ՄԱՐԴՈՒՆ ԵՒ ԳԵՏԻՆ ՆՄԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Մարդը կարելի՞ է նմանցնել գետի մը՝ որ միշտ, անդադար կը հոսի դէպի յառաջ։ Մարդկային մտքի ըմբռնողութեան նեղ սահմաններուն մէջ դժուա՛ր է մարդը նմանցնել գետի մը, որ իր հոսքով յարատեւութեան եւ հաստատակամութեան կատարեալ օրինակ մը՝ տիպա՛ր մըն է։
Տեսնուա՞ծ է որ գետը հոսի դէպի ետ, քանի որ ասիկա հակառակ է բնութեան, բնութեան օրէնքներուն, որ միշտ բարեփոխութեան եւ յառաջդիմութեան մէջ է։ Ուստի կարծես գետը երբ կը հոսի, իր քայլերգը կ՚երգէ անընդհատ, առանց որեւէ արգելքի կամ միջամտութեան. «Յառաջ, մի՛շտ յառաջ…»։ Գետը կ՚երգէ եւ իր երգին համաձայն, յաղթականօրէն կը շարունակէ իր ընթացքը միշտ դէպի յառա՛ջ։ Գետին նկարագիրն է, բնութիւնն է միշտ յառաջանալ, եւ երբեք չդադրիլ յառաջանալէ։
Գետը հաւատարիմ է իր բնութեան, եւ բնութիւնն ալ հաւատարիմ՝ իր իսկ օրէնքներուն։
Արդէն այն ամէն բան, որ չի յառաջանար, անշարժ եւ անգործ կը մնայ՝ ամլութեան կը մատնուի եւ ի վերջոյ կը կորսնցնէ իր գոյութիւնը, քանի որ ամէն ինչ «շարժում» է, «գործ» է, եւ կենդանութեան առաջին պայմանն է՝ շարժում դէպի յառաջ, դէպի նպատակ մը…։
Ուրեմն չի բաւեր միայն երգ, միայն խօսք, այլ պէտք է երգը եւ խօսքը վերածել գործի, կատարել այն ինչ որ կ՚երգուի եւ կը խօսուի։ Երգը եւ խօսքը, այս իմաստով գործին, շարժման առաջին քայլն է, սկիզբը՝ որուն պիտի յաջորդէ գործը եւ շարժումը։
Առանց գործադրութեան խօսքը արժէք մը չի ներկայացներ, քանի որ խօսքը ժամանակ մը վերջ կը կորսուի, կը կորսնցնէ իր ազդեցութիւնը։ Ուստի երգը եւ խօսքը արժէք կը ստանան, երբ կը գործադրուին։ Երգը եւ խօսքը գործի, աշխատանքի վերածուելու համար կան։
Բայց գետին երգը կը վերածուի գործի, եւ ան տեւական կը հոսի։ Մարդուս համար թերեւս զարմանք, ապշութիւն պատճառէ անկենդան, անբան գետին այս հաստատամտութիւնը, կամ ըսենք, յամառութիւնը՝ իր ընթացքին մէջ անշեղ եւ անփոփոխ մնալու՝ աննկատ թողելով ամէն արգելք եւ խութ, որոնք կը նկրտին շեղեցնելու զայն իր հաստատակամ ընթացքէն եւ իրեն սահմանուած բնական ծրագրէն։ Գետը հաւատարմութեան, հաստատակամութեան տիպար մը կը ներկայանայ յաճախ վարանող եւ երկմտող մարդուն։ Ուստի գետին նկարագիրն է անվարան եւ առանց երկմտութեան շարժիլ, իսկ մարդուն նկարագիրը՝ անորոշ նպատակի մը հորիզոնին վրայ վարանոտ, կասկածոտ շարժիլ։ Տարակոյսը, ընդհանրապէս կը տիրէ եւ կ՚ուղղէ մարդուս գործունէութիւնը։ Գետին նպատակը որո՛շ է. միշտ դէպի յառաջ հոսիլ ըստ իր բնութեան։ Մարդուն նպատակը շատ անգամ անորոշ է եւ փոփոխական։ Գետը բանականութիւն չունի. իսկ մարդը բանականութեամբ օժտուած է։ Արդեօք իր բանականութի՞ւնը պատճառ կ՚ըլլայ մարդ էակին, որ տարակուսի, երկմտութեան մատնուի, վարանի եւ յաճախ փոփոխութեան ենթարկէ իր նպատակը եւ ընթացքը… Ահաւասիկ խորհրդածութեան նիւթ մը՝ որ կ՚որոշէ մարդուն էութիւնը, թէ ի՛նչ է մարդը եւ թէ ինչո՞ւ համար իրեն տրուած է «ազատ կամք», որ չէ՛ տրուած ուրիշ որեւէ արարածի, էակի։
Փորձեցէ՛ք սիրելի՜ բարեկամներ, գետնէն քար մը վերցնել եւ նետել գետին մէջ, եզերքը կայնած ուշադիր նայիլ՝ տեսնելու համար նետուած քարին ազդեցութիւնը հոսուն ջուրերուն վրայ։ Եւ մարդ ո՛չ մէկ արդիւնք կրնայ նշմարել։
