ԿՈՐՈՒՍՏԻՆ ՇԱՀԱՒԷՏ ԿՈՂՄԸ

«Կո­րուստ» իր լայն ա­ռու­մով կը նշա­նա­կէ՝ վնաս, ձեռ­քէ ել­լել, կորսնց­նել, ու­նե­ցա­ծին նուա­զու­մը, պակ­սիլ, քիչ­նալ եւ կամ բո­լո­րո­վին ոչն­չա­նա­լը։ Ու­րեմն, այս ի­մաս­տով, կո­րուս­տը՝ վնա­սա­բեր, վնաս հասց­նող, ա­պա ու­րեմն, մար­դուս ցաւ ու վիշտ պատ­ճա­ռող ե­րե­ւոյթ մը՝ ի­րա­դար­ձու­թի՛ւն մըն է։

Ու­րեմն, կա­րե­լի չէ կո­րուս­տէն բա­րիք կամ շահ ա­պա­հո­վել։ Բա­նա­կա­նօ­րէն այս կա­րե­լի է եզ­րա­կաց­նել «կո­րուստ»ին ընդ­հա­նուր ի­մաս­տէն։

Բայց կեան­քի մէջ շատ ե­րե­ւոյթ­ներ, ի­րեր եւ ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ եւ ար­ժէք­ներ յա­րա­բե­րա­կան եւ հա­մե­մա­տա­կան են։ Կա­րե­լի չէ՛ բա­ցար­ձակ եւ ստոյգ, ո­րոշ հան­գա­մանք մը տալ ո­րե­ւէ ար­ժէ­քի, քա­նի որ ան պա­րա­գա­նե­րու եւ պայ­ման­նե­րու հա­մե­մա­տու­թեամբ յա­րա­փո­փոխ եւ ան­կա­յուն վի­ճակ մը ցոյց կու տայ։ Զոր օ­րի­նակ՝ ո­րե­ւէ իր օգ­տա­կար կրնայ համա­րուիլ, բայց նաեւ կրնայ վնա­սա­կար ըլ­լալ։ Գա­ղա­փար­ներ, մտա­ծում­ներ, տե­սա­կէտ­ներ ալ նոյն­պէս՝ եր­բեմն օգ­տա­ւէտ, եր­բեմն վնա­սա­բեր կրնան ըլ­լալ պա­րա­գա­նե­րու եւ պայ­ման­նե­րու նկատ­մամբ։

«Կո­րուստ»ն ալ, ա­ռա­ջին ակ­նար­կով վնա­սա­բեր կ՚ե­րե­ւի, բնու­թեան ընդ­հա­նուր կա­նո­նը՝ պատ­ճառ եւ ար­դիւն­քի յա­րա­բե­րու­թիւ­նը, ըստ փոր­ձա­ռու­թեան, միշտ նոյն ըն­թաց­քը ցոյց կու տան։ Ո­րոշ «պատ­ճառ»ներ՝ ո­րոշ «ար­դիւնք»նե­րու կը յան­գին։

Ու­րեմն, կո­րուս­տը միշտ վնաս կը պատ­ճա­ռէ։

Բայց, ինչ­պէս ը­սինք, կեան­քի ընդ­հա­նուր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը մե­զի ցոյց կու տայ նաեւ՝ թէ ո­րոշ պատ­ճառ­ներ, ան­պայ­ման ո­րոշ ար­դիւնք­նե­րու չեն հաս­նիր, կա­րե­լի է եւ տես­նուած է, որ սո­վո­րա­կա­նէն տար­բեր ար­դիւնք­ներ ալ ձեռք բերուին։ Ար­դա­րեւ, ինչ­պէս Վոլ­թէր կ՚ը­սէ, բնու­թիւ­նը միշտ ա­նակն­կալ­նե­րով լե­ցուն է եւ դար­ձեալ, բնու­թիւ­նը՝ ի՛նք «հրաշք» մըն է։

