ՊՈԼԻՍ ՉԵՐԹԱ՛Ս. ՄԵՂՔ ՈՒՆԻ…

ԺԱՄԱՆԱԿ թերթի ուրբաթ, 6 օգոստոս 2021-ի թիւին մէջ գրեցինք «Ծայրայեղութենէ ծայրայեղութիւն» խորագրեալ յօդուածը, որուն մէջ ըսինք, «Ծայրայեղութիւն կը մաղթեմ բոլորի՛դ, որովհետեւ աւելի՛ պատուաբեր է ծայրայեղ հայը, քան յեղյեղուկ օտարամոլը»: Այո՛, տակաւին կը մնանք նոյն այդ ըսուածին հաւատարիմ, սակայն, ցաւ ի սիրտ այսօր կը տեսնենք մեր շուրջ այնպիսի ծայրայեղներ՝ որոնք սխալ ու թիւր սկզբունքներու հանդէպ ծայրայեղութեամբ կը լեցուին՝ ծայրայեղութիւն մը որ աւելի՛ վնաս է՝ քան նպաստ ու օգուտ:

Ծայրայեղութիւն մը իր կարգին լաւ կողմեր ունի, սակայն վա՜յ անոր որ իր գիտցած սխալին համար Փանջունի կտրած յամառ պնդագլուխ ծայրայեղութիւն մը կ՚որդեգրէ:

Մերօրեայ Փանջունիները շա՜տ են այսօր:

Տարիներ առաջ Լիբանանի ակումբներէն մէկը կազմակերպած էր ցեղասպանութեան նուիրուած կլոր սեղան մը, որուն երեք հրաւիրեալներէն մէկը ես էի: Միւս երկուքը ծայրայեղ ազգայնականներ՝ որոնք ցեղասպանութենէն աւելի պիտի շօշափէին ու հաստատէին իրենց ծայրայեղական մէկ համոզումը:

Բարեբախտաբար ես վերջին խօսողն էի:

Գիտէ՞ք, մեր ազգին մէջ գոյութիւն ունին ծայրայեղ ազգայնականներ, որոնք շատ անգամ առանց հասկնալու գաղափար մը, առանց ճշմարիտ վերլուծում մը կատարելու, զայն կ՚ընդունին իբրեւ համոզում եւ ծայրայեղ դիրք կ՚որդեգրեն անոնց հանդէպ. գուցէ այդ մէկը իր մէջ ունի թաքուն անմեղ հայրենասիրութիւն մը՝ որուն մէջ սակայն կը բացակայի բանականութիւնն ու իմացականութիւնը:

Նախորդ խօսակիցները առաւելաբար շեշտը դրին այն տեսութեան վրայ, որ Թուրքիա ոտք կոխած իւրաքանչիւր հայ դաւաճան ու դաւադիր անհատ մըն է. բոլոր անոնք՝ որոնք ինչ-ինչ պատճառներով թրքական սահմաններէն ներս ոտք կը կոխէին՝ պէտք է անտեսուին ընկերութեան ու հաւաքականութեան կողմէ, որովհետեւ վերջապէս ճշմարի՛տ հայը Թուրքիա պէտք չէ՛ երթայ: Ելոյթի կարգը հասաւ ինծի. նախքան բարի գալուստի խօսքը առաջին նախադասութիւնս բաւարար էր անոնց թշնամութիւնը շահելու.

-Տակաւին երկու շաբաթ առաջ Պոլիս կը գտնուէի:

Հաւատացէ՛ք, այդ պահուն իրենց աչքին պաշտօնակից էի արիւնռուշտերուն:

Սակայն ինչո՞ւ չերթալ Պոլիս: Ցաւ ի սիրտ մեր ազգայինները տակաւին չե՛ն կրցած տարբերութիւն դնել զբօսաշրջութեան համար մեկնողին՝ եւ հայրենասիրութենէ մղուածներուն միջեւ: Շատեր թերեւս հարց տան. ո՞ր հայրենասիրութեամբ մեկնիլ այդ երկիր:

Պատասխանե՛մ:

Եթէ երբեք ընթերցասէր էք, վստահ եղէք Պոլիսը ձեզի համար օտար տեղ պիտի չըլլայ, որովհետեւ բոլորս ալ որոշ չափով ճանչցած ենք Պոլիսը գիրքերու ճամբով եւ այնքա՜ն հարազատօրէն ամփոփուած է մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ: Չէ՞ որ այդ փողոցներուն մէ՛ջ ապրած ու գործած էին Թէքէեանն ու Վարուժանը, Մեծարենցն ու Դուրեանը եւ տակաւին բազմաթի՜ւ ուրիշներ: Չէ՞ որ այդտեղ կենդանացաւ մեր գրականութեան ամենէ՛ն կարեւոր, վառ ու ցայտուն էջերը:

