ԲԱՐԻՔ՝ ՈՐ ԷՇՈՒԹԻՒՆ Է ՊԱՐԶԱՊԷՍ…

Սկսած եմ նախանձով նայիլ այն մարդոց, որոնք առանց մտածելու եւ երկմտելու հաստատակամ ձեւով ոչ կ՚ըսեն իրենց ուղղուած խնդրանքներուն։ Որոշ ժամանակ անմարդկութիւն կը թուէր այդ մէկը, սակայն կեանքը փաստեց, որ գոյատեւելու միակ միջոցը աշխարհի մէջ ոչ թէ մարդկութեամբ, այլ անմարդկութեամբ ապրիլն է։

Հակառակ եկեղեցական ուսում ունենալուս, սկսած եմ տեղ մը համոզուիլ, որ Քրիստոնէութիւնը իր շատ մը քարոզութիւններով «ոչխար»ի եւ «զոհ»ի հոգեբանութիւն մը մտցուց մեր մէջ, որուն հետեւանքն ու ազդեցութիւնը լաւապէս կը կրենք։

Այդ «զոհ» ըլլալու հոգեբանութիւնը մարդ աւելիով կը սկսի հասկնալ, երբ կատարուած հազար ու մէկ բարիքներուն դիմաց ապերախտութիւն եւ անտարբերութիւն կը տեսնէ, մարգարիտները խոզերու դիմաց նետելուն ինչ ըլլալը հաս-կընալու գնով։

Եթէ այն կարծիքը ունիք որ բոլորին օգնող մը «հրաշալի» մարդ մըն է, վստահ եղէք, որ ճշմարտութիւնը այդպէս չէ. այդ հրաշալին պարզապէս «էշ» ըսելու փաղաքշական մէկ ձեւ է, որոնցմէ մին ալ ես եմ հաւանաբար։

Կը հաւատամ, որ իրերօգնութիւնը, ողորմութիւնը, ծառայութիւնը անցեալին պատկանող սահմանումներ են՝ պատմութեան էջերուն յանձնուած, որովհետեւ այսօր մարդոց մեծամասնութեան մօտ սեփական շահի առաջնահերթութիւնը կը տիրէ, իսկ անոնք որոնք «բարիք» ընել կը փորձեն, Աբիսողոմ աղայէն բանով մը չեն տարբերիր։ Այս իրերօգնութեան պակասն է, որ հակառակ աշխարհի զարգացման մարդկութիւնը յետքայլ մը կ՚ապրի։ Անցեալին բնական եղող իրերօգնութիւնը այսօր մարդոց զարմանք կը պատճառէ, որովհետեւ մերօրեայ մարդը օգնելու եւ կարեկցելու գաղափարին չի հաւատար եւ կ՚ուզէ անպայմանօրէն յետին միտք մը, պատճառ մը գտնել այդտեղ։ Իսկ եթէ փորձուեցար «էշ»երու խումբերուն պատկանիլ, Աստուած օգնականդ ըլլայ...։

***

Մի քանի ամիսներ առաջ բարեկամ մը իր անուշ լեզուով բան մը խնդրեց. գիտական աշխատութեան մը համար պէտք էր ութ յօդուած, իւրաքանչիւրը 10-12 էջէ բաղկացած։ Խնդրեց որ յօդուածները գրեմ ես, սակայն մամուլի մէջ ստորագրէ ինք, որպէս թէ «գիտական» աշխատութիւն մը հետազօտող։ Ցաւ ի սիրտ, չյաջողեցայ ուրիշներու պէս կտրականապէս մերժել եւ ոչ ըսել. այսօր հակառակ բազմազբաղ աշխատութեան ունիմ 80 էջ գրելիք... Զնիւթի մը մասին որ բացի գրելէ պրպտել ու ուսումնասիրել կը պահանջէ։ Անդին բարեկամը յաճախակի կը զանգէ յօդուածներուն «ուր հասնիլ»ը ստուգելու համար։ Երանի՜ ոչ ըսել կարենայի։