Ուս­տի տես­նենք, թէ կո­րուս­տը ի՛նչ­պէս կրնայ ար­դիւ­նա­բեր ըլ­լալ։ Նախ՝ կոր­սուած ա­մէն ինչ թան­կա­գին է կորսնց­նո­ղին հա­մար։ Ու­րեմն կոր­սուե­լով, ո­րե­ւէ բան, կը յի­շեց­նէ իր ար­ժէ­քը, կորսուե­լով՝ բո­լոր ու­շադ­րու­թիւ­նը, մարդ կը կեդ­րո­նաց­նէ կոր­սուա­ծին վրայ։ Եւ կա­րե­լի է ը­սել, որ կարգ մը ար­ժէք­ներ կոր­սուե­լով ար­ժէք կը ստա­նան եւ կամ զայն կորսնց­նող­ներ կ՚անդ­րա­դառ­նան ա­նոր ար­ժէ­քին եւ շատ ան­գամ, նոյ­նիսկ կ՚անդ­րա­դառ­նան կոր­սուա­ծին նա­խա­պէս գո­յու­թեան։ Յե­տոյ՝ կոր­սուա­ծը փնտռե­լու պա­հանջ­քը երբ կը զգայ մարդ, կ՚անդ­րա­դառ­նայ «յոյ­ս»ին ար­ժէ­քին եւ վեր­ջա­պէս՝ երբ գտնուի կոր­սուա­ծը մեծ ու­րա­խու­թիւն կը պատ­ճա­ռէ գտնո­ղին եւ կոր­­սուա­ծին վե­րա­յայտ­նու­թիւ­նը եր­ջան­կու­թիւն կը ստեղ­ծէ։

Ար­դա­րեւ, ժո­ղովր­դա­կան ի­մաս­տու­թիւ­նը, կոր­սուա­ծին ար­ժէ­քը կոր­սուե­լէն յե­տոյ գնա­հա­տե­լու զգա­ցու­մը սա ա­ռա­ծով կ՚ար­տա­յայ­տէ. «Գնա, մե­ռի՛ր, ե­կուր սի­րե՛մ»։ Բո­լո­րիս ծա­նօթ է այս ա­սոյ­թը, որ յա­ճախ կը գոր­ծա­ծենք՝ ուշ, յա­պա­ղած գնա­հա­տանք­նե­րու հա­մար, որ կեան­քի մէջ ստէպ կը պա­տա­հի, դժբախ­տա­բար։ Մար­դիկ, ընդ­հան­րա­պէս ներ­կա­յի ար­ժէք­նե­րու, զա­նոնք ան­հե­տա­նա­լէ, կորսուե­լէ ետք՝ ա­պա­գա­յի մէջ կ՚անդ­րա­դառ­նան։

Ա­հա­ւա­սիկ, հո՛ս է «կո­րուստ»ին ար­դիւ­նա­բեր հե­տե­ւան­քը, կամ «պատ­ճառ»ի մը ա­նակն­կալ ար­դիւն­քը։ Ու­րեմն «կո­րուստ»ն ալ ու­նի իր օ­գու­տը…։

Այս խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րէն կը հե­տե­ւի, թէ՝ կո­րուս­տը բա­ցար­ձակ վնա­սա­րար ե­րե­ւոյթ մը չէ, այլ եւ կրնայ օգ­տա­կա­րու­թիւն­ներ ալ ու­նե­նայ են­թա­կա­յին։

Ա­ռող­ջը բժիշ­կի պէտք չու­նի, ար­դա­րը ինք­զինք ո­րե­ւէ կեր­պով ա­պա­ցու­ցա­նե­լու պէտք չու­նի, քա­նի որ ա­ռող­ջը՝ ա­ռո՛ղջ է եւ ար­դարն ալ՝ ար­դա՛ր։ Ուս­տի չկոր­սը-ւա­ծը պէտք չու­նի փնտռտու­քի, քա­նի որ ան ներ­կա՛յ է եւ պատ­րա՛ստ ինք­զինք յայտ­նե­լու։

Փնտռտու­քի կ՚ել­լեն ա­նոր հա­մար՝ որ կոր­սուած է։

Մար­դոց հա­մար մո­լո­րած­նե­րը պէտք ու­նին խրա­տի, ու­ղե­ցոյ­ցի եւ քա­րո­զի, իսկ ա­նոնք որ ար­դէն շի­տակ են եւ ու­ղիղ ճամ­բով կ՚ըն­թա­նան, պէտք չու­նին ու­ղե­ցոյ­ցի, քա­նի որ ի­րենց ըն­թաց­քը շի­տակ է։

