ԱՐԺԱՆԱՒՈՐ ՄԱՐԴ ԸԼԼԱԼ
Մարդոց վերջնական նպատկն է՝ ընկերութեան մէջ արժանաւոր ըլլալ, արժանաւոր կերպով ապրիլ եւ այդպէս յիշուիլ։ Ո՜վ չ՚ուզեր արժանաւոր ըլլալ, յիշուիլ, յարգ ու պատիւ վայելել, նոյնիսկ ամենէն համեստ մարդն իսկ ունի այդ փափաքը, քանի որ մարդկային բնական զգացում մըն է ան։ Եւ այն որ կեղծ համեստութեամբ մը կը մերժէ յարգն ու պատիւը, վստահ եղէք սիրելինե՜ր, ամենէն աւելի ան կը սպասէ յարգ ու պատիւի եւ կ՚ուզէ արժանաւոր մարդ ըլլալ հասարակութեան մէջ, փառաւորուիլ եւ յարգուիլ։ Բայց մէկը երբ կ՚ուզէ արժանաւոր երեւիլ, յարգ ու պատիւ վայելել, նախ ինք պէտք է որ արժանիք ունենայ։
Արժանիքը՝ իր ամենալայն իմաստով, մտաւոր եւ հոգեկան բարձր յատկութիւններ ունենալ, կարողութիւններու տէր ըլլալ, եւ մանաւանդ քաջասիրտ եւ վեհ հոգի մը ունենալ կը նշանակէ։ Արժանիքի տէր մարդը կը փայլի իր արժանաւորութեամբ՝ ամէնուրեք կը յայտնէ ինքզինք իր կեցուածքով։ Յետոյ իր խորհուրդներով, խօսքով եւ գործո՛վ։
Արժանիք ունենալ կը նշանակէ վեհանձն ըլլալ, տարբերիլ ուրիշներէ, փայլիլ իր իսկ առաքինութեանը լոյսով։ Ան ինքզինք անմիջապէս կը յայտնէ, կ՚երեւի, եւ հասարակութեան մէջ ըսել կու տայ ամէնքին. «Արժանաւոր մարդ է ան»։
Արդարեւ, խնդրական է, թէ՝ արժանիքը ժառանգական փոխանցումի արդիւնք է, թէ ոչ՝ ստացական։ Անշուշտ վիճելի հարց մըն է այս, բայց սա իրողութիւն մըն է, թէ՝ ան ըլլա՛յ ծինային կամ ժառանգական, ըլլա՛յ ստացական, անպայման կը կարօտի մշակումի։ Արժանիքը պարզ «պիտակ» մը չէ՛, այլ պէտք է խնամել զայն, հոգ տանիլ անոր, եւ բառին բո՛ւն իմաստով՝ մշակել։ Արժանաւոր մարդու մը կեանքի ընթացքը կ՚որոշէ անոր իսկական վիճակը։ Արդարեւ հոս արժանաւոր ըլլալ, ուրիշ տեղ մը՝ անարժան, կարելի չէ, ուրիշ խօսքով մարդ կա՛մ արժանաւոր է, կամ՝ չէ՛։
Նկարագիր մըն է՝ ապրելակերպ մը, ուստի փոփոխական։
Արժանիքը շնորհ եւ մեծութիւն է՝ միշտ եւ ամէնուրեք։
Արժանիքը առաքինութիւն է եւ ազնուութիւն։ Իսկ եթէ մարդ տեղ մը արժանաւոր կ՚երեւի, ուրիշ տեղ մը անարժան, այդ կը նշանակէ փոփոխական նկարագիր ունենալ, որ երբեք չի համապատասխաներ արժանաւորութեան։
Այնու ամենայնիւ, արժանիքը, կեանքի մէջ երբեմն անտեսուած, երբեմն փնտռուած, երբեմն անարգուած, երբեմն յարգուած, երբեմն պանծացուած, երբեմն մերժուած եւ ուրացուած վիճակ մը եղած է։ Եղած է շրջաններ, երբ արժանիքը յարգուած, յարգ ու պատիւ վայելած, մեծապէս գովուած ու պաշտուած է։ Բայց, ինչպէս կը վկայէ պատմութիւնը, եղած է նաեւ շրջաններ՝ երբ նոյն արժանիքը արհամարհուած, ստորադասուած եւ մինչեւ իսկ ոտնահարուած է։ Արդարեւ մարդկային բարձր արժէքներ՝ ճշմարտութիւն, արդարութիւն, բարութիւն, մարդասիրութիւն յաճախ արհամարհուած են։ Եղած է շրջաններ պատմութեան մէջ՝ ուր արժէք, արժանիք, արժանաւորութիւն ո՛չինչ համարուած են։ Արժանիքի սահմանումն ալ դարերու ընթացքին զանազան ձեւեր ստացած է, զոր օրինակ, Արեւելքի մէջ արժանիքը իր յարգն ու պատիւը ստացած է իմաստութեան շնորհիւ, իսկ հին Յունաստանը որպէս արժանիք ընդունած է գեղեցկութիւնը եւ հանճարը։ Հռոմ արժանիքը սահմանած է մեծութեան ու առաքինութեան յատկութիւններով մանաւանդ։
