ՄՇԱԿՈՅԹ ԵՒ Ո՛Չ ԱՊՈՒՇՈՒԹԻՒՆ
Ծանօթ աղջիկ մը մի քանի ամիսներ առաջ համացանցի ճամբով տղու մը կողմէ ստացած էր հետեւեալ նամակը. «Հետդ լուրջ նպատակներով կ՚ուզեմ ծանօթանալ, բայց ամուսնանալէ ետք բեմ բարձրանալով պիտի չերգես»: Տղան իր միտքին մէջ հարցը լուծած, մինչեւ իսկ պսակուած էր եւ հարցը հասած էր աղջկան ունեցած շնորհքին՝ երգելուն եւ տակաւին չծանօթացած խստիւ կ՚արգիլէր երգելը:
Այո՛, այո, այս մէկը կը պատահի մեր օրերուն՝ 21-րդ դարուն, ուր բոլորը չեն որ յառաջդիմեցին ու յաջողեցան քայլ պահել զարգացող աշխարհին հետ:
Բեմ բարձրանալու դէմ եղած հակառակութիւն մը կը հասնի մինչեւ 1800-ական թուականները։ Հիներու մտայնութեան մէջ գոյութիւն ունէր այն սխալ ըմբռնումը, որ բեմ բարձրացող աղջիկները՝ ըլլան դերասանուհի կամ երգչուհի, պարզապէս պոռնիկներ են՝ որ իրենց ներկայութեամբ կու գան զուարճացնելու համար հանդիսատեսը: Հին ժամանակ երգչուհի կամ դերասանուհի գտնելը դիւրին գործ մը չէր՝ ինչպէս այսօր. այս երեւոյթը աւելի պարզ դարձնելու համար յիշենք Յակոբ Պարոնեանի «Ազգային ջոջեր» աշխատութեան մէջ ներկայացուցած Վարդովեան էֆէնտին. Պարոնեանի բառերով. «1865 թուականին Վարդովեան Էֆէնտի ոտքի ամանները ձեռքը բռնած փողոցէ փողոց, թաղէ թաղ կը վազէր դերասանուհի գտնելու համար - այն ատենները դերասանուհի մը գտնելը հիմա հայերէն ներկայացումներուն թատրոնի մէջ հանդիսական գտնելէն աւելի դժուար էր»:
Պատմութիւնը վկայ է, թէ քանի՜ քանի աստղեր հանգեցան այս նոյն մտայնութեան պատճառով. քանի՜ քանի՜ հայ դերասանուհիներ ու երգչուհիներ իրենց տաղանդը խեղդեցին պսակուելէ ետք եւ առ յաւէտ հեռացան բեմէն. քանիներ իրենց հարազատներուն եւ ծնողներուն կողմէ հալածուեցան՝ բեմ չբարձրանալու համար, որովհետեւ թատրոնն ու երգը արուեստ ու մշակոյթ ըլլալէ առաջ ամօթ մըն էր կարծես եւ այնպէս ինչպէս պոռնիկները, նոյնպէս իրենք հանդիսատեսին «ուրախ ժամեր» պարգեւելու դատապարտուած կը կարծուէին:
Նման դէպք մը կը տեսնենք Կոմիտաս Վարդապետի մօտ. ան իր նամակներէն մէկուն մէջ կը յիշէ հրեշտակային ձայն ունեցող աղջնակ մը եւ սքանչացումով կը խօսի անոր Աստուածատուր պարգեւին՝ ձայնի գեղեցկութեան մասին, սակայն նամակին յաջորդ բաժինով կը բողոքէր, որ աղջկան մայրը Աստուածատուր շնորհը զարգացնելու փոխարէն աղջիկը կ՚ուզէր ամուսնացնել՝ որպէսզի հեռու մնայ բեմ բարձրանալու որոշումէն:
Արփիար Արփիարեան եւս իր կարգին կը ներկայացնէ աղջկան մը կեանքը, որ կ՚ուզէ դերասանուհի դառնալ, սակայն աղջկան հօր մասին հետեւեալ տողերը գրի կ՚առնէ. «Հին մարդ էր Պաղտասար պատուելին, կ՚ախորժէր թատրոնէն, կը սիրէր խաղերն, բայց չէր յարգեր դերասաններն, ունէր նախապաշարումներ»:
Ինչպէս վերը յիշեցինք, պէտք է նկատի ունենալ, որ այդ ժամանակներուն թատրոնին որպէս մշակոյթ չէր նայուեր. ան ժամանց էր պարզապէս, ուր դերասանուհին պահ մը ծառայ, պահ մը իշխանուհի եւ պահ մըն ալ պոռնիկ կրնար դառնալ՝ իրենց տրուած դերին պահանջներով, սակայն շնորհիւ մի քանի դերասանուհիներու, ժամանակի ընթացքին կարելի եղաւ համոզել հանրութիւնը, որ դերասանութիւնը ապուշութիւն կամ անպատուութիւն մը չէ, այլ շնորհք ու արուեստ է, սակայն բոլորը չէ որ հասկցան այդ մէկը:
Մեր երիտասարդուհիները պէտք է գիտակցին, որ իրենց ապագայ կողակիցը՝ ով որ ալ ըլլայ, պարտի զիրենք ընդունիլ այնպէս՝ ինչպէս որ են. բնական է, որ կողակիցներ իրարմէ փոփոխութիւններ պահանջեն եւ ժամանակի ընթացքին կատարուի այդ փոփոխութիւնները, սակայն այդ մէկը եւս պէտք է ունենայ իր չափն ու կշիռը:
Այսօր մենք լուրջ պակասը ունինք թէ՛ դերասանուհիներու եւ թէ՛ երգչուհիներու։ Դերասանուհի կամ երգչուհի ըսելով չենք հասկնար մերօրեայ «դերասանուհի»ներն ու «երգչուհիներ»ը, որոնք իրենց շնորհքներէն աւելի իրենց մարմիններով, իրենց գեղեցկութեամբ կը փորձեն բեմն ու հանդիսատեսը գրաւել. չեմ գիտեր ինչպէս մարդոց մէջ ծագեցաւ այն համոզումը, որ դերասան կամ դերասանուհի ըլլալու համար անհրաժեշտ է ունենալ ներկայանալի գեղեցկութիւն, մոռնալով որ դերասանը դերասան դարձնողը ո՛չ թէ իր արտաքինն է, այլ ներաշխարհը՝ իր դերասանական հմտութիւններն ու զգացումները: Դերասանուհի ըլլալ չի նշանակեր երկարահասակ ըլլալ, ունենալ ձեւաւոր մարմին. աշխարհի մէջ բազմաթիւ են անոնք, որոնք մարմնական ոչ մէկ գեղեցկութիւն ունենալով հանդերձ յաջողած են իրենց անունը անմահացնել մշակոյթի պատմութեան էջերուն մէջ:
Գուցէ այս բոլորին մէկ մեղաւորն ալ դպրոցն է, որ մարդոց մէջ չի յաջողիր սերմանել թատրոնին եւ երաժշտութեան իսկական արժէքն ու ինչութիւնը եւ մեծապէս պակասը կը զգանք այսօր դպրոցներուն գործունէութեան, ուրկէ ծնունդ չեն առներ նոր տաղանդներ ու դէմքեր՝ ապագային փայլեցնելու համար հայ արուեստն ու մշակոյթը:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -310-
Տարիներ առաջ՝ երբ 18 տարեկան էին, նշանախօսութիւն մը ունեցայ աղջկան մը հետ՝ որ ունէր սքանչելի ձայն եւ որպէս հիւր երգիչ կը հրաւիրուէր զանազան առիթներու՝ մինչեւ իսկ Մայր Հայաստան երգելու համար: Սակայն տարօրինակ ձեւով մարդիկ հետեւեալ հարցը կու տային. «Նշանածդ դէմ չէ՞ երգելուդ»:
Այս հարցը զարմանք կը պատճառէր, որովհետեւ երգի ու երաժշտութեան մէջ զինք ամենէն շատ քաջալերողներէն մին ես էի եւ մարդիկ կը զարմանային եւ կը սպասէին, որ պէտք է արգիլել. ինչո՞ւ համար... ո՛չ ոք գիտէ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան