ԱՌՏՆԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Քրիստոս ուզեց ծնիլ եւ մեծնալ Յովսէփի եւ Մարիամի Սուրբ Ընտանիքին ծոցին մէջ։ Արդարեւ, Եկեղեցին ալ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ «Աստուծոյ ընտանիքը»։

Յաճախ իրենց «ամբողջ ընտանիքով» հաւատացեալ դարձած մարդիկը սկիզբէն իսկ Եկեղեցւոյ կորիզը կազմեցին։ Անոնք երբ դարձի կու գային, կը բաղձային, որ նաեւ «իրենց ամբողջ ընտանիքը» փրկուէր։ Հաւատացեալ դարձած այս ընտանիքները «անհաւատ աշխարհ»ի մը մէջ քրիստոնեայ կեանքին «կղզեակ»ներն էին։

Մերօրեայ աշխարհի մէջ՝ որ հաւատքի նկատմամբ յաճախ օտար եւ մինչեւ իսկ «թշնամական» տեսարան մը կը կազմէ, հաւատացեալ եւ հաւատաւոր ընտանիքները առաջնահերթ կարեւորութիւն ունին իբրեւ կենդանի եւ ճառագայթող հաւատքի օճախներ։ Այս իսկ պատճառով է, որ ընտանիքը աւանդաբար կոչուած է «առտնին Եկեղեցի»։ Եւ այս ընտանիքին մէջն է, որ ծնողներ «խօսքով եւ օրինակով» կը հանդիսանան իրենց զաւակներուն հաւատքին առաջին բամբերները յօգուտ իւրաքանչիւրին սեփական կոչումին եւ յատկապէ՛ս եկեղեցական՝ հոգեւոր բարձր կոչումին։ Եւ կ՚ըսուի, որ հոգեւորական կոչումներ կը յայտնուին ընդհանրապէս հաւատացեալ եւ խաղաղ ընտանիքներու մէջ։

Եւ ահաւասիկ, հո՛ս է, որ ընտանիքին հօր եւ մօր, անոնց զաւակներուն եւ ընտանիքին բոլոր անդամներուն «մկրտական քահանայութիւն»ը առանձնաշնորհեալ կերպով կը կիրարկուին, շնորհիւ «սուրբ խորհուրդներուն ընդունելութեան, աղօթքին եւ գոհաբանութեան, սուրբ կեանքի վկայութեան, զոհողութեան, անձնուրացութեան եւ գործօն անկեղծ սիրոյ»։

Արդարեւ, ընտանեկան օճախը կը հանդիսանայ քրիստոնեայ կեանքին առաջի՛ն դպրոցը եւ «մարդկային ճոխացումի եւ զարգացման կրթարան»ը։ Հո՛ս է, որ մարդ կը սորվի աշխատանքի մէջ չարքաշութիւնը, յարատեւութիւնը եւ ուրախութիւնը. եղբայրական անկեղծ սէրը, ներողամտութիւնը եւ երկայնամտութիւնը, լայնախոհութիւնը եւ հանդուրժողութիւնը, նոյնիսկ քանի մը անգամ կրկնուած վեհանձն ներումը եւ մանաւանդ աղօթքով եւ կեանքի նուիրումով կատարուած աստուածային պաշտամունքը։

Հարկ է նաեւ մտաբերել կարգ մը անձեր՝ որոնք կեանքի որոշ պայմաններուն մէջ եւ յաճախ ակամայ, ապրելու պարտաւորուած ըլլալով, յատկապէս մօտիկ են Յիսուսի սրտին եւ արժանի՝ Եկեղեցւոյ եւ մանաւանդ հովիւներուն սիրոյն եւ համակրութեան, եւ փութկոտ հոգածութեան. անոնք մեծ թիւով «ամուրի»ներ են։

Այդ ամուրիներէն շատեր «մարդկային ընտանիքէ զուրկ» կը մնան յաճախ աղքատութեան պատճառով։ Կան որ ալ իրենց այս վիճակը երանութիւններու հոգիով կ՚ապրին։ Անոնք այս երանութիւնները կը վայելեն, ծառայելով Աստուծոյ եւ մերձաւորին օրինակելի կերպով։ Անոնց բոլորին հա՛րկ է բանալ դռները ընտանիքներուն՝ «առտնին Եկեղեցիներ»ուն կամ, եւ միւս մեծ ընտանիքին, որ է Եկեղեցի՛ն։ Աւետարանը կը վկայէ ըսելով.

