ՄԵՐ ԳՐՈՂՆԵՐՆ ՈՒ ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐԸ (Ի.)
Բարեբախտաբար օտարախօսութիւնը շատերու համար մտահոգեցուցիչ երեւոյթ մը դարձած էր, այդ իսկ պատճառով տասնամեակներ առաջ Երեւանի մէջ կազմուեցաւ «Հայացման կոմիտէ» մը, որուն պարտականութիւնն էր կոչ ընել պետական, հասարակական եւ մասնաւոր հիմնարկութիւններուն, որպէսզի հայերէն խօսին ու գրեն։ Չընդունիլ ուրիշ լեզուով գրութիւններ, լուրեր եւ յայտարարութիւններ։ Բացառաբար ընդունիլ օտար լեզուով յայտարարութիւնները, երբ անոնք օտարներէ կու գան։ Պահանջել հայ լեզուի պաշտօնականացումը, իսկ միւս լեզուներու գործածութիւնը թոյլատրել՝ իբր օժանդակ լեզու։
Անոնք իրենց առաջին յայտարարութեան մէջ կ՚ըսէին.
«Ամէն տեղ պահանջեցէք պետական լեզուն. հասարակական հիմնարկութիւններէն դուրս վտարեցէք անոնք՝ որոնք պետական լեզուն չեն գիտեր, եւ կամ զայն արհամարհելով կը սիրեն ուրիշ լեզուով խօսիլ ու գրել։
«Մի՛ ընդունիք եւ ետ ղրկեցէք բոլոր այն գրութիւնները, որոնք պետական լեզուով չեն գրուած։ Մի՛ յաճախէք այն խանութներն ու վայրերը, որոնց ցուցակներուն վրայ պետական լեզուն չէ գրուած։ Պահանջեցէք, որ դատարաններու մէջ ձեզ լսեն ձեր մայրենի լեզուով։
«Պահանջեցէք, որ օրէնքներն ու հրամանները հրատարակուին անպայման պետական լեզուով։ Պէտք է որ ամէն մի հիմնարկութիւն ճանչնայ հայ լեզուի պարտադրութիւնը»:
Նոյն յայտարարութեան կարիքն է, որ կը զգանք քի՛չ քի՛չ. այսօր (մանաւանդ ռուսական վերջին պատերազմէն ետք) Երեւանի մէջ շատ են խանութներ՝ ուր պէտք է ռուսերէն լեզուով առեւտուր կատարէք. Երեւանի խանութներու յայտարարութիւնները արդէն սկսած են դառնալ ռուսերէն եւ կամ անգլերէն. շատ պարզ ու սովորական բաներու մէջ նոյնիսկ հայերէն լեզուէն կը տերեւաթափուինք եւ օտարինը կ՚որդեգրենք, առանց նկատելու, որ այդ մէկը ոճիր մըն է լեզուի մը դէմ՝ որ ներկայ վիճակով այնքան ալ փայլուն ապագայ մը կրնայ չունենալ:
Լեզուի մը գոյութեան մեծագոյն առաջնորդը պետական պաշտօնեաներն են, որովհետեւ երբ նախագահը, վարչապետը, երեսփոխաններն ու պետական պաշտօնեաները լեզուն կ՚աղաւաղեն՝ ժողովուրդէն հակառակը ակնկալել կարելի չէ:
«Հայացման կոմիտէ»ի վախճանը ինչ եղաւ չեմ գիտեր, սակայն վստահ եմ, որ այսօր կարիքը ունինք նման կոմիտէութեան մը. թուրքերը նոյնիսկ կարեւորելով իրենց լեզուն, Թուրքիոյ զանազան շրջաններու մէջ սկսան արգիլել արաբերէն լեզուով յայտարարութիւններն ու ցուցանակները, որովհետեւ երկրին մէջ մայր լեզուն է որ պիտի տիրէ եւ ո՛չ օտարինը: Նման կոմիտէի մը կարիքը ունինք այսօր, որպէսզի կուսակցական շահերն ու քաղաքական ըսի-ըսաւները մէկ կողմ ձգելով զբաղին մայրենի լեզուի վիճակով. մեր լեզուէն դուրս քշեն օտարին ազդեցութիւնները եւ իրենց կեանքը առաքելութիւն դարձնեն լեզուի բիւրեղացման:
Անցնիք բառերուն՝ որոնք մեր լեզուն կ՚աղաւաղեն:
ԾԷ.- ՀԻՒՆԷՐ
Հիւնէր բառին ոչ շատ, սակայն կարելի է հանդիպիլ մեր գրականութեան մէջ.