Մեզմէ որո՞ւ անծանօթ է Սկիւտարը՝ ուր ապրած է Դանիէլ  Վարուժան, որո՞ւ համար անծանօթ է Վոսփորը, որուն համար Արփիարեան պիտի գրէր «Ո՜վ Վոսփորդ իմ անոյշ, Վարդենեացդ ի թուփ, Ի՜նչ ախորժ գեղգեղեն Սիրողքն ու պըլպուլք...»: Ո՞վ լսած չէր Գումգաբուն, Ֆէրիգիւղն ու Գատըգիւղը: Ո՞վ պիտի չուզէր երթալ Սկիւտարի գերեզմանատունը՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Դուրեանին, Ռեթէոս Պէրպէրեանին, Զարիֆեանին: Ո՞վ պիտի չուզէր խունկ ծխել Մեծարենցի շիրիմին:

Տեսնել փողոցները՝ ուր օր մը Պարոնեանին հետ «Պտոյտ մը Պոլսոյ թաղերու մէջ» կատարած էինք:

Հայրենասիրութի՛ւն է տեսնել այդ երկրին մէջ իրենց հայութիւնը պահպանել փորձող բուռ մը հայութիւն, որոնք ունին իրենց դպրոցները, եկեղեցիները, տպարաններն ու հիւանդանոցը, թանգարաններն ու կազմակերպութիւնները: Այդտե՛ղ ես տեսայ հայկականութիւն՝ քան Եւրոպա եւ կամ Ամերիկա. այդտեղ ես լսեցի հայերէ՛ն՝ պոլսական յատուկ ոճով մը համեմուած: Պոլսոյ մէջ պատրիարքարանի մէջ գիշերեցի մի քանի օր, տեղի թանգարանը այցելեցի՝ ուր կենդանի հայոց պատմութիւն մը կ՚ուրագծուի:

Եթէ մահացու մե՛ղք է ապրիլ այն շունչը՝ որով ապրած են մեր Զարթօնքի սերունդի տիտանները... Ես այդ մեղքը գործեցի:

Բազմիցս մեղա՜յ:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԻՍԿՈՒՀԻ ՄԻՆԱՍ
(1884-1951)

Մեր թուականէն 70 տարիներ առաջ՝ 7 սեպտեմբեր 1951-ին Ֆրանսայի մէջ մահացած է գրող, բանաստեղծ եւ մտաւորական Իսկուհի Մինաս:

Իսկուհին ծնած է 2 հոկտեմբեր, 1884 թուականին, Պոլիս: Կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ Իտալական օրիորդաց եւ ապա Իտալական Քերց վարժարաններուն մէջ: Գրելու նախափորձերը սկսած են փոքր տարիքէն. 15 տարեկանին ֆրանսերէն լեզուով տպագրած է իր առաջին գրութիւնները մամուլի մէջ եւ յետոյ կամաց-կամաց սկսած է աշխատակցիլ Փարիզի, Ռումանիոյ եւ ռուսական ֆրանսալեզու պարբերականներուն:

Իսկուհի Մինաս 1900 թուականին սկսած է հրատարակել իր գիրքերը, որոնցմէ են «Վենետիկեան մարգարիտներ», «Ինչ որ կը մեռնի», «Աթէնքի վարդերը», «Իտալիոյ լուսաստուերը» եւ այլ աշխատութիւններ, որոնք գրուած են գրեթէ ֆրանսերէն լեզուով: Հրատարակած է նաեւ «Ապրել» անունով աշխատութիւնը, որուն մէջ կը ներկայացնէ գրող ու փաստաբան Գրիգոր Զօհրապի կեանքը:

Արձակի ու վիպագրութեան կողքին գրած է նաեւ բանաստեղծութիւններ՝ առաւելաբար արձակ, որոնցմէ են «Անտիկ ծաղիկը», «Գիշերային ձայներ» եւ ուրիշներ:

Իսկուհի Մինասի գրութիւնները հայերէնի թարգմանած են Դանիէլ Վարուժան, Գրիգոր Զօհրապ, Զապէլ Եսայեան եւ բազմաթիւ ուրիշ հայ մտաւորականներ, որոնք պարբերաբար լոյս տեսած են Պոլսոյ հայկական մամուլներուն մէջ:

Իսկուհի ամուսնացած է «Փատրի» ֆրանսերէն պարբերականի խմբագիր Ժան Մինասեանի հետ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2021