Ի՞ՆՉ ԲԱՆԻ ԿԸ ԿԱՐՕՏԻ ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԸ

Մարդկային կեանքի մէջ կան բառեր, որոնք նոյնը մնալով հանդերձ էապէս մեծ փոփոխութիւններ կը կրեն եւ այս փոփոխութիւնը կը կատարուի ժամանակի հաշուին. անոնցմէ մէկն է, օրինակ, մեր ընկերութեան մէջ շատ օգտագործուող «նոր սերունդ» բառը, նկատի ունենալով որ իւրաքանչիւր նոր սերունդ դատապարտուած է հին սերունդ դառնալու՝ իր «նոր»ի տիտղոսը փոխանցելով զինք յաջորդողներուն: Այս մտածումներով կը կարդամ գրութիւններ, որոնք գրուած են կէս դար, նոյնիսկ դար մը առաջ եւ կը խօսին «նոր սերունդ»ի մը մասին, որ արդէն վաղո՜ւց հին սերունդ դարձած ու աշխարհի երեսէն անհետացած:

Գրեթէ ամէն ժամանակաշրջան, գուցէ հազարամեակներ առաջ եւս հետաքրքրուած է իր «նոր սերունդ»ով, որովհետեւ իւրաքանչիւր քաղաքակրթութիւն հաւատացած է, որ «նոր սերունդ»ը յոյսն ու ապագան է այդ ընկերութեան. նոյնիսկ իր յոյսը դրած էր «նոր սերունդ»ին վրայ, որովհետեւ ինչպէս Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ՝ «նոր սերունդը պիտի ծնի եւ իրենց զաւակներուն պատմէ» (հմմտ. Սաղմոս 78.6): Աշխարհի վրայ ամէ՛ն արժէք ժառանգուած է «նոր սերունդ»ին ճամբով. այսօր եթէ մենք կը գրենք ու կը խօսինք մայրենի հայերէն լեզուով, այդ մէկը արդիւնքն է այն զոհողութեան, որ հին սերունդը փոխանցած է նորին եւ այդպէս շարունակաբար փոխանցուելով հասած է մեզի։ Այս մէկը մտածել կու տայ այն ճշմարտութեան մասին, որ ներ սերունդին փոխանցածն է, որ պիտի երթայ դէպի ապագայ. ինչքա՛ն աղաւաղուած փոխանցենք՝ այնքան աղաւաղուած պիտի փոխանցուի եւ այսպէս ժամանակի ընթացքին կորսնցնէ իր իսկութիւնը եւ դատապարտուի կորստեան, այդ իսկ պատճառով, պէտք է լրջօրէն մտածել, թէ ի՞նչն է որ կը փոխանցենք ո՛չ թէ «նոր սերունդ»ին՝ այլ ապագային:

Մի՛շտ ալ խօսուած է «նոր սերունդ»ի պէտքերուն մասին. օրինակի համար՝ մեր թուականէն 67 տարիներ առաջ՝ 1957 թուականին Ֆրանսայի Ռոնի շրջանին մէջ պրն. Յովհան Կարապետեան կու տար «Ի՞նչ բանի կը կարօտի նոր սերունդը» խորագրեալ դասախօսութիւն մը. օրուան մամուլը իր դասախօսութիւններէն մէջբերումներ ընելով կը յիշէ. «Խրամատ մը բացուած է հին եւ նոր սերունդներուն միջեւ: Հին սերունդը միշտ կը քննադատէ նոր սերունդը, յաճախ անարդարօրէն: Առանց հասկնալու անոր հոգեբանութիւնը, յարձակում մը կը գործէ նորին վրայ: Պէտք է ընդունիլ, թէ կեանքի փոփոխութիւնը սրընթաց կ՚երթայ: Հին սերունդը կը մնայ անհաղորդ նոր սերունդին, չի զգար շրջաններու, միջավայրերու ազդեցութիւնը, չի տեսներ իր եւ նոր սերունդին միջեւ բացուած անջրպետը եւ կը դատէ ամէն ինչ այնպէս, ինչպէս ցոյց կու տան այն պարագաները, որոնց մէջ ինք ապրած է: Նոր սերունդը աւելի առոյգ, ձեռներէց, խիզախ, բոլորովին այլափոխուած պայմաններու մէջ, բնական է որ ընդվզում մը ունենայ հինին դէմ»:

Ահաւասիկ, ժամանակի սահմանները չճանչցող իրականութիւն մը. կարծես գրուած ըլլայ այսօր՝ մեր նոր սերունդին ու հին սերունդին միջեւ գոյութիւն ունեցող կապը բացատրելու համար. դարեր շարունակ այս անդուլ պայքարը մղեց հին ու նոր սերունդը եւ միշտ այսպէս զիրար մերժելով յառաջդիմեցին։ Ֆրանսայի մէջ նման դասախօսութիւն տուող պրն. Յովհանը այս անդունդը վերացնելու լուծումներուն մասին կը խօսի եւ կու տայ երկու լուծում. որպէս առաջին լուծում պրն. Յովհան կ՚ըսէ.

