ՄԱՐԴ ԽՆԴՐԱՐԿՈ՛Ւ Է ԱՍՏՈՒԾՈՅ
Արարչագործութեամբ եւ ստեղծագործութեամբ Աստուած ամէն էակ գոյութեան կոչեց ոչինչէն։ Եւ մարդն ալ իր գործած մեղքով կորսնցուցած է իր Աստուծոյ նմանութիւնը, բայց ան կը պահէ տակաւին Աստուծոյ իր նմանութիւնը։ Մարդ զինք գոյութեան կոչող Աստուծոյ բաղձանքը միշտ կը պահէ իր մէջ։ Եւ բոլոր կրօնները կը վկայեն եւ կը հաստատեն մարդոց այս էական փնտռումին մասին։
Արդարեւ, Աստուած որպէս Արարիչ եւ Նախախնամ, նախ կը կանչէ մարդը։ Ուստի, որքան ալ մարդը մոռնայ իր Արարիչը եւ պահուըտի Անոր Երեսէն, որքան ալ մարդը իր «կուռք»երուն ետեւէն վազէ կամ ամբաստանէ եւ քննարկէ աստուածութիւնը, թէ լքած է զինք, սակայն կենդանի եւ ճշմարիտ Աստուածը իւրաքանչիւր անձը անխոնջաբար կը կանչէ աղօթքի խորհրդաւոր հանդիպումին։ Եւ այս իմաստով, աղօթքը Աստուծոյ կանչին մարդուն պատասխա՛նն է՝ հաւատքով հաղորդակցելով Անոր հետ։
Մարդուն հաւատարիմ Աստուծոյ սիրոյ այս շարժումը՝ աղօթքի մէջ զինք միշտ կանխող շարժում է, իսկ մարդուն շարժումը միշտ պատասխան մըն է Անոր։ Մինչ Աստուած հետզհետէ կը յայտնուի եւ մարդն ալ մարդուն կը յայտնէ, աղօթքը կը ներկայանայ իբրեւ փոխադարձ կանչ մը՝ ուխտի եղերախաղ մը։ Այս եղերախաղը՝ ողբերգութիւնը իր խօսակցութիւններուն եւ արարներուն ընդմէջէն, յանձնառու կը դարձնէ սիրտը։ Ան ինքզինք կը քօղազերծէ փրկութեան ամբողջ պատմութեան ընդմէջէն։
Աղօթքին յայտնութիւնը Հին կտակարանի մէջ կը զետեղուի ընդմէջ մարդուն անկումին եւ վերականգնումին եւ ընդմէջ մէկ կողմէ, Աստուծոյ Իր առաջին զաւակներուն ուղղած ցաւագին կոչին. «Ո՞ւր ես, ի՞նչ ըրիր». (ԾՆՆԴ. Գ 9, 13) եւ միւս կողմէ՝ Միածին Որդիին տուած պատասխանին, երբ աշխարհ կը մտնէր. «Ահաւասիկ Եմ, ո՛վ Աստուած, կատարելու համար Քու կամքդ». (ԵԲՐ. Ժ 7), (ԵԲՐ. Ժ 5-7)։ Աղօթքը այսպէս առընչուած է մարդոց պատմութեան հետ։ Ան յարաբերութիւնն է Աստուծոյ հետ՝ պատմութեան դէպքերուն մէջէն։
Մարդ աղօթքը կ՚ապրի մեկնելով նա՛խ «արարչագործութեան» իրականութիւններէն։
Ծննդոց Գիրքին առաջին ինը գլուխները Աստուծոյ հետ այս յարաբերութիւնը կը ներկայացնեն իբրեւ «մատաղ», զոր Աբէլ Անոր նուիրեց իր հօտին անդրանկածիններէն կամ Ենովքի կողմէ աստուածային անունին ուղղուած կանչը. «երթ մը Աստուծոյ հետ». (ԾՆՆԴ. Ե 24)։ Նոյի ընծան «հաճելի» ըլլալուն Աստուծոյ, զինք կ՚օրհնէ եւ անոր մէջէն կ՚օրհնէ ամբողջ արարչութիւնը, քանի որ անոր սիրտը արդար եւ անբասիր է. ան «կը քալէ Աստուծոյ հետ». (ԾՆՆԴ. Զ 9)։
Աղօթքին այս յատկութիւնը ապրուած է բոլոր կրօններու պատկանող արդարներու բազմութեան կողմէ։
Աստուած կենդանի արարածներուն հետ Իր «անքակտելի ուխտ»ով, մարդիկը միշտ կը կանչէ, կը հրաւիրէ, որ աղօթեն Իրեն։ Բայց աղօթքը կը յայտնուի Հին կտակարանին մէջ, մանաւանդ մեր նախահօր Աբրահամէն սկսեալ։ Աստուած հազիւ թէ կը կանչէ Աբրահամը, ան իսկոյն կը մեկնի «ինչպէս որ Տէրը իրեն խօսած էր». (ԾՆՆԴ. ԺԲ 4) անոր սիրտը ամբողջովին «հպատա՛կ է Խօսքին» ան կը հնազանդի։ ԶԱստուած ունկնդրող սրտին տրամադրելիութիւնը էական մասն է աղօթքին, խօսքերը՝ յարաբերական են։
Բայց Աբրահամի մօտ աղօթքը նա՛խ կ՚արտայայտուի գործով. լռութեան մարդ, ան իւրաքանչիւր հանգրուանին Տիրոջ խորան մը կը կանգնէ. իսկ բառերով արտայայտած անոր առաջին աղօթքը աւելի ուշ երեւան կու գայ. ան կ՚ըլլայ «քօղարկուած գանգատ» մը՝ որ կը յիշեցնէ Աստուծոյ Անոր խոստումները՝ որոնք կարծէք չեն իրականացուցած։
Այնպէս որ սկիզբէն իսկ կը յայտնուի աղօթքին եղերախաղին մէկ կերպարանքը. Աստուծոյ հաւատարմութեան նկատմամբ հաւատքին կրած փորձութիւնը։
Երբ կ՚աղօթենք, պէտք է նախ աղօթքին իմաստին թափանցելով աղօթենք, յետոյ, վստահիլ Աստուծոյ եւ ապաւինիլ Անոր, քանի որ Ան մի՛շտ հաւատարիմ է Իր խոստումին…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024