***

Լիբանան գտնուած ժամանակ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն եկեղեցական մը վերջնականապէս Անթիլիաս տեղափոխուեցաւ։ Սկզբնական 7-8 ամիսներուն ընթացքին յաճախակի առիթներով՝ աւելի քան մի քամի հարիւր ինքնաշարժս խնդրեց, որպէսզի հարազատներուն այցելէ, բժիշկի երթայ, բարեկամներու հետ հանդիպի։ Ոչ մէկ ատեն յաջողեցայ մերժել։ Տարի մը ետք ինքնաշարժ գնեց եւ սկսաւ իր ինքնաշարժով երթալ գալ։ Առիթով մը ինքնաշարժս խնդիր ունեցաւ եւ ստիպուած առաջին անգամ ըլլալով խնդրեցի իր ինքնաշարժը, որպէսզի շատ մօտիկ տեղ մը երթամ։ «Չեմ կրնար տալ»ը պատրաստ էր։ Ինքնաշարժը չտալուն այնքան չի՛ նեղուեցայ՝ ինչքան ըրածներուս, որոնք բարիք անուան տակ ապուշութիւն մը եղած են պարզապէս։ Երանի՜ ոչ ըսել կարենայի։

***

Անցեալին որոշ ժամանակաշրջան մը սկսած էի գաղտնիքներս, յոյզերս ու մտածումներս գրի առնել տետրակի մը մէջ. այդ բոլորը իմ սեփականութիւնս էր եւ դիւրին դիւրին պիտի չուզէի մարդիկ գիտնան կարդան. վերջապէս ամբողջ ներաշխարհս էր։ Առիթով մը անթիլիասական միաբաններէն մէկը ինքնաշարժս խնդրեց. մայրը հիւանդացած էր։ Ինչպէս միշտ, այդ օր ալ տուի։ Ցաւ ի սիրտ, տետրակը դրած էի ինքնաշարժի դարակին մէջ։ Հետաքրքիր եկեղեցականը խառնած ու գտած էր տետրը։ Յաջորդ օր շատ մը գաղտնիքներ անձիս կամ յոյզերուս կապուած շատեր լսած էին։ Երանի՜ ոչ ըսել կարենայի։

***

Լիբանան առանձին ապրած ժամանակ Սուրիայէն Լիբանան եկաւ դասընկեր մը։ Ազգականներն ու հարազատները չընդունեցին զինք։ Նկատի ունենալով վիճակը առաջարկեցի գալ մնալ մօտս, մինչեւ նոր տնօրինում մը։ Աւելի քան ինն ամիս մնաց տունս։ Անվճար կերաւ, խմեց ու վայելեց։ Տարիներ ետք որոշեց եկեղեցական դառնալ ու գնաց Անթիլիաս։ Տարիներ ետք ես ալ որոշեցի ու գացի Անթիլիաս, սակայն այդտեղ ամենէն շատ զիս հալածողն ու բամբասողը եղաւ ան՝ որուն գրկաբաց տունս ընդունած էի։ Երանի՜ ոչ ըսել կարենայի։

***

Վերոյիշեալ դրուաքներուն նման բազմաթի՜ւ օրինակներ կարելի է տալ։ Կեանքը իր փորձով սորվեցուց, որ լաւ ըլլալը շնորհքէ աւելի էշութիւն է։ Դիտեցէ՛ք ձեր շուրջ. անոնք որոնք վատ են, ոչ ըսելու կարողութիւնը ունին, ընկերութեան մէջ ունին իրենց տեղը, իսկ անոնք որոնք ծառայելն ու օգնելը կեանքի ընթացք դարձուցած են, կ՚անտեսուին ու կը շահագործուին։

Անցեալին մայրը իր որդուն բարութիւն կ՚ուսուցանէր... այսօր գոյատեւելու համար չար ըլլալ պէտք է սորվեցնէ։

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2022