ԱԳԱՀՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Գլխա­ւոր մո­լու­թիւն մըն է ա­գա­հու­թիւ­նը՝ որ ծնունդ կու տայ ու­րիշ մեղ­քե­րու, այլ մո­լու­թիւն­նե­րու։ Ուս­տի ա­գա­հու­թիւ­նը մայրն է շատ մեղ­քե­րու, մարդ­կա­յին տկա­րու­թիւն­նե­րու եւ թե­րու­թիւն­նե­րու։ Ա­գա­հու­թեան ախ­տով մար­դիկ կը վե­րա­ծուին ա­ւե­լի եւս ե­սա­մոլ, անձ­նա­սէր եւ ինք­նա­կեդ­րոն։ Ա­գահ մար­դը կ՚ու­զէ, որ ա­մէն ինչ ի՛­րը ըլ­լայ եւ այս պատ­ճա­ռով ո՛չ ի­րա­ւուն­քը կը ճանչ­նայ ուր­ի­շին եւ ոչ ալ ա­զա­տու­թիւ­նը։ Ա­գահ մար­դուն հա­մար կա­րե­ւո­րը միայն ի՛նքն է եւ «ու­րիշ»ը ո­րե­ւէ ար­ժէք չի՛ ներ­կա­յաց­ներ։ Ա­գա­հու­թիւ­նը մար­դուն բնա­ծին զգա­ցում մըն է, որ երբ հա­կակշ­ռու­թեան տակ չառ­նուի՝ ան­հա­տա­կան եւ մա­նա­ւանդ հա­սա­րա­կա­կան վնաս­նե­րու պատ­ճառ կը դառ­նայ։ Ա­գա­հու­թեան հա­մա­զօր մո­լու­թիւն­ներ են հպար­տու­թիւ­նը, նա­խան­ձը, բար­կու­թիւ­նը, վա­ւա­շա­տու­թիւ­նը, որկ­րա­մո­լու­թիւ­նը, ծու­լու­թիւ­նը եւ հեղ­գու­թիւ­նը՝ բո­լորն ալ ա­գա­հու­թեան չափ վտան­գա­ւոր եւ վնա­սա­կար մարդ­կա­յին կեան­քին հա­մար։

Ա­գա­հու­թիւ­նը մար­դի­կը ի­րա­րու մեղ­սա­կից կը դարձ­նէ, ա­նոնց մէջ կը տի­րէ բռնու­թիւ­նը, ցան­կու­թիւ­նը եւ ա­նար­դա­րու­թիւ­նը։ Ար­դա­րեւ ո՛ւր որ կայ ա­գա­հու­թիւն, հոն ար­դա­րու­թեան մա­սին խօ­սիլ, ար­դա­րու­թիւն եւ ի­րա­ւունք վա­յե­լել, գրե­թէ ան­կա­րե­լի՛ է…։ Ա­գա­հու­թիւն, իր լայն ա­ռու­մով կը նշա­նա­կէ՝ ան­յա­գու­թիւն, ա՛լ ա­ւե­լի շա­տը ու­նե­նա­լու զգա­ցում, ար­ծաթ­պաշ­տու­թիւն։ Այս ի­մաս­տով ա­գահ մար­դը յափշ­տա­կող է՝ խա­բե­բայ, ո­ղոր­մու­թիւն չի՛ գի­տեր, ո­ղոր­մու­թեան զգա­ցու­մը ամ­լա­ցած է իր մէջ, գութ չու­նի, օ­տար է ա­նոր հա­մար մար­դա­սի­րու­թիւն, եղ­բայր­սի­րու­թիւն եւ հե­ռո՜ւ է սի­րոյ զգա­ցու­մէն։ Սէր ու­նի միա՛յն ար­ծա­թին, նիւ­թա­կա­նին, ե­թէ այդ սէ­րը կա­րե­լի է կո­չել «սէր»։­

Ա­գա­հու­թիւ­նը կը մեր­ժէ ո­ղոր­մու­թիւնն ու աղ­քա­տա­սի­րու­թիւ­նը՝ ո­րոնք ո­րե­ւէ ի­մաստ չու­նին են­թա­կա­յին՝ ա­գա­հին հա­մար։ Ուս­տի ա­գահ մար­դը ան­գութ է եւ կ՚ու­րա­նայ ա­մէն բա­րիք, որ պի­տի ծա­ռա­յէ իր­մէ ու­րի­շի մը օգ­տին։ Ա­գահ մար­դը չա՛ր է…։

