«ՄԵ՛Ծ» ԸԼԼԱԼՈՒ ՀԱՐՑ ՄԸ

Կեանքի մէջ միշտ «հարց» մը, աւելի ճիշդ է ըսել, «փափաք» մը կայ մեծ կամ առաջնակարգ ըլլալու։

Անշուշտ բնական է, որ մարդ միշտ աւելի լաւը, աւելի ընտիրը ըլլալ փափաքի, եւ այս ուղղութեամբ աշխատի։ Բայց երբ ասիկա կ՚ուզէ մարդ, պէ՛տք է ինքն իրեն հետ մրցի, եւ երբեք ուրիշները ոտնակոխ չընէ ինք բարձրանալու, աւելի՛ լաւ, աւելի՛ ընտիր դիրք մը ունենալու համար։ Արդարեւ, ամէն մարդ իր կարգին մեծ եւ բարձրագոյնը ըլլալու իրաւունքը ունի բայց ո՛չ երբեք անիրաւ ճամբաներով, այլ միշտ յարգելով ուրիշին ալ իրաւունքը եւ ազատութիւնը՝ մեծը եւ բարձրագոյնը ըլլալու փափաքին նկատմամբ։

Մարդուս այս փափաքը միշտ եղած է, ինչպէս այսօր, նոյնպէս անցեալի մէջ, եւ պիտի ըլլայ այնքան ատեն՝ որ մարդ կ՚ապրի այս աշխարհի վրայ…։

Եւ ահաւասիկ, նոյն հարցը պատահած է նաեւ Քրիստոսի, երբ աշակերտները հարցուցած են Իրեն, թէ՝ ո՞վ է իրենց մէջ «մեծ»ը։ «Աշակերտները սկսան վիճաբանիլ թէ իրենցմէ ո՞վ է մեծը» (ՂՈՒԿ. Թ 46)։ Իսկ Յիսուսի պատասխանը ո՛չ միայն աշակերտներուն եղաւ, այլ այն ամէն մարդու որ կը փափաքի «մեծ» ըլլալ. «Ով որ ձեր բոլորին մէջ փոքրիկն է, ա՛ն է մեծը» (ՂՈՒԿ. Թ 48)։

Այս հատուածով «մեծութեան» բոլորովին տարբեր իմաստ մը կը տրուի եւ «մեծ» ըլլալու պայմանները կը յայտնուի։ Արդարեւ «փոքրի՛կն է մեծը» խօսքը իր մէջ կը պարունակէ խորհուրդ մը՝ համաձայն քրիստոնէական վարդապետութեան։

Յիսուս մանուկի օրինակով կը բացատրէ «մեծ» ըլլալու իմաստը եւ պայմանը։

Այս մասին տեսնենք թէ ի՛նչ կ՚ըսէ Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեան իր «Համապատում»ին մէջ։ (Հատուած՝ 122 - Մանուկի Օրինակը, էջ՝ 352-353)։

«Պետրոսին երկդրամեանի հրամանը տալէն ետքը, Յիսուս այն օր մէջտեղ չելաւ, այլ Կափառնաումի մէջ ալ՝ առանձին մնալու կերպը շարունակեց։ Պետրոս հարկաւ հրամանը կատարեց եւ անմիջապէս վերադարձաւ, եւ Յիսուս ուրիշ խօսակցութեանց կարգին, սկսաւ առաքեալներուն հարցնել.- Ճանպուն վրայ իրարու հետ վէճի բռնուած էիք, խնդիրը ի՞նչ էր։

«Առաքեալները լռեցին, յայտնելէ քաշուեցան, մէջերնին մեծ ո՞վ պիտի ըլլայ փնտռելը, մարդ մը չմեռած ժառանգութիւն բաշխելու չափ տգեղ բան մը ըլլալը՝ իրենք ալ կը հասկնային։

«Յիսուս վէճին նիւթը չգիտցող չէր, բայց կ՚ուզէր որ իրենք խոստովանին. ուստի հարցումը կրկնեց, եւ առաքեալներն ալ տեսնելով որ փախուստ տալու ճար չկայ, համարձակութիւն առին ըսելու.- Քանի որ մեզ պիտի թողուս, չենք ուզեր Երկնից Արքայութեան գործէն ձեռնթափ ըլլալ, այլ կը փափաքինք զայն շարունակել, ուստի կ՚ուզէինք գիտնալ, թէ մէջերնէս ո՞վ պիտի ըլլայ մեծն ու գործին գլուխը։

