ԱՒԵԼԻ ՍԻՐԵԼ՝ ՔԱՆ ՆԱԽԱՆՁԻԼ

«Եսասիրութիւն» եւ «նախանձ», դժբախտաբար զգացումներ են, որ դարերէ՜ ի վեր մեծ ծաւալ է գտած մարդկութեան մէջ։ Ուստի, այս երկու զգացումները կարելի է համարել մարդկութեան սեփական ախտերէն՝ որ ա՜յնքան աւերներ են գործած անցեալին մէջ եւ կը շարունակեն գործել։

Սակայն պէտք չէ կարծել, թէ քանի որ այդպիսի նկարագիր մը արմատացած է մարդկութեան մէջ դարերէ՛ ի վեր, կարելի չէ հետզհետէ տկարանալ եւ ջնջուիլ։

Արդարեւ մարդուս եսասիրութեան դէմ, նախանձին դէմ պէտք է ունենալ զոհողութիւն եւ ծառայելու՝ իրերօգնութեան պատրաստակամութիւն, կարողութիւն կամ կա՛մք։

Ուստի, եթէ մարդ կարող չէ մեծը ընել, պէտք չէ՛ մեծը ընելու կարողութիւն ունեցողը նախանձի, այլ ունեցածովը գոհանալ եւ կարելին ընել ուրիշին համար՝ հանրութեան համար՝ որով «Ես»ին ինքնակեդրոնացումը եւ անոր պատճառած աղտոտ բարքերը կը ջնջուին, կը բարելաւուին։

Մարդ եթէ կը սիրէ հանրութիւնը որպէս անհատ, կը սիրէ իր նմանները՝ իր ընկերները, բարեկամները՝ այդ սիրոյ մէջ «Ես» չկա՛յ, քանի որ «Սէր ունեցողը միայն ինքզինք չի մտածեր…», (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 5), եւ եթէ անկեղծօրէն, իրապէ՛ս կը սիրէ իր շուրջինները եւ իր նմանները ամբողջութեամբ, եւ ուրիշ «Ես» մը չի նկատուիր անոնց մէջ բառին յոռի կիրառութեամբը, հոն նախանձ չի գտնուիր, քանի որ այդ միւս անհատին, իր նմանին մեծութիւնն ալ՝ երջանկութիւնն ալ իրեն կը պատկանի. «Սէրը չի՛ նախանձիր», (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 4)։ Արդարեւ, «եսասիրութիւն», աւելի ճիշդ՝ «ինքնամոլութիւն» եւ «նախանձ» համընթաց վատ զգացումներ են, որոնց արգելք կրնայ ըլլալ միա՛յն սէրը։

Արդարեւ, եթէ մեծ է՝ մարդուս պաշտօնեան է, եւ եթէ առաջին է՝ մարդուս ծառա՛ն է…։

Եթէ իրապէս, անկեղծօրէն կը սիրենք, ապա ուրեմն պէտք է ուրախ ըլլանք, խնդակցինք մեր բարեկամին եւ ընկերին, եւ կամ ոեւէ մէկու մը յաջողութեան՝ երջանկութեան վրայ, եւ ո՛չ թէ խանդաղատինք, այսինքն նախանձինք։ Ուստի հետաքրքրական զուգադիպութիւն մըն է, թէ հայերէն լեզուի մէջ «խնդալ»ը եւ «խանդալ»ը իրարու հակառակ նշանակութեամբ միեւնոյն արմատէ յառաջ եկած բառեր են, որպէսզի չարիքին դարմանը ցոյց տան։ Իրարու յաջողութեան վրայ չարութեամբ «խանդալ»ը, այսինքն նախանձիլը, մեզ կը ստորնացնէ եւ կ՚անասնացնէ. իսկ իրարու յաջողութեան, երջանկութեան վրայ «խնդալ»ը, այսինքն ուրախանալը, մեզ կը բարձրացնէ, իսկ այդ «յաջող»ները եւ «մեծ»երը կը խոնարհեցնէ եւ մեր պաշտօնեան՝ սպասաւորը կ՚ընէ։

Ուստի, մեր շուրջիններուն հետ համակրական հասկացողութեամբ վարուիլ, զանոնք ճանչնալ, հասկնալ եւ սիրել՝ շատ մը հակառակութիւններու արգելք կը հանդիսանայ։

Հոս, փոքր շեղում մը ընենք եւ հարցնենք. սիրելու համար պէ՞տք է ճանչնալ եւ հասկնալ, թէ պէ՛տք է սիրել առանց ճանչնալու եւ հասկնալու։ Դո՛ւք, սիրելի՜ բարեկամներ, ի՞նչ կը խորհիք այս մասին. մարդ կրնա՞յ սիրել առանց ճանչնալու եւ հասկնալու, քանի որ առանց ճանչնալու եւ հասկնալու հակառակիլ կամ ատելն ալ ճիշդ չէ՛. մարդ առանց ճանչնալու եւ հասկնալու ինչպէ՞ս կրնայ սիրել կամ ատել… կ՚արժէ՛ այս մասին խորհիլ «սիրելի՜»ներ…։

