ՉԱՐԸ ԵՒ ՉԱՐԻՆ ՀԱԿԱԿՐԱՆՔԸ
Յաճախ կը հարցուի. «Ի՞նչու համար Աստուած չստեղծեց այնքան կատարեալ աշխարհ մը՝ ուր ոչ մէկ չարիք կարենար գոյութիւն ունենալ»։ Այս հարցումին պատասխանը ո՞րքան կը գոհացնէ, այս հարցումը ո՞րքան վճռական լուծում մը կրնայ ունենալ, երբ հարցնողները միշտ ժխտական կեցուածք մը ունին ճշմարտութեան հանդէպ։
Մարդ եթէ կանխակալ է, ոչ մէկ պատասխան կրնայ գոհացնել զինք. միայն անկեղծ հարցումներն են որ կրնան դրական պատասխան մը գտնել եւ գոհացնել հարցում ուղղողները։ Եւ ո՜րքան դժուար է կանխակալ միտքը համոզել եւ ճշմարտութեան հաշտեցնել։
Սուրբ Թովմաս Ագուինացի կ՚ըսէ՝ թէ «Աստուած միշտ կարող է Իր անհուն զօրութեամբ՝ աւելի կատարեալ բան մը ստեղծել»։ Սակայն Իր իմաստութեամբ եւ Իր անսահման բարութեամբ, Աստուած ազատօրէն ուզեց ստեղծել աշխարհ մը «յառաջդիմութեան մէջ», որ հետզհետէ կատարելագործուի եւ ուղղուած ըլլայ դէպի իր վերջնագոյն կատարելութիւնը։
Աստուծոյ ծրագրին մէջ այս կերպ ըլլալը՝ կը ներփակէ կարգ մը արարածներուն երեւումին հետ նաեւ՝ անհետացումը ուրիշներուն, ամենակատարեալին կողքին՝ նուազ կատարեալը, բնութեան շինարարութեան կողքին՝ նաեւ կործանումներ։
Հետեւաբար, ֆիզիքական բարիին կողքին պիտի ըլլայ նաեւ «ֆիզիքական չարիք»ը, այնքան ատեն որ արարչագործութիւնը չէ հասած իր կատարելութեան, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Ագուինացի։
Հրեշտակները եւ մարդիկ իմացական եւ ազատ արարածներ ըլլալով, ընթանալու են դէպի իրենց վերջնագոյն վախճանը, քանի օժտուած են ազատ կամքի ընտրութեամբ եւ նախընտրական սիրով։ Ուստի, կարող են իբր այդ՝ նաեւ ճամբէն շեղիլ…։ Եւ իրապէս ալ՝ անոնք մեղանչեցին։ Այսպէս է, որ «բարոյական չարիք»ը, որ ֆիզիքական չարիքէն անբաղդատելիօրէն աւելի ծանր է, մտաւ աշխարհ։
Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոսի համաձայն՝ Աստուած ո՛չ մէկ կերպով, ո՛չ ուղղակի եւ ո՛չ ալ անուղղակի, պատճառն է բարոյական չարիքին։
Սակայն Աստուած, Իր արարածին ազատութիւնը յարգելով՝ թոյլ կու տայ բարոյական չարիքին, բայց միանգամայն գիտէ խորհրդաւոր կերպով անկէ բարիք քաղել, քանի որ «չկա՛յ չարիք, որ բարիք չծնի»։ Արդարեւ, Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ. «Որովհետեւ Ամենակալն Աստուած գերազանցօրէն բարի ըլլալով, բնաւ թոյլ պիտի չտար որ որեւէ չարիք գոյութիւն ունենար Իր գործերուն մէջ, եթէ միանգամայն այնքան հզօր եւ բարի չըլլար՝ չարիքէն իսկ բարիք քաղելու»։
