ՈՂՋԱԽՈՀՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Ողջախոհութիւն կը նշանակէ համալրումը կիրքերու եւ ցանկութիւններու մարդուն մէջ։ Ողջախոհութիւնը, այս իմաստով կ՚ենթադրէ անձնական ինքնատիրումի վարժեցում։ Ողջախոհութիւնը ունի «աճումի օրէնք»ներ, որոնք կ՚անցնին անկատարութենէն եւ շատ յաճախ մոլութենէ դրոշմուած հանգրուաններէ։
Ողջախոհութիւնը ցոյց կու տայ մարդուն ներքին միութիւնը իր մարմնաւոր եւ հոգեւոր էութեան մէջ։ Կիրքերու հպատակութիւնը, որուն մէջ կ՚արտայայտուի մարդուն մարմնական եւ կենսաբանական աշխարհին պատկանելիութիւնը, կը դառնայ անձնական եւ իսկապէս մարդկային՝ երբ ան կը համարկուի անձէ անձ կատարուած առընչութեամբ ամբողջական եւ ժամանակապէս անվերջ փոխադարձ նուիրումին մէջ։ Ողջախոհութեան առաքինութիւնը ուրեմն իր մէջ կը բովանդակէ ամբողջականութիւնը անձին եւ ամբողջականութիւնը շնորհքին։
Արդարեւ, ողջախոհ մարդը գիտէ իր մէջ պահել ամբողջականութիւնը կեանքի եւ սիրոյ ուժերուն, որոնք ընդոծին են եւ զետեղուած իր մէջ։ Ահաւասիկ, այս ամբողջականութիւնը կ՚ապահովէ ներքին միութիւնը անձին մէջ, կը հակառակի զայն վիրաւորող ամէն վերաբերմունքի։ Ան չ՚արտօներ ո՛չ կրկնակի կեանք, ո՛չ ալ կրկնակի բարբառ։ Ողջախոհութիւնը կը բովանդակէ «ինքնատիրացումի վարժեցում»ը՝ որ մարդուն ազատութեան կրթանքն է։
Երկընտրանքը մարդկային կեանքին անբաժանելի արարքներէն մին է։ Երկընտրանքը հոս յստակ է. մարդ կա՛մ կ՚իշխէ իր կիրքերուն եւ ձեռք կը ձգէ խաղաղութիւնը, եւ կա՛մ անոնց ստրուկ կը դարձնէ ինքզինք եւ կ՚ըլլայ դժբախտ։
Մարդուն արժանապատուութիւնը կը պահանջէ, որ ան շարժի ըստ գիտակից եւ ազատ ընտրանքի իր բանականութեան շնորհիւ։ Այս գիտակից եւ ազատ ընտրանքը մղուած եւ վճռուած է անձնական համոզումով եւ ո՛չ թէ միայն բնազդային մղումներու կամ արտաքին որեւէ ստիպողութեան ազդեցութեան տակ։ Մարդը կը հասնի այս արժանապատուութեան եւ արժանաւորութեան, երբ ձերբազատուելով կիրքերու ամէն ստրկութենէն, բարիին եւ ճշմարիտին ազա՛տ ընտրանքով, կը քալէ դէպի իրեն տրուած դերը կատարելու ընդհանուր ծրագրին մէջ, որուն ընդհանրապէս կ՚ըսեն «ճակատագիր», եւ իր բանականութեամբ եւ հնարամտութեամբ համապատասխան միջոցները եւ առարկաները կը ճարէ։ Ճար գտնել արդէն կը լուծէ հարցը։
Ան որ կ՚ուզէ հաւատարիմ մնալ իր խոստումներուն եւ դէ՛մ կանգնիլ փորձութիւններուն, պարտաւոր է հոգալ առ այս պահանջուած «միջոցներ»ը եւ «առարկայ»ները. ինքնաճանաչումը հոգեւոր ճգնութեան մը ապրումը՝ կացութիւններուն եւ ընդհանուր վիճակին համեմատ, հնազանդութիւնը աստուածային պատուիրաններուն, գործադրումը բարոյական առաքինութիւններուն եւ հաւատարմութիւնը իր սկզբունքներուն, հաւատալիքներուն, համոզումներուն եւ իր յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ աղօթքին։
Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ թէ՝ «Ողջախոհութիւնը մեզ կը վերակազմէ. ան կը տանի մեզ այն ներքին միութեան, զոր մենք կորսնցուցած էինք տարտղնուելով»։
