ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ

«Ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք. տակաւի՞ն հաւատք չունիք», (ՄԱՐԿ. Ե 40)։

Հաւատք կը նշանակէ վստահութիւն ունենալ։ Արդարեւ, Աստուած երբեք չի լքեր Իր արարածը՝ անոր միայն ծնունդ եւ գոյատեւում չի տար, այլ կը պահէ, կը պահպանէ զայն ամէն վայրկեան գոյութեան մէջ։ Հաւատալ այս ճշմարտութեան, կը նշանակէ վստահիլ Աստուծոյ՝ ճանչնալ այս կատարեալ առկախութիւնը։ Եւ այս կ՚ենթադրէ կատարեալ վստահութիւն Աստուծոյ՝ որ է աղբիւր ուրախութեան եւ վստահութեան։ Եւ վստահիլ եւ ապաւինիլ Աստուծոյ, կը չքացնէ ամէն կասկած եւ կը փարատէ ամէն վախ։

«Տակաւին իրենք չկանչած՝ պիտի լսեմ զիրենք. դեռ իրենց աղօթքը չաւարտած՝ պիտի հարցնեմ.- Ի՞նչ կ՚ուզէք… կ՚ըսէ Տէրը», կը վկայէ Եսայի Մարգարէ. (ԵՍ. ԿԵ 24-25)։

Սաղմոսներու աղօթքներն ալ ամենամեծ ուղեցոյցներն են Աստուծոյ վստահութեան։ Զոր օրինակ, «Տէրը իմ հովիւս է. ես բանի մը կարօտութիւնը պիտի չունենամ…», (ՍԱՂՄ. ԻԳ), եւ այլն։

Արդարեւ, ո՛վ որ «Աստուած» կ՚ըսէ, կը խօսի Էակի մը մասին՝ որ անփոփոխ, մնայուն է, միշտ նոյնը, հաւատարիմ եւ կատարելապէս արդար եւ ճշմարի՛տ։ Հետեւաբար մենք պէտք է անհրաժեշտաբար ընդունինք Անոր Խօսքերը եւ Անոր հանդէպ ունենանք ամբողջական հաւատք եւ յոյս՝ որ կ՚ենթադրեն կատարեալ վստահութի՛ւն։

Աստուած ամենակարող է, բարեսիրտ, անհունօրէն տարուած բարիք գործելու։ Եւ Ան իր այս յատկութեամբ միշտ վստահութիւն կը ներշնչէ Իր արարածներուն։ Եւ ո՞վ պիտի կարենար իր ամբողջ յոյսը Անոր վրայ չդնել եւ ո՞վ պիտի կարենար չսիրել զԻնք՝ դիտելով բարութեան եւ խանդաղատանքին գանձերը՝ զորս Ինք սփռեց մեր վրայ։ Եւ դարձեալ այն որ կը սիրէ, կը վստահի՛։ Արդէն այն որ ամենակարող է, բնականաբար վստահելի՛ է։

Մարդուս բարոյական կեանքը իր ակունքը կը քաղէ Հաւատքին եւ վստահութեան մէջ Աստուծոյ՝ որ Իր անհո՜ւն սէրը կը յայտնէ մեզի։ Ուստի Աստուծոյ հանդէպ մեր պարտականութիւնն է հաւատալ եւ վստահիլ եւ վկայել Անոր։

Վստահութեան մասին «կամովին տարակոյս»ը կ՚անտեսէ կամ կը մերժէ իբր ճշմարիտ ընդունիլ Աստուծոյ յայտնածը։ «Ակամայ տարակոյս»ը ցոյց կու տայ վստահելու վարանումը, նաեւ հաւատքին դէմ առարկութիւնները յաղթահարելու դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ անձկութիւնը հաւատքին յարուցած մթութեան դիմաց։ Իսկ եթէ տարակոյսը կամովին մշակուած է, կրնայ տանիլ «մտքին կուրացում»ին։

Վստահութեան պակասը, որ «թերահաւատութիւն» կը նշանակէ, յայտնեալ հաւատքին հանդէպ անհոգութիւն, անտարբերութիւն է կամ կամովի՛ն մերժումն է զայն ընդունելու։

Անվստահութիւնը մարդս կ՚առաջնորդէ յուսահատութեան։ Յուսահատութեամբ, մարդը կը դադրի Աստուծմէ յուսալէ իր անձնական փրկութիւնը, հոն հասնելու օգնութիւնները կամ իր մեղքերուն ներումը։ Յուսահատութեամբ, մարդ կ՚ընդդիմանայ Աստուծոյ Բարութեան, Անոր Արդարութեան, քանի որ Տէրը հաւատարի՛մ է Իր խոստումներուն մէջ եւ կ՚ընդդիմանայ նաեւ Անոր Ամենակարողութեան եւ Իր Ողորմածութեան։

Անվստահութիւնը կ՚ենթադրէ նաեւ «ինքնահաւանութիւն»։ Ինքնահաւանութեամբ մարդ յանձնապաստան կ՚ըլլայ իր կարողութիւններուն վրայ՝ յուսալով կարենալ իր նպատակին հասնիլ առանց ի վերուստ օգնութեան։ Ինքնահաւանութեամբ նաեւ մարդ մերժած կ՚ըլլայ աստուածային ամենակարողութիւնը եւ ողորմածութիւնը։ Եւ այս իմաստով, ինքնահաւանութիւնը կատարեալ ինքնախաբէութիւն մըն է մարդուս, քանի որ ան միշտ պէտք ունի վստահելի Անձի մը՝ որ է Աստուած՝ Արարիչը եւ Նախախնա՛մը։

