ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ (ԺԷ.)
ՊԱՏԱՆԻՆ ՈՒ ՍԻՐԱՀԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Մեր ընտանիքներու կողմէ «սիրահարութիւն»ը շատ անգամ որպէս պարզ երեւոյթ կ՚ըմբռնուի եւ շատ անգամ կրնայ նոյնիսկ ծաղրանքի առարկայ դառնալ, սակայն իրականութեան մէջ շատ նրբանկատ նիւթ մըն է, որ պէտք է մեծ ուշադրութեան արժանանայ ընտանիքներու կողմէ, որովհետեւ այդ մէկը որքան ալ մանկական ըլլալ թուի, մեր զաւակներուն հակառակ սեռին հանդէպ ունեցած դրսեւորումը ցոյց կու տայ եւ այդ ընթացքին կարելի է նկատել բարդոյթներ, որոնք կրնան ապագայի համար եւս դառնալ մտահոգիչ:
Առաջին հերթին ծնողներ սիրահարութեան պարագային այս հարցին շուրջ կը մտածեն. «Մեր զաւակը մեզի պիտի արտայայտուի՞ իր սիրահարութեան մասին»: Իրականութեան մէջ մենք կը կարծենք, թէ այդ մէկը մանուկէն կախեալ երեւոյթ մըն է, սակայն իրականութեան մէջ ո՛չ թէ մանուկէն, այլ կախեալ է մանուկէն եւ անոր ստացած դաստիարակութենէն: Պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան մանուկին եւ ծնողքին ունեցած յարաբերութիւնը հայելին է մանկութեան շրջանին անոր մէջ սերմ դրուած յարաբերութեան օրինակին:
Կը տեսնենք, թէ որոշ պատանիներ ինչպէս ամէն հարցի շուրջ ազատութեամբ կ՚արտայայտուին իրենց ընտանիքներուն՝ ըլլայ անձնական կամ ընդհանուր. անոնք կարողութիւնը ունին առանց երկմտելու, առանց ամչնալու անկեղծութեամբ խօսիլ ու արտայայտել իրենց ներքին զգացումները, ինչ որ մանուկը հեռու կը պահէ շատ մը ներքին խնդիրներէ եւ առիթ կու տայ, որպէսզի ընտանիքը լաւապէս հասկնայ ու քննէ իր զաւակին զգացումներն ու ներաշխարհը: Սակայն (գուցէ առաւելաբար մեր հայկական ընտանիքներէն ներս) գոյութիւն ունի հակառակ երեսակը. առաւելաբար իրենց զգացումները իրենց ընտանիքի անդամներէն պահել փորձող պատանիները որպէս հիմնական պատճառ կ՚ունենան դատողութենէ վախնալը. պէտք յստակօրէն տարբերել դատողութիւնն ու դիտողութիւնը: Մանուկը կրնայ մտածել, թէ իր սիրոյ բացայայտումը կրնայ դառնալ ծաղրանքի կամ կատակի առարկայ, իրենց յուզական կամ «առասպելական» սիրոյ զգացումները հեգնանքի արժանանալ, հետեւաբար անոնք կը նախընտրեն այդ զգացումները չբարձրաձայնել:
Վստահաբար նուազագոյնը մէկ անգամ ականատես եղած էք չէ՞ որ մայր մը ծիծաղը դէմքին «դպրոցը տղայ մը կայ, իրեն կը սիրէ կոր» ըսէ, կարծելով որ այդ մէկը հաճոյք ու ժպիտ պիտի պատճառէ նաեւ միւս դրացիներուն կամ հարազատներուն։ Մենք նկատենք թէ ոչ, այդ բոլորը մեր զաւակներուն համար կրնան տարբեր արժէքներ ունենալ եւ «պարզ» ու «ծիծաղելի» կարծուած երեւոյթը կրնայ մեծ վէրքեր յառաջացնել մեր զաւակներուն ներաշխարհէն ներս: Զանոնք պէտք է հեռու պահել անյարմար զգալու յոռի երեւոյթէն, որովհետեւ այդ մէկն է, որ գաղտնութեան անդունդ մը կը ստեղծէ ծնողքին եւ զաւակին միջեւ: Այդ իսկ պատճառով մայրեր պէտք է իմաստուն ըլլան, գիտնալու համար, թէ զաւակին ո՛ր զգացումը կարելի է բարձրաձայնել եւ որը ոչ՝ նոյնիսկ շատ անգամ ո՛չ թէ օտարներուն, այլ հօր համար եւս, որովհետեւ զաւակին յարաբերութիւնը իր հօրը եւ իր մօրը հետ նոյնը չ՚ըլլար:
Հետեւաբար, ամէն բանէ առաջ պէտք է ուշադրութիւն դարձնել ծնողքին եւ զաւակին փոխյարաբերութեան. մեր զաւակներուն համար պէտք է ստեղծել այնպիսի միջավայր, որպէսզի անոնք անկաշկանդ արտայայտուին իրենց հարցերուն, խնդիրներուն եւ զգացումներուն մասին:
Պէտք է գիտնանք, որ մեր զաւակներուն կեանքին մէջ առաջին սիրահարութիւնը ունի անջնջելի հետք մը. այդ պահը, ապրումներն ու զգացումները մինչեւ իրենց կեանքին վերջը անոնց համար պիտի ըլլայ յիշարժան ու անուշ զգացումի յիշատակ մը: Բնական է, որ անոնք զգացումներու քաոս մը պիտի ապրին եւ իրենց կամքէն անկախ պիտի ապրին յուզմունքով, յաճախ ջղայնութեամբ եւ յաճախ ալ անբացատրելի ուրախութեամբ լեցուած օրեր. պէտք է ծնողներ խոհեմութեամբ ընդունին ու հասկնան զգացումներու այդ անհաւասարակշիռ փոփոխութիւնները: Պէտք է հասկնալ, որ մեզի համար պարզ թուացող այդ զգացումները նորութիւն են անոնց համար եւ հետեւաբար փորձառական շրջանէ մը կ՚անցնին անոնք:
Գուցէ այլ ազգերու մանկավարժութեան մէջ այս մասը գոյութիւն չունենայ, սակայն ցաւ ի սիրտ, մեր պարագային անհրաժեշտութիւն է այս մէկը... ծնողներ պէտք է խուսափին դատողութենէ եւ քննադատութենէ. պատանիին համար իր ունեցած զգացումները սրբազան զգացումներ են եւ հետեւաբար զանոնք վիրաւորելը՝ պատանին վիրաւորել է պարզապէս: Մեր զաւակներուն «սիրած» աղջիկը եւ կամ տղան կրնայ մեր ճաշակով չըլլալ. կրնայ ըլլալ մեզի համար արտաքնապէս տգեղ ըլլան՝ սակայն պարզապէս մեզի համար՝ եւ ո՛չ իրենց: Հետեւաբար զաւակ-ծնողք յարաբերութիւնը աւելիով ամուր պահելու համար պարտաւոր ենք յարգել մեր զաւակներուն զգացումներն ու ընտրութիւնները՝ քաջ գիտնալով, որ անոնք սկզբնական շրջանին պարզապէս մանկական զգացումներ են: Մանկական՝ սակայն իրենց համար շատ մեծ նշանակութիւն ունեցող զգացումներ, հետեւաբար նման պարագաներու խօսողի դեր ունենալէ աւելի պատանին կը պահանջէ, որպէսզի իր մայրը կամ հայրը լսողի դեր ունենայ:
Անոնց առաջին սիրահարութիւնը ինչքան ալ մանկական թուի, պէտք է յարգել սահմանները եւ այդպէսով փոխադարձ սէր ու յարգանք ծնունդ կ՚առնէ:
Յարգանքի կողքին անհրաժեշտ է անոնց հետ քննարկել առողջ յարաբերութեան սահմանները. պէտք է յստակ ձեւով բացատրել անհատականութեան, ընկերային եւ անձնական յարաբերութիւններու պահպանման կարեւորութիւնը եւ այդ առողջ յարաբերութիւնները քարոզներէն աւելի դարձեալ ծնողքը իր արարքներով կրնայ լաւապէս բացատրել: Պէտք է զաւակին խորհուրդ տալ, սակայն առիթ տալ, որպէսզի ինք կողմնորոշուի եւ իր որոշումները կայացնէ: Միաժամանակ պէտք է զանոնք պատրաստել նաեւ տխուր զգացումներու. ինչպէս՝ բաժանումը եւ այլն, որպէսզի այդ անծանօթ զգացումները խոր վէրքեր չյառաջացնեն անոնց մատղաշ հոգիին մէջ: Զանոնք պէտք է պատրաստել ամէն տեսակ դժուարութիւններու՝ առանց անոնց մէջէն ուրախութիւնն ու յոյսը խլելու եւ այդ նրբութեան մէջ կը կայանայ ծնող դառնալու արուեստի նրբութիւնը:
Վերջապէս պէտք է ուշադիր ըլլալ, որպէսզի մեր զաւակները իրենց սիրահարութեան շրջանին կարենան հաւասարակշռութիւն պահել իրենց ընկերային կեանքին, յարաբերութիւններուն եւ պարտաւորութիւններուն միջեւ, որպէսզի միւս բոլորը անտեսելով իրենց ամբողջական կեդրոնացումը մէկ տեղ չըլլայ:
Եթէ որպէս ծնողք մտահոգ էք, թէ ի՛նչ կրնաք ընել ձեզ զաւակներու սիրահարութեան պարագային, պատասխանը շատ պարզ է. ի սկզբանէ ձեր ամուսնական կեանքով օրինակ դարձէք, որովհետեւ այն կեանքը, որ դուք ունիք որպէս ամուսնացած զոյգեր, ձեր զաւակը օրինակ պիտի վերցնէ նաեւ իր կեանքին մէջ եւ հետեւաբար լաւագոյն ձեւը օգնելու սեփական կեանքով լաւ օրինակ դառնալն է:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում.- Սէրը ուրա՞խ բան է, թէ՞ տխուր:
Պատասխան.- Սէրը բարդ յոյզ մը է, որ կրնայ ներառել թէ՛ երջանկութիւն եւ թէ տխրութիւն: Էապէս սէրը ո՛չ տխուր է եւ ոչ ուրախ:
Սէրը իր լաւագոյն վիճակին մէջ կրնայ ուրախութեան, երջանկութեան եւ բաւարարութեան զգացում ստեղծել: Սէրը կը ստեղծէ նուիրական պահեր՝ մարդուն տալով յարմարաւէտութեան եւ պատկանելիութեան զգացում:
Սակայն սէրը կրնայ պատճառել նաեւ տխրութիւն, սիրտի ցաւ ու թախիծ: Յարաբերութիւնները կրնան դժուարութիւններու հանդիպիլ եւ պատճառել հիասթափութիւն եւ վիշտ: Անձի մը խորապէս սիրելու մէջ ներգրաւուած յոյզերու վիրաւորումը կրնան տխրութեան եւ մելամաղձութեան առաջնորդել:
Ի վերջոյ սէրը զգացումներու եւ փորձառութիւններու խառնուրդ է: Սէրը ճանապարհորդութիւն մըն է, որ կը ներառէ երջանկութիւն եւ տխրութիւն: Զգացումներու խառն վիճակն է, որ սէրը կը դարձնէ խոր եւ իմաստալից:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024