«Ինծի՛ եկէք դուք բոլորդ. յոգնածներ եւ բեռնաւորուածներ, եւ ես հանգիստ պիտի տամ ձեզի։ Ձեր վրայ առէք իմ լուծս եւ ինձմէ սորվեցէք, քանի որ հեզ եմ եւ սրտով խոնարհ, եւ դուք ձեր հոգեկան հանգստութիւնը պիտի գտնէք։ Քանի որ իմ լուծս դիւրաւ տանելի է եւ բեռս՝ թեթեւ», (ՄԱՏԹ. ԺԱ 28-30)։

Այս կը նշանակէ, թէ այս աշխարհի վրայ ո՛չ ոք առանց ընտանիքի է։ Եկեղեցին տո՛ւնն եւ ընտանիքն է բոլորի՛ն, առանց խտրութեան, եւ յատկապէս անոնց՝ որ յոգնած՝ կը հեծեն բեռին ծանրութեան տակ, որ կեանքը բեռնաւորած է անոնց ուսերուն վրայ։

Եփեսացիներու ուղղեալ գրած իր նամակին մէջ Պօղոս առաքեալ սապէս կ՚ըսէ.

«Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները այնպէս՝ ինչպէս Քրիստոս սիրեց Եկեղեցին եւ իր կեանքը տուաւ անոր համար, որպէսզի ջուրի լուացումով զայն մաքրէ եւ իր խօսքով սրբէ…», (ԵՓԵՍ. Ե 25-26), եւ կ՚եզրակացնէ, ըսելով. «Մեծ է այս խորհուրդը՝ որ Աստուծոյ ծրագրին կապուած կարեւոր ճշմարտութիւն մըն է, որ ըստ իս՝ Քրիստոսի եւ Եկեղեցիին կը վերաբերի», (ԵՓԵՍ. Ե 32)։

Ուստի ամուսնութեան խորհուրդը՝ որուն միջոցով կը կազմուի սուրբ ընտանիքը, կը նշանակէ միութիւնը Քրիստոսի եւ Եկեղեցւոյ։ Ան, ամուսիններուն՝ այր-մարդուն եւ կին-մարդուն կու տայ շնորհքը զիրար սիրելու այն սիրով, որ Քրիստոս սիրեց Իր Եկեղեցին։ Խորհուրդին շնորհքը այսպէս կը կատարելագործէ ամուսիններուն մարդկային անկեղծ սէրը, կ՚ամրացնէ անոնց անքակտելի միութիւնը եւ զանոնք կը սրբացնէ յաւիտենական կեանքի ճանապարհին վրայ։ Ամուսնութիւնը կը հիմնուի զայն կնքողներուն հաւանութեան վրայ, այսինքն իրենք զիրենք փոխադարձաբար եւ վերջնականապէս իրարու ընծայելու կամքին վրայ. հաւատարիմ եւ բեղուն սիրոյ ուխտ մը ապրելու նպատակով։

Եւ քանի որ ընտանիքը «առտնին Եկեղեցի» մըն է, անիկա պէտք է հիմնուած ըլլայ՝ հանդուրժողութեան, հաւատարմութեան, ուրախութեան եւ սիրո՛յ վրայ։ Քանի որ ամուսնութիւնը կողակիցներու անձը Եկեղեցւոյ մէջ կը հաստատէ հրապարակային կեանքի մը վիճակին մէջ, պատշաճ է, որ անոր հանդիսակատարումը ըլլայ հրապարակային, ծիսական հանդիսակատարումի մը ծիրին մէջ, քահանային ներկայութեան, Պսակի  վկաներուն, հաւատացեալներուն համախումբով։

Քրիստոնեայ օճախը՝ սուրբ ընտանիքը այն վայրն է՝ ուր զաւակները կ՚ընդունին առաջին ծանօթացումը հաւատքին։ Ահա, թէ ինչո՛ւ ընտանեկան տունը կոչուած է իրաւամբ «առտնին Եկեղեցի», հասարակութիւն շնորհքի եւ աղօթքի, դպրոց՝ մարդկային առաքինութիւններուն եւ քրիստոնեայ ճշմարիտ սիրոյն։

Պահե՛նք ընտանիքի սրբութիւնը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 30, 2018, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 7, 2018