ՆԵՐԴԱՇՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
«Ներդաշնակութիւն»ը, որ յաճախ կը խօսուի կեանքի զանազան երեւոյթներու, իրողութիւններու, եղելութիւններու առիթով, անհրաժեշտ ե՛զր մըն է կանոնաւորութեան եւ ապահովութեան հաստատման եւ տեւականացման համար։ Չէ՞ որ կեանքը եւ աշխարհը հակադրութիւններու հիանալի՜ ներդաշնակումին վրայ են հաստատուած եւ կեանքը, ինքնին հազարումէկ իրերամերժ եւ հակադիր արժէքներու հրաշալի՜ մէկ ներդաշնակութիւնն է. կեանքը չէ՞ որ երկու գլխաւոր հակադրութիւններու ներդաշնակութիւնն է՝ ծնունդ եւ մա՛հ։ Եւ եթէ մարդ կ՚ապրի, այս ներդաշնակութեան շնորհիւ է որ կ՚ապրի, կը ծնի եւ կը մեռնի՛։ Կեանքը նաեւ, բարիին եւ չարին, լոյսին եւ խաւարին, առողջութեան եւ հիւանդութեան, հարստութեան եւ աղքատութեան, յաջողութեան եւ ձախորդութեան, խաղաղութեան եւ խռովութեան, հաշտութեան եւ կռիւի, մէկ խօսքով՝ ճերմակին եւ սեւին հրաշալի՜ ներդաշնակութեանը մէջ ընթացք մը չէ՞։ Կեանքը ներդաշնակութեան մէկ արդիւնքը պէտք է համարել, քանի որ հոն կայ միշտ ներդաշնակուած հակադրութիններ, իրարու ներհակ, հակառակ արժէքներ, եւ կեանքը ահաւասիկ, անոնց մէջ ապահով կ՚ընթանայ եւ մարդ ի վերջոյ կը հասնի իր վախճանին։
Եւ այն մարդը որ գիտէ իր կեանքի հակադրութիւնները հակակշռել եւ ներդաշնակել յաջող կերպով, երջանիկ մարդ է, որովհետեւ խաղաղութեան մէջ անվտանգ կ՚ապրի եւ կ՚ապրեցնէ իր շուրջինները։
Առաջին մարդը ստեղծուեցաւ ո՛չ միայն բարի, այլ նաեւ հաստատուեցաւ իր Արարչին հետ բարեկամութեան մը մէջ, ինչպէս նաեւ իր անձին եւ շուրջի արարչութեան հետ «ներդաշնակութեան» մը մէջ, որոնց գերազանցեց միայն նոր արարչագործութեան փառքը՝ Յիսուս Քրիստոս։
«Ներքին ներդաշնակութիւն»ը մարդկային անձին, ներդաշնակութիւնը այր-մարդուն եւ կին-մարդուն. (ԾՆՆԴ. Բ 25), վերջապէս առաջին ամոլին եւ համայն արարչագործութեան ներդաշնակութիւնը «սկզբնական արդարութեան» գոյավիճակը կը գոյացնեն։ Եւ այս կերպով, «աշխարհին տիրապետութիւն»ը, այսինքն արտաքին տիրապետութիւնը, զոր Աստուած սկիզբէն իսկ մարդուն շնորհած է, կ՚իրականանայ նախ եւ առաջ մարդուն մէջ՝ իր անձին տիրապետութեամբ, այսինքն՝ ներքին ներդաշնակութեա՛մբ։ Աստուծոյ եւ մարդուն ընտանութեան եւ մտերմութեան նշանը այն է, որ Աստուած մարդը «պարտէզ»ին մէջ կը բնակեցնէ (ԾՆՆԴ. Բ 8), ուր պիտի ապրի «հողը մշակելու եւ զայն պահպանելու համար» (ԾՆՆԴ. Բ 15)։ Ուստի, աշխատանքը պատիժ մը չէ, այլ այր-մարդուն եւ կին-մարդուն Աստուծոյ հետ գործակցութի՛ւնն է, տեսանելի արարչութիւնը կատարելագործելու եւ իրականացնելու համար ներդաշնակութեան մէջ։
