ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

«Ես շատ չեմ մտահոգուիր, եթէ գիտնամ, թէ ձախողած էք ձեր կեանքին մէջ. սակայն չափազանց շատ կը մտահոգուիմ, եթէ գիտնամ, թէ դուք անհոգ եւ անտարբեր էք ձեր ձախողանքին մասին», կ՚ըսէ Abraham Lincoln։

Արդարեւ, ինչպէս յաճախ կը կրկնենք, անհոգութիւնը եւ անտարբերութիւնը մարդկային կեանքի մէջ ամէն վատ իրողութիւններէ աւելի՛ կործանիչ եւ աւելի՛ քայքայիչ դեր մը կը խաղայ։ Ուստի շատ մը աննպաստ արդիւնքներ մասամբ կարելի է սրբագրել կամ դարմանել, բայց անհոգութեան եւ անտարբերութեան պատճառած որեւէ հետեւանք կարելի չէ՛ հատուցանել, քանի որ անոնք բոլորովին բացասական վիճակներ են։

Ուրեմն հետաքրքրութիւնը, եւ անոր հետեւանք հոգածութիւնը անհրաժեշտ է կեանքի մէջ յաջողութեան համար։ Հետաքրքրութիւնը մեծ բաժին ունի մանուկներու, ինչպէս նաեւ հասուն տարիքով մարդոց աճման, յառաջդիմութեան եւ կատարելագործման մէջ։ Կեանքի մէջ, ամէն շրջանի, պէտք է վարուիլ ողջամտութեամբ, բանականութեամբ եւ արարքներու իմաստին եւ նպատակին թափանցելով։ Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ անհոգութեամբ, անտարբերութեամբ՝ առանց հետաքրքրութեան կատարուած որեւէ գործ յաջողութեամբ չի՛ պսակուիր, անկատար կը մնայ եւ ձախողութեամբ կը վերջանայ։

Այս իմաստով, որեւէ բան դիւրին սորվելու համար անհրաժե՛շտ է հետաքրքրութիւնը, ինչպէս դիւրութեամբ գործելու համար՝ հոգածութիւնը։ Ուստի ստիպմամբ, ճնշման տակ սորվեցնելու մանուկը չհետաքրքրող դասեր կամ գործեր, նիւթեր ակնկալուած արդիւնքը չի տար։ Հետաքրքրութենէ զուրկ որեւէ նիւթ՝ ենթակային կամքը կամ դատողութիւնը չի զօրացներ, եւ ընդհակառակը նիւթին հանդէպ հակակրութեան մը ստեղծման պատճառ կ՚ըլլայ։

Փէսթալոցիի, Ֆրոպէլի եւ Տիուի համաձայն, մանուկը պէտք է հայթայթել իր միտքին մէջ հետաքրքրութիւնը աւելցնող, եւ անոր կոչում ներկայացնող առիթներ ու պատեհութիւններ, ինչպէս՝ ընդարձակ փորձառութիւններ, ինքնարտայայտութեան միջոցներ եւ քաջալերել անոր մէջի ինքնայատուկ եւ ճշմարիտ հետաքրքրութիւնները։ Մասնագէտ մանկավարժներ եւ հոգեբաններ կ՚ըսեն, թէ «միայն հանճարեղ մանուկներ օժտուած պէտք չէ կարծել կարողութիւններով»։ Ամէն մանուկ ունի իր մէջ թաքուն պահուած եւ ընդհանրապէս անյայտ կարողութիւններ։

Ուստի, այս ուղղութեամբ, ծնողներ եւ դաստիարակներ պարտին ջանասէր ըլլալ այն մասին եւ աշխատին երեւան բերել մանուկին թաքուն կարողութիւնները։

Այս կէտին կարեւոր է զգացումներու եւ յոյզերու մշակումը։ Արդարեւ հին Աթէնքի մէջ շեշտը կը դրուէր իմացականութեան վրայ (Homo Sapiens)։ Սակայն այսօր, արդի հոգեբաններ նոյնքան եւ աւելի կարեւորութիւն կու տան զգացումներու եւ յոյզերու մշակման (Emotions)։ Ինչպէս վնասակար յոյզեր՝ բարկութիւն, նախանձ, ջղագրգռութիւն, կը վնասեն մարդուս առողջութեան, նոյնպէս ալ հաճոյալի յոյզեր՝ զուարթութիւն, սէր, եւ այլն, կը նպաստեն մարդուն։ Սէրը, իր ամենէն նրբացած վիճակին մէջ «օրհութիւն» մը կրնայ դառնալ թէ՛ անհատին եւ թէ ընկերութեան համար։ Ուստի պէտք է ազնուացնել մեր բոլոր յոյզերը, ինչպէս սիրոյ զգացումը եւ նուիրել բարձր իտէալներու եւ մարդասիրական, բարեգործական նպատակներու։ Քանի որ յոյզերը մեծ եւ կարեւոր դեր կը կատարեն մարդուս առողջութեան եւ երջանկութեան նկատմամբ, ուստի հարկ է, որ ծնողներ զսպեն իրենց յոռի զգացումները, քանի որ անոնք խիստ փոխանցիկ են եւ կ՚ազդեն դեռահաս մանուկին վրայ։ Այս մասին եւս ծանր եւ լուրջ պարտականութիւն եւ պատասխանտուութիւն կը վերաբերի ծնողներուն, քանի որ ապագայ սերունդը ծնողներուն խնամքին կը կարօտի եւ որոնցմէ կախում ունի երջանիկ կամ դժբախտ սերունդ մը ըլլալը։ Մէկ խօսքով՝ ապագան ծնողներու ձեռքերուն մէջ է…։

Որքան հետաքրքրութիւնը, նո՛յնքան շարժառիթներն ալ (motives) մեծ դեր կը կատարեն մանուկին եւ հասուն մարդուն աճման եւ յառաջդիմութեան մէջ։

Շարժառիթը կեանքի զսպանակն է եւ մարդս կը մղէ, կը խթանէ եւ կը դրդէ մինչեւ որ գոհացում գտնէ։ Արդարեւ շարժառիթները մեծ ուժ եւ կարեւոր գործիքներ կը ներկայացնեն ծնողներու եւ ուսուցիչներու ձեռքը։ Շարժառիթները մոգական ուժ մը ունին։ Երջանիկ է այն անձը, որուն ծնողները եւ դաստիարակները մանկութեան օրրանէ սկսեալ հոգ տարած են ուղղութիւն տալու անոր անտաշ շարժառիթներուն եւ ստեղծելու անոր հոգիին լարերէն մեղմ եւ հմայիչ համերգ մը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 17, 2019, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 7, 2019