Գետը կարող է ազատիլ քարերէն, եւ նոյնիսկ կը գլորէ եւ կամ կը տեղափոխէ եւ մինչեւ իսկ կը ծակէ քարը եւ կը շարունակէ իր հոսքը, իր սովորական ընթացքը՝ անվարան եւ հաստատակա՛մ։
Բայց հոս պէտք է ուշադրութիւն ընել, ի՛նչ որ դաս մըն է մարդոց, գետը, քարը անմիջապէս չի ծակեր, այլ ժամանակի ընթացքին մեծ համբերութեամբ եւ յարատեւութեա՛մբ։
Գետը կը շարունակէ հոսիլ միշտ դէպի յառաջ, միշտ անշեղ ընթացքով մը։ Արգելքներ չեն յուսալքեր գետը. բայց մարդի՞կ… Ահաւասիկ տարբերութիւնը գետին եւ մարդո՛ւն։
Գետը «մարմին», գլուխ չունի որ քարով մը վիրաւորես կամ ծակես, վնասես եւ խելագարես, շեղեցնես իր ընթացքին մէջ։ Ան կը շարժի այնպէս՝ ի՛նչպէս ծրագրուած է բնութեան կողմէ։ Ան անպայման եւ անարգել պիտի կատարէ իր դերը եւ պարտականութիւնը բնութեան մեծ եւ ընդարձակ ծրագրին մէջ։
Գետը հաւատարի՛մ է «Ծրագրին»։
Գետը ջրային մարմին մը ունի, բոլորովին անդիմադրական. նետուած քարը եւ ո՛չ մէկ վնաս կը հասցնէ գետին։ Կորուստը, պարտութիւնը եւ վնասը միշտ քարին է վերապահուած եւ նախասահմանուած, քանի որ ան ունի նիւթական թանձր՝ խտացած մարմին մը։ Գետը՝ լուռ եւ անձայն արհամարհանքով մը իր յատակին մէջ բանտուած կը պահէ ամէն քար, որ «յիմար» եւ անխոհեմ անցորդ մը՝ մարդ մը կը նետէ ջուրերուն մէջ, կարծելով, թէ գետը պիտի փոխէ իր ընթացքը, պիտի ազդուի հարուածէ մը քարին։
Գետին եւ մարդուն նմանութեան եւ կամ աւելի ճիշդ է ըսել՝ տարբերութեան մասին ի՞նչ պէտք է խորհիլ, երբ կը տեսնենք հաստատակամ գետը եւ յաճախ վարանոտ, երկմտութեան մատնուած մարդը։ Գետը անբան, զգացումէ եւ գիտակցութենէ զուրկ. իսկ մարդը՝ բանակա՛ն էակ…։
Մարդը ի՞նչ կ՚ընէ։ Ճշմարտութիւնը, կարծելով թէ պիտի խափանէ, կը քարկոծէ, կը հարուածէ, կ՚ուրանայ եւ կը մերժէ։ Բայց ճշմարտութիւնը, անշեղ նկարագրով, գետերու ջուրերուն պէս միշտ կը մնայ անխոցելի՛։ Ճշմարտութիւնը, գետին ջուրերուն պէս, չի՛ ճանչնար որեւէ արգելք եւ կը փայլի, հետզհետէ կը զօրանայ եւ երբեք չի շեղիր, չի փոխուիր եւ կը մնայ միշտ ճշմարտութի՛ւն։
Մարդ շատ շատ կը վհատի արգելքի մը դիմաց՝ նեղութիւններ, դժուարութիւններ, արգելքներ շուտով կը շեղեցնեն զինք իր նպատակէն։
Մինչդեռ մարդ եթէ «քար նետող»ի դիրքին մէջ չըլլայ՝ գետի ջուրերուն պէս քարը մաշեցնող, ծակող կամք ունենայ, չվհատի, չտարակուսի, չվարանի, անշեղ պահէ իր ընթացքը՝ հաստատակամ եւ հաստատամիտ յառաջանայ միշտ դէպի ճշմարտութիւն, բարութիւն եւ գեղեցկութիւն՝ որոնց կոչուած է ընդունիլ որպէս անշեղ նպատակներ։ Եւ եթէ ունենայ այդ հաստատակամութիւնը, իրեն նետուած «քար»եր երբեք չեն հասնիր իրենց թիրախին եւ որեւէ ազդեցութիւն չեն կրնար գործել իր ընթացքին վրայ դէպի միշտ յառաջ։
Մարդուս նետուած «քար»երը՝ նախանձը, սեւ կիրքերը չեն կրնար խափանել Աստուծոյ ձայնը։ Մարդկային սրտին ժխտականութիւնը՝ չարութիւնը՝ ապստամբութիւնը՝ Աստուծոյ Ծրագրին եւ նպատակներուն դէմ գետին ջուրերուն մէջ նետուած քարերուն պէս ապարդիւն եւ անզօ՛ր են…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 26, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024