ԵՐԱԶՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ…
Երազը մարդկային կեանքին եւ մանաւանդ հոգեկան աշխարհին անբաժան մէկ երեւոյթն է։ Մասնագէտներ կ՚ըսեն, թէ երազները չեն յիշեր մարդիկ, անշուշտ որ անոնք վաւերացուած փորձերու հետեւանքով է որ այդպիսի եզրակացութեան մը կը յանգին։ Բայց սա իրականութիւն մըն է, թէ երազները մեծ մասամբ կը տպաւորեն մարդկային կեանքը, կ՚ազդեն անոնց ընթացքին վրայ, եւ այդ իսկ պատճառով կարեւոր տեղ մը կը գրաւեն մարդուս կեանքին մէջ։ Ոմանք երազներու միջոցով ընթացք կու տան իրենց կեանքին եւ կը տարուին երազներու ազդեցութեան հոսանքով։
Պատճառը եւ հետեւանքը ինչ որ ալ ըլլայ երազին, սա իրողութիւն մըն է, թէ երազը մանաւանդ հոգեկան եւ զգացական կեանքի մէջ դրական կամ ժխտական, կարեւոր դե՛ր մը կը խաղայ։ Մարդոց առօրեան, շատ անգամ կը ծրագրուի եւ կը ձեւաւորուի երազներու համեմատ։ Մէկ խօսքով, կեանքի մէջ, երազի իրողութիւնը, այս խորհրդաւոր երեւոյթը կը զբաղեցնէ մարդիկը, երբեմն մինչեւ իսկ չափազանցուած կերպով…։
Անշուշտ, հոս, երազի իրողութիւնը վերլուծելու յաւակնութիւնը պիտի չունենանք, բայց այս հետաքրքրական երեւոյթը պիտի ներկայացնենք, այս մասին ուսումնասիրութիւն կատարած Ադամ Քահանայ Մակարեանի բացատրութիւնները՝ «Գիտելիքներ հաւատացեալներու. Քրիստոնէութեան իսկութիւնը» շարքով։
Երազներու հոգեւոր բացատրութիւնը հետեւեալ ձեւով կու տայ Ադամ Քահանայ Մակարեան։
«Շատ մարդիկ երազներ տեսնելէ յետոյ առաւօտուն կ՚աճապարեն դիմելու երազահանի մը՝ երազ մեկնող գիրքի մը, որ յայտնի չէ թէ ուրկէ ձեռք է բերուած բովանդակած տեղեկութիւնները։ Եւ կամ իրենց երազը կը պատմեն ընտանիքի անդամներուն, բարեկամներուն կամ ընկերներուն՝ լսելու համար անոնց կարծիքը։
«Բացայայտելու համար երազի իսկութիւնը, նախ տեսնենք, թէ ի՛նչ է մարդկային քունը։
«Ըստ մեծանուն փիլիսոփայ Արիստոտէլի՝ ամէն կենդանի՝ ապրող արարած պէտք է քնանայ, որպէսզի արթնութեան ժամանակ կարենայ աշխատիլ՝ գործել։ Քունը նաեւ անոր համար է, որպէսզի երբեմն Աստուած կամ հրեշտակներ յայտնուին մարդուն, ինչպէս որ պատահեցաւ Յակոբի պարագային, երբ ան երազին մէջ տեսաւ սանդուխներով իջնող եւ բարձրացող հրեշտակները եւ բարձրացող սանդուխի վրայ՝ Տէր Աստուած (ԾՆՆԴ. ԻԸ 12-13)։
«Քունը օգտակար է նաեւ անոր համար, որպէսզի մարդիկ իմաստանան, ինչպէս որ Սողոմոնը, գիշերը քնացած ժամանակ երազի մէջ իմացաւ Աստուծոյ բարի խորհուրդները (Գ ԹԱԳ. Գ 5, 11-14)։
«Երազի մասին հոգեբաններ շատ աշխատութիւններ, ուսումնասիրութիւններ են կատարած եւ կարծիքներ յայտնած։ Սակայն տեսնենք, թէ ի՛նչ կ՚ըսեն աստուածային իմաստութեամբ լեցուած սուրբերը։ Ուստի, երազները չորս տեսակ են՝ բնական, փոփոխական, դիւական եւ տեսլական։
«Բնական երազը այն է, երբ մարդ իր մտահոգութիւններէն կամ օրուան աշխատանքէն, զբաղումներէն մնացած յիշողական պատկերներ կը տեսնէ։
«Փոփոխական երազը յառաջ կու գայ մարմնի տարրերուն որոշ փոփոխումներուն հետեւանքով։ Զոր օրինակ՝ երբ մարդու ջերմութիւնը բարձրանայ, մարդ այդ պատճառով երազներ, մղձաւանջներ՝ մտատանջութիւն եւ անդոհ, տագնապալի քունի պահեր կ՚ապրի եւ կը տեսնէ։
«Դիւական երազները կը գոյանան սատանայական, դիւային չար ուժերու ազդացութեամբ՝ մարդիկ մոլորութեան մատնելու համար։
«Իսկ տեսլական երազի ժամանակ Աստուած տեսիլքներով մարդուն որեւէ կարեւոր 367 Բան կը յայտնէ, ինչպէս որ ըսուած է.
