ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԵԱՆ ՏԻՊԱՐ ՄԸ
Ատենօք կ՚ապրէր թագաւոր մը՝ որ միշտ հետաքրքիր էր տեղեկութիւն ստանալու իր ժողովուրդին մէջ տիրող սովորութիւններուն եւ անոր առաքինութիւններուն եւ մոլութիւններուն մասին։
Տարեվերջի փոթորկոտ օրերէն մին էր այդ օրը, Դեկտեմբեր 31-ը՝ որ Կաղանդի գիշեր էր երկրին համար։ Թխպոտ ամպեր կուտակուած էին հորիզոնին վրայ եւ կը մատնէին ձիւնի եւ սառնամանիքի մրրիկ մը, որ կախուած էր երկնակամարին խռովուած սիւներէն։ Եւ արդէն կէս գիշերէն ժամ մը առաջ սկսած էին ձիւնի ոլորուն ու գալարուն փաթիլներ ծածկել փողոցներն ու տանիքները սպիտակ սաւանի մը տակ, որ անմիջապէս կը վերածուէր ադամանդաշող աստղիկներու, ցուրտին եւ քամիին ազդեցութեան տակ սառելով։
Հետաքրքիր թագաւորը՝ իր սենեկապետն ու գլխաւոր թիկնապահը ղրկելէ ետք, կը մտնէ իր առանձնասենեակը, կը հագնի պարզ մուշտակ, կը դնէ հաստ ձեռնոցներ եւ կաշեպատ հեսկեր, կ՚առնէ իր հետը ձեռքի պայուսակ մը, քսակ մը ոսկի, կը հանէ գանձարարէն զմրուխտէ մատանի մը, որուն վրայ փորագրուած էր «Առաքինութեան մրցանակ» վերտառութիւնը՝ վաղուց հոն պահ դրուած։ Եւ այսպէս՝ հետաքրքիր թագաւորը, իր հաստ ցուպին կռթնած՝ կ՚իյնայ փողոցները, թէ ի՛նչ կ՚անցնի ու կը դառնայ ժողովուրդին մէջ…։
Առաջին առիթով կը հանդիպի խումբ մը ոստիկաններու՝ որոնք կէս գիշերէն ժամ մը վերջ արդէն, խռնուած էին դրան մը առջեւ, ձեռնակապի անցուած չորս չարագործներու շուրջ բոլորակ մը կազմած։
Թագաւորը կը մօտենայ խումբին, ոստիկանները կ՚ուզեն զինքն ալ ձերբակալել, ենթադրելով որ այս ալ այդ աւազակներէն մէկն է, գէտ դրուած փողոցին անկիւնը եւ որ բախտին մէկ խաղով կու գար իյնալու բուն ծուղակին մէջ։
Ոստիկանները կը սկսին հարցաքննել զինք եւ երբ թագաւորը կ՚ըմբռնէ կացութեան լրջութինը, կը ծանօթացնէ իր ինքնութիւնը անոնց պետին եւ կը խնդրէ, որ լուռ մնայ այդ վայրկեանին։
Պատահածը սա էր. այդ աւազակները, ցերեկին՝ ճաշարանի մը անկիւնը խորհուրդ կազմած եւ գիշերային այս շահատակութիւնը ծրագրած էին, կողոպտելու համար մայրաքաղաքին մեծատուններէն մին։ Աւազակներուն հաւաքուած անկիւնին մօտ ճաշարանին ծառան իմացած էր խնդիրը եւ ոստիկանութեան տեղեկացուցած, փրկելով խնդրոյ առարկայ հարուստը անխուսափելի մահէ մը։
Ինքնակալը կ՚առնէ ճաշարանի ծառային անունը եւ կ՚որոշէ նուէրով մը քաջալերել զայն՝ հետեւեալ օրը։