«Անհրաժեշտ է սերտ մտերմութիւն մը ծնողքին եւ զաւակին միջեւ». այս մէկը մեր օրերուն կարելի է քիչ մը հարցականի տակ դնել. Մտերմութիւն ըսելով ի՞նչ պէտք է հասկնալ, մանաւանդ մեր օրերուն, ուր ո՛չ ծնողքի հանդէպ յարգանք գոյութիւն ունի եւ ո՛չ մեծին. վստահաբար պրն. Յովհանի ժամանակ կար մեծի եւ մանաւանդ ծնողքի հանդէպ ակնածանք մը. լաւապէս կը հասկնանք, թէ դասախօսը ըսել կ՚ուզէ, որ ծնողքը պէտք է շատ աւելի մօտիկ յարաբերութիւն ունենայ իր զաւակներուն հետ, աւելիով ներկայութիւն ըլլայ անոնց առօրեային եւ ընկերային կեանքին մէջ, որպէսզի լաւապէս ճանչնայ պէտքերը իր զաւակին՝ որ «ներ սերունդ»ի մէկ մասնիկն է: Կար ժամանակ, երբ մեծերը երիտասարդները կ՚անտեսէին. կ՚անտեսէին անոնց ուսումը, անոնց գաղափարներն ու կարծիքները եւ իրենք զիրենք հեռու կը պահէին անոնցմէ՝ խորհրդաւոր անդունդ մը ստեղծելով, սակայն դասախօսը ըսել կ՚ուզէ, որ պէտք է անոնք մօտենան զիրար։ Երիտասարդը իր յարգանքով, իսկ մեծը իր սիրով գտնեն միջին մը, որպէսզի երիտասարդը սորվի մեծէն, իսկ մեծը՝ լուսաւորուի երիտասարդէն, որովհետեւ նոր սերունդը գիտէ բաներ՝ որոնք անծանօթ են հին սերունդին եւ փոխադարձաբար: Կար ժամանակ, երբ մեծեր կը փորձէին իրենց հեղինակութիւնը պահել խստութեան ճամբով, սակայն նոր սերունդը եկաւ ըսելու, որ սէրը շատ աւելի լաւ միջոց մըն է գրաւելու երիտասարդը՝ քան խստութիւնն ու բարկութիւնը: Դասախօսը կը յորդորէ ըսելով. «պէտք է խստութեան փոխարէն սէր եւ համակրանք մտցնենք մեր մտերմութեան մէջ»:

Որպէս երկրորդ կէտ դասախօսը կը յիշէ. «Տղուն ամէն գնով պէտք է տալ ազգային ներշնչում»։ Այս մէկը իրականութեան հետ կապ ունի առաջին կէտին հետ, որովհետեւ ընտանիքին ճամբով կը տրուի այդ դաստիարակութիւնը. ընտանիքին մէջ մանուկը կը սորվի ազգային արժէքները: Այդ իսկ պատճառով ընտանիքը պարտի անոր մէջ արթնցնել որոշ պատասխանատուութեան գիտակցութիւն մը, այդ մանուկը բացի որպէս անհատ, որպէս ապագայ տեսնելով, որովհետեւ այսօրուան մանուկ-պատանին, վաղուան երիտասարդն ու ղեկավարը կրնայ ըլլալ: Հին սերունդին եւ նոր սերունդին յարաբերութիւնը պէտք է նման ըլլայ շղթայի կապի մը. շղթայի բոլոր օղակները գրեթէ հաւասար եւ գրեթէ միաձեւ կ՚ըլլան. միաձեւ ըսելով ըսել չե՛նք ուզեր, որ նորը նմանի հինին. այդ նմանութիւնը երբեք ալ տեղի պիտի չունենայ. նորը միշտ տարբեր պիտի ըլլայ հինէն եւ պարտի՛ ըլլալ, որովհետեւ նորութիւնն ու ներ սերունդն է, որոնք ազգերը կանգուն կը պահեն:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Անմեղ բանտարկեալներ կա՞ն. կրնա՞ք օրինակ տալ:

Պատասխան. Այո՛, անմեղ բանտարկեալներ կան, որովհետեւ արդարադատութեան համակարգին մէջ կան սխալ դատավճիռներ: Օրինակի համար՝ Նիւ Եորքէն Քալիէֆ Պրաուտըր (Kalief Browder) անունով երիտասարդ մը պայուսակ գողնալու մեղադրանքով ազատազրկուեցաւ երեք տարի. հակառակ իր անմեղ ըլլալուն, ան իր ժամանակը կ՚անցընէր իր մեկուսարանին մէջ եւ անոր դատական գործը անընդհատ կը յետաձգուէր: Այս վիճակը մեծապէս ազդեց անոր վրայ եւ պատճառ եղաւ, որպէսզի երիտասարդը ինքնասպան ըլլայ: Անոր օրինակը կ՚ընդգծէ անօրինական բանտարկութեան կործանարար հետեւանքները:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 7, 2024