Ա­մէն ինչ փնտռե­լու ար­ժա­նի է այս աշ­խար­հի վրայ, որ կոր­սուած է, քա­նի որ ա­մէն գո­յու­թիւն ար­ժէք կը ներ­կա­յաց­նէ, ի զուր չէ իր էու­թիւ­նը, իր գո­յու­թիւ­նը այս աշ­խար­հի վրայ, եւ քա­նի որ կեր­պով մը ստեղ­ծուած է, պէտք է գո­յա­պահ­պա­նուի եւ գո­յա­տե­ւու­մը ա­պա­հո­վուի։ Եւ երբ ա­մէն գո­յու­թեան հա­մար կ՚ը­սեն այս, հա­պա ո՜ր­քան ա­ւե­լի՝ մար­դուն հա­մար, քա­նի որ ան հո­գե­կան էու­թեամբ եւ ի­մաս­տու­թեամբ վե՛ր է ա­մէն ա­րա­րա­ծէ, ա­ւե­լի եւս ար­ժէք կը ներ­կա­յաց­նէ միւս բո­լոր ա­րա­րած­նե­րուն նկատ­մամբ։ Մար­դուն կո­րուս­տը ա­ւե­լի եւս ցաւ եւ վիշտ կը պատ­ճա­ռէ, ո­րով­հե­տեւ ան ի­մա­ցա­կա­նու­թիւն եւ զգա­ցում ու­նի, բա­նա­կա­նու­թիւն ու­նի եւ ինք­նա­գի­տակ­ցու­թեամբ օժ­տուած է։

Մար­դուն կո­րուս­տը ա­ւե­լի եւս զգա­լի կ՚ըլ­լայ, քա­նի որ ան ու­նի նոյն­պէս ի­մաս­տու­թեամբ եւ ինք­նա­գի­տակ­ցու­թեամբ օժ­տուած՝ խո­հուն եւ զգա­յուն ան­ձե­րէ բաղ­կա­ցած մի­ջա­վայր մը, եւ ե­թէ կո­րուս­տին են­թա­կան մարդ է, կո­րուս­տը եւ կո­րուս­տին պատ­ճա­ռած բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը ա­ւե­լի զգա­լի եւ ա­ւե­լի յայտ­նի կ՚ըլ­լայ։ Ուս­տի մարդ­կա­յին գի­տակ­ցա­կան եւ զգա­յա­կան փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կ՚ա­ւելց­նեն «կո­րուստ»ին կամ ը­սենք, բա­ցա­կա­յու­թեան ազ­դե­ցու­թիւ­նը, բա­ցա­կա­յո­ղին ար­ժէ­քը կը բար­դեն եւ կա­րօ­տը կ՚ա­ւելց­նեն։

Եւ շա՜տ ա­ւե­լի ցաւ ու վիշտ կը պատ­ճա­ռէ՝ մար­դուս բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը, քա­նի որ ի­րաւ ար­ժէք մը կը պակ­սի ա­նոր կո­րուս­տով…։

Մար­դը քա­նի՜ պա­տիկ ար­ժէք կը ներ­կա­յաց­նէ, քան ո­րե­ւէ ա­րա­րած։ Մարդ՝ որ հո­գե­կան, զգա­ցա­կան եւ ի­մա­ցա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով օժ­տուած է, մարդ՝ որ ի­մաս­տու­թեան եւ հո­գե­կան էու­թեան տէր է, ա­նոր կո­րուս­տը, ան­շուշտ շատ ա­ւե­լի պի­տի ազ­դէ իր մի­ջա­վայ­րին եւ նոյ­նիսկ մարդ­կու­թեան։

Եւ ա­ւե­լի մեծ ցաւ կը պատ­ճա­ռէ «կո­րուստ»ը, երբ կ՚են­թադ­րէ «բա­րո­յա­կան ան­կում», հո­գե­ւոր ար­ժէք­նե­րու ա­նէա­ցում։ Վեր­ջա­պէս, երբ խոր­հինք, որ մա՛րդ ան­փո­խա­րի­նե­լի է եր­բեմն կարգ մը դիրք եւ վի­ճակ­նե­րու մէջ, այդ պա­րա­գա­յին շատ ա­ւե­լի զգա­լի եւ ծանր կ՚ըլ­լայ «կո­րուստ»ին կամ բա­ցա­կա­յու­թեան պատ­ճա­ռած ցաւն ու վիշ­տը։

Ե­րա­նե­լի՜ են ա­նոնք՝ որ ի­րենց ար­ժէ­քը միշտ գնա­հա­տուած է եւ կը շա­րու­նա­կէ գնա­հա­տուիլ…։

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկ­տեմ­բեր 1, 2016, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 7, 2016