ՀՈԳԵՒՈՐ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Մարդկային մտային կազմութիւնը այնպէս է որ մարդս չի կրնա՛ր պարզ կերպով, այսինքն՝ առանց զգալի՛ բաներու անունները կամ բառերը գործածելու, բացատրել մտքի կամ վերացեալ ճշմարտութիւններու վերաբերեալ գաղափարներ, հոգեւոր ճշմարտութիւններ։ Ուստի «իմացական գաղափարներ» բացատրելու համար, մարդուս այս բնական վիճակին զիջանիլ ուզելով, Աստուած, մարդուս ծանօթ զգալի, տեսանելի եւ շօշափելի իրերու՝ առարկաներու նշաններով կամ բառերով հաղորդած է անոնց՝ կրօնական եւ հոգեւոր ճշմարտութիւններ. ուրիշ խօսքով՝ ծանօթացուցած զանոնք, մարդուս ընտանի միջոցներով։
Աստուած ուզած է «զիջանիլ» մարդկային բացատրութեան եւ հասկցողութեան բնական կերպին։ Աւելի ճշմարիտ կ՚ըլլար ըսել, թէ Աստուած այնպէս կարգադրած եւ տնօրինած է բոլոր «զգալի» իրերը, որ անոնք շատ յարմարութիւն եւ դիւրութիւն ունին ներկայացնելու եւ յայտնելու «հոգեւոր գաղափար»ներ, «հոգեւոր ճշմարտութիւն»ներ։ Արդարեւ, ՏԵՍԱՆԵԼԻ եւ ՇՕՇԱՓԵԼԻ ԱՇԽԱՐՀԸ ԱՆՏԵՍԱՆԵԼԻԻՆ ՀԱՅԵԼԻ՛Ն Է։
Ուստի մի եւ նոյն «ձեռք»էն ելած են այս երկու աշխարհը՝ տեսանելին եւ անտեսանելին։ Տարակոյս չկա՛յ այս մասին։ Յատկապէս բարեպաշտ մարդը ա՜յնչափ նմանութիւն կը տեսնէ «տեսանելի» եւ «անտեսանելի» աշխարհներուն մէջ, որ հոգեւոր աշխարհին խորհրդաւոր նշան կամ պատկեր կը համարէ նիւթական աշխարհը։
Բայց եթէ ներշնչեալ սրբազան մատենագիրներ «այլաբանական լեզու» կը գործածեն, պատճառը այն չէ՛ միայն որ մարդկային լեզուն անբաւական է բացատրել հոգեւոր ճշմարտութիւններ, եւ կամ թէ զգալի եւ իմանալի իրերու մէջ կայ զարմանալի՜ կապակցութիւն։
«Այլաբանական լեզու»ն յաճախ զօրաւոր եւ գեղեցիկ է. ուստի գաղափարները աւելի՛ ազդուութեամբ կը ներկայացնէ միտքերու՝ կը կրթէ դատողութիւնը, կը զուարթացնէ եւ կ՚ոգեւորէ երեւակայութիւնը, աւելի եւս տպաւորութիւն կը գործէ յիշողութեան վրայ, եւ կը շահի «սիրտ»ը. հասարակ կամ բնական բացատրութիւններ չունին այս առաւելութիւնները։
Հոգեւոր ճշմարտութիւններ բացատրելու համար Սուրբ Գիրքի մէջ այլաբանական լեզու գործածուելու օրինակները շատ են։ Զոր օրինակ, ըսուած է Աստուծոյ համար, թէ «լոյս»ի մէջ կը բնակի, կը հաստատէ իր «թագաւորութիւն»ը կամ «Արքայութիւն»ը, երկի՛նք է Անոր «աթոռ»ը։ Ուստի քրիստոնեային հաւատքը նկարագրուած ու բացատրուած է հասարակ կամ զգալի գործողութիւններ կա՛մ իրողութիւններ բացատրող բառերով. զոր օրինակ, ըսուած է. «Կենաց խօսք»ը «բռնե՛լ», Աներեւոյթը «տեսնե՛լ», Քրիստոսի «երթա՛լ», Քրիստոսի «կռթնիլ», եւ այլն։ Դարձեալ Սուրբ Գիրքը Աստուծոյ մասին կը խօսի որպէս թէ «մարդ»ու վրայ։ Հոս կ՚արժէ յիշել Ժան Ժագ Ռուսոյի սա խօսքը «Էմիլ»ին մէջ, թէ՝ մանուկներու՝ վեց տարեկանէն առաջ որպէս «մարդ» մի՛ ներկայացնէք ու մի՛ բացատրէք Աստուած, քանի որ անոնք մինչեւ վերջ զԱստուած կը կարծեն, թէ «մարդ» մըն է եւ կը դժուարանան հասկնալ Անոր հոգեւոր էութիւնը, նոյնիսկ իրենց հասուն հասակին մէջ ալ։ Եւ այս իրողութիւնը կարելի է նկատել շատերու վրայ, որոնք զԱստուած կը նկարագրեն որպէս «ալեհեր, սպիտակ մազերով եւ մօրուքով մարդ» մը։ Եւ կան սրբանկարներ ալ՝ ուր զԱստուած կը նկարագրուի ա՛յդպէս։ Մինչդեռ այս կերպով շատ անգամ մարդ կը կորսնցնէ իր իսկական հայեացքը կամ կարծիքը Աստուծոյ էութեան նկատմամբ։