Սկզբնական արդարութեան այս ամբողջ ներդաշնակութիւնը, որ նախատեսուած է մարդուն համար ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԾՐԱԳՐՈՎ, պիտի կորսուի մեր նախահայրերուն անհնազանդութեամբ եւ անհաւատարմութեամբ նախատեսուած ներդաշնակութեան, այինքն՝ մե՛ղքով։ Ներդաշնակութիւնը, որուն մէջ կ՚ապրէին եւ որ գոյացած էր շնորհիւ սկզբնական արդարութեան, այժմ ահա կը կործանի, հոգիին հոգեւոր կարողութիւններուն մարմնին վրայ տիրութիւնը կը խորտակուի մեծ մասամբ. (ԾՆՆԴ. Գ 7)։ Այր-մարդուն եւ կին-մարդուն միութիւնը լարուածութիւն կը դառնայ. (ԾՆՆԴ. Գ 11-13)։ Անոնց յարաբերութիւնները կը կորսնցնեն իրենց ներդաշնակութիւնը, եւ ընչաքաղցութեան եւ տիրապետումի դրոշմ կը կրեն։ Արարչութեան հետ անոնց ունեցած ներդաշնակութիւնը կը խզուի. տեսանելի արարչութիւնը մարդուն հանդէպ կը դառնայ օտար եւ թշնամի։ Մարդուն պատճառով արարչութիւնը կ՚ենթարկուի ապականութեան. (ՀՌՈՄ. Ը 20)։ Ի վերջոյ անհնազանդութեան պարագային մարդուն բացայայտօրէն զգուշացուած հետեւանքը կ՚իրականանայ. (ԾՆՆԴ. Բ 17) մարդը կը դառնայ հո՛ղ, որմէ կազմուած էր։ Եւ այսպէս, երբ աստուածատուր ներդաշնակութիւնը կը վնասուի, մահը մուտք կը գործէ մարդուն պատմութեան մէջ. (ԾՆՆԴ. Գ 19) եւ (ՀՌՈՄ. Ե 12)։
Արդարեւ, արդարութիւնը, որ բարոյական առաքինութիւն մըն է, կ՚ենթադրէ իրաւունքի եւ ազատութեան, ինչպէս նաեւ իրաւունքի եւ պարտաւորութեան ներդաշնակութիւնը։ Այս իմաստով, արդարութիւնը ներդաշնակութեան հետեւանք մը կարելի է համարել, քանի որ հոն կը հակակշռուին եւ կը ներդաշնակուին տարբեր իրաւունքներ, տարբեր տեսակ ազատութիւններ, որոնք յաճախ իրար կը հակադրեն, իրարու արգելք կը հանդիսանան եւ իրարու սահմաններ կը գծեն։
Մարդոց նկատմամբ արդարութիւնը մարդս տրամադիր կ՚ընէ յարգելու իւրաքանչիւրին իրաւունքները, ազատութիւնները եւ հաստատելու մարդկային յարաբերութիւններու մէջ ներդաշնակութիւնը, որ կը հրահրէ արդարադատութիւնը հանդէպ անձերուն եւ հասարակաց բարիքին։ Եւ ուրեմն արդարութիւն եւ ներդաշնակութիւն՝ փոխադարձ ազդեցութեամբ կ՚ապահովեն թէ՛ անհատական եւ թէ՛ հաւաքական, թէ՛ անձնական եւ թէ՛ հասարակաց բարիքը, քանի որ երեւութապէս անձնական բարիքը, ընդհանրապէս, հակադիր վիճակ մը կը պարզէ հասարակաց բարիքի նկատմամբ, ուր զոհողութիւնը անհրաժեշտ է, որ կարելի է ապահովել եւ տեւականացնել ներդաշնակութեան հաստատման շնորհիւ։
