ԸՆՏԱՆԻՔ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ (ԺԳ.)

ՀԱՅՐԻՇԽԱՆՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԹԷ՞ ՄԱՅՐԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ

Դարեր շարունակ տարբեր կարծրատիպեր ձեւաւորուած են այն հարցին շուրջ, թէ տուն մը մայրիշխանութեա՞մբ՝ թէ ոչ հայրիշխանութեամբ պիտի առաջնորդուի: Ամէն ժամանակաշրջան ունեցած է դերերու տարբեր բաժանումներ եւ մինչեւ 19-րդ դարու սկիզբները թէեւ փոքր փոփոխութիւններով, հասկացողութիւնը մնացած է նոյնը. տան մէջ տիրած է հայրիշխանութիւն: Այս կարծրատիպը ունի պատմական արմատներ. նոյնիսկ Նոր կտակարանը կը քաջալերէր այդ կարծրատիպը, ըսելով «կանայք, հնազանդեցէ՛ք ձեր ամուսիններուն (Եփեսացիս 5.22). նոյն այդ տողին մէջ ամուսինը կը դիտուի որպէս կնոջ գլուխ (իշխան):

Դարեր շարունակ հայրիշխանութեան հաստատումին խթան հանդիսացած են կրօնական եւ մշակութային հաստատութիւններ. ուսումնասիրելով անցեալը պիտի տեսնենք, թէ կինը մասնաւոր խօսք չունի ո՛չ տան եւ ոչ ալ հասարակութեան մէջ եւ կը կարծեմ այդ բոլորը լաւապէս տեսնելու եւ հասկնալու լաւագոյն միջոցը ժամանակագիր պատմիչներու կողքին Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնն է, ուր ընդհանրապէս հերոսները տղամարդիկ են:

Մինչեւ վերջին տասնամեակներ, մեր հայկական ընտանիքներու մեծամասնութիւնը եւս կը կառավարուէր հայրիշխանութեամբ, սակայն ժամանակները կամաց-կամաց յաջողեցաւ փշրել այդ կարծրատիպերը, զոյգերուն տալով գիտակցութիւն ընտանիքէն ներս համատեղ պարտաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ հաւասարութեան կարեւորութեան: Հակառակ այս զարգացումներուն, հայ ընտանիքները չկրցան միջին մը ստեղծել. անոնք հայրիշխանութենէն անմիջապէս անցան մայրիշխանութեան, իսկ ոմանք շարունակեցին հաւատարիմ մնալ հայրիշխանութեան եւ ունեցանք երկու տարբեր տեսակ ընտանիքներ: Մեր նորապսակ զոյգերուն մօտ, մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ ակնյայտ կը տեսնենք, թէ գոյութիւն ունի «որու ըսածը պիտի ըլլայ»ի պայքար մը. պատճառը պարզ է. դաստիարակութեան պակաս, որովհետեւ դժբախտաբար ո՛չ ընտանիքին եւ ոչ ալ դպրոցին մէջ ապագայ սերունդները հաւասարութեան մասին այնքան ալ գաղափար չեն կազմեր ու կը շարունակեն հետեւիլ հին ու ժամանակավրէպ կարծրատիպերու:

Մեր նորապսակ զոյգերուն կը յորդորենք, որ անիմաստ այդ պայքարը մղելու փոխարէն հաւասարութիւն ստեղծելու շուրջ ջանք վատնեն։ Հայրն ու մայրը հաւասար մարդ արարածներ ըլլալով հանդերձ, իրենց դերերը ամբողջութեամբ տարբեր են եւ իւրաքանչիւրը ունի իր յատուկ տեղը. հայր մը եւ կամ մայր մը ինչքան ալ ինքնազոհ ըլլան, ո՛չ մայրը կրնայ հայր դառնալ եւ ոչ ալ հայրը՝ մայր, որովհետեւ իւրաքանչիւրը ունի իր առանձնայատուկ տեղն ու դերը: Մեր ընտանիքները կ՚ապրին այն համոզումով, որ տան մէջ որոշում կայացնողը տղամարդը կ՚ըլլայ. երկու սեռերու պարագային ալ անձնական համոզում ու որոշում ունենալը գնահատելի երեւոյթ է, սակայն ամուսնական կեանքի մէջ այդ «որոշում առնել»ը պէտք է ունենայ ընդհանրապէս այլ համոզում. մենք կը հաւատանք, որ տան մէջ որոշում կայացնողը ո՛չ հայրն է եւ ոչ մայրը, որովհետեւ անոնք անջատ անհատներ չեն եւ հետեւաբար ամուսնական կեանքի մէջ միակ արդիւնաւէտ որոշումները միատեղ առնուած որոշումներն են. բնական է, որ միտքերն ու մտածումները պիտի ըլլան տարբեր, յաճախ վիճաբանութեան առաջնորդեն զոյգերը, սակայն միատեղ որոշում կայացնելը պիտի ապահովէ անոնց ապագայ անդորրը, մինչ հակառակը՝ կրնայ մեծապէս վշտացնել կողմերէն մէկը:

Մայրեր, մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ իրենց տղայ զաւակները կը դաստիարակեն այն համոզումով, որ տղամարդը պէտք է որոշէ եւ յանկարծ «ենթարկուող» կողմը չանցնի. յաճախ կը խօսի կիներու հայրիշխանութեան ենթակայ դառնալուն մասին, սակայն կայ նաեւ հակառակ կողմը. այսօր շատ են տղամարդիկ՝ որոնք կը կառավարուին եւ ինչու չէ նաեւ ահաւոր ձեւով վախ մը ունին իրենց կիներուն հանդէպ:

Կը հաւատանք, որ զիրար իրապէս սիրող զոյգեր ընդհանրապէս չեն մտածեր իշխելու կամ ենթակայ դառնալու մասին, որովհետեւ իրապէս սիրողի մը համար իշխելէ աւելի ուրախութիւն կը պատճառէ կողակիցի փափաքներուն կատարումը եւ մեր նորապսակ զոյգերը հո՛ս կը ձախողին: Ամուսնական կեանքը զոհողութիւն է իրարու հանդէպ եւ ո՛չ սեփական փափաքներու իրականացում: Այդ փոխադարձ զոհողութիւնն է, որ պիտի ստեղծէ խաղաղ ու օրինակելի ընտանիք մը, որովհետեւ սեփական շահերն ու հաճոյքները հետապնդելը մէկ մարմին ըլլալէ դուրս գալով անձնական պայքարի մը կը վերածուի:

Կը հաւատանք, որ հօր դերը մեծ է տան մէջ, սակայն կ՚ընդունինք, որ տան տնտեսութիւնը պէտք է վստահուի մօր, որովհետեւ ընտանիքի մը բարեկեցութիւնը հօր աշխատութենէն կախում չունի. տուն մը հարստացնողն ալ աղքատացնողն ալ կինն է: Զաւակներու ապագայ դաստիարակութեան մակարդակի հիմնական պատասխանատուն կինն է, իսկ կնոջ այդ պարտաւորութիւնները դիւրացնողն ու նեցուկը տղամարդն է:

Թող նորապսակ զոյգեր նախքան պսակուիլը լրջօրէն ուսումնասիրեն ամուսնութեան գաղափարը, որպէսզի ապագային լուրջ խնդիրներու դէմ յանդիման չգտնուին:

Ուսումնասիրութիւններ կը յայտնեն, թէ աշխարհի մէջ ժամական մօտաւորապէս 80-100 զոյգ կ՚ամուսնալուծուի. ամուսնալուծութեան պատճառներէն մին կը հանդիսանայ նաեւ իշխողի եւ ենթարկուողի հարցը, այդ իսկ պատճառով կը կարեւորենք ամուսնական կեանքի մասին ուսուցման կարեւորութիւնը, որպէսզի նորապսակ զոյգեր կարճ ժամանակ մը ետք յուսախաբութեան դիմաց գտնուելով չբռնեն ամուսնալուծութեան ոչ-հաճելի ճամբան:

•շարունակելի

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում.- Պատանի զաւակս կ՚ուզէ ծխել. ի՞նչ պէտք է ընել:

Պատասխան.- Ձեր զաւակին ծխելու ցանկութեան հանդէպ հասկացողութիւն ցուցաբերեցէք. առիթ տուէք, որպէսզի ան հանգստութեամբ արտայայտէ իր ծխելու փափաքը եւ արտայայտէ իր միտքերը: Անոր հետ լրջութեամբ քննարկեցէք ծխելուն պատճառած առողջական խնդիրները եւ խօսեցէք անոնց վնասներուն մասին եւ ծխելուն հետեւանքները արծարծեցէք: Որպէս ծնողք սահմանեցէք յստակ ակնկալիքներ, ինչպէս նաեւ յստակեցուցէք հետեւանքները, խրախուսելով առողջ ապրելակերպի ընտրութեան: Ներգրաւուած մնացէք ձեր զաւակի կեանքով՝ ամրապնդելով անոր առողջ որոշումներ կայացնելը եւ առողջ պահելով ծնողք ու զաւակ յարաբերութիւնները:

(Ներկայ երիտասարդութեան մօտ այս բոլորը ինչքանով արդիւնք ցոյց կու տայ, թող ընթերցողը որոշէ):

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2023