Ա­գա­հու­թիւ­նը ինչ­պէս ը­սինք «ախտ» մըն է. ախտ մը՝ ա՜յն­քան վնա­սա­կար, որ Սուրբ Գիր­քը զայն կ՚ա­նուա­նէ. «կռա­պաշ­տու­թիւն», այն աս­տի­ճան, որ հա­մա­զօր է ա­նաս­տուա­ծու­թեան։ Ար­դա­րեւ «կռա­պաշ­տու­թիւն» կը նշա­նա­կէ՝ ու­րա­նալ Աս­տուած եւ պաշ­տել ու ծա­ռա­յել ու­նայն եւ սին բա­նե­րու։

Այս իսկ պատ­ճա­ռով է, որ Սուրբ Գիր­քը խոր­հուրդ կու տայ՝ գան­ձե­րը դի­զել ու կու­տա­կել ո՛չ թէ այս աշ­խար­հի մէջ, երկ­րի վրայ՝ ուր ցեցն ու ժան­գը կ՚ոչն­չաց­նեն, իսկ գո­ղե­րը կը գող­նան, այլ՝ երկն­քի մէջ, ուր ո՛չ ցե­ցը եւ ոչ ալ ժան­գը կ՚ոչն­չաց­նեն ու ո՛չ ալ գո­ղե­րը կը գող­նան, ինչ­պէս կ՚ը­սէ Ա­ւե­տա­րա­նի­չը (ՄԱՏԹ. Զ 19-21)։

­Մինչ­դեռ մարդ եր­ջա­նիկ ըլ­լա­լու հա­մար պէտք չու­նի աշ­խար­հա­յին բա­րիք դի­զե­լու, այլ չա­փա­ւոր ըլ­լա­լու՝ գո­հա­նա­լու եւ բա­ւա­կա­նա­նա­լու իր ու­նե­ցա­ծո­վը։ Մարդ ե­թէ իր կա­րո­ղու­թե­նէն, կա­րե­լիու­թե­նէն եւ տա­րո­ղու­թե­նէն վեր բա­նե­ր յու­սայ՝ ի վեր­ջոյ յու­սա­խաբ ըլ­լա­լու եւ դժբախտ մնա­լու դա­տա­պար­տուած կ՚ըլ­լայ։ Միշտ կը կրկնենք, չա­փա­ւո­րու­թիւ­նը կէս Աս­տուած է, կ՚ը­սէ ժո­ղովր­դա­կան ի­մաս­տու­թիւ­նը։ Ուս­տի աս­տուա­ծան­ման ըլ­լա­լու հա­մար մարդ պէտք է չա­փա­ւոր ըլ­լայ եւ գո­հա­նալ գիտ­նայ իր ու­նե­ցա­ծով՝ իր տա­րո­ղու­թեամբ ու կա­րո­ղու­թեամբ տէր ե­ղած­նե­րուն։ Ո՜վ կա­րող է իր տա­րո­ղու­թե­նէն վեր գործ մը կա­տա­րե­լու… բայց այս պէտք չէ ծու­լու­թեան եւ ամ­լու­թեան պատ­ճառ դառ­նայ, քա­նի որ հար­ցը դար­ձեալ ինք­նա­ճա­նա­չու­թեան հարց է։

Ան­յագ ըլ­լալ, չկշտա­նալ, մարդս եր­բեք չ՚եր­ջան­կաց­ներ, ընդ­հա­կա­ռա­կը՝ դժբախտ կ՚ը­նէ, հետզ­հե­տէ կը հե­ռաց­նէ եր­ջան­կու­թե­նէն։ Սուրբ Գիր­քի մէջ «ար­գի­լուած ծա­ռին պտուղ»ն ալ չա­փա­ւո­րու­թեան, չափ ու սահ­ման գիտ­նա­լու եւ ըստ այնմ վա­րուե­լու խորհր­դա­նի­շը չէ՞…։ Ա­ւե­լին ու­զել, չափն ու սահ­մա­նը անց­նիլ, մարդս միշտ դժբախտ ը­րած է։

Ար­դա­րեւ կը պատ­մուի, թէ ա­գահ մար­դը՝ ո­րուն ա­մէն ին­չը ոս­կի էր եւ ու­տե­լիք հացն իսկ ոս­կիի վե­րա­ծուած էր, ի վեր­ջոյ ա­նօ­թի կը մեռ­նի, քա­նի որ ոս­կին թան­կա­գին է բայց չ՚ու­տուիր, ու­տե­լիք չէ՛…։