Արդարեւ, ի՜նչ իսկատիպ նկարագեղ եւ յատկանշական պատմութիւն մըն է Սաւուղի դէմ Դաւիթի նախանձը, ուր վեհանձն Դաւիթ կը յանդիմանէ Սաւուղը, ըսելով. «Աստուած չընէ որ Տէրոջը օծեալին դէմ ձեռքս երկնցնեմ, միայն թէ հիմա անոր գլխուն քովի նիզակը եւ ջուրին կուժը ա՛ռ եւ երթանք», (Ա ԹԱԳ. ԻԶ 11)։ Աննախանձ սէրը՝ անկեղծ իսկական սէրը բա՛րձր է պսակաւոր յաջողութենէ մըն ալ, եւ կը բարձրացնէ հովիւ Դաւիթ մը եւ կ՚ընէ մարգարէ-թագաւոր եւ նախահայր Փրկչի, նախահայր եւ ծնունդ Աստուծոյ, այսինքն՝ սիրո՛յ, քանի որ Աստուած սէ՛ր է։

Ուրեմն, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, այս գեղեցիկ օրինակը եւ անոր նման բազմաթիւ օրինակներ թո՛ղ մեր վրայ ազդեն, տպաւորեն մեզ, թո՛ղ կամք ունենանք գործադրել այդ ազդեցութիւնը՝ միայն չտպաւորուինք, այլ տպաւորենք նաեւ մեր շուրջինները, եւ սիրենք աննախանձ, աննենգամտօրէն, առանց որեւէ յետին նպատակի, անփոխադարձ կերպով՝ առանց ակնկալութեան՝ մաքուր սիրով, եւ մեր «Ես»ը հանրութեան ծառայելու, մարդկութեան նուիրուելու մէջ ձուլենք միացնենք. վարուինք երկայնամի՜տ եւ քաղցր սիրով՝ համբերութեամբ, հանդուրժողութեամբ։

«Սիրել» կը նշանակէ՝ դիմացինը ընդունիլ իրեն պէս. ծառայել ուրիշին՝ փոխանակ ծառայութիւն սպասելու ուրիշէն, Քրիստոսի տիպարով, որ կ՚ըսէ.

«Մարդու Որդին, ի՛նքն ալ, չեկաւ ուրիշներու կողմէ սպասաւորութիւն ընդունելու, այլ սպասաւորելու եւ իր կեանքը շատերու համար որպէս փրկագին տալու», (ՄԱՏԹ. Ի 28)։

Միջանկեալ, կ՚արժէ խորհրդածել այստեղ գործածուած «շատերու» բառին մասին, թէ ինչո՞ւ չէ ըսուած «բոլորին» կամ «ամէնքին» համար…։

Դառնալով մեր բուն նիւթին՝ շատ որոշ կը տեսնուի, որ այս խօսքերուն մէջ այն երկու դարմանները՝ որոնք կ՚առաջարկուին նախանձի եւ եսամոլութեան դէմ՝ այսինքն պատրա՛ստ եւ կարող ըլլալ միշտ «երկայնամիտ», «համբերող», «հանդուրժող, եւ առանց որեւէ պատրուակի «քաղցր», «հանդարտաբարոյ» ըլլալ՝ բարեկամին եւ հանրութեան ծառայելո՛ւ, մրցելով կարողին հետ, փոխանակ նախանձելու, եւ փոխանակ իր երջանկութիւնը անոր անկման եւ կործանման մէջ փնտռելու, այսինքն՝ «խնդա՛լ» փոխանակ «խանդալ»ու։ Նոյնպէս եւ անհատականութիւնը զօրացնել եւ ուժ եւ կամք ունենալ զոհողութիւն ընելու բարեկամին համար, հանրութեան համար, այսինքն իր մէկ անդամը աշխատցնել, յոգնեցնել, զոհել, խաչել՝ որ ամբողջ մարմինը ձեւի բերուի եւ երջանկանայ…։

Աստուած Ինքը՝ իր Որդւոյն պատկերը մեր հոգւոյն մէջ տպաւորէ եւ Անոր երկայնամիտ, քաղցր, աննախանձ եւ ինքնազոհ սէրը, ճշմարիտ եւ անկեղծ սէրը ունենալու կամքը եւ կորովը շնորհէ մեզի։

Ճանչնանք զիրար, հասկնանք զիրար եւ սիրե՛նք զիրար, որպէսզի մեր երջանկութիւնը կատարեալին հասնի…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 4, 2018, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 7, 2018