Չեմ գիտեր, ի՞նչ է կարծիքը «մասնագէտ» մանկավարժներու, բայց կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը այն ցոյց կու տայ, թէ իրաւացի՛ է Ժան Ժագ Ռուսօ իր տեսակէտին եւ յորդորին մէջ…։
Ըսինք, որ Սուրբ Գիրքը Աստուծոյ մասին կը խօսի որպէս թէ «մարդ»ու վրայ։ Բայց նշենք, որ ասիկա վերոյիշեալ տեսութեան հետ նոյն բանը չէ, եւ թէ չի հակասեր Ռուսոյի տեսութեան։ Սուրբ Գիրքը Աստուծոյ մասին «որպէս մարդ» կը խօսի իբրեւ թէ Աստուած ունի մարդկային կիրքեր եւ կը կատարէ մարդկային գործողութիւններ։ Այսպէս նաեւ Աստուծոյ ընծայած է «ձեռք», «աչք» եւ «ոտք», որոնց նշանակութիւնն է թէ Աստուած կարո՛ղ է կատարել բոլոր այն գործողութիւնները, զորս կը կատարէ մարդ՝ իր ա՛յն անդամներով եւ գործարաններով։ Արդարեւ «Հայր» անուանուած է Աստուած, քանի որ Ան է հոգեւոր կեանքի աղբիւրը, Ան է մարդուս ստեղծիչը, Ան է մարդուս պահպանիչը, նախախնամը։ Եւ մանաւանդ, ինչպէս ըսինք, Ա՛ն է «հոգեւոր կեանք»ի աղբիւրը, քանի որ Ան Հոգի՛ է։ Աստուած «Հոգի» է, քանի որ մարմնաւոր մը՝ «մարդ»ը չէր կրնար կատարել այդ ամէնքը։ Եւ ըսենք՝ Աստուած «Աստուա՛ծ» է, եւ մարդը՝ «մա՛րդ»։ Մարդուս Աստուծոյ նմանութեամբ եւ Անոր պատկերով ստեղծուած ըլլալը, զինք երբեք չ՚աստուածացնե՛ր։ Աստուած հոգի՛ է, իսկ մարդը հոգի եւ մարմին՝ մարմնացեալ հոգի՝ մա՛րդ…։
Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ. «Տէ՛ր, քու երեսիդ լոյսը մեր վրայ ծագէ» (ՍԱՂՄ. Դ 6), փոխանակ ըսելու.- Տէ՛ր, յայտնէ մեզ քու ներկայութիւնդ եւ սէրդ։
Եւ դարձեալ կ՚ըսէ. «Անտես կ՚ըլլաս» (ՍԱՂՄ. Ժ 1), փոխանակ ըսելու.- կը զրկես զմեզ օրհնութիւններէդ։
Ոմանք կ՚առարկեն, թէ երբ վերաբանական կամ այլաբանական նշանով հոգեւոր ճշմարտութիւն մը կը ներկայացուի, ներկայացուած բանը աւելի ազնիւ եւ կատարեալ է քան ներկայացնող իրը կամ առարկան. այսպէս է ամէն տեսակ այլաբանութեան մէջ։
Զոր օրինակ, կ՚ըսենք.- Միտքը կը կշռէ ձեռնարկութիւնները կամ փաստերը, բայց մտքի այն գործողութիւնը զոր կը բացատրենք կշռել բառով՝ աւելի՛ ազնիւ է քան մեքենապէս կշռելու գործողութիւնը։
Այսպէս եւս «Աստուծոյ տեսնել»ը անհամեմատ կերպով աւելի՛ կատարեալ է քան մարմնաւոր աչքին տեսնելը՝ մարդուն տեսնելը. եւ «լոյս»ը՝ որու մէջ կը բնակի Ան, այնպիսի է որ մարդկային՝ նկատող բնական լոյսը հազիւ կրնայ անոր շատ աղօտ նմանութիւնը ըլլալ։ Երբ կ՚ըսուի, թէ Եկեղեցին Քրիստոսի «Հարս»ն է, Եկեղեցիին այս երկնաւոր առընչութիւնն է՝ որ շատ աւելի գերազանց է քան նոյն առընչութեան երկրաւորը, այսինքն՝ երկրի վրայ տեսնուած հարսնութիւնը։
Ուստի, ԵՐԿՐԱՒՈՐԸ ԵՐԿՆԱՒՈՐԻՆ ՇՈ՛ՒՔՆ Է։
Պէտք է գիտնալ, թէ թէպէտ շատ յատկութիւններ կան որ կ՚ընծայուին առ հասարակ Աստուծոյ եւ մարդոց, զոր օրինակ՝ «իմաստութիւն», «սէր», «գիտութիւն», «սրբութիւն», մեծ եւ յայտնի տարբերութիւն կա՛յ Աստուծոյ եւ մարդոց յատկութիւններուն միջեւ, վերաբանութիւն կամ նմանութիւն տեսնուելու համար է միա՛յն որ նոյն բառը կամ բառերը կը գործածուին Աստուծոյ եւ մարդոց համար միանգամայն…։
- Ծանօթագրութիւն.- «Այլաբանութիւն»= փոխաբերութիւն, առակախօսութիւն՝ պատկերաւոր՝ փոխակերպուած ըսել գաղափար մը, հոգեւոր ճշմարտութիւն մը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 18, 2016, Իսթանպու