ԶՍՊՏՈՒԱԾ ՈՒԺԸ

Հոգեկան աշխարհի մէջ որեւէ ուժ աւելի մեծ եւ զօրաւոր է, երբ կը զսպուի քան երբ կը սանձարկուի։ Ասիկա բնական օրէնք մըն է։ Այս իրողութեան յստակ մէկ օրինակն է՝ լեզուն։ Արդարեւ, «լեզուն զսպել» ամենամեծ առաքինութի՛ւնն է։ Ուստի, կարելի է պատասխանել չարախօս լեզուին, բայց մարդ երբեմն լուռ կը մնայ, չի պատասխաներ եւ ատով կ՚ապացուցանէ իր ուժին անհամեմատ գերազանցութիւնը։

Սիրելի՜ ընթերցող, հանդիպա՞ծ էք մէկուն, որ իր շուրջը աղմուկ կը հանէ, որպէսզի հանրային հասարակաց ուշադրութիւնը իր վրայ դարձնէ. վստա՛հ եղէք, թէ զուրկ է ներքին ուժէ՝ որ է միակ ապացոյցը եւ հիմը անձնական արժանիքներու։ Ժողովրդական իմաստութիւնը յստակ կերպով կ՚արտայայտէ, թէ՝ պարապ սափորը ձայն կը հանէ. լեցուն սափորը համր կը մնայ։

Մարդ երբ գիտցուածին անդրադառնայ լուրջ մտածումով, այնպէս կը թուի, իբր թէ նոր կամ բոլորովին անծանօթ իրողութեան մը գիւտը ըրած է։ Սա յստակ է, թէ գիտնալը ուրիշ բան է, «գիտնալ կարծել»ը ուրիշ բան։ Մարդ երբ «գիտնալ կը կարծէ», չարաչար կը սխալի եւ ինքզինք կը զրկէ ճշմարիտը գիտնալէ։ Մարդ երբ «գիտնալ կարծէ», ոչ մէկ բան կը սորվի։ «Գիտնալ կարծել»՝ տգիտութեան հիմն է։ Ողջախոհ եւ առաքինի մարդը ա՛յն է, որ կրնայ զանազանել ճշմարիտ գիտութիւնը եւ կարծեցեալ գիտութիւնը։

Այս իմաստով, մարդուս միակ յստակ գիտցածը՝ չգիտնալու գիտակցութիւնն է։ Արդարեւ, ակներեւ է, թէ Սոկրատի իմաստութիւնը կը կայանայ սա իրողութեան մէջ. «Գիտէր ան թէ չէ՛ր գիտեր ինչ որ չէր գիտեր»։

Հակադարձաբար, առողջ դատողութենէ զուրկ պակասամիտները՝ անխոհեմները «չեն գիտեր», թէ «չեն գիտեր», ինչ որ չես գիտեր եւ Սոկրատի չափ «իմաստուն» պիտի ըլլաս…

Անտարակոյս բոլորս ալ գիտենք, թէ ինչպէս նիւթական աշխարհին՝ նոյնպէս եւ հոգեւոր աշխարհին մէջ ուժերը միշտ լուռ են։ Բնութիւնը իր զօրութիւնը կը յայտնէ անձայն՝ անշշուկ։ Թեթեւ ձայնը աւելի ազդեցիկ է, քանի ան աւելի խորհրդաւոր է եւ աւելի հետաքրքրութեան արժանի կ՚ըլլայ, որովհետեւ ան աւելի տպաւորիչ է եւ մարդս կ՚առաջնորդէ մտածելու, խորհրդածելու, դատելու եւ որոշելո՛ւ։

Պահ մը խորհինք. ամէն զօրութեան, բնութեան աղբիւրը՝ արեգակը, լոյսը միթէ ձայն ունի՞, աղմուկ կը հանէ, երբ կը ճառագայթէ եւ կը փայլի ամէն օր, եւ անվախճան օրերով։ Իր ճառագայթներով կեանք կը բաշխէ լոյսը ամէն շնչաւոր արարածի եւ բուսականութեան. առանց ոտնաձայնի, առանց աղմուկի՝ բացարձակ լռութեամբ։

Անտառները՝ սա միութեան, միասնականութեան խորհրդանիշը եւ անտառներու մէջ ամէն մէկ ծառ՝ անկախութեան խորհրդանիշը՝ որոնք իրենց ճիւղերը իբրեւ հովանի տարածեր են իրենց շուրջը, միթէ փող կամ թմբուկ կը հնչեցնե՞ն իրենց այս աճումի «հրաշք»ին ուշադրութիւն հրաւիրելու համար։ Եւ գունագեղ ծաղիկներէն ո՞ր մէկը ձայն ունի։

Հիմնական արժէքներ՝ գեղեցկութիւն, բարութիւն եւ ճշմարտութիւն միթէ ձայն եւ աղմուկ կը հանե՞ն իրենք զիրենք ապացուցանելու համար… բոլորն ալ իրենց մէջ բանող գործարաններ են բայց ուժը՝ որով կը բանին՝ լո՛ւռ է։

Մարդ շատ լաւ գիտէ այս իրողութիւնը, շատ լաւ գիտէ, քանի որ ամէն օր կը հանդիպի անոնց եւ կ՚ապրի զանոնք, բայց քանի մարդ խորհի այս իր «գիտցած»ին վրայ, այնքան կը խորունկնայ իր անգիտութեան եւ զմայլումի ուժի այդ խորհրդաւոր լռութեան նկատմամբ։

Եւ բնութիւնը իր ամբողջ զօրութեամբ միշտ լուռ է, լռութեան մէջ կը գործէ եւ կ՚իրականացնէ իր հրաշալի՜ առաքելութիւնը։ Արդարեւ, Սուրբ Հոգին անձայն ուժի մը ներկայութիւնն է մարդուս մէջ։ Արեգակի, լոյսի նման լուռ ուժ մըն ալ է հոգեւոր աշխարհին լոյսը՝ Աստուա՛ծ։

Երանի՜ անոնց՝ որ լռութեան մէջ, լռութեամբ կարող են բարձրացնել իրենց օգտաբեր ձայնը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 6, 2023, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2023