուլիս 7, 2023