ԳՐԱՒԻՉ ՀԱՄԵՍՏՈՒԹԻՒՆ

Կեանքի մէջ կարելի է դիմաւորուիլ ամէն տեսակ նկարագրի տէր մարդոց հետ։ Արդարեւ, իրաւ է որ կա՛յ այնքան բնաւորութիւն, նկարագիր՝ որքան մարդ։ Իւրաքանչիւր անձ ունի իւրայատուկ բնաւորութիւն եւ նկարագիր, որ կը կազմէ իր ինքնութիւնը։

Այս իմաստով, կարելի է խումբերու բաժնել մարդիկ իրենց հասարակաց նկարագրի եւ բնաւորութեան նմանութիւններու տեսակէտով։ Զոր օրինակ, կան մարդիկ, որոնք կը հպարտանան այնպիսի յատկութիւններով՝ որ երբեք իրենց չի պատկանիր, այնպիսի առաւելութիւններով, որ իրենք երբեք չունին։ Եւ կան մարդիկ, համեստ ու խոնարհ, որոնք իրենց ունեցածներով չեն հպարտանար եւ նոյնիսկ կ՚անգիտանան իրենց յատկութիւններուն, բայց կը շարունակեն ծառայել մարդկութեան, չեն զլանար որեւէ օգտակարութիւն անոնցմէ։

Ահաւասիկ, իրենց ընդհանուր եւ հասարակաց գիծերով, կարելի է հանդիպիլ այս երկու խումբ մարդոց ամէն շրջանի՝ ամէնուրեք։ Ուստի, կարելի է խմբաւորել զանոնք՝ համեստներու եւ ինքնահաւաններու կարգին, ըստ իրենց նկարագրին եւ արտայայտութեան ձեւին։

Համեստներ կը փայլին իրենց պարզութեանը, չափաւորութեանը եւ խոնարհութեանը մէջ։ Անոնց գրաւիչ համեստութիւնը, առանց յաւակնութեան՝ սրտառուչ խոնարհամտութիւնը, իրենց կատարած գործին մասին ունեցած առինքնող «տգիտութիւն»ը, անձայն աշխատութիւնը՝ իրենց ըրած նուաճումները եւ գործունէութիւնը, օգտակարութիւնները չտեսնող զմայլելի «կուրութիւն»ը, թաքուն եւ պատուական կեցուածքը իրենց նկարագրին, անտեսանելի եւ գեղեցիկ երեսակը իրենց ազնիւ հոգիին, բարութիւն եւ գեղեցկութիւն կը սփռեն եւ համակրանք կը ստեղծեն իրենց շուրջիններուն եւ ամէն անոնց՝ որ գնահատել գիտեն բարին, գեղեցիկը եւ ճշմարի՛տ արժէքը։ Արդարեւ արժէք գնահատել՝ հմտութիւն եւ ազնուութիւն պահանջող յատկութիւն մըն է։

Ուստի իր յատկութիւններուն եւ առաւելութիւններուն նկատմամբ «տգիտութիւն»ը՝ տգիտութեան միակ գնահատելի ձեւն է։ Այս տեսակ տգիտութիւնը՝ կեանքի շքեղագոյն փառապսակն է, որ հազուագիւտ ազնիւ անձեր կրնար կրել իրենց գլխուն վրայ։ Քիչե՛ր են որ կ՚արժանանան անոր։

Եւ ո՜րքան ճիշդ խօսք է այն՝ որ կ՚ըսէ. «Փառքին առջեւէն խոնարհութիւնը կը յառաջանա՛յ»։

Համեստ հոգիներու անսեթեւեթ եւ հաճելի պարզութիւնը, համակրանք ստեղծող խոնարհութիւնը, զարմանալի «տգիտութիւն»ը իրենց հանդարտ ու ջերմիկ նկարագրով շատ աւելի հրապուրիչ եւ համակրելի կը դարձնեն զիրենք։

Հակառակ ընդհանուր կարծիքին՝ պարզ ու համեստ մարդը շատ աւելի վստահութիւն կը ներշնչէ իր շուրջիններուն, քան ինքնահաւան, յաւակնոտ, մեծամիտ մարդը։ Ազնուական պաշտօնականութիւնը աւելի՛ վստահութիւն կը ներշնչէ ամէն անոնց, որ իսկական ապաւէն մը կը փնտռեն այս աղմկալից եւ անկայուն աշխարհին մէջ։