Օրինակի համար, Յակոբ Օշական իր «Հաճի Ապտիւլլահ» աշխատութեան մէջ կը գրէ. «Մէկը՝ Պոլսէն, միւսը՝ այդ կիսաքաղաքէն: Երկուքն ալ իրենց մատներուն հիւնէրէն դուրս հարկին տակն էին կատարելագործուելու միւս գիտութեան ալ մէջը...»: Ան այս բառը գործած է նաեւ «Ծակ պտուկ» աշխատութեան մէջ:
Հին հայերէն բանաստեղծութիւններու մէջ եւս տեղ-տեղ կարելի է հանդիպիլ այս բառին. օրինակ՝ հայերէն բանաստեղծութեան մը մէջ կը կարդանք. «Թէ քանի՜ հիւնէր կայ ի նայ, Այն ձիւղ, որ զպտուղն ունի»:
Այս բառը կարելի է գտնել նաեւ Նահապետ Քուչակի երգերուն մէջ:
Յովսէփ Մալէզեան այս բառին փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել ճարտարութիւն բառը, թէեւ Յակոբ Օշական կը թարգմանէ որպէս տաղանդ:
ԾԸ.- ՃԱՀԻԼ
Այս բառը մինչեւ օրս թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի մէջ կը գործածուի, շատ անգամ ճահիլ եւ շատ անգամ ալ ճահել տարբերակով: Այս բառը կարելի է գտնել շատ մը գրողներու մօտ։
Օրինակի համար, բազում անգամներ գործածուած կը տեսնենք Թլկատինցիի թատրերգութիւններուն մէջ. ան «Կտակը» թատրերգութեան մէջ իր տիպարներէն մէկուն բերնով կ՚ըսէ. «Նստիր, մի՛ նեղուիր, տղէքս մի անիծեր, դուն ճահիլ ես նը անոնք ըլ ճահիլ են»:
Նահապետ Քուչակի երգերուն մէջ եւս կը հանդիպինք ճահիլ բառին։ Ան իր «Քսանեւեօթներորդ տաղաշարք»ին Ժ. տունին մէջ կը գրէ. «Գային այն ճահիլ մանչերն, գընէին տան՚ին սիրողին»:
Ճահիլ բառը կարելի է գտնել նաեւ Համաստեղին մօտ. ան իր «Անձրեւ» աշխատութեան մէջ կը գրէ. «Այս տարի, եթէ կարենար Տողանին հետ ճահիլ եզ մը լծել...»:
Արշակուհի Թէոդիկ իր «Ամիս մը ի Կիլիկիա» աշխատութեան մէջ երկխօսութիւն մը կ՚ունենայ մօր մը հետ եւ հարց կու տայ, թէ ո՞ւր կ՚երթայ. ծերունին կը պատասխանէ. «Ռոտոսթոյէն եմ եկեր, Ատանա կ՚երթամ, քսանեւերկու տարու ճահիլ զաւակս փնտռելու»:
Յովսէփ Մալէզեան այս բառին փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել երիտասարդ բառը, թէեւ մեր օրերուն ան կը գործածուի «անչափահաս» իմաստով եւս:
ԾԹ.- ՃԱՄԻ
Այս բառին մաքուր հայերէնը բոլորիս ալ ծանօթ է, սակայն չես գիտեր ինչո՞ւ, շատ մը գրողներ հայերէն տարբերակի փոխարէն ուզած են գործածել թրքերէնը։
Օրինակի համար, հայ դասական մատենագիրներէն Անդրէաս Արծկեցի «Ա. Տաղ ի վերայ ղարիպի, ասացեալ ի Անդրէաս վարդապետէ» խորագրեալ տաղին մէջ կը յիշէ այդ բառը:
Այս բառը կը գտնենք Երեմիա Չէլէպի Քէօմիւրճեանի «Ստամպօլոյ պատմութիւն» աշխատութեան մէջ. ան իր աշխատութեան երրորդ գլուխին մէջ կը գրէ. «Մեծապար ճամին ի կողմն՝ զոր շինեաց վալիտէ սուլթան»:
Այս բառը կը տեսնենք նաեւ «Իսլամը հայ մատենագրութեան մէջ» աշխատութեան մէջ. այդտեղ կը կարդանք. «Մասնաւորապէս այս անունը կը կրէ Մէքքէի աղօթավայրը հակառակ մեծ ճամի մը ըլլալուն»:
Յովսէփ Մալէզեան Ճամիի փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել մզկիթ բառը:
•շարունակելի…
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -336-
Շատ անգամ դժուար բան է մանուկներուն բան մը սորվեցնելը. եղբօրս աղջիկը երբ երեք տարեկան եղաւ ու արդէն իսկ յստակ կը խօսէր, որոշեցի իրեն մի քանի բաներ սորվեցնել. գրատուն մը երթալով մանկական գիրքեր վերցուցի, որպէսզի քիչ-քիչ իր հետ խաղալով սորվեցնեմ: Գիրքերէն մէկը ոչխարներու մասին էր. կը խօսէր, թէ ոչխարները ի՞նչ կ՚ուտեն, անոնց ձայնը ի՞նչ կը կոչուի, ի՞նչ գոյն կ՚ըլլան եւ այլն:
Գիրքը կ՚ըսէր. «Ոչխարները ընդհանրապէս երեք գոյն կ՚ըլլան.- սեւ, սպիտակ եւ մոխրագոյն»։ Աւելի քան մէկ ժամ այս բոլորը կարդալէ եւ բացատրելէ ետք հարց տուի, թէ ի՞նչ գոյն կ՚ըլլայ ոչխարը. պատասխանը ինքնավստահ էր.
«Ոչքարը կապոյտ կ՚ըլլայ...»:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 02/17/2025
- 02/17/2025