Ա­հա­ւա­սիկ չա­փա­ւո­րու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը՝ ե­թէ ա­մէն ինչ ոս­կի ըլ­լայ, ա­պա ու­րեմն կրնայ մարդ ա­նօ­թի մեռ­նիլ։ Կեան­քի մէջ իս­կա­կան եր­ջա­նիկ­ներ են ա­նոնք՝ որ գի­տեն չա­փա­ւո­րել եւ հա­ւա­սա­րակշ­ռել ի­րենց պա­հանջք­նե­րը, կրնան ներ­դաշ­նա­կել ի­րենց կեան­քին պահ­պան­ման ու տե­ւա­կա­նաց­ման հա­մար պէտք ե­ղած­նե­րը եւ ան­պէտ­նե­րը, ա­ւե­լորդ­նե­րը կրնան զա­տել եւ չխճո­ղել ի­րենց կեան­քը ա­ւե­լոր­դու­թիւն­նե­րով։ Պա­հանջք­նե­րու զա­նա­զա­նու­թեան մէջ, մարդ պէտք է ի­րար­մէ զա­տել գիտ­նայ՝ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը եւ էա­կա­նը։ Քա­նի որ ընդ­հան­րա­պէս մար­դիկ ման­րաս­նու­թիւն­նե­րու մէջ զանց կ՚առ­նեն, կ՚ան­տե­սեն էա­կա­նը, եւ կը տու­ժեն շատ ան­գամ։

Ու­րեմն պէտք չէ՛ խճո­ղել պա­հանջք­նե­րը, այլ պէտք է լա՛ւ ո­րո­շել օգ­տա­կա­րը եւ դուրս նե­տել այն ա­մէն պա­հանջք, որ ի վեր­ջոյ վնա­սի պատ­ճառ պի­տի դառ­նայ։ Բայց ա­գահ մար­դը չի կրնար այս դա­տո­ղու­թիւ­նը ը­նել, քա­նի որ ան ան­յագ է՝ միշտ կ՚ու­զէ, միշտ ա­ւե­լի՛ն կ՚ու­զէ եւ եր­բեք չի կշտա­նար։

Ար­դա­րեւ ա­գահ մար­դիկ «յա­ւի­տե­նա­կան դժգոհ»ներ են։ Իսկ դժգո­հու­թիւ­նը մարդ­կա­յին նկա­րագ­րի տկար ու թե­րի կող­մե­րէն մին է։ Ա­գահ մար­դիկ ա­մէն բա­նի մա­սին դժգո­հու­թիւն կը յայտ­նեն, քա­նի որ միշտ «պա­կա՛ս» մը ու­նին, միշտ պա­րա­պու­թիւն մը ու­նին եւ ո՜ր­քան ցա­ւա­լի զգա­ցում մըն է տե­ւա­կան «պա­կաս» զգալ, տե­ւա­պէս «պա­րա­պու­թիւն» զգալ կեան­քի մէջ։ Ա­գահ մար­դը, ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, ինքն ալ չի գի­տեր, թէ ի՛նչ կ՚ու­զէ՝ ի՛նչ է իր պա­կա­սը. ի՛նչ բան «պա­րապ» է կեան­քին մէջ։

Մարդ, սկսեալ նա­խաս­տեղծ Ա­դա­մէն, մին­չեւ այ­սօր եւ մին­չեւ վե՜րջ, դժբախ­տա­բար, ա­գա­հու­թեան ախ­տով կ՚ապ­րի, ո­մանք շատ, ո­մանք նուազ, բայց աս­տի­ճա­նը որ­քան ալ փո­խուի՝ մար­դուն մէջ կայ միշտ ա­գա­հու­թեան զգա­ցու­մը, միշտ պա­կաս մը, պա­րա­պու­թիւն մը զգա­լու յո­ռի բնազ­դը։ Եւ կեան­քի ընդ­հա­նուր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը մե­զի ցոյց կու տայ, թէ եր­ջա­նիկ վեր­ջա­ւո­րու­թիւն չեն ու­նե­նար ա­գահ­նե­րը, քա­նի որ եր­բեք պի­տի չյա­գե­նան ա­նոնք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նո­յեմ­բեր 6, 2015, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 7, 2015