ՀԱՅԵՐԷՆ ԽՕՍԻԼ ԿԱՄ Ո՛Չ

«Թէեւ բաժակս փոքր է, բայց ես կը նախընտրեմ իմ բաժակէս խմել»։

Alfred de Musset (1810-1857)

Բնաւ մատնուա՞ծ էք շփոթ վիճակի մը երբ հայու մը հետ ծանօթացած էք եւ հարցուցած դուք ձեզի, թէ արդեօք հայերէն կը խօսի՞։ Արդարեւ, շատ հակասական կը թուի թէ՛ հայ ըլլայ մէկը եւ թէ՛ հայերէն չխօսի։ Բայց դժբախտաբար իրողութիւն մըն է ասիկա, քանի որ ինչպէս շատեր, մենք ալ հանդիպած ենք եւ կը հանդիպինք հայ մարդոց, որոնք հայերէն չեն խօսիր, եւ բոլորովին օտար են հայերէն լեզուի։ Եւ դարձեալ որքան տարօրինակ է լսել հայէ մը, «Ես հայերէն չեմ գիտեր» կ՚ըսէ, երբ իրեն հետ բնականաբար հայերէն կը խօսիք։

Բայց պէտք է զանազանել «հայերէն չխօսիլ»ը եւ «հայերէն չգիտնալ»ը, ինչ որ ալ ըլլայ անոնց պատճառները կամ բնոյթը։ Եւ եթէ կ՚ուզենք ուսումնասիրել այս հարցը, պէտք է հայերէն չգիտնալը եւ հայերէն չխօսիլը իրարմէ զանազանել, քանի որ կան հայեր, որոնք բնականաբար հայերէն «գիտեն», բայց հայերէն «չեն խօսիր» եւ կարծես կը յամառին չխօսիլ…։

Իրականութիւն մըն է ասիկա. հայ անունով, հայ հոգիով «հայ» կոչուած մարդիկ հեռացած, խորթացած են հայ լեզուի նկատմամբ։ Ոմանք դեռ կը շարունակեն պայքարիլ հայ լեզուին գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար։ Իսկ ոմանք յուսալքուած դասալիք եղած են արդէն։ Երանի՜ անոնց որ այս արդար եւ սրբազան պայքարը կը շարունակեն, ինչ փոյթ թէ անոնց թիւը հետզհետէ նուազի եւ յարգելի բացառութիւններ կազմեն անոնք…։ Արդարեւ, հանդիպած ենք եւ հաւանաբար դո՛ւն ալ սիրելի՜ ընթերցող բարեկամ, դո՛ւն ալ հանդիպած ես հայ մարդոց՝ որոնք իրենք զիրենք հպարտ կը զգան աւելի քան չորս կամ հինգ օտար լեզու գիտնալնուն եւ խօսելնուն համար, բայց որքան ցաւալի՜. բոլորովին օտար եւ անծանօթ մնացած են իրենց լեզուին՝ հայերէնին։

Եւ աւելի ցաւալին՝ հայերէն չխօսող հայու մը երբ հարցուցած ենք, թէ օտա՞ր վարժարանէ մը շրջանաւարտ է եղած, մեծ զարմանքով լսած ենք իր պատասխանը. «Ո՛չ, հայ վարժարանէ շրջանաւարտ եղած եմ…»։ Ի՜նչ հակասութիւն. հայ ըլլալ, հայ վարժարանէ շրջանաւարտ ըլլալ… եւ հայերէնի օտար, անծանօթ մնալ։

Կան ոմանք դժբախտաբար, որ անտարբերութեան ջլատիչ ազդեցութեան տակ՝ անհաղորդ եւ անշահախնդիր դարձած են իրենց հարազատ, մայրենի լեզուին, մա՛յր լեզուին։ Ո՞վ է յանցաւորը, ի՞նչ է պատճառը, ինչո՞ւ կը պարտաւորուինք հանդիպիլ այսպիսի կացութեան մը։ Եթէ կարենայինք պատասխանել այս հարցումները, արդէն որեւէ հարց տեղի պիտի չունենար. չէ՞ որ հիւանդութիւն մը դարմանելու առաջին քայլն է ախտաճանաչո՛ւմը։ Եւ մենք տակաւին այդ «ախտաճանաչում»ը չենք կրցած կատարել պէտք եղածին պէս։ Եւ կիսկատար, անաւարտ ախտաճանաչումներով հիւանդութիւնը դարմանել կարելի չէ՛։

