ՆԵՐՈՂԱՄՏՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԷՔԸ

«Եթէ եղբայրդ քեզի դէմ մեղանչէ, գնայ յանդիմանէ զայն, երբ որ երկուքդ առանձին էք։ Եթէ մտիկ ընէ քեզի՝ եղբայր շահած կ՚ըլլաս։ Իսկ եթէ մտիկ չընէ քեզի՝ հետդ մէկ կամ երկու հոգի եւս առ, որպսէզի -երկու կամ երեք վկաներու բերնով հաստատուի ամէն ամբաստանութիւն-։ Իսկ եթէ անոնց ալ մտիկ չընէ՝ բոլոր հաւատացեալներուն ներկայութեան ըսէ, եւ եթէ անոնց ալ մտիկ չընէ՝ զինք նկատէ հեթանոս մը եւ կամ մաքսաւոր մը» (ՄԱՏԹ. ԺԸ 15-17)։

Ներելու եւ ներուելու հարցը մարդուս թէ՛ բարոյական եւ թէ՛ ընկերային կեանքին հիմնական հարցերէն մէկն է։ Եւ այս իմաստով մարդուս միտքը յաճախ զբաղեցնող խնդիր մըն է։

Արդարեւ, ներողամտութիւնը, մարդուս ներաշխարհին խաղաղութեանը եւ ընկերային կեանքի մէջ փոխյարաբերութիւններու ներդաշնակութեանը համար կարեւոր եւ անհրաժե՛շտ պայման մը, առաքինութիւն մըն է։

Արդարեւ, ներողամտութիւնը ներքին եւ արտաքին կեանքի երջանկութեան ազդակներէն մին եւ նոյնիսկ առաջնակարգն է։

Բայց պէտք է ընդունիլ, որ ներողամտութիւնն ալ իր կարգին չափ մը եւ սահման մը ունի, եւ պէտք է զայն գործածել զգուշութեամբ եւ չափաւորութեամբ։ Եւ ինչպէս ամէն մարզի մէջ, ներողամտութեան մէջ ալ, թէ՛ ներողին եւ թէ՛ ներուողին անկեղծութիւնը անհրաժեշտ պայմա՛ն է. հոն ուր անկեղծութիւն չկայ, ներումը որեւէ արժէք չի՛ ներկայացներ, այլ միայն ձեւականութիւն մը, ինքնախաբէութիւն մը ըլլալով կը մնայ։

Արդարեւ, մէկը ներելու համար, պէտք է որ յանցաւորը անդրադառնայ իր սխալին եւ ընդունի իր յանցանքը, խոստովանի եւ ներողութիւն խնդրէ։ Իսկ եթէ յանցաւորը չէ անդարդարձած իր սխալին, պէտք է խոստովանութեան եւ ընդունելու հրաւիրուի, ներողութիւն խնդրելու պարտադրուի եւ յետոյ ներուի։ Ուստի, վերոյիշեալ աւետարանական պատգամն ալ ա՛յս է որ կը պատուիրէ։

Պէտք է լա՛ւ գիտնալ ներելու պայմանները, որպէսզի ներումը արդիւնաւոր եւ նպատակայարմար ըլլայ։ Եթէ մարդ լրջօրէն ինքզինք քննելու ըլլայ, պիտի տեսնէ, թէ «կը ներեմ» յայտարարութեան մէջ շատ անգամ ուղիղ եւ անկեղծ չէ, եւ «կը ներեմ» ըսելով կը ջանայ թէ՛ Աստուած եւ թէ՛ ինքզինք խաբել։ Եւ երբեմն ալ ներուող յանցաւորը կրնայ ներումի արժանի չըլլալ։

Արդարեւ, մարդ պէտք է կատարէ իր բաժինը ներելով եւ մնացածը Աստուծոյ պէտք է ձգէ։

«Այն ատեն Պետրոս մօտեցաւ Յիսուսի եւ հարցուց.- Տէ՛ր, քանի՞ անգամ եթէ եղբայրս մեղանչէ ինծի դէմ՝ պէտք է ներեմ իրեն. մինչեւ եօ՞թը անգամ։

«Յիսուս պատասխանեց.- Ոչ թէ եօթը անգամ, այլ եօթանասուն անգամ եօթը», (ՄԱՏԹ. ԺԸ 21-22)։

Արդարեւ, մարդ, իրաւացիօրէն կրնայ խորհիլ, թէ Աւետարանի այս հատուածին եւ վերոյիշեալ (ՄԱՏԹ. ԺԸ 15-17) հատուածին մէջ հակասութիւն մը կայ։