Արժանիքը, պատմութեան ընթացքին ունեցաւ բազմաթիւ իմաստներ ու նշանակութիւններ։ Բայց արժանիքը մնաց միշտ հաստատ դիրքի մը մէջ, այն՝ որ է, անայլայլելի, մշտնջենաւոր, կայուն վիճակ մը, զօրաւոր նկարագիր մը եւ յատկանի՛շ մը։ Եւ իր կայուն յատկութեան պատճառով է, որ մարդ կա՛մ արժանիքի տէր՝ արժանաւոր է եւ կամ՝ ո՛չ։ Այս իմաստով, արժանիքը անձին ինքնութեան ստուգանիշն է։
Մեր օրերուն, արժանիքը, ընդհանրապէս կը գործածուի որպէս չափանիշ՝ ճշդելու համար մարդոց նիւթական դիրքը, թերեւս բարոյական կացութիւնը։ Այս իմաստով, արժանիքը այլեւս հեռու է ներուժ մը եւ ինքնարժէք վիճակ մը ըլլալէ։ Արժանիքը այլեւս «թուաբանական արժէք» մը արտայայտող ասացուածք մը եղած է՝ գին մը, սահման մը որոշելու համար իրերուն, նիւթերուն։
Մինչդեռ արժանիքը, ինչպէս ըսինք, թուանշան մը, դիրք մը, երեւոյթ մը չէ՛։ Ան ճշմարիտ իրողութիւն մը, ճշմարտութիւն մըն է։ Արժանիքը մարդուն՝ հոգի, մարմին եւ միտք համադրութեան ներդաշնակութիւնը ապահովող, իմացականութեան, զգացումներու եւ ապրումներու ամբողջութիւնն է։ Մարդկային բարձր արժէքներու՝ գեղեցկութեան, ճշմարտութեան եւ բարութեան եւ բոլոր շնորհներու ընդելուզո՛ւմն է։
Արժանիքը հեռանկար մըն է՝ իտէալ մը, թռիչք մը եւ ձգտում մը բարձր գաղափարներու եւ կատարելութեան։ Յաճախ կը կրկնենք՝ մարդ իր մարդկային տկարութիւններով եւ թերութիւններով անկատար էակ մըն է, ահաւասիկ արժանիք ունենալ կը նշանակէ անդրադառնալ իր մարդկային թերութիւններուն եւ տկարութիւններուն, եւ ջանալ լիացնել ու զօրացնել զանոնք։ Մէկ խօսքով ձգտիլ կատարելութեա՛ն։
Մարդիկ կան որ իրենք զիրենք կատարեալ կը համարեն։ Եթէ կատարեալ են իսկապէս, ուրեմն պէտք է որ արժանիք ունենան, արժանաւոր ըլլան։ Բայց եթէ չեն անդրադարձած իրենց թերութիւններուն, ապա ուրեմն կարելի՞ է արժանիքի տէր համարել զանոնք։ Արժանիք ունենալու միակ կերպն է՝ ինքնաճանաչո՛ւմ։ Անկեղծ ու քաջաբար ինքնաքննութիւն։
Ասիկա խոնարհութիւն կամ համեստութիւն չէ՛, այլ պարզապէս իրատեսութիւն, ճանչնալ ինքզինք, սրբագրել սխալները, զօրանալ իր տկարութիւններուն մէջ եւ կատարելագործել թերութիւնները։ Ահաւասիկ արժանաւոր մարդը ա՛յս է։ Այս իմաստով արժանիքը մարդուն նպատակն է։ Իրական արժանիքը անկեղծ է՝ իրաւ եւ ճշմարիտ։ Ան նպատակ մըն է, երբ մարդ գիտակցաբա՛ր ինքզինք աւելի բարձր տեսլականներու կը պատրաստէ։ Երբ բարձր գաղափարներ կը նկատէ եւ անոնց հասնելու կ՚աշխատի։ Արժանիքը վեր է ամէն նկատումէ՝ ծագումէ, ցոյցէ, համբաւէ, գիտութենէ, հարստութենէ։ Արժանիքը բարոյական անգին գա՛նձ մըն է, որ մարդս կը բարձրացնէ եւ միշտ բարձր կը պահէ։ Ան հոգեկան ընտիր յատկութիւն մը, հոգեվիճակ մըն է, որ կարելի չէ սահմանել նիւթական արժէքներու չափանիշով։
Արժանիքը ազնիւ զգացում է՝ սէ՛ր է, նուիրում է, զոհողութիւն է, անձնուիրում է, պարտք ու իրաւունք ճանչնալ է։ Պատրաստակամէութիւն է ամէն բարիքի, ամէն նուիրումի, ճշմարտութիւն, բարութիւն եւ գեղեցկութիւն ճանչնալ է։ Առաքինութիւն է, ազնուութիւն է, կոչումին հաւատարմութի՛ւն է…։
Արժանիքը սրտին եւ հոգիին մշակումով հետզհետէ աճող սերմ մըն է։ Արժանիքը աշխատանք կը պահանջէ՝ եթէ «ժառանգ» մըն է՝ պէ՛տք է աւելցնել, եթէ ստացական շնորհ մըն է՝ պէ՛տք է արժանի ըլլալ անոր, եւ եթէ արժանաւոր է մէկը՝ պատասխանատու պէ՛տք է զգայ ինքզինք միշտ պահելու եւ աճեցնելու համար զայն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 20, 2015, Իսթանպուլ