«Աղքատին հանդէպ աչառութիւն պիտի չունենաս, ո՛չ ալ նախասիրութիւն զօրաւորին հանդէպ. արդարութեամբ պիտի դատես ընկերդ». (ՂԵՒ. ԺԹ 15)։
Ներդաշնակութիւնը հաւասարակշռութեան հարց մըն է, եւ այս իմաստով կշիռի նժարները բծախնդրութեամբ գործածելու տեսակէտէ՝ ընտրութեան խնդիր մը. ընտրութիւնը ո՛րքան յարմար ըլլայ, այնքան ներդաշնակութիւնը ազդու միջոց մը կը դառնայ։
Կեանքը եթէ լաւ ներդաշնակուած է, լաւ հաւասարակշռուած, դիւրատար կ՚ըլլայ քան աններդաշնակ կեանք մը՝ որ հակադրութիւններով խճողուած՝ կը տանջէ մարդը։ Ներդաշնակութիւնը խաղաղութիւն եւ անդորրութիւն կ՚ենթադրէ։
Կեանքի մէջ կան նաեւ զօրութիւններ, որոնք եւս կ՚ազդեն անոր ընթացքին։ Ահաւասիկ այս զօրութիւններու ներդաշնակութիւնն ալ անհրաժեշտ է լաւ ապրելու համար, քանի որ զօրութիւններու հաւասարակշռութիւնը եւ ներդաշնակութիւնը խաղաղութեան պայմաններէն մին եւ կարեւորագո՛յնն է։ Լաւ ապրիլը մարդուս նպատակներէն մին է այս աշխարհի վրայ, որուն անհրաժեշտ միջոցներէն մին է ներդաշնակել ամէն զօրութիւն՝ որոնք աննպաստ կամ նպաստաւոր ազդեցութիւն կը գործեն կեանքի ընդհանուր ընթացքին վրայ։
Ընտանիքի մէջ որդիական յարգանքը կը նպաստէ ընտանեկան ամբողջ կեանքին ներդաշնակութեան, կը հայի նաեւ եղբայրներու եւ քոյրերու միջեւ յարաբերութիւններուն։ Ծնողներուն հանդէպ յարգանքը մաս կը կազմէ այս ներդաշնակութեան եւ կը ճառագայթէ ընտանեկան ամբողջ միջավայրին վրայ։
Առակախօսը կ՚ըսէ. «Պսակը ծերերուն՝ անոնց զաւակներուն զաւակներն են». (ԱՌ. ԺԷ 6)։
Իսկ Առաքեալը սապէս կը պատուիրէ. «Իրար հանդուրժեցէ՛ք սիրով, ամենայն խոնարհութեամբ, հեզութեամբ եւ համբերութեամբ». (ԵՓՍ. Դ 2)։
Անշուշտ բոլոր այս պատուէրները կը մատնանշեն ընտանիքի մէջ այն ներդաշնակութեա՛ն, որ կը տարածուի որպէս խաղաղութիւն։ Եւ այս իմաստով ընտանիքի մը բոլոր անդամները պարտաւոր եւ պատասխանատո՛ւ են ներդաշնակութեան հաստատման եւ տեւականացման։ Արդարեւ, եթէ ներդաշնակութիւնը տեւական, յարատեւ չէ՝ որեւէ արժէք չի ներկայացներ, արդէն անոր «ներդաշնակութիւն» կարելի չէ ըսել, քանի որ ներդաշնակութիւնը ժամանակի մէջ կրնայ իր ազդեցութիւնը գործադրել։
Եզրակացնելով՝ «ներդաշնակութիւն»ը կեանքը դիւրացնող, տանելի ընող անհրաժեշտ ազդակ մըն է, որուն զանցառութիւնը կրնայ անբաղձալի հետեւանքներու պատճառ ըլլալ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 4, 2020, Իսթանպուլ