Աստուծոյ սիրոյն հանդէպ վստահութիւնը իր մէջ կ՚նըդգրկէ կոչը եւ պարտաւորութիւնը պատասխանելու աստուածային սիրոյն՝ անկեղծ սիրո՛վ։ Վստահութեան մէջ անտարբերութիւնը կը նշանակէ անտեսել կամ մերժել նկատի առնել աստուածային սէրը, ճշմարտութիւնը եւ ամենակարողութիւնը։ Եւ այս իմաստով անվստահութիւնը «ուրանալ» կը նշանակէ զԱստուած, քանի որ Ան ամենավստահելի՛ն է։

Աստուած կրնայ ապագան յայտնել Իր մարգարէներուն կամ նաեւ ուրիշ սուրբերու։ Քրիստոնեայ ուղիղ կեցուածքը սակայն կը կայանայ ապագային նկատմամբ ինքզինք վստահութեա՛մբ Նախախնամութեան ձեռքերուն յանձնելու մէջ եւ այս մասին մէկդի դնելով ամէն վատառողջ հետաքրքրութիւն եւ մտահոգութիւն։ Արդարեւ, անհեռատեսութիւնը կրնայ պատասխանատուութեան պակաս մը գոյացնել։

«Աստուած փորձել»ը կը կայանայ Անոր Բարութիւնը եւ Ամենազօրութիւնը խօսքով կամ արարքով փորձի ենթարկելու մէջ։ Աստուած փորձելու այս մարտահրաւէրը վիրաւորա՛նք է հանդէպ յարգանքին եւ վստահութեան, զորս պարտինք մեր Արարիչին եւ Նախախնամին՝ մեր Աստուծո՛յ։ Ան միշտ կը բովանդակէ տարակոյս մը նկատմամբ Անոր սիրոյն, Անոր նախախնամութեան եւ Անոր ամենազօրութեա՛ն։ Մինչդեռ Անոր սէրը, Անոր նախախնամութիւնը եւ Անոր ամենազօրութիւնը կը ներշնչեն կատարեալ վստահութիւն։

Եւ երբ կ՚ըսենք. «Մեր ամենօրեայ հացը տո՛ւր մեզի այսօր», ո՜րքան գեղեցիկ է վստահութիւնը զաւակներուն, որոնք ամէն ինչ իրենց Հօրմէն կը սպասեն։ «Ան իր արեգակը կը ծագէ չարերուն եւ բարիներուն վրայ, եւ անձրեւը կը տեղայ արդարներուն եւ մեղաւորներուն վրայ», (ՄԱՏԹ. Ե 45), կու տայ բոլոր կենդանիներուն «կերակուրը իր ժամանակին», (ՍԱՂՄ. ՃԳ 27)։ Յիսուս կը սորվեցնէ մեզի այս խնդրանքը, որ իսկապէ՛ս կը փառաւորէ Հայրը, որովհետեւ Ան կը ճանչնայ, թէ Հայրը ո՛րքան Բարի է, ամէն բարութենէ անդին եւ վստահելի՛ որ ոչ մէկ տարակոյսի պատճառ կը հանդիսանայ։ Ան ամենավստահելի՛ն է, քանի որ Ան Սէ՛ր է…։

Տէրունական աղօթքին՝ «Հայր մեր»ին «այսօր» բառը եւս վստահութեան արտայայտութիւն մըն է։ Տէրն է զայն մեզի սորվեցնողը, մեր յաւակնոտութիւնը պիտի չկարենար զայն ինքնիրմէ հնարել։ Եւ քանի «հաց»ը կը հայի մանաւանդ Աստուծոյ Խօսքին եւ Իր Որդիին Մարմինին, ուստի այս «այսօր»ը, մեր մահկանացու ժամանակին «այսօր»ը չէ միայն. ան «Այսօր»ն է Աստուծոյ։

Ուրեմն «Տուր մեզի…» երբ կ՚ըսենք, ասիկա մեր որդիական վստահութիւնն է, որ կ՚արտայայտենք երկինքի մեր Հօր՝ հաղորդաբար մեր եղբայրներուն։ Իսկ «Մեր հացը» կը մատնանշէ երկրաւոր սնունդը՝ որ անհրաժեշտ է մեր բոլորին ապրուստին՝ մարմնապէս գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար։

Ան մեզի վստահութիւն կը ներշնչէ, քանի որ մեր կեանքին հետ սերտօրէն առընչուած է. պարզ է՝ ան որ հաց կու տայ, վստահութիւն կը ներշնչէ եւ մարդ բնականաբար կ՚ապաւինի անոր։

Արդարեւ, «Մեր հացը» կը նշանակէ նաեւ «Կեանքի Հացը», որ է՝ Աստուծոյ Խօսքը եւ Քրիստոսի Մարմինը։ Եւ Աստուծոյ Խօսքը եւ Քրիստոսի Մարմինը միշտ վստահութեան աղբիւր են եւ վստահութիւն կը ներշնչեն։ Ան Աստուծոյ՝ «Այսօր»ին մէջ ընդունուած է իբր անհրաժեշտ եւ «գեր»էական սնունդը՝ Սուրբ Հաղորդութեամբ կանխուած Արքայութեան խնջոյքին։

Աստուծոյ վստահելու համար անհամար պատճառներ ունի մարդ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 2, 2020, Իսթանպուլ 

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2020