Փողոց մըն ալ անդին անցնելով, թագաւորը կը նշմարէ լոյսերու մէջ ողողուած ապարանք մը՝ ուր տասնեակներով գործաւորներ կը մտնէին եւ կ՚ելլէին զուարթ ու գոհունակ ժպիտներով իրենց շրթունքներուն վրայ։
Գործաւորներէն մէկուն մօտենալով, թագաւորը կը հասկնայ, որ այդ ապարանքին տէրն մեծափարթամ գործարանատէր մը՝ որ Կաղանդի առթիւ իր գործաւորներուն խնջոյք մը սարքած էր եւ անոնց իւրաքանչիւրին՝ մեկնելու ատեն՝ կլոր գումարներ վճարած՝ իբրեւ կաղանդչէք։
Թագաւորը խորհեցաւ, որ այդ գործարանատէրը ո՛չինչ ունէր առաքինութեան բաժին հանուելու եւ հաւանաբար իր ապագայի շահադիտութիւններն էին որ զինք կը մղէին նման խնջոյքի մը գործադրութեան։
Քիչ մըն ալ կը դեգերի թագաւորը եւ կը կանգնի դրան մը առջեւ։ Խրճիթ մը չէ՛ր ան, ոչ ալ հարուստի մը բնակարանը ըլլալու արժանի տուն մը։
Ներսէն լսուած գոհունակ եւ երջանիկ խօսակցութեան ձայները կը քաջալերեն զինք, որով թագաւորը կը համարձակի գիշերուան այդ ուշ պահուն բախել տան դուռը եւ իբրեւ գիշերապահ ներկայանալ տան տիրոջ եւ հարցաքննել իրենց երջանկութեան մասին։ Ընտանիքին հայրը՝ որ անդամալոյծ մըն էր եւ ինկած փռուած մահճին վրայ, կը սկսի պատմել, թէ՝ իր զաւակը, միա՛կ նեցուկը տան, այսօր առաջին շաբաթականը առած եւ Կաղանդի սեղան մը պատրաստած էր՝ զոհելով իր անձնական պէտքերուն յատկացուելիք գումարը, երջանիկ դարձնելով իր հայրն ու մանաւանդ մայրը՝ որ տարիներէ ի վեր իբրեւ սպասուհի ծառայելով օտա՜ր սեմերու մէջ, մեծցուցած եւ հասցուցած էր զինք։ Եւ միամօր զաւակն ալ իր շաբաթականը զոհած էր՝ երջանիկ դարձնելու համար իր ծնողները՝ հայրն ու մանաւանդ մայրը։
Թագաւորը կ՚առնէ տղուն անունը եւ կ՚որոշէ ոսկիէ շքանշանով եւ խանութ մը բանեցնելու բաւարար դրամագլուխով մը վարձատրել զայն, բայց իրեն կը պահէ ծանօթ «Առաքինութեան մատանի»ն։
Թագաւորը, յետոյ կ՚անցնի ուրիշ փողոց մը։
Կաղանդի գիշեր. լոյս ու լուսեղէն, ամէն կողմ անդադրում երթեւեկ, կը հանդիպի ուրիշ խումբ մը մարդոց, որոնք բանտէն կը վերադառնային, երկաթէ ձողերու ետեւ տարինե՜ր անցընելու դատապարտուած այդ դժբախտները մխիթարելու եւ անոնց քաղցրեղէններ նուիրելու գացած ըլլալով։
Թագաւորը մտիկ կ՚ընէ անոնց խօսուըռտուքը. որքա՜ն հպարտ էին անոնք իրենց այդ արարքին համար…։ Թագաւորը լո՜ւռ… կ՚անցնի։
(Հոս կ՚ուզենք ձեր ուշադրութեան յանձնել սա պարագան, թէ՝ արդար կերպով դատապարտուած մէկը կարելի՞ է կոչել «դժբախտ», քանի որ ան միա՛յն իր անիրաւ որեւէ արարքին համար դատապարտուած է։ Կ՚արժէ խորհրդածել այս մասին…)։