Ուստի պոռոտախօս մեծամիտներու, դատարկաբանութեամբը իրենք զիրենք մատնող տգէտներու աշխարհի մը մէջ ո՜րքան պահանջքը զգալի կը դառնայ պարկեշտ, ողջամիտ, պարզութեան եւ չափաւորութեան մէջ բարձրացող զօրաւոր նկարագրի եւ ազնիւ հոգիի տէր անձերու։ Մարդ միշտ կը փնտռէ վստահելի անձ մը իր ամբողջ կեանքին մէջ։ Այո՛, Աստուած է ամենավստահելին, կասկած չկայ, բայց մարդ երբեմն պահանջքը կը զգայ իր մօտ իրեն նման մարդու մը, սրտակից անձի մը, իր ամենալայն իմաստով՝ բարեկա՛մի մը։

Եւ ահաւասիկ այդ բարեկամը՝ համեստ մա՛րդն է՝ պարզ ու չափաւոր, պարկեշտ եւ ազնիւ, ողջախոհ եւ խոնարհ մարդը, որ երբեք «Ե՛ս» չ՚ըսեր, այլ «մե՛նք», եւ նոյնիսկ «Դո՛ւք», քանի որ անոր համար կարեւոր է, արժէք կը ներկայացնէ իր նմանը, ուրիշը եւ գիտէ, որ եթէ չըլլայ իր նմանը՝ ուրիշը, իր էութիւնն ալ կը վտանգուի…։

Համեստ մարդը՝ ազնիւ մարդ է, քանի որ գիտէ, թէ ինք ի՛նչ որ է՝ աւելի՛ն է իր նմանը, աւելի՛ն է ուրիշը։ Արժէք գնահատել ամենամեծ յատկութիւնն է համեստ մարդուն՝ ինքնակեդրոն չէ, որովհետեւ գիտէ որ միայն ինք չկա՛յ աշխարհի վրայ, միայն ինք ստեղծուած չէ, եւ ո՛չ մէկ առաւելութիւն ունի ուրիշի մը նկատմամբ, քանի որ սկզբնապատճառը մէ՛կ է եւ հասարակ ամէն մէկուն համար։

Համեստ մարդը գիտէ, որ ինք առանձնաշնորհեալ է այս աշխարհի վրայ, եւ գիտէ նաեւ, թէ շնորհները հաւասար բաժնուած եւ բաշխուած են ամէն մարդու համար, գոնէ ամէն մէկուն առաւել կամ նուազ որոշ յատկութիւններ են տրուած՝ որոնց ներդաշնակութեամբ կը կազմուի երջանի՜կ մարդկութիւն մը, եթէ մարդիկ կարենան պահել այդ «ներդաշնակութիւն»ը՝ համեստութեամբ եւ խոնարհութեա՛մբ…։

Չէ՞ որ մարդ ստեղծուած է զանազան եւ տարբեր յատկութիւններով ամէն մէկը, որպէսզի իրարու օգնեն՝ իրարու թերութիւն սրբագրեն եւ տկարութիւնը զօրացնեն։ Ապա ուրեմն, այս բնական եւ բանական դրութեան մէջ կարելի՞ է հպարտանալ ու պարծենալ առաւելութեամբ մը՝ որուն փոխարէն մարդ ունի անպայմա՛ն թերութիւն մը, պակաս մը, տկարութիւն մը։

Ո՜վ կրնայ խօսիլ իր առաւելութեանը մասին ուրիշի մը նկատմամբ, երբ այդ ուրիշն ալ ունի առաւելութիւն մը՝ որ իրմէ կը պակսի։ Ահաւասիկ, ստեղծագործութեամբ հաստատուած հրաշալի՜ ներդաշնակութիւն մը՝ որ «հաւասարութիւն» կը նշանակէ, եւ հոն ո՛ւր հաւասարութիւն գոյութիւն ունի, այլապէս հոն հպարտանալու պատճառ մը չ՚ըլլա՛ր։ Այս իմաստով իւրաքանչիւր անձ «արժէ՛ք» մըն է մարդկութեան մէջ, կարեւոր եւ անհրաժեշտ տարր մը մարդկութեան շէնքին կազմութեան եւ բարձրացման օժանդակող։

Եւ երբ բոլոր այս իրականութիւններու մասին կը մտածենք, այլեւս կարելի՞ կ՚ըլլայ մէկը միւսէն մեծ ու բարձր համարել, մեծամիտ ըլլալ եւ կարծել, թէ միայն ինք մեծ է եւ բա՛րձր։

Ուրեմն, բանականութիւնը ցոյց կու տայ, թէ հաւասարներու մէջ առաւելութեան, բարձրութեան հարց պէտք չէ՛ գոյութիւն ունենայ, եւ ուրեմն իւրաքանչիւրը ընդունելով իր արժէքը եւ դիրքը, առանց յաւակնութեան թէ աւելի՛ն է ինք, պէտք է համեստ ըլլայ։ Իսկական մեծութիւնը համեստութեան մէ՛ջ է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 1, 2017, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2017