«Տեսիլքով կ՚երեւիմ անոր եւ երազի մէջ կը խօսիմ անոր հետ։
«Երբ երազներու մասին կը խօսինք, պէտք է անպայման գիտնալ, որ մարդկային հոգին բաղկացած է երեք մասերէ՝ տնկական, զգացական եւ բանական։ Քանի տակաւին մարդ արթուն է, միտքը՝ բանական մասը առաջնորդ է, եւ միւս նշուածները կը սպասարկեն անոր։ Բայց երբ մարդ կը քնանայ, առաջնորդող կը դառնայ հոգիին տնկական մասը, որով կը կատարուի կերակուրի մարսումը եւ կարեւոր նիւթերու բաշխումը մարդկային ընդհանուր կազմութեան եւ անդամներուն։ Քունի ժամանակ հոգիին տնկական մասը կը գործէ, եւ այդ իսկ պատճառով ալ մարդը երբ կը քնանայ, չի խանգարուիր՝ չ՚ընդհատուիր կերակուրի մարսողութիւնը եւ անոր հետ կապակցութիւն ունեցող ուրիշ գործողութիւններ։
«Քունի ընթացքին արդէն տնկականը առաջնորդողը կը դառնայ, իսկ միտքը եւ զգացական մասը կը սպասաւորեն անոր։ Այս պատճառով ալ երազները երբեմն վերջին աստիճան խառնիճաղանճ եւ խառնաշփոթ, անիմա՛ստ կ՚ըլլան։
«Ընդհանրապէս կը յանձնարարուի՝ երազներուն այդքան ալ ուշադրութիւն չդարձնել, քանի որ անոնք այնքան ալ կարեւոր եւ յատկանշական երեւոյթներ չե՛ն։ Արդարեւ, Աստուածաշունչի մէջ՝ Սիրաքի իմաստութեան բաժնին, կ՚ըսուի.
«Ով որ կը հաւատայ երազներուն, ան կը նմանի մէկու մը, որ կը փորձէ բռնել շուքը եւ վազել հովի ետեւէն։ Ինչպէս պարապ է դէմքի մը անդրադարձը դէմքի դիմաց, այնպէս ալ՝ երազներ տեսնելը։ Ունայն են այն գուշակութիւնները, նշանները եւ երազները…։ Սիրտդ մի՜ տար անոնց, քանի որ շատերուն մոլորութիւն կը պատճառեն երազները, եւ անոնց վրայ յոյս դնողները կը խոտորեցնեն։ (ՍԻՐԱՔ ԼԱ 2-3, Ե 7)։
«Իսկ եթէ երազը Աստուծմէ է, ինչ որ շատ հազուադէպ կը պատահի, ապա այն յատուկ ձեւով կը կրկնուի շատ անգամներ, եւ այդպիսի երազ տեսնելէ յետոյ պէտք է անպայմա՛ն խորհրդակցիլ հոգեւորականի հետ՝ զայն դիւական երազներէ զանազանելու համար։ Այդ իսկ պատճառով երազահանները կարդալու փոխարէն, պէտք է կարդալ սուրբերու կեանքը եւ գործերը կամ Աստուածաշունչը, որոնցմէ անհամեմատ կերպով աւելի՛ մեծ օգտակարութիւն կարելի է ստանալ։
«Երազը երբեմն նման է նաեւ մեղքին՝ զոր օրինակ, եթէ մարդ քունի մէջ սպանութիւն կը տեսնէ, կը վախնայ, բայց երբ քնացած մարդուն մէկը իրականին մէջ կ՚ուզէ սպաննել, ապա անիկա, անտեղեակ եւ անգիտակից ըլլալուն՝ ո՛չ մէկ երկիւղ կը զգայ։
«Ճիշդ այդպէս ալ մեղաւոր մարդը մահէն կամ հետագային Աստուծոյ պատիժէն չի վախնար, սակայն կը վախնայ այս կենցաղի հետ կապուած տարբեր խնդիրներէ, պատահարներէ։
«Անոնց համար ալ մենք ճշմարիտը հասկնալով՝ մեր սրտին մէջ տեղ պատրաստեք Աստուծոյ համար, որպէսզի հետագային Աստուած ալ մեզի տեղ տայ Իր Երկնային Արքայութեան մէջ»։
Ահաւասիկ, այսպէս կը բացատրէ Ադամ Քահանայ Մակարեան երազի երեւոյթը։
Սակայն «երազ»ը կը մնայ մի՛շտ գաղտնիք մը, անծանօթ երեւոյթ մը, առեղծուա՛ծ մը մարդուս համար, ինչպէս բազմաթիւ հարցեր…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 31, 2017, Իսթանպուլ