Այսպէս, ուրեմն կարելի է ժամանակի ընթացքին ի յայտ բերել, թէ Աստուած Իր ամենազօր նախախնամութեամբ կարող է Իր արարածներուն պատճառած չարին հետեւանքներէն բարիք քաղել, նոյնիսկ բարոյական չարիքէն։
«Դուք չէք որ զիս հոս ղրկեցիք, այլ Աստուած։ Գէշութիւնը զոր ինծի ընել ծրագրած էիք, Աստուած՝ զայն բարիքի փոխեց փրկելու համար բազմաթիւ կեանքեր». (ԾՆՆԴ. ԽԵ 8, եւ Ծ 20)։
Գործուած ամենամեծ բարոյական չարիքէն, այսինքն՝ Աստուծոյ Որդիին մերժումէն եւ սպանութենէն, որոնք գործուեցան բոլոր մարդոց մեղքերուն պատճառով, Աստուած Իր շնորհքին բազմայորդութեամբ (ՀՌՈՄ. Ե 20) յառաջ բերաւ բարիքներուն ամենամեծը՝ փառաւորութիւնը Քրիստոսի եւ մարդոց Փրկութիւնը։
Սակայն այս ամէնքով հանդերձ, չարը չի փոխուիր բարիքի…։
«Ամէն ինչ կը գործակցի բարիքին անոնց, որոնք կը սիրեն Աստուած», կ՚ըսէ Առաքեալը. (ՀՌՈՄ. Ը 28), եւ սուրբերու վկայութիւնը չի դադրիր հաստատելէ այս ճշմարտութիւնը։
«Անոնց մասին որոնք կը գայթակղին եւ կ՚ըմբոստանան իրենց դէմ պատահածներէն… Ամէն ինչ կը բխի սէրէն, ամէն ինչ կարգաւորուած է մարդուն փրկութեան համար, Աստուած ամէն ինչ կ՚ընէ այս նպատակով…», կ՚ըսէ Սրբուհի Կատարինէ Սենացին։
Սուրբ Թովմաս Մոր, իր մարտիրոսութենէն քիչ առաջ կը մխիթարէր իր աղջիկը. «Ոչինչ կրնայ պատահիլ, որ Աստուած ուզած չըլլայ։ Արդ ինչ որ Ինք կ՚ուզէ, որքան ալ չար թուի մեզի, լաւագոյնն է մեզի համար»։
Իսկ Լէյտի Ճիւլիան Նորվիչ կ՚ըսէ. «Սորվեցայ, Աստուծոյ շնորհքով, թէ հարկ էր կառչած մնալ հաւատքին եւ ոչ նուազ հաստատամտութեամբ հաւատալ, թէ ամէն ինչ ինծի համար բարիք պիտի ըլլայ եւ դուն անձամբ պիտի տեսնես, թէ ամէն բան լաւ պիտի ընթանայ…»։
Արդարեւ, «Բարի Լուր»ին հանդէպ ցոյց տուած իր հաւատքով եւ Մկրտութեամբ (ԳՈՐԾ. Բ 38) մարդ կը հրաժարի չարէն եւ կը հասնի փրկութեան, այսինքն բոլոր մեղքերուն թողութեան եւ յաւիտենական կեանքի պարգեւին։ Եւ այս իմաստով, ներքին ապաշխարութիւնը ամբողջ կեանքին արմատական ուղեփոխում մըն է, ամբողջ սրտով «վերադարձ» մը, հոգեփոխում մը դէպի Աստուած, դադրեցում մը մեղքին, խորշանք մը չարէն, նողկանք մը մեր կատարած յոռի գործերուն հանդէպ։ Այս հոգեփոխումին կ՚ընկերակցին փրկչագործ ցաւիլ մը եւ տխրութիւն մը, զորս Եկեղեցւոյ Հայրերը կոչած են «Թախիծ հոգիին եւ զղջում սրտի»։
Մարդուն սիրտը ծանրացած եւ կարծրացած է. պէտք է որ Աստուած մարդուն «նոր սի՛րտ» մը տայ։ Հոգեփոխումը նախ գործն է Աստուծոյ շնորհքին, որ մեր սրտերը Իրեն կը դարձնէ։
Աշխարհի վրայ կա՛յ «չարիք», բայց մարդ կրնայ զայն չէզոքացնել իր հաստատակամութեա՛մբը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 30, 2020, Իսթանպուլ