Թագաւորը կը մտնէ ուրիշ փողոց մը. արդէն կէս գիշերէն երկու ժամ վերջն էր։ Ձիւնը անհամեմատ սաստկութեամբ կ՚իջնէր անդադար՝ իր մազն ու մօրուքը իրական «Կաղանդ-Պապայ»ի մը կերպարանքին վերածելով։
Հոս ալ կը հանդիպի Թաղապետութեան գործաւորներուն, որոնք ժողովուրդին հետեւեալ առտուան երթեւեկը դիւրացնելու համար փողոցին ձիւները կը մաքրէին։ Անոնց մէջ կը նշմարէ մանկահասակ երիտասարդ մը՝ գլուխը վերէն վար հաստ փաթոյթով մը կապկպուած։ Կը մօտենայ անոր եւ կը նշմարէ ուրիշ խումբ մը՝ որ գործաւորի չէր նմաներ, բայց եռանդագին լծուած էր աշխատանքի՝ օգնելու համար գլխէն վիրաւոր երիտասարդ բանուորին։
Քիչ վերջը անոնք կը լրացնեն գործը եւ ահա դէմէն դուռ մը կը բացուի եւ կին մը՝ երկու դեռատի աղջիկներ կողովներ ու ափսէ մը շալկած կու գան կը միանան խումբին եւ երկար թախանձանքներէ ու պնդումներէ վերջ կը մտնեն երիտասարդ վիրաւորին տունէն ներս։
Թագաւորին համբերութիւնը կը հատնի. ինքն ալ կը խնդրէ որ ընկերանայ խումբին, ներկայանալով իբրեւ «անտէրունջ օտարական» մը՝ զրկուած Կաղանդի գիշերուան վայելքներէն։ Տիկինն ու իր աղջիկները սիրով կ՚ընդունին «անծանօթ»ին խնդրանքը եւ ներս կը հրաւիրեն զինք։
Խօսակցութիւններու ընթացքին՝ թագաւորը կ՚իմանայ, թէ՝ այդ օրուան ցերեկին երկու «այլացեղ» երիտասարդներու միջեւ, որոնց մին էր վիրաւոր երիտասարդը, հազիւ 21-22 տարեկան չինացի մը, վէճ մը ծագած էր եւ այդ վէճը փոխադրուելով տարբեր հողի վրայ, չինացի երիտասարդը ծանրօրէն վիրաւորուած էր եւ սակայն չէր ուզած բողոք ներկայացնել կառավարութեան մօտ։
Իր դրացիները, համեստ եւ բարի ընտանիք մը, հակառակ անոր որ յարձակողին ցեղին կը պատկանէին, ջանացեր էին պաշտպանել խեղճ տղան, եւ կռուըտուքը վերջանալէն ետք, դարմաներ էին անոր վէրքերը, հանգչեցուցեր էին զինք իրենց տան մէջ, իրենց «Կաղանդի սեղան»ը փոխադրեր էին անիրաւուած պատանիին խշտեակը, ամոքելու համար անոր դառնացած հոգիին վիշտերը։
Թագաւորը խոկած … եւ … խոկած ու որոշեց «Առաքինութեան մատանի»ն յանձնել վիրաւորուած պատանիին օգնող ընտանիքին հօրը … իբրեւ «առաքինութեան տիպա՛ր» մը, ցեղերու միջեւ եղբայրական զգացումներու տարածման ջատագով դարձող իր այդ ազնիւ ու առաքինի ընթացքին համար։
Սիրելի՜ բարեկամներ, այս պատմուածքը մեզի չի յիշեցնե՞ր Յիսուսի «Բարի Սամարացիին առակը» (ՂՈՒԿ. Ժ 30-37)։ Պատմուածքին ոգին ալ բոլորովին համապատասխան է Աւետարանի ոգիին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 2, 2016, Իսթանպուլ