Ողջախոհութեան առաքինութիւնը կը համընթանայ ժուժկալութեան բարոյական առաքինութեան հետ, որ կը ձգտի մարդկային զգայնականութեան կիրքերը եւ ախորժակները իմացականութեամբ թրծելու։
Արդարեւ, «ինքնատիրացում»ը երկար յարատեւութեան աշխատանք է։ Պէտք չէ երբեք համարիլ, թէ ինքնատիրացումը ձեռք կրնանք ձգել մի անգամ ընդ միշտ։ Ան կեանքի բոլոր տարիքներուն մէջ վերսկսուած ճիգ մը կ՚ենթադրէ։ Պահանջուած ճիգը կրնայ աւելի սաստկանալ որոշ շրջաններու մէջ, ինչպէս անձնականութեան կազմաւորման շրջանին՝ մանուկին եւ պատանիին մէջ։
Ողջախոհութիւնը կը ներկայացնէ նկրտում մը գերազանցօրէն անձնական, ան կ՚ենթադրէ նաեւ մշակութային ճիգ մը, որովհետեւ անձին կատարելութեան եւ նոյնինքն ընկերութեան բարգաւաճումին միջեւ գոյութիւն ունի փոխադարձ ներքին կախեալութիւն մը։
Ողջախոհութիւնը մանաւանդ կ՚ենթադրէ յարգանքը անձին իրաւունքներուն եւ յատկապէս իրաւունքը տեղեկութիւն ստանալու եւ կրթութեան եզրին, որոնք յարգեն բարոյական եւ հոգեւոր եզրերը մարդկային կեանքին։
Ողջախոհութիւնը բարոյական առաքինութիւն մըն է։ Ան նաեւ պարգե՛ւն է Աստուծոյ, «շնորհք» է, պտուղ է հոգեկան գործին։ Սուրբ Հոգին Մկրտութեան ջուրէն վերստին ծնած մարդուն շնորհքը կու տայ նմանելու Քրիստոսի անբծութեան։
Սէրը «ձեւ»ն է բոլոր առաքինութիւններուն։ Անոր ազդեցութեան տակ, ողջախոհութիւնը կը յայտնուի իբրեւ «դպրոց» մը ինքնանուիրումի։ Ինքնատիրացումը ուղղուած է ինքնանուիրումին։ Ողջախոհութիւնը զինք կիրարկողին կ՚առաջնորդէ մերձաւորին մօտ վկան դառնալու Աստուծոյ հաւատարմութեան եւ գուրգուրանքին։
Եւ սա բացայայտ է, որ ողջախոհութեան առաքինութիւնը կը ծաղկի եւ կ՚աճի բարեկամութեան մէջ։ Ան ցոյց կու տայ աշակերտին ինչպէս հետեւիլ եւ նմանիլ Անոր, որ մեզ ընտրեց իբր Իր յատուկ «բարեկամ»ները, Ինքզինք մեզի ամբողջովին տալէն ետք, մեզ մասնակից կ՚ընէ Իր աստուածային վիճակին։
Ողջախոհութիւնը խոստո՛ւմ է անմահութեան։
Ողջախոհութիւնը կ՚արտայայտուի մանաւանդ բարեկամութեան մէջ մերձաւորին հետ։ Անձերու միջեւ մշակուած բարեկամութիւնը մեծ բարիք մը կը հանդիսանայ բոլորին համար։ Ան կ՚առաջնորդէ հոգեւոր հաղորդութեան։
Ամէն մկրտեալ կոչուած է ողջախոհութեան։
Քրիստոնեան «զգեցած է Քրիստոսը» ինչպէս կ՚ըսէ Առաքեալը (ԳԱՂ. Գ 27), տիպար՝ ողջախոհութեան։ Քրիստոսի բոլոր հաւատացեալները կոչուած են ողջախոհ կեանք մը ապրելու ըստ վիճակին իրենց անհատական կեանքին։ Արդարեւ, իր Մկրտութեան վայրկեանին, քրիստոնեան յանձնառու եղած է արդէն իր զգայնութիւնը ողջախոհութեամբ ապրելու։
Ողջախոհութիւնը պէտք է անձերը որակաւորէ ըստ իրենց կեանքի տարբեր վիճակներուն, անոնցմէ ոմանք կուսութեան կամ նուիրեալ ամուսնութեան մէջ, ի՛նչ որ գերազանց կերպով ճամբայ մըն է աւելի դիւրաւ յանձնուելու Աստուծոյ՝ անբաժան սրտով։ Իսկ ուրիշները՝ այն ձեւով որ բարոյական օրէնքը բոլորին համար կը սահմանէ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նորեմբեր 5, 2020, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024