Դարերու եւ շրջաններու այն պայքարը եւ մաքառումը, զորս իր ժողովուրդը իբրեւ ինքնագոյութեան եւ գոյատեւման մոլեգին պայքար տարեր է, ձեռագիրներ կենսաւորող «նուիրեալ գրիչ»ներու դողդողացող մատներէն սկսեալ մինչեւ անապատի աւազներուն վրայ շարժող ձեռքեր, այսօր վերածուած են «մարմնացեալ անտարբերութեան» մը՝ բացառելով համակարգիչի ստեղնաշարէ արտադրուած գործեր, այլեւս թուլցած է բոլորովին յուսահատ…։

Հայը թողած է իր հարազատը՝ իր լեզուն, մինչդեռ հայր մը ինչպէ՞ս կը լքէ իր հարազատը, անտարբեր կը գտնուի անոր, եւ կ՚որդեգրէ օտար տղաք։ Խորհիլն անգամ սարսափահար կ՚ընէ մարդս, եթէ անշուշտ գիտակցութիւնը ունի «հարազատ»ի կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեան։

Դպրո՜ց, կրթութի՜ւն, եկեղեցի՜, ուսուցո՜ւմ. ահաւասիկ անհրաժեշտ արժէքներ՝ պահպանելու համար մեր «հարազատ»ը։ Ժողովուրդ մը կը սնանի, կը զօրանայ մտային եւ հոգեւոր արժէքներով, որոնց կարեւորագոյնն է լեզո՛ւն։ Լեզուն, արդարեւ, զօրաւոր կապ մըն է անհատներու համար, որպէսզի մնան միշտ հաղորդակից ժողովուրդին հետ։ Լեզուն է որ ուղեցոյց, ուղեկից, քայլերու լոյս, լուսասփիւռ փարոս մըն է։ Եթէ նոյնիսկ մարդ հարկադրուի իր լեզուէն զատ ուրիշ բարբառ փոխադրել շրթներուն, ի՛ր լեզուն, ի՛ր հարազատը, ի՛ր մայրենին անբաժան պէտք է մնայ իրմէ։ Արդարեւ, անտեսել մայրենին, անարգանք եւ վիրաւորանք, նախատինք չէ՞ մօր համար, որ ամէն արժէքէ վե՛ր է։

Մայրը ծննդաբերութեամբ գործակից եւ գործակատարը կ՚ըլլայ Աստուծոյ, որ Ի՛նքն է Արարիչ եւ Ստեղծող, եւ այդ գործը փոխանցած է մայրերուն՝ որ կը ծնին «մարդ»ը։ Եւ ուրեմն մայրենին անտեսելով, անոր հանդէպ անտարբեր գտնուելով չե՞նք վշտացներ անոնք եւ զԱստուած։ Այս իմաստով սրբազան արժէք մըն է սեփական լեզուն, մայրենի լեզո՛ւն։ Քանի որ «մայրենի լեզու»ն՝ «մա՛յր լեզու» է եւ բոլոր մայրեր մեծապէս յարգելի են։

Բայց, դժբախտաբար, հետզհետէ կը նուազի այդ յարգանքը եւ անտարբերութեան կը զոհուի մայրենի լեզուն, որ այնքան խնամքի եւ հոգածութեան կը կարօտի։

Այսու ամենայնիւ, կրնան ըլլալ ոմանք, որ ըսեն թէ լեզուն նպատակ չէ, այլ միջոց եւ առարկայ միայն, եւ ուրեմն այդքան ալ կարեւոր չէ անոր էութիւնը, մարդ կրնայ խօսիլ իր լեզուով կամ օտար լեզուով, բաւ է որ հաղորդակցութիւն ըլլայ մարդոց միջեւ։ Եւ ոմանք ալ կ՚ըսեն. «Աղօթէ՛ ինչ լեզուով որ ալ ըլլայ, Աստուած հայ չէ որ հայերէնով խօսիլ պէտք ըլլայ…»։ Քիչ մը չափազանցուած եւ հեգնական չէ՞ այս մտայնութիւնը, երբ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ հայերէն լեզուով կը կատարուին աղօթքները…։

Մենք, Musset-ի հետ կրկնենք.- թէեւ բաժակս փոքր է, բայց ես կը նախընտրեմ խմել ի՛մ բաժակէս…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 22 2022, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 7, 2022