ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՈՂՋՈՅՆԸ
Խաղաղութեամբ՝ խաղաղութեան համար ողջունել՝ բարեւել, ո՜րքան կարեւոր է մարդկութեան համար։
Այն ողջոյնը՝ որուն մէջ կա՛յ հաւատարմութիւն, վստահութիւն, հանդուրժողութիւն, յոյս եւ մանաւանդ անկաղծ, աննենգ, յստակ ու վճիտ սէ՛ր։ Եւ մարդկութիւնը ո՜րքան կարօտ է այդ խաղաղութեան ողջոյնին, որ կը պակսի իրենց կեանքէն յաճախ։
Ողջո՜յն ուրեմն, անկեղծ սիրով եւ խաղաղութեան ողջո՛յն սիրելի բարեկամներ…։ Ողջո՜յն բոլորիդ։
Սուրբ Պատարագի ընթացքին՝ Սուրբ Սեղանին վրայ դրուած Սուրբ Սկիհի պարունակութիւնը Քրիստոս Ի՛նքն է, Խաղաղութեան, Խոնարհութեան եւ Սիրոյ մարմնացումը ամբողջովին, որ կը թագաւորէ ամբողջ Եկեղեցիին մէջ՝ հաւատացեալ սիրտերու մէջ։ Երանի՜ այն հաւատացեալներուն՝ որ կ՚անդրադառնան այդ խորհուրդին եւ կը զգան զայն իրենց սրտերուն մէջ։ Ուստի «ողջոյն»ը բոլորին է, բայց իր արդիւնաբեր ու օգտաւէտ ազդեցութիւնը ցոյց կու տայ անոնց՝ որ կ՚անդրադառնան այդ բարիքին։
Պատարագի ընթացքին՝ պատարագիչ քահանայ հայրը այդ պահուն՝ աչքերը դէպի Սուրբ Սկիհին յարած, ձեռնամած՝ ափը ափին միացուցած կը կանգնի, իսկ սարկաւագը՝ համբուրելով Սուրբ Սեղանը ու պատարագիչ քահանայ հօր աջը՝ բարձր ձայնով կ՚ըսէ. «Ողջո՜յն տուք միմեանց ի համբոյր սրբութեան, եւ որք ոչ էք կարողք հաղորդիլ աստուածային խորհրդոյս, առ դրունս ելէք եւ աղօթեցէք»։ Այսինքն՝ սուրբ համբոյրով ողջոյն տուէք իրարու, ինչպէս կը յորդորէ Առաքեալը (ՀՌՈՄ. ԺԶ 16) եւ (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԶ 20), բայց անոնք որ կարող չեն մասնակցիլ ու հաղորդուիլ աստուածային խորհուրդին, դուներու մօտ գացէք, այսինքն գաւիթ կամ նախադուռ եւ այնտեղ աղօթեցէ՛ք։
Ուրեմն «ողջոյն ընդունիլ» քրիստոնէական մասնաւոր իրաւունք մը՝ մենաշնո՛րհ մըն է։
Ուստի, սարկաւագը աջակողմնեան աստիճաններէն իջնելով, ողջոյն կու տայ քահանաներէն կամ դպիրներէն աւագագոյնին, որոնք բեմին առջեւ՝ փոքր ատեանին, այսինքն դասին մէջ կանգնած կ՚ըլլան այդ պահուն։ Ողջոյնը ընդունողն ալ իր կարգին, քահանաներու եւ դպիրներու կը փոխանցէ ողջոյնը, եւ ապա ժողովուրդին հաղորդելով՝ բոլոր մասնակիցները կը հրաւիրէ զիրար ողջունելու։ Ողջոյն տուողը խոնարհելով կ՚ըսէ.
«Ողջոյն ձեզ, Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ»։
Իսկ ողջոյնը ընդունողը, դարձեալ խոնարհելով, ակնածանքով կը պատասխանէ.
«Օրհնեալ է յայտնութիւնն Քրիստոսի»։
Քրիստոնէութեան առաջին դարուն՝ եկեղեցիին մէջ, հաւատացեալները զիրար կ՚ողջունէին համբուրելով։ Այդ սովորութիւնը դադրած է այդ հին ժամանակներէն ի վեր, եւ մեր օրերուն միայն գլուխ խոնարհեցնելով կ՚ողջունեն զիրար։
Եւ ողջոյնի այս խորհրդաւոր պահուն՝ եկեղեցւոյ մէջ գտնուող եւ Սուրբ Պատարագի մասնակից հաւատացեալները քոյրեր եւ եղբայրներ կը դառնան իրարու՝ Քրիստոսի խաղաղութեանը մէջ։
Ի՛նչ սեռի եւ վիճակի ալ որ պատկանին, ի՛նչ դիրք ու աստիճան ալ որ ունենան, հաւատքի միութեամբ եղբա՛յրներ են անոնք այդ պահուն։
Այնտեղ՝ ուր փոխանցուած ու հաղորդուած է այն սուրբ ողջոյնը, այլեւս կարելի չէ՛ որ հակառակութիւն, ատելութիւն եւ թշնամութիւն գոյութիւն ունենայ, քանի որ Տէր Յիսուս Քրիստոս բազմած է ժողովուրդին սրտի գահուն վրայ ե՛ւ Սուրբ Սեղանին։
Այս սուրբ ողջոյնին իմաստը Յովհաննէս առաքեալ իր առաջին ընդհանրական նամակին մէջ սապէս կը բացատրէ. «Ոեւէ մէկը բնաւ զԱստուած չէ տեսած։ Եթէ իրար սիրենք՝ կը նշանակէ թէ Աստուծոյ հանդէպ սէրը մեր մէջ կատարեա՛լ է եւ Աստուած մեզի միացած կը մնայ։ Ապացոյցը, թէ մենք Աստուծոյ միացած կը մնանք եւ Աստուած՝ մեզի, նոյնինքն իր Հոգին է, որ Աստուած մեզի տուաւ։ Եւ մենք տեսանք ու կը վկայենք, թէ Հայրը իր Որդին ղրկեց, որպէսզի անիկա աշխարհի Փրկիչը ըլլայ։
«Ո՛վ որ կը դաւանի թէ Յիսուս Աստուծոյ Որդին է՝ Աստուծոյ միացած կը մնայ եւ Աստուած ալ՝ անոր։ Եւ մենք հաւատացինք ու ճանչցանք այն սէրը, որ Ատսուած ունի մեզի հանդէպ։
«Աստուած սէ՛ր է։
«Ով որ սիրոյ մէջ կը մնայ՝ անիկա Աստուծոյ միացած կը մնայ եւ Աստուած ալ՝ իրեն միացա՛ծ։ Եթէ Աստուծոյ հանդէպ սէրը այսպէս կատարեալ է մեր մէջ, դատաստանին օրը համարձակ կերպով կը կանգնինք Աստուծոյ դիմաց, որովհետեւ այս աշխարհի մէջ կ՚ապրինք ճիշդ այնպէս՝ ինչպէ՛ս Քրիստոս ինք ապրեցաւ։
«Սէր ունեցողը վախ չունի՛, որովհետեւ կատարեալ սէրը ամէն վախ կը փարատէ։ Արդարեւ, վախը պատիժի հետ կապ ունի, եւ ո՛վ որ կը վախնայ՝ սիրոյ մէջ կատարեալ չէ՛։
«Հետեւաբար՝ մենք սիրե՛նք զԱստուած, որովհետեւ նախ Ի՛նք մեզ սիրեց։
«Այն մարդը որ կ՚ըսէ.- Ես կը սիրեմ զԱստուած, բայց իր եղբայրը կ՚ատէ, ստախօ՛ս մըն է։ Ո՛վ որ չի սիրեր իր եղբայրը՝ որ կը տեսնէ, ի՞նչպէս կրնայ սիրել զԱստուած՝ որ չի տեսներ։
«Մինչդեռ Քրիստոսի մեզի տուած պատ-ւէրը սա է.
«Ո՛վ որ զԱստուած կը սիրէ, պէ՛տք է իր եղբայրն ալ սիրէ» (Ա ՅՈՎՀ. Դ 12-21)։
Ուրեմն, սիրելի՜ բարեկամներ, սիրենք զիրար անխտիր, սիրենք՝ փոխանակ ատելու, եւ մանաւանդ Քրիստոսի խաղաղութեան ողջոյնը՝ սէրը միշտ զգանք մեր սրտերուն մէջ…։
Քրիստոսի խաղաղութեամբ, Քրիստոսի խաղաղութեան մէջ, Քրիստոսի խաղաղութեան հետ սիրալի՜ր ողջոյններ, սիրելի բարեկամնե՜ր…։
Յունուար 4, 2016, Իսթանպուլ