ԻՐԵՐՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉՈՒՄԸ
Յաճախ կրկնուած է. մարդ ստեղծուած է իրերօգնութեան կոչումով եւ տարբեր յատկութիւններով։
Բայց ո՞վ այս կոչումին համաձայն կը գործէ։
Հաւանաբար այս հարցը ամենէն դժուար լուծելի հարց մըն է։ Եւ այս հարցը մարդկային խղճի եւ մարդասիրական ըմբռնումի արտայայտութիւն մըն է։ Արդարեւ, երբ բարեկամ մը բարեկամի մը օգնէ, ասիկա բնական կը համարուի։ Եւ իրերօգութեան ամենապարզ վիճակն է այս։ Բայց երբ հակառակորդ մը՝ թշնամի մը, ատելութեամբ սնած մէկը իր «թշնամի»ին կ՚օգնէ եւ զինք անօգնական եւ թշուառ վիճակին մէջ կ՚ազատէ, կը փրկէ՝ բարեգործութեան եւ իսկական մարդասիրութեան դափնեկիրը կ՚ըլլայ եւ իր կոչումին հաւատարիմ կը մնայ։
Երբ մարդ լաւ տրամադրուած է ուրիշներու՝ իր նմաններուն հանդէպ, որեւէ նշանակութիւն չունի իրմէ օգնութիւն ակնկալողի անձը։
Ուստի, օգնութիւնը պէտք է ըլլայ Աստուծոյ համար, քանի որ ամէն բան Անոր արարածն է։
Արեւը ամէնուն վրայ կը ծագի, անձրեւը նոյնպէս ամէնուն վրայ կը տեղայ։ Աստուծոյ համար բարեկամ եւ կամ թշնամի չկա՛յ. բոլորն ալ «արարած» են՝ հաւասար, եղբա՛յր։ Ուստի, օգնութիւնը մարդոց առջեւ ցուցադրութիւն պէտք չէ ըլլայ։
Յիսուս համայն աշխարհին համար զոհուեցաւ, Ան բուժեց մարդիկ՝ որոնք չէր ճանչնար եւ անոնց չվարուեցաւ իրենց մէջ որեւէ խտրութիւն դնելու։ Յիսուս անծանօթ էր աշխարհին, բայց խաչի զոհողութեամբ ճանչցուեցաւ բոլորէն եւ կը ճանչնայ այն բոլորը՝ որոնք կը տեսնեն այդ զոհողութիւնը եւ կ՚ըմբռնեն անոր տարողութիւնը եւ իրեն կ՚երթան։
Յիսուս բոլորը «բարեկամ» կոչեց եւ պատուիրեց «թշնամին» սիրել։
Այսօր «բարեկամ» բառին իմաստը եւ տարողութիւնը շատ ընդարձակուած է։ Ուստի, մարդոց գոյութիւնը եւ գոյատեւումը իրարմէ կախում ունի։ Եւ ահաւասիկ, այս է «իրերօգնութեան կոչում»ին իմաստը. մարդիկ իրենց գոյութիւնը կը պահեն եւ կը գոյատեւեն իրերօգնութեամբ ըստ Աստուծոյ արարչագործութեան ծրագրին եւ տնօրինութեան։
Մարդիկ պէտք ունին իրարու բարոյական, հոգեկան, իմացական, ֆիզիքական եւ ամէն տեսակի նիւթական օգնութեան՝ աջակցութեան։ Այս իմաստով մարդ՝ իրարու համար ստեղծուած է։ Եւ եթէ այդ յարաբերական օգնութիւնը դադրի, աշխարհ կը կորսնցնէ իր ընթացքը եւ կը շեղի իր նպատակէն. իսկ եթէ ան բարի կամեցողութեամբ եւ կոչումին համաձայն կատարուի՝ այն ատեն մարդոց միջեւ ատելութիւնը դադրելով աշխարհ դրախտի կը վերածուի։
Սակայն նկատի առնելով, որ մարդ մը կամ քանի մը մարդիկ կարող չեն աշխարհը դրախտի վերածել, «իրերօգնութեան կոչում»ին հաւատարիմ մնալով կրնայ իր շրջապատը դրախտային կեանքի վերածել։
Մարդ մը օգնելով իր նմանին՝ ցաւ մը կ՚ամոքէ։
Մարդիկ եթէ օգնեն իրենց նմաններուն՝ մարդոց ցաւերը ամոքել եւ արցունքները սրբել։
Քրիստոսի ձայնը կը հնչէ տակաւին մեր բոլորին ականջներուն. «Գնա՛, դուն ալ նո՛յնպէս ըրէ»։
Իւրաքանչիւրիս պարտքն է լսել այդ ձայնը եւ կատարել Անոր կամքը եւ պատուէրը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 5, 2025, Իսթանպուլ