Ուստի, երբ մէկուն մէջ յանցանքը չընդունողը եթէ յամառի իր սխալին վրայ, որոշ հանգրուաններէ յետոյ, կարելի է զայն «օտար» մը համարել. իսկ երկրորդ հատուածին մէջ կը պատուիրուի «եօթանասուն անգամ եօթը» թիւով մը ներել՝ ինչ որ կը համապատասխանէ անհունօրէն ներելու։

Օրէնք մը ամբողջ մըն է իր բոլոր հատուածներով. օրէնքի մը հատուածները կարելի չէ իրարմէ անջատաբար մեկնաբանել, հասկնալ եւ գործադրել. իւրաքանչիւր հատուած պէտք է մեկնաբանուի օրէնքին ամբողջութեանը մէջ՝ իր նախորդ եւ յաջորդ հատուածները նկատի ունենալով։ Ինչպէս եւ գիրք մը իր ամբողջ պարունակութեամբ կարդալու է զայն հասկնալու համար, այլապէս միայն հատուած մը կարդալով կարելի չէ գիրքին բովանդակութեան տիրանալ, անոր գաղափարը հասկնալ։

Եւ այս իրողութեամբ, Աւետարանն ալ ամբողջ մըն է, եւ միայն հատուած մը անջատաբար կարդալով անոր ընդհանուր գաղափարը հասկնալ կարելի չ՚ըլլար, սխալ ըմբռնումներու պատճառ կ՚ըլլայ։ Ուրեմն վերոյիշեալ հատուածներէն կը հասկցուի, որ ներելու համար, յանցաւորը իր սխալին անդրադառնայ՝ ընդունի եւ զղջայ, ներողութիւն խնդրէ։ Մինչ կարելի է յանցաւորը զգուշացնել եւ զղջումի հրաւիրել, բայց եթէ չզղջայ եւ յամառի իր սխալին վրայ, այլապէս ներում խնդրոյ առարկայ չ՚ըլլար։ Իսկ եթէ զղջայ, այն ատեն պէտք է զայն ներել՝ ամէն անգամ որ իր անկեղծ զղջումը կը յայտնէ՝ «եօթանասուն անգամ եօթը», այսինքն՝ մինչեւ վերջ։

Արդարեւ, «ներում»ը դեղահատի կը նմանի՝ եթէ այն չափաւոր օգտագործուի դարմա՛ն կ՚ըլլայ, իսկ չափազանց օգտագործումը՝ ո՛չ թէ օգուտ, այլ վնաս կը պատճառէ։ Եւ ուրեմն «ներում»ը պէտք է չափաւոր եւ նպատակայարմար գործադրուի։ Այլապէս, ամէն «կեղծ զղջում»ի ներումը մարդս աւելի՛ եւս յանցանքի կը մղէ, ըսելով թէ՝ յանցանք կը գործեմ, զղջում կը յայտնեմ, կը ներուիմ եւ դարձեալ կը շարունակեմ յանցանք գործել։ Եւ ասիկա աւելի եւս «աններելի յանցանք»ի պատճառ կը դառնայ։

Եզրակացնելով՝ արդար եւ նպատակայարմար ներումի մը համար անկեղծ կերպով ներողութիւն խնդրելը անհրաժեշտ պայմա՛ն մըն է։

«Խոստովանիլ» բառին արմատը «խոստ» բառն է, որ պարսկերէնէ առնուած է։ Միեւնոյն ատեն «խոստ» բառը արմատն է նաեւ «խոստանալ» բառին։ Խոստանալով, մարդ նաեւ «կը խոստանայ»՝ որ դարձեալ նոյն յանցանքը պիտի չգործէ, պիտի չկրկնէ, եթէ ո՛չ՝ միայն խոստովանիլը իմաստ մը չ՚ունենար. «խոստովանութիւն» չի սեպուիր եւ հետեւաբար իր յանցանքը չի՛ ներուիր։

Եւ ո՜րքան կարեւոր է, որ Տէրունական աղօթքը կատարելէ առաջ, երբ մեր միտքը գայ, որ մեր եղբօր հետ հաշտուելիք բան մը ունինք, այսինքն՝ անկէ ներողութիւն խնդրելու պարագայ մը ունինք… ահաւասիկ այն ատեն անկեղծ եւ ընդունելի պիտի ըլլայ մեր աղօթքը՝ մեր «Հայր մեր…»ը։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 28, 2020, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Օգոստոս 7, 2020