«ՆՇԱՆԱՒՈՐ ԳՈՐԾ ՄԸ» ՏՈՒՈՂ ԳՐՈՂԸ
Ընդհանրապէս որպէս արեւմտահայեր վիպասանութեան եւ արձակագրութեան մէջ մեզ կը գրաւեն արեւմտահայ գրողները՝ ինչպէս Կարօ Փօլատեան, Վազգէն Շուշանեան, Շահան Շահնուր եւ ուրիշներ, իսկ արեւելահայերէնի պարագային մեզ աւելիով կը հետաքրքրէ բանաստեղծները՝ ինչպէս Պարոյր Սեւակ, Համօ Սահեան եւ ուրիշներ: Սակայն այս բոլորէն վեր ու տարբեր կայ արեւմտահայ գրող մը՝ որ յաջողած է սիրաշահիլ թէ՛ արեւմտահայ եւ թէ արեւելահայ ընթերցողը: Այդ յաջողութիւնը պատահականութեան մը արդիւնքը չէ, որովհետեւ ան իր վէպերը գրելէ առաջ բազմիցս արտայայտուած էր, ըսելով. «Չեմ կրնար պահել. ինձ կը թուի թէ հայ գրականութեան պէտք է նշանաւոր գործ մը տամ»։ Այդ նշանաւոր գործը «Քաոս» վէպը, հեղինակ՝ Ալեքսանդր Շիրվանզադէ, որուն մահուան 89-ամեակն է այսօր:
Շիրվանզադէ գրող մըն է, որ լաւապէս գիտէ ո՛ւր, ի՛նչ եւ ինչպէս պէտք է գրել. գրող՝ որ իր ամենէն պարզ ու համեստ բառերով կը յաջողի խոր մտածումներ ու զգացումներ փոխանցել՝ շատ անգամ այդ պարզութեան մէջ կեանքի փիլիսոփայութիւնը յաջողիլ կարենալով: Գրող, որ իր մէջ ունի մարդկային կեանքի բոլոր գոյները. գիտէ նկարագրել սէրը, կարօտը, տխրութիւնը, ուրախութիւնը. նոյն հմտութեամբ գիտէ խօսիլ բարոյական, ազգային ու մարդկային հարցերու մասին, որոնք կը մտահոգեն ընդհանրապէս մարդկութիւնը եւ մասնաւորաբար հայութիւնը:
Շատերու համար «վէպ»երը լոկ պատմութիւններ են. սակայն Շիրվանզադէի վէպերը պէտք չէ ընդունիլ լոկ որպէս «պատմութիւն»ներ, որովհետեւ անոր պատմութիւններուն իւրաքանչիւր տողին տակ կարելի է գտնել կեանքի ինչութեան մասին գաղափարներ ու խօսքեր, որոնք կամայ թէ ակամայ կը գրաւեն ընթերցողը: Շիրվանզադէն պէտք չէ ընդունիլ լոկ վիպագիր, որովհետեւ ան իր մէջ ունի նաեւ մտահոգ հայու կերպարը՝ մտահոգ հայով եւ անոր ապագայով եւ այդ մտահոգութիւնն է որ, գրողը կ՚առաջնորդէ քննադատութեան: Ահաւասիկ այդ մտահոգութիւններէն մին, որ կարելի է Շիրվանզադէի ամենէն ցնցիչ քննադատութիւններէն մէկը ըլլայ.
«Մեր հիանալի վանքերը, պալատները, մատուռները, խաչքարերը, որոնցով այնքան սքանչանում են օտար ճամբորդները, թողնուած են ճակատագրի հաճոյքին: Եւ քայքայում ու խորտակում է նրանց, մի կողմից՝ ժամանակի կործանիչ ձեռքը, միւս կողմից՝ մեր տգիտութիւնը, խելքի, զգացման ու ճաշակի բացակայութիւնը»: Ահաւասիկ մի քանի տասնամեակ հնութիւն ունեցող խօսք մը, որ կը շարունակէ արիւնոտ վէրքը ըլլալ մեր հայ իրականութեան: Շիրվանզադէ անկեղծ է իր խօսքերուն մէջ. ան ունի ուժը հայ ժողովուրդը կոչելու «տգէտ» ու ճաշակէ ու խելքէ «զրկուած» ազգ, աւելիով շեշտելու համար այն հանգամանքը, որ օտարներու հպարտացած ու սքանչացած եկեղեցիներով ու վանքերով մենք՝ հայերս հետաքրքրուած կամ նոյնքան սքանչացած չենք. ազգային սրբազան այդ ժառանգութիւնը տուած ենք մոռացութեան: Անշուշտ պէտք չէ մոռնալ, որ Շիրվանզադէ այս տողերը կը գրէր Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանին, ուր եկեղեցւոյ արժէքներուն մասին խօսիլը այնքան ալ «խելացի» բան մը չէր, սակայն իրեն համար այդ մէկը աւելի խելացի էր, քան ժողովուրդին ըրած «վանտալիզմ»ը: Շիրվանզադէի բառերով, «մենք ողորմելի ենք մտքով ու զգացումով»:
Շիրվանզադէ նաեւ լաւ վերլուծող մըն է. ան լաւապէս գիտէ վերլուծել մարդոց զգացումներն ու ապրումները, գիտէ, թէ ինչ ըսել է սիրել, ինչ ըսել է կարօտ. ահաւասիկ անոր վէպերէն դուրս բերած հրաշալի խօսք մը. «Իսկական կարօտը դռնէ դուռ չի ընկնում, ձայն չի հանում, չի գոռում ու լալիս ուրիշների մօտ, այլ միայն զգում է, միայն տառապում»: Ինչպէս ըսինք, այն իր վէպերուն մէջ միայն դէպքեր ու եղելութիւններ չէ՛ որ կը փոխանցէ, այլ վէպի ճամբով կը փորձէ կեանքի վերլուծականը կատարել, իր զգացական ու բարոյական բոլոր կողմերով ու հասկացողութիւններով: Ան յաճախ իր վէպերուն մէջ կը խօսի անարդարութիւններու եւ անհաւասարութեան մասին. կը բողոքէր, որ մերօրեայ աշխարհին մէջ զգացականէն, իմաստութենէն ու արժէքէն աւելի կարեւորը մարդոց համար դրամն է. ան իր վէպերէն մէկուն մէջ իր հերոսին բերնով հետեւեալ բացագանչութիւնը կ՚ունենայ. «Փո՜ղ, փո՜ղ, փ՜ող... նա է աշխարհի հաւատը, սէրը, Աստուածը»:
Շիրվանզադէի նշանաւոր գործերէն մէկն է «Քաոս»ի կողքին «Նամուս»ը, որ կարելի է ըսել, թէ հայ գրականութեան մէջ որպէս թատրերգութիւն ամենէն շատ ներկայացուած գոհարն է, որ մինչեւ իսկ արժանացած է ժապաւէնի վերածուելու: Ժապաւէնի վերածուած են նաեւ անոր աշխատութիւններէն «Չար ոգի»ն, «Պատուի համար»ը, «Արտիստը» եւ այլ աշխատութիւններ:
Այսօր Հայաստանի մէջ մեծանուն գրողի անունով գոյութիւն ունի փողոց մը. անոր անունով բացուած են դպրոցներ:
***
Հայ գրականութեան մէջ կայ տարածուած պատմութիւն մը. օր մը զօրավար Անդրանիկ հայ գրող Վահան Թոթովենցի հետ մուտք կը գործէ յայտնի սրճարան մը: Հազիւ ներս մտած յանկարծ կը լսուի Շիրվանզադէի ձայնը. «Հը՞ զօրավար, փրկեցի՞ր Հայաստանը». այս հեգնական ոճը կը զայրացնէ Անդրանիկը եւ չդիմանալով՝ ապտակ մը կ՚իջեցնէ Շիրվանզադէի երեսին:
Թէ ինչո՞ւ համար նման հեգնական արտայայտութիւն մը ունեցաւ Շիրվանզադէ, պէտք է պարզապէս կարդալ անոր աշխատութիւնները, հասկնալու եւ վերլուծելու համար այն բոլորը՝ որ գրողը ունէր իր ներաշխարհէն ներս:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Աստուածաշունչի եւ Քուրանի մէջ նմանութիւններ կա՞ն:
Պատասխան. Այո, Աստուածաշունչի եւ Քուրանի մէջ կան որոշ նմանութիւններ. անոնց առաջին նմանութիւնը այն է, որ երկուքն ալ երկու տարբեր կրօններու Սուրբ Գիրքն են եւ կը ծառայեն որպէս կրօնական առաջնորդութեան եւ օրէնքի հիմնական աղբիւրներ են: Անոնք յաճախ կը խօսին նոյն նիւթերուն մասին. ինչպէս օրինակ՝ միաստուածութիւն, հաւատք եւ այլն: Անոնց մէջ տեղ կը գտնեն նոյն անձնաւորութիւնները. ինչպէս օրինակ՝ Ադամ, Նոյ, Աբրահամ, Մովսէս, Յիսուս, թէեւ տարբեր պատմութիւններով ու յիշատակութիւններով: Երկուքն ալ կը խօսին բարոյական ուսուցումներու, աղօթքի, ողորմութեան եւ գթասիրտ ըլլալու մասին. անոնք մեծ նշանակութիւն ունին միլիառաւոր հաւատացեալներու մօտ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/22/2024
- 11/22/2024