«ՆԱԽ ՎՆԱՍ ՄԻ՛ ՊԱՏՃԱՌԵՐ»
«Primum non nocere». Hippocrates։ Բժշկութեան առաջին եւ կարեւոր սկզբունքն է՝ նախ վնաս չպատճառել։ Ուստի, Hippocratesի աշակերտ եւ հետեւող ամէն բժիշկ գիտէ եւ կը կիրարկէ, կը գործադրէ այս հիմնական սկզբունքը։ Արդարեւ, դարմանումի մը առաջին քայլն է «վնաս չպատճառել» հիւանդին։ Եւ ասիկա կ՚ենթադրէ չափաւորութիւն եւ հաւասարակշռութիւն դարմանումի ընթացքին։ Չէ՞ որ կարեւորը՝ դեղին ո՛չ թէ քանակը, այլ որակն է. «Pauca, sed bona». քիչ բայց լա՛ւ։
Չափաւորութիւնը եւ հաւասարակշռութիւնը՝ առաքինութիւններ են, որոնք նպատակի մը հասնելու լաւագոյն եւ օգտաշատ միջոցներն են ամէն մարզի մէջ։
Երբ նիւթը բժշկութիւն եւ դարմանում է, անգամ մըն ալ դիտել փորձենք անոնք հոգեւոր տեսանկիւնէ մը։
Նախ՝ մարդ դարմանումի միջոցը չէ, այլ՝ նպատակը. մարդ երբեք «փորձաքար» մը չէ՛. թէեւ ան ոսկիէն անբաղդատելիօրէն թէ՛ մարմնապէս եւ թէ հոգեպէս թանկարժէք է, բայց ո՛չ ոսկի, ոչ ալ թանկագին մետաղ մըն է, ան՝ մա՛րդ է եւ կեանքին նպատա՛կն է։
Կեանքը եւ առողջութիւնը ֆիզիքական թանկագին բարիքներ, շնորհներ են՝ մեզի յանձնուած Աստուծմէ։ Ուստի, մարդ պարտականութիւնը ունի անոնց առաւելագոյն խնամք տածելու բանաւոր չափերով, նկատի ունենալով նաեւ ուրիշին կարիքները եւ հասարակաց բարիքը։
Հասարակաց առողջութեան հոգատարութիւնը կը պահանջէ ընկերութեան օժանդակութիւնը՝ որպէսզի կարելի ըլլայ ձեռք ձգել կեցութեան այն պայմանները՝ որոնք թոյլ կու տան մեծնալ եւ հասնիլ հասունութեան տարիքին, այսինքն՝ սնունդ եւ զգեստ, բնակարան եւ խնամք առողջութեան, հիմնական ուսում, գործ, ընկերային օժանդակութիւն։ Բարոյականը թէեւ, կոչ կ՚ընէ մարմնաւոր կեանքին յարգանքին, սակայն զայն չի դարձներ բացարձակ արժէք մը։ Անձերու կամ մարդկային խումբերու վրայ կատարուող գիտական, բժշկական կամ հոգեբանական փորձարկումները կրնան սատարել հիւանդներուն բուժումին եւ հանրային առողջութեան յառաջդիմութեան։
Բայց ճիշդ այս կէտին պէտք է նկատի ունենալ հիմնական սկզբունքը, թէ՝ նախ, պէտք է վնաս չպատճառե՛լ։
Արդարեւ, մարդկային էակին վրայ կատարուած որոնումները կամ փորձարկումները չեն կրնար օրինաւորել այնպիսի արարքներ՝ որոնք յինքեան հակառա՛կ են անձերուն արժանապատուութեան եւ բարոյական օրէնքին։
Անհատներու պատահական հաւանութիւնը չ՚արդարացներ նման արարքներ։
Մարդկային էակին վրայ կատարուած փորձարկումը բարոյապէս օրինաւոր չէ, եթէ ենթակայի կեանքը կամ ֆիզիքական-մարմնական եւ հոգեբանական-բարոյական ամբողջականութիւնը կ՚ենթարկուին անհամաչափ կամ զգուշանալի վտանգներու եւ վնասներու։ Մարդկային էակներու վրայ կատարուած փորձարկումը անձերուն արժանապատուութեան համապատասխան չէ, մանաւանդ երբ ան կը կատարուի առանց գիտակից հաւանութեան ենթակային կամ անոր վրայ իրաւունքներ ունեցողներուն։
Արդարեւ, ցնորական՝ երազային է գիտական հետազօտութեան եւ անոր գործադրումներուն բարոյական չէզոքութիւնը պահանջել։ Այլուստ, արեւելումի չափանիշները ո՛չ կրնան քաղուիլ արհեստագիտական պարզ արդիւնաւորութենէն, ո՛չ ալ այն օգտակարութենէն, զոր ոմանք կրնան քաղել ի վնաս ուրիշներուն, ոչ ալ աւելի վատ պարագային, գերիշխող գաղափարաբանութիւններէն։
Ուստի, գիտութիւնը եւ արհեստագիտութիւնը իրենց ներհուն նշանակութեամբ կը պահանջեն բարոյականութեան հիմնական չափանիշներուն անպայմանաւոր յարգանքը։ Այդ երկուքը պարտին ըլլալ ի սպաս մարդկային անձին, անոր անլուծանելի իրաւունքներուն, ազատութեան, անոր ճշմարիտ եւ ամբողջական բարիքին, ըստ Աստուծոյ կամքին եւ ծրագրին։
Մարմնի գործարաններուն պատուաստումը համապատասխան է բարոյական օրէնքին, եթէ տուողին կրած ֆիզիքական-մարմնական եւ հոգեբանական-բարոյական վնասները համաչափ են այն բարիքին՝ զոր պատուաստուողը կ՚ակնկալէ քաղել…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 5, 2023, Իսթանպուլ