ԱՆԱՐԺԱՆ ԱՐԺԱՆԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԱՐԺԱՆԻՔԸ

Երեքշաբթի, 7 մարտ 1967 թուականին վիպագիր ու հրապարակախօս Շահան Շահնուր Փարիզէն գրադատ Գրիգոր Շահինեանին կը գրէր նամակ մը, որուն մէջ ուշադրութիւնս կը գրաւէր հետեւեալ տողերը. «Առանց նոյնիսկ կողքի մերկացումին, ես պիտի գուշակէի թէ դուք ընդգրկած էք ուսուցչական ասպարէզը»։ Շահնուր առանց մօտէն ճանչնալու Գրիգոր Շահինեանը կը հետեւցնէր, թէ ան պէտք է ընդգրկուած ըլլայ ուսուցչական ասպարէզին մէջ:

Վերոյիշեալ տողերը մտածել տուին իրողութեան մը մասին, որ մինչեւ մօտիկ անցեալ մեր ազգի դժբախտ գոյութեան մէջ առկայ էր, սակայն ժամանակից իրականութեան մէջ՝ երազ ու ցնորք:

Շահնուրի տողերը կը յանգին այն եզրակացութեան, որ անձի մը արժանիքը որպէս չափանիշ ընդունելով պէտք է ճի՛շդ մարդը ըլլար ճի՛շդ տեղը եւ իրեն համար Շահինեան ուրիշ բան չէր կրնար ըլլալ, եթէ՛ ոչ հայ լեզուի մշակ, ուսուցիչ ու սերունդներու դաստիարակ:

Այնպէս չէ՛, որ անցեալին կատարելապէս մեր արժեչափերը հիմնած էինք արժանիքներու վրայ, սակայն համեմատած ներկային, տակաւին տանելի էր՝ քան այսօր: Այսօր արժանիքի դերը ստանձնած է վերջին յիսնամեակին ստեղծուած ԽԾԲ կուսակցութիւնը - ԽՆԱՄԻ, ԾԱՆՕԹ, ԲԱՐԵԿԱՄ... Ուսուցիչ ըլլա՞լ կ՚ուզէք. արժանիքը կարեւոր չէ՛, նոյնիսկ եթէ ի վերուստ ուսուցչութեան շնորհքով օծուած ըլլաք. ունի՞ք խնամի, ծանօթ կամ բարեկամ, որ մեր հայկական իրականութեան մէջ «մեծ» պաշտօնի վրայ է. ապա կրնաք իրագործել ձեր երազն ու կեանքի կոչել ձեր շնորհքը: Այլապէս ո՞վ գիտէ ինչ ըսել է արժանիք. արժանիք կ՚ունենաս ա՛յն ատեն, երբ անարժանաւորներու կողմէ արժանի դասուիս:

Ու ԽԾԲ-ի անդամակցելով այսօր որքա՜ն շատ են մեր շուրջ անարժան արժանաւորները, որոնք դարձած են ուսուցիչներ, խմբագիրներ, ազգային «գործիչ»ներ, թաղականներ, ազգային ժողովի անդամներ, դպրոցի տնօրէններ ու ազգի առաջադէմ «ղեկավար»ներ:

Դար մը առաջ, Յակոբ Պարոնեան իր «Խիկար»ին մէջ լեզու տալով Անկեղծութեան, Արժանիքին ու Մարդասիրութեան, երեքի միջեւ կը ստեղծէ երկխօսութիւն մը: Արժանիքը կ՚արտայայտուի.- «Ստինքները կաթով լի ստնտու մը՝ որ տգեղ է՝ յարմար չդատուիր մեծատան մը նորածին տղուն կաթ ջամբել։ Կաթին մէջ ջուր խառնած է եղեր։ Տան բժիշկը՝ որ ծանօթ է մեծատան ճաշակին՝ ընտիր եւ առաջին կարգի կաթ կը գտնէ գեղեցիկ եւ պչրող ստնտուի մը ստեանց մէջ, որք բնաւ կաթ չունին։ Կաթի կարօտ են եւ գեղեցկութիւն կը փնտռեն»: Ի՞նչն է էականը. մանուկին կա՞թ ջամբելը, թէ ստնտուի մը ստինքներուն գեղեցկութիւնը՝ որ երբեք օգուտ մը չունի մանուկին:

Այսօր մեր հայ իրականութիւնը նո՛յն իրավիճակին մէջ է. կ՚ահազանգենք, թէ կը նահանջէ մամուլը. կը «ցաւինք», թէ տխուր է հայ մամուլին իրավիճակը, դժբախտ՝ անոր ապագան, սակայն որպէս խմբագիր կը նշանակենք անձ մը՝ որ ո՛չ հայկականութեան եւ ո՛չ հայ մշակոյթի մասին մտապատկեր մը ունի: Կ՚ափսոսանք, որ եկեղեցին ունի ցաւալի վիճակ, սակայն անոր գլուխ կը կարգենք հաւանօրէն «Հայր մեր»ը չգիտցող անհատներ: Գաղութի նօսրացման վտանգը մեր սիրտերը կ՚արիւնէ ամէ՛ն օր, բայց մենք անոր առաջնորդութիւնը կը յանձնենք ազգային արժէքներէ զուրկ անհատներու: Եւ գրեթէ՛ ամէն բան այսպէս կ՚արժեթափուի:

Կը նահանջէ արժանիքը. կրնայ ըլլալ ես քեզ չսիրեմ, սակայն եթէ դուն իրապէս լաւ յօդուածագիր, լաւ ուսուցիչ, լաւ ղեկավար ու արժանի մշակ ես, իրաւունք չունիմ անարժէք նկատել արժանիքներդ՝ լոկ այն պատճառով, որ սիրելի անձ մը չես ինծի համար: Եթէ դուն անձ մըն ես՝ որ տնօրէն դառնալով կրնաս հայ աշակերտութիւնը մղել դէպի հայրենասիրութիւն, սակայն չես պատկանի՛ր իմ կուսակցութեանս, այդ չի՛ նշանակեր որ դուն լա՛ւ տնօրէն մը չես: Պէ՛տք է լաւապէս հասկնալ, որ արժանիքը ո՛չ հասակով, ո՛չ գոյնով, ո՛չ պատկանելիութեամբ եւ ո՛չ ալ տոհմածառով կը չափուի: Անոր միա՛կ արժեչափը տարուած գործն ու աշխատանքն է:

Արժեչափերու այս խանգարումին համար է, որ այսօր մարդիկ փոխանակ իրենց գործերով առջեւ երթալու, «մեծ» մարդոց ծանօթանալու մարմաջէն կը տառապին, որովհետեւ գիտե՛ն, թէ ԽԾԲ-ն աւելի կը «բարձրացնէ» զիրենք՝ քան տարուած գործն ու աշխատանքը:

Մաղթանքս է, որ օր մը ԽԾԲ-ի դրութենէն անցնիք դարձեալ ԱՇԿ-ի արժեչափերուն (արժանիք, շնորհք եւ կարողութիւն): Իսկ եթէ շարունակենք մնալ նոյն հաստատուած ԽԾԲ-ական կանոններուն վրայ, չզարմանանք, թէ ինչո՞ւ համար կը նահանջէ մեր մէջ ամէ՛ն բան:

Ու տակաւին շա՜տ պիտի նահանջէ, որովհետեւ ճիշդ մարդը՝ ճիշդ տեղը չէ:

Ինչեւիցէ... ապրի՜ ԽԾԲ-ն:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ՇԻՐՎԱՆԶԱՏԷ
(1858-1935)

Մեր թուականէն 86 տարիներ առաջ՝ 7 օգոստոս 1935 թուականին մահացած է գրող, արձակագիր եւ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Ալեքսանտր Շիրվանզատէ (բուն անունով՝ Ալեքսանտր Մովսիսեան):

Շիրվանզատէ ծնած է 18 ապրիլ 1858 թուականին՝ Շամախի մէջ: Ուսումը չէ ամբողջացուցած եւ ընտանիքին նիւթապէս օգնելու նպատակով փոքր տարիքէն սկսած է աշխատիլ: Երկար ժամանակ աշխատած է Նահանգներու վարչութեան ատեաններուն մէջ, քարիւղային ընկերութիւններու եւ զանազան այլ կազմակերպութիւններու մէջ որպէս հաշուապահ եւ գրագիր:

Միջոցին թղթակցած է հայկական եւ ռուսական մամուլներու հետ, գրելով տնտեսական հարցերու, ինչպէս նաեւ բանուորներու իրավիճակին մասին: Որպէս գրական գործ առաջին անգամ 1883 թուականին «Մշակ»ի մէջ հրատարակած է «Հրդեհ նաւթագործարանում» պատմուածքը: 1884 թուականին «Արձագանգ» շաբաթաթերթին մէջ լոյս տեսած է գրողի «Խնամատար» վիպակը: Տարի մը ետք լոյս տեսած է անոր ամենայայտնի վէպերէն՝ «Նամուս»ը:

Շիրվանզատէ 1895-1896 թուականներուն իր գրութիւններով պաշտպանած է Հայկական հարցը, որուն համար ռուսական կառավարութեան կողմէ ձերբակալուելով ղրկուած է Մենեխի բանտ, որուն որպէս արդիւնք գրած է «Քաոս» վէպը: 1898 թուականին աքսորուած է Օտեսա, ուր դարձեալ շարունակած է գրել: Իր վրայ խոր ազդեցութիւն գործած է Համաշխարհային Ա. պատերազմը, որուն մասին բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ եւ յօդուածներ գրած է:

Արձակագիրը 1905-1910 թուականներուն ապրած է Փարիզ:

Շիրվանտազէի «Նամուս»ը, «Քաոս»ը, «Չար ոգի» եւ «Պատուի համար» գործերը վերածուած են ժապաւէնի, ինչպէս նաեւ թատրերգութեան:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթ, Օգոստոս 7, 2021