«Եթէ երբեք Յիսուս առաքեալներուն մէջ -Մեծ- մը որոշել ուզած ըլլար, կամ թէ որոշել ուզէր, ասկէ լաւ պարագայ մը չէր կրնար ըլլալ ըսելու, թէ արդէն Պետրոսը ձեզի մեծ կարգեցի, կամ թէ Յակոբոս մեծ պիտի ըլլայ։ Ընդհակառակն Յիսուս բացէբաց կը մերժէ՛, իրմէ ետքը իրեն տեղ -մեծ- մը դնելու գաղափարը։ -Ձեր մէջը, կ՚ըսէ.- մեծութեան եւ առաջնութեան, իշխանութեան ու պատուոյ հանգամանքներ մի՛ փնտռէք. ձեր առաջնութիւնը խոնարհութեան եւ ուրիշներու օգտակար ըլլալու մէջ է. առաջինը նա է, որ ամենէն պզտիկն է. բայց ամենուն ծառայութեան կը հասնի. միամիտ հեզութիւնն ու խոնարհ կրտսերութիւնն է իմ ուզած մեծութիւնս։

«Եւ Յիսուս, նոյն տեղը պզտիկ տղայ մը տեսնելով, զայն իրեն կանչեց, սիրեց, ու գիրկը առնելով շարունակեց.- Ահա, իմ սիրած մեծութիւնս. անմեղ եւ միամիտ պարզութիւն. թէ որ դուք ալ պզտիկ տղու մը պէս անմեղ եւ միամիտ կ՚ըլլաք. Երկնից Արքայութեան մէջ մե՛ծ կ՚ըլլաք. որովհետեւ ով որ իր սիրտը այս տղուն պէս հեզ ու խոնարհ կրնայ ընել, նա է Երկնից Արքայութեան կամ Աւետարանին գործին մէջ մեծ եղողը։ Ոչ իշխանութիւնը, այլ առաքինութի՛ւնն է Աւետարանի մեծութիւնը։ Աւետարանի գործին մէջ իմ տեղս բռնողը առաքինի՛ն է. եւ ով որ այնպիսին կ՚ընդունի, զիս կ՚ընդունի՝ որ Աւետարանին հիմնադիրն եմ, եւ ով որ զիս կ՚ընդունի, Երկնաւոր Հայրը ընդունած կ՚ըլլայ, որ Աւետարանին հրամայողը եւ զիս առաքողն է։ Հետեւապէս ի զուր կը փնտռէք թէ իմ տեղս մեծ ո՞վ պիտի ըլլայ, ես մեծ մը նշանակելիք չունիմ. ամենէն պզտիկն ալ մեծ է իմ աչքիս, եթէ նա առաքինութեամբ մեծ ըլլայ։

«Որչափ ալ Յիսուսին խօսքերուն մէջ պարզապէս բարոյական խրատներ կան, սակայն Յիսուսի յաջորդող մէկ մը չգտնուիլը շեշտուած է, եւ այլեւս առաքեալներուն մէջէն մեծ ու պզտիկ զատել ներեալ չէ, ամէնքն ալ իրարու հաւասար ցուցուած են։

«Իսկ այն տղուն համար՝ զոր Յիսուս գիրկը առաւ, աւադութիւն մը կայ, թէ նա երբ մեծցաւ՝ առաքեալներուն հետեւեցաւ, եւ ի վերջոյ Անտիոքի եպիսկոպոս եղաւ, որ Սուրբ Իգնատիոս Աստուածազգեաց անունով ճանչցուած է»։

Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեանի այս պարզաբանութիւններէն կը հասկնանք, որ իսկական մեծութիւնը՝ պարզութեան, չափաւորութեան, չափ եւ կշիռ գիտնալու եւ մանաւանդ անկեղծ ծառայասիրութեան մէջ է։ Արդարեւ, ընկերային կեանքը համակարգող նուիրապետական եւ դասակարգային աստիճանաւորումներ կրնան ըլլալ մարդոց միջեւ, որոնք «ի պաշտօնէ տրուած մեծութիւններ» են, բայց ասիկա չի՛ նշանակեր անոնց բացարձակ մեծութիւն ունենալը, քանի որ իրապէս մեծ է այն՝ որ կը ծառայէ մարդկութեան, առանց որեւէ յետին նպատակի, զոր օրինակ՝ առանց «մեծ երեւել»ու մտադրութեամբ անկեղծութեամբ օգտակար կը հանդիսանայ իր շուրջիններուն, եւ մանաւանդ երբ իրեն տրուած է պաշտօն մը, զայն կը կատարէ խոնարհութեամբ, հնազանդութեամբ, որուն միակ նպատակն է ծառայել եւ օգտակար ըլլալ մարդկութեան իր կարելիութիւններուն չափով…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 